ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ԹԱՔՍԻԻՆ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ կիներ թաքսի կը նստին: Թաքսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կողքի փողոցէն կը շրջի: Անանցանելի է հրապարակ տանող պողոտան:

-Ինչո՞ւ հոսկէ եկաք,- կը հարցնէ սփիւռքահայ, վարորդին կողքը նստած կինը:

-Չէ՞ք տեսնում պրոպկան (խցանում, խճողուածութիւն), Հանրապետութեան հրապարակում համերգ է տեղի ունենում,- կը պատասխանէ վարորդը:

-Իսկ ի՞նչ է համերգին առիթը,- կը հարցնէ ուրիշ սփիւռքահայ կին մը:

-Երրորդ հանրապետութեան տօնակատարութիւնն է, որքան որ գիտեմ,- կը պարզաբանէ կողքին նստած սփիւռքահայը:

-Հապա, չտեսա՞ք, շաբաթ մըն է պատրաստութիւն կը տեսնեն՝ բեմ կը սարքեն, լոյսեր ու ձայնային գործիքներ կը տեղաւորեն,- կը շարունակէ Հրապարակին մօտ տան մը մէջ բնակող ու այդ շրջանի անցուդարձերէն տեղեակ սփիւռքահայ կին մը:

-Ինչու մենք երե՞ք հանրապետութիւն ունինք,- կը մասնակցի բանէ անտեղեակ թաքսիի յաճախորդներէն մին:

-Պա, չգիտէ՞ք, առաջին հանրապետութիւնը մոռացուել է, երկրորդը՝ մահացել, երրորդը գոմայի մէջ է, չգիտենք էլ ինչքա՞ն է շարունակուելու,- կ՚երգիծէ վարորդը:

ՄՍԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄՕՏ

Սփիւռքահայ կինը արեւելահայ մսավաճառին.

-Ուղեղ ունի՞ք:

-Որ ուղեղ ունենայի, հաստատ էստեղ չէի լինի, քուրօ ջան.- կէս կատակ, կէս լուրջ կը պատասխանէ մսավաճառը:

Այ քեզ բա՜ն...

ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ երիտասարդ յաճախորդ մը Կոմիտասի թաղամասէն կանգառէ մը հանրակառք կը բարձրանայ: Խճողուած հանրակառքին մէջ նստելու տեղ չըլլալուն պատճառով ան հանրակառքին առաստաղի ձողէն կախուած բռնակներէն մէկը կը բռնէ ու զուարթ դէմքով կը սպասէ տեղ հասնելուն: Դէմը կանգնած երկու երիտասարդներ ի տես իր աչքերուն փայլքին ու զուարթ դէմքին կը սկսին զրուցել իրեն հետ.

-Դրսից էք երեւում, սփիւռքահայ էք, էդպէս չէ՞,- կը հարցնէ անոնցմէ մին:

-Այո, LA-էն եմ,- կը պատասխանէ սփիւռքահայը:

-Օօօօօ, Լոսի՞ց էք եկել ու արդէն ծանօթ էք աւթոպիւսների՞ն,- կը շարունակէ միւսը:

-Կ՚ուզեմ լսել հայերէն ու ականջս լեցնել հայերէն հնչիւններով, անոր համար պաս ելայ:

-Դուք շատ հայասէր ու հայրենասէր էք երեւում, ինչպէս բոլոր սփիւռքահայերը,- երգիծական շեշտով կը շարունակէ առաջինը:

Ի՜նչ գեղեցիկ է Երեւանը, ի՛նչ աղուոր է մեր հայրենիքը,- գինովցած հայրենասէրի զգացումներով կ՚արտայայտուի սփիւռքահայը:

-Ի՞նչ անենք գեղեցկութիւնը, ախպեր ճան, մեզի փող ա պէտք, փողը ամէն ինչ կը գեղեցկացնի, կը զարդարի:

-Ոչ, եղբայր, դրամը ամէն ինչ չէ: Տե՛ս, տե՛ս ահա Մասիսը. ի՛նչ լաւ է գիտէ՞ք, ամէն առտու արթննալ ու տեսնել անոր ձիւնածածկ գագաթը, պահապան հրեշտակի նման թեւերը պարզած է, տե՛ս, ի՞նչ գեղեցիկ է...

-Լաւ էլի, Դուք էդտեղ, դրսում նստած բան չէք իմանում, մենակ հայրենիք, հայրենիք էք երազում, պա ինչի՞ չէք կարում էստեղ ապրէք ու մի քանի ամսից գաղթում էք ուրիշ երկրներ:

-Մասիսը մեր վրայ է ծիծաղում, դար մըն է ինչ սպասում է, որ կը գայ տուն, չի իրականանում իր երազանքը, էս մի փուռ հողն էլ իսկի չենք կարում պահենք, պա՞:

ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ

Յունահայ, միջին տարիքի տղամարդ մը հինգ տարեկան իր աղջկան ձեռքէն բռնած Երեւանի գեղեցկ պողոտաներուն, այգիներուն մէջ զմայլանքով կը շրջի: Այգիի ծառերուն, ծաղիկներուն հմայքը կ՚ըմբոշխնէ ան մանկան հետ: Հայրենասիրութեան դաս մըն է կարծես, որ երկար-երկար խօսելով ու հանդարտ քայլերով յառաջանալով կ՚աւանդէ իր ձագուկին, բայց՝ յունարէն կը խօսին անոնք. ու յանկարծ իր իսկ մոռցած հայերէնէն մի քանի բառ յիշելով ձնծաղիկ մը կը քաղէ ու՝ «Լուլուտի (յունարէն՝ ծաղիկ), ծաղիկ», կ՚ըսէ աղջկան ու կարծես կը ստիպէ անոր, որ կրկնէ իր հնչիւնները: Հայրը կը յամառի, մանուկը՝ նոյնպէս: Ի վերջոյ հայրը կը յանձնէ ծաղիկը աղջկան, բայց տակաւին յիշողութեան մէջ կ՚որոնէ ուրիշ հայերէն բառեր, ու կը յիշէ «ջուր»ը ի տես այգիի պլպլակէն ցայտող քաղցրահամ ջուրին, կը մօտենան պլպլակին ու այս անգամ աղջկան՝ «Նէրօ (յունարէն՝ ջուր) ջուր», կ՚ըսէ ու ետ կը պահէ ջուր խմել փափաքող ձագուկը, մինչեւ որ ան արտաբերէ հայերէն հնչիւնը: Մանուկը կը հակառակի ու բարձրաձայն կը գոչէ.

-Նէ, նէրօ, նէրօ... (յունարէն՝ ոչ, ջուր, ջուր...)

Ու հօրը ձեռքը ձգելով կը վազէ պլպլակէն ջուր խմելու:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017