ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՊՈՒՏ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հեռաձայնդ՝ տնային կամ բջիջային, կը հնչէ եւ հազիւ կը պատասխանես, հարցումներու տեղատարափ մը կը տեղայ գլխուդ. չես գիտեր ինչպէս պատասխանես, որովհետեւ դժբախտաբար տեղեակ չես, թէ խօսակիցդ ով է:

Բարեկամ, տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ նախ դուն քեզ ներկայացնես եւ ապա սկսիս խօսակցութեան, ըլլայ այդ անհատնում հարցումներ, ուրախառիթ եւ կամ ցաւալի լուր մը: Ինչու թողուլ որ խօսակիցդ անտեղի կերպով չարչրկէ իր միտքը, գիտնալու համար, թէ ով ես դուն։

Շատ վստահ եմ, որ ձեզի ալ պատահած է հետեւեալ անախորժ դէպքը։ Դարձեալ հեռաձայնդ կը հնչէ եւ երբ պատասխանես հանելուկի մը դէմ յանդիման կը գտնես դուն քեզ։

Այսքանը տակաւին հերիք չէ եւ եթէ պատահի որ չգիտնաս, թէ խօսակիցդ ով է, ամօթի զգացում մը կը տեղացնէ վրադ, թէ չճանչցար զինք։ Բարեկամ, անամօթը դուն ես, որ չես յայտնաբերեր ինքնութիւնդ եւ վերջ։

Կ՚ուզեմ բան մըն ալ աւելցնել եւ աւարտել այս մասը։ Հեռաձայնային կապ հաստատելու համար պէտք է խուսափիլ վաղ առաւօտեան, ուշ գիշերին եւ կամ ճաշի ժամերէն, որպէսզի խօսակիցդ նեղ դրութեան չմատնես։

ՊՈՒՏ ՄԸ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ

Ես կը ջանամ ամէն կիրակի եկեղեցի երթալ եւ ներկայ գտնուիլ պատարագին։ Նստած կը հետեւիս հոգեպարար արարողութեան եւ յանկարծ կը հնչէ մէկու մը բջիջային հեռաձայնը։ Խոհեմութիւնը կը թելադրէ, որ եկեղեցի չմտած անջատես հեռաձայնդ եւ կամ՝ պահես թրթռացումի վրայ, որպէսզի չանհանգստացնես ոչ մէկը եւ չխանգարես ժամերգութիւնը։

Հեռաձայնային խօսակցութիւնը հիմա փոխարինուած է հեռաձայնային հաղորդագրութեամբ (texting): Ուրեմն, եկեղեցիին մէջ, արարողութեան հետեւելու տեղ, մարդիկ կան որոնք կը զբաղին այս նոր հնարուած նամակագրութեամբ։ Եկեղեցի յաճախելու ըմբռնումը բոլորովին յեղաշրջուած է այժմ եւ դժբախտաբար, եթէ հոգեհանգիստ չըլլայ, եկեղեցին գրեթէ ամբողջովին դատարկութեան կը մատնուի։

Յաճախ դէմ յանդիման կու գանք ուրիշ անախորժ դէպքի մըն ալ, որն է տարիքոտ կնկայ մը երգեցողութեան բարձրաձայն հետեւիլը։ Ան դժբախտաբար ո՛չ նոթայէ կը հասկնայ եւ ոչ ալ բառերը ճշդօրէն կ՚երգէ։ Քաղաքավարութեան սիրոյն սակայն, չես կրնար արգիլել զինք։

Երեւոյթ մըն ալ, որ տգեղ է եւ անտեղի, այն է, որ երբեմն խորանին վրայ պատարագիչն ու սարկաւագը կողմնակի խօսակցութիւն կ՚ունենան։ Ուր է պատարագի լրջութիւնն ու պահուան առթած սրբութիւնը։ Անոնք կրնան իրենց խօսակցութիւնը՝ եթէ անհրաժեշտ է, կատարել գոց խորանին ետին, օրինակ՝ «Տէր Ողորմեա»յի ժամանակ…։ Բարեկամ, կարգն ու կանոնը չես կրնար անգիտանալ։

ՊՈՒՏ ՄԸ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայկական գաղութի մը համար, ուր որ ալ ըլլայ այդ, սովորական երեւոյթ է, որ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուին նուիրահաւաքի համար. այլապէս ո՞վ պիտի հոգայ գաղութին այլազան կարիքները։

Այս ծիրին մէջ կ՚իյնայ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան Թելեթոնը, որ տեղի կ՚ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, ամերիկեան Գոհաբանութեան տօնին զուգադիպող հինգշաբթի օրը։

Խօսքս անոնց է, որոնք նուիրատուութեան համար խոստում կու տան, սակայն չեն յարգեր իրենց խոստումները։ Ինծի համար հանելուկ է, թէ արդեօք դրամ չունի՞ն, կամ պարզապէս կը մոռնա՞ն իրենց տուած խոստումը, թէ լոկ կ՚ուզեն որ իրենց անունը տրուի՞ որպէս բարերար ու վերջ։

Պատահած է որ նոյնիսկ նուիրատուութեան չէքը տուած են մշակութային միութեան մը եւ ապա յաջորդ օրը հեռաձայնած են ըսելով, թէ չէքը վերադարձուցէք, քանի որ դրամատան մէջ բաւարար գումար չկայ։ Որքան միամիտ պէտք ըլլայ մէկը, որ հաւատայ այս սուտ վարկածին։

Բարեկամ, նուիրատուութիւնը ստիպողական չէ։ Եթէ չես ուզեր մասնակցիլ, անտեղի խոստում մի կատարեր եւ հանգիստ ձգէ մեզ։ Հասկցողին շատ բարեւներ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019