ՄԵՐ ԼԵ­ԶՈՒՆ, ՄԵՐ Ա­ՒԱՆ­ԴԸ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հան­դի­պու­մը ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ ու­նի իր անց­եալն ու ներ­կան. անց­եա­լին, մաս­նա­ւո­րա­բար Մեծ Ե­ղեռ­նէն ետք, երբ դար­ձանք Սփիւռք, մեր երկ­րին հո­ղը կորսն­ցու­ցինք, սա­կայն կա­րո­ղա­ցանք մե­զի հետ բե­րել մեր հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը, մեր լե­զուն, մշա­կոյ­թը, մեր կեն­ցա­ղը, մէկ խօս­քով, ա­մէն ինչ որ կա­րե­լի էր փո­խադ­րել միտ­քով եւ հո­գի­ով:

Ա­ռանց օր մը իսկ կռ­­նակ դարձ­նե­լու մեր յի­շա­տակ­նե­րու աղ­բիւր՝ մեր գա­ւառ­նե­րուն, մեր գիւղ ու քա­ղաք­նե­րուն, մենք մեր աչ­քե­րը ուղ­ղե­ցինք Հա­յաս­տա­նին ու մեր կորսն­ցու­ցա­ծին փո­խա­րէն, սկ­­սանք գուր­գու­րալ նո­րըն­ձիւ­ղուող մեր հայ­րե­նի­քին:

Ձայ­նաս­փիւ­ռէն «Ե­րե­ւանն է խօ­սում»ը դար­ձած էր մեր բո­լո­րին մագ­նի­սը ու մի­ակ կա­պը մեր հայ­րե­նի­քին հետ: Յե­տոյ սկ­­սանք ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թիւն կար­դալ, թէ՛ դպ­­րո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ եւ թէ Հա­լէ­պի մէջ տա­րած­ուած հայ­կա­կան գրա­դա­րան­նե­րու ա­րե­ւե­լա­հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րէն, ա­պա, երբ Հա­լէ­պի եւ Դա­մաս­կո­սի մէջ սո­վե­տա­կան հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ա­նոնք ռու­սա­կան գրա­կա­նու­թեան հետ հայ­կա­կանն ալ սկ­­սան նե­րա­ծել:

Սկիզ­բը դժ­­ուար, սա­կայն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի դիւ­րին դար­ձաւ  ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն կար­դալն ու հասկ­նա­լը:

Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ մեր կա­պը ա­ւե­լի ամ­րապնդ­ուե­ցաւ, երբ մեր ու­սա­նող­նե­րը վե­րա­դար­ձան՝ հայ­րե­նի հա­մա-լ­ըսա­րա­նա­կան վկա­յա­կան­նե­րով:

Ա­հա ա­սոնք էին գլ­­խա­ւոր ազ­դակ­նե­րը, ո­րոնք օգ­նե­ցին, որ մենք ըն­կա­լենք ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը, որ ոչ միայն մեր քոյր լե­զուն էր, այլ մեր հայ­րե­նի­քի պե­տա­կա՛ն լե­զուն:

Նոյ­նը չպա­տա­հե­ցաւ հայ­րե­նաբ­նակ­նե­րու կող­մէ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին, ա­նոնք եր­կար ա­տեն ան­հա­ղորդ մնա­ցին ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան, մին­չեւ որ ՊետՀ­րա­տը սկ­­սաւ հրա­տա­րա­կել կարգ մը ա­րեւմ­տա­հայ գրող­նե­րու գոր­ծե­րը, ո­րոնք չն­­չին տո­կոս մը կը կազ­մէ­ին բաղ­դա­տած հե­ղեղ-ւած ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ  հա­յաս­տան­ցին կառ­չած մնաց ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան: Եր­կու ներ­գաղթ­նե­րը, թէ­եւ ա­ռիթ ստեղ­ծե­ցին եր­կու լե­զու­նե­րու շփ­­ման, սա­կայն ե­կուոր­նե­րը ա­ւե­լի ա­րագ ազդ­ուե­ցան տե­ղա­կան լեզուէն, քան կր­­ցան ազ­դել. պարզ էր որ այս­պէս ալ պի­տի ըլ­լար:

Ա­փիւռ­քի մէջ մեր ա­րե­ւե­լու­մը Հա­յաս­տանն էր, մե­զի մնա­ցած մի­ակ հայ­րե­նի հո­ղը եւ մեր աչ­քե­րը ա­նոր սե­ւե­ռե­լը բնազ­դա­յին մղում էր, սա­կայն, հա­կա­ռա­կը նոյ­նը չէր, Հա­յաս­տա­նը այն­քան ալ կա­րիք չու­նէր Սփիւռ­քին, մին­չեւ որ ժա­մա­նակ­ներն ու պա­րա­գա­նե­րը փոխ­ուե­ցան եւ Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ան­կա­խա­ցու­մէն ետք Սփիւռ­քի նիւ­թա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշտ­ուե­ցաւ ու փո­խա­դարձ կա­պե­րը ա­ւե­լի ամ­րապնդ­ուե­ցան. քիչ մը ա­ւե­լի մեր­ձե­ցում ե­ղաւ ա­րեւ­մտա­հա­յե­րէ­նին:

Հի­մա, երբ սուր­ի­ա­հա­յեր ա­պաս­տան գտած են Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­յաս­տան­եան կարգ մը  դպ­­րոց­նե­րու մէջ, երբ կը փորձ­ուի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք մըն ալ նե­րառ­ել ծրա­գի­րին մէջ, ա­րեւմ­տա­հայ դա­սա­տու­նե­րը կը բա­խին ա­շա­կերտ­նե­րու ան­տար­բե­րու­թեան պա­տին. ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք օ­տար լե­զու­նե­րուն հան­դէպ ա­ւե­լի լուրջ մօ­տե­ցում ու­նին, քան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին:

Կը խօ­սիմ իմ անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէս. հա­յաս­տան­ցի նոր սե­րուն­դը շատ հե­ռու մնա­ցած է մեր լեզ­ուէն, հա­կա­ռակ որ ի­րենց դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ կան ա­րեւմ­տա­հայ գրող­նե­րու գոր­ծեր, սա­կայն կեն­դա­նի խօ­սակ­ցու­թիւ­նը հասկ­նա­լու կամ հն­­չիւն­նե­րը իւ­րաց­նել փոր­ձե­լու մէջ շատ կը դժ­­ուա­րա­նան, մաս­նա­ւո­րա­բար, որ դպ­­րո­ցին մէջ յա­ջո­ղութ­եան նպաս­տող դա­սա­նիւթ չէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը որ­պէս «ան­բաղ­ձա­լի հիւր» պէտք չէ մնայ. հարկ է պատ­կան մար­մին­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րու­թիւն տրուի սփիւռ­քա­հայ հա­րուստ գրա­կա­նու­թեան՝ ի շահ մեր մշա­կոյ­թին: Վերջ ի վեր­ջոյ, մէկ-եր­կու սե­րունդ ետք, օր մը կր­­նայ մա­րիլ Սփիւռ­քի լոյ­սը, իսկ ա­նոր հարս­տու­թեան ա­ւան­դա­պա­հը ե­թէ Հա­յաս­տա­նը չըլ­լայ, ո՞վ պի­տի ըլ­լայ:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

«Ապագայ»

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2016