ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵՆԷՍ

Շուէտի մէջ ձեռնարկ՝ հայո՞ց մասին…

Ընթերցողը շփոթութեան չմատնելու համար ըսեմ, որ այս դէպքը կը պատահի 1971 թուականին, երբ հայուն հոտն անգամ չկար սկանտինաւեան երկիրներու այդ միաւորին մէջ, ուր ամառը միայն չորս ժամ գիշերուայ խաւար կը տիրէ՝ 10.00-2.00:

Հիմա անշուշտ բոլորովին տարբեր է պատկերը այդ երկրի հայկական գաղութին, որ կը հաշուէ 13 հազար բնակիչ եւ հոն կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Վերադառնալով մեր պատմութեան, Շուէտ կը գտնուէի մասնակցելու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ենթակայ Տիեզերական երիտասարդական ծառայութեան (Ecumenical Youth Service of the World Council of Churches) ճամբարին։ Այդ շրջանին, ես ուսանող էի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը։

Այդ ճամբարը տեւեց մէկ ամիս, որուն համար Շուէտի Օսա ամարանոցը ժամանած էին քսան երիտասարդներ, աշխարհի չորս ծագերէն։ Կամաւորներու այդ խումբը ունէր երկու առաջնորդ, մէկը շուէտացի օրիորդ մը եւ միւսը՝ զուիցերացի պարոն մը։ Ըստ կանոնագրութեան՝ առաջնորդներէն մէկը պէտք է ըլլայ տեղացի, իսկ միւսը օտար։

Մեր աշխատանքի սահմանումը ընկերային էր, այսինքն ձեռնարկներ կազմակերպել շուէտացի 13-14 տարեկան պատանիներուն, որոնք եկեղեցի կու գային առաջին հաղորդութեան դասընթացքներուն մասնակցելու։ Դասընթացքի աւարտին, անոնք պիտի ստանային իրենց առաջին հաղորդութիւնը, ծնողներու ներկայութեան։

Այդ օրերուն, մեր ճամբարը այցելեց Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը ուսանող բարեկամ մը, Վիգէն Ահարոնեան (այժմ յայտնի սրտաբան՝ Հոլիվուտի «Քայզըր» հիւանդանոցին մէջ)։ Գիտէի նաեւ, որ Հալէպի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութենէն բարեկամուհի մը, Քնարիկ Գէորգեան, շուէտացիի մը հետ ամուսնանալով, կը բնակէր Շուէտի երկրորդ բազմամարդ քաղաքը՝ Կէօթընպըրկ, որ մեզմէ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր։ Ուզեցի բարեբաստիկ այս առիթը օգտագործելով, «Հայկական երեկոյ» մը կազմակերպել…

Վիգէնէն խնդրեցի, որ հայերու մասին ծանօթագրական դասախօսութիւն մը պատրաստէ, Քնարիկէն խնդրեցի, որ սկաւառակ մը բերէ Խաչատուրեանի երաժշտութենէն, իսկ ես ալ թէյ պատրաստեցի՝ հայկական համեմներով՝ կասիա եւ կոճղէչ (cinnamon and clove) ու եղաւ «Հայկական երեկոյ»։ Այս ձեռնարկը մեծ յաջողութիւն գտաւ մեր խումբի անդամներուն քով, որոնց միացած էին եկեղեցւոյ հովիւն ու աւագանին։

Առ ի գիտութիւն ըսեմ, որ գնահատելով ծառայութիւնս, զիս ընտրեցին որպէս առաջնորդ եւ յաջորդ տարի գործուղուեցայ դէպի Հիւսիսային Իրլանտա, դարձեալ մէկ ամսուան համար։

Սահմա՞ն, ի՞նչ սահման…

Շուէտի ճամբարի աւարտին ես պիտի մեկնէի Լոնտոն, ուրիշ ճամբարի մը մասնակցելու համար։ Այս ճամբարը կազմակերպուած էր Միացեալ ազգերու ընկերակցութեան (United Nations Association) կողմէ եւ պիտի տեւէր դարձեալ մէկ ամիս։

Երկու ճամբարները 15 օրով կը բաժնուէին իրարմէ, ուստի մտածեցի, որ Գերմանիա եւ Հոլանտա այցելեմ, որոնց համար դժբախտաբար մուտքի արտօնութիւն (visa) չունէի:

Որպէս յորդանանցի, ներկայացայ Կէօթընպըրկի Հոլանտական հիւպատոսարանը եւ ստացայ 15 օր մնալու արտօնագիր, իսկ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը երեք օրուան անցքի (transit) արտօնագիր տուաւ միայն։

Շուէտի ճամբարի գործակիցներէս մին ֆրանսացի ուսանող մըն էր, որ իր ինքնաշարժով Դանիոյ եւ Գերմանիոյ վրայով Ֆրանսա պիտի վերադառնար։ Առաջարկեց, որ միասին ճամբորդենք մինչեւ Ֆրնաքֆուրթ, որմէ ետք ես կրնայի ճամբորդական ինքնաշարժով (bus) հասնիլ Ամսթերտամ։

Ֆրանքֆուրթ մնացի երկու գիշեր, որովհետեւ չէի ուզեր ինծի տրամադրուած ժամկէտը անցնիլ։ Ուրեմն երրորդ առաւօտը ճամբայ ելայ դէպի Ամսթերտամ, ուր պիտի հասնէի երեկոյեան։ Մէկ ժամուան հանգիստի համար ինքնաշարժը կանգ առաւ Քոլոն քաղաքը, որ նշանաւոր է իր Կաթողիկէ առաջնորդանիստ տաճարով, որուն շինութիւնը սկսած է 1248 թուականին, կիսաւարտ մնացած 1473-ին եւ վերջապէս աւարտած 1880 թուականին։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ այդ եկեղեցւոյ հանդիպակաց հրապարակին վրայ՝ այս տարի զետեղուեցաւ յուշակոթող մը, նուիրուած Մեծ եղեռնի նահատակներուն։

Հանգիստէն ետք, ինքնաշարժը ճամբայ ելաւ դէպի Ամսթերտամ։ Անձկութեամբ կը սպասէի, որ սահման հասնինք եւ ժամկէտս չաւարտած, ճամբորդական անցագիրս ցոյց տայի։ Աւա՜ղ սակայն, մի քանի ժամէն հասանք Ամսթերտամ… Ո՞ւր էր սահմանը, ո՞ւր էին սահմանապահ զինուորները, ո՞ւր էին մաքսատան պաշտօնատարները։

Այդ վայրկեանին, ափսոսացի որ մի քանի օր աւելի չկրցայ կենալ Ֆրանքֆուրթ։ Բայց ի՜նչ գիտնայի, որ Եւրոպայի սահմանները չէին նմաներ Միջին Արեւելքի սահմաններուն, ուր մուտքը դրախտէն աւելի դժուար է…

Ինչ որ է, Լոնտոն ինծի միացաւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ուսանող բարեկամ մը՝ Յակոբ Տէր-Կարապետեան, որուն հետ ճամբարի վերջաւորութեան պիտի այցելէինք Ֆրանսա, Զուիցերիա եւ Իտալիա ու ապա վերադառնայինք Պէյրութ։

Լոնտոնի ճամբարին աշխատանքի սահմանումը ձեռային էր, այսինքն մեզ կը ղրկէին բնակարաններ ներկելու եւ հանրային պարտէզներ մաքրելու։ Հոս կ՚ուզեմ ընթերցողին հետ բաժնել դէպք մը, որ շատ տպաւորած էր զիս։

Մեզի օրական որոշ գումար մը կը յատկացնէին որպէս երթեւեկի ծախս, քանի որ մեր բնակարանը կը գտնուէր քաղաքէն հեռու, արուարձանի մը մէջ։ Մեր խումբին մէջ կար լեհ երիտասարդ մը, որ ամէն օր քալելով կ՚երթար գործի վայրը։ Երբ քաջութիւնը ունեցանք հարցնելու, թէ ինչո՞ւ, պատասխանեց, որ կ՚ուզէր գոյացած գումարով նշանածին խորհրդանշական նուէր մը տանիլ իրեն հետ… Ի՜նչ զոհողութիւն եւ ի՜նչ նուիրում. «սէրը կոյր է» կ՚ըսէ հայկական ասացուածքը եւ ես ակամայ ականատեսը դարձայ այդ իրողութեան…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019