ՍՕՆԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՕԳՆԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ»
Միշտ չէ, որ որեւէ նիւթի մասին կատարուած հարցազրոյցները կամ գրութիւնները կ՚ընկալուին նոյն հասկացողութեամբ։ Շատ յաճախ կ՚ըսուի նաեւ, որ խօսողը, կամ խօսակիցը կը չափազանցէ եւ կը փորձէ ընդհանուր վիճակը ներկայացնել աւելի վատ, քան ինչ որ է իրականութեան մէջ։ Ամէն պարագայի շատ կարեւոր է, երբ Սուրիոյ զարգացումներուն կամ այսօրուան իրականութեան մասին նիւթեր ներկայացուին հաշուի առնուի խօսողներուն կամ խօսակիցներուն բազմազանութիւնը, անոնց հետաքրքրութիւնները, արմատները, ունեցած դերը կամ առհասարակ զբաղեցուցած դիրքն ու պաշտօնը։
Այս առումով ալ ընթերցողներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ Սօնա Մինասեանին հետ ունեցած իմ զրոյցը, որու ընթացքին հալէպահայ տիկինը բաւական մոխրագոյն երանգներով կը պատմէ քաղաքի այսօրուան վիճակը։
Շատեր կրնան համաձայն չըլլալ Տիկին Սօնային, սակայն այդ համաձայն չըլլալը ոչ մէկ կերպով կրնայ վնասել գրութեան հաւաստիութեան։ Կրնայ պատահիլ, որ տեղ-տեղ զգացական զեղումներ աւելի շեշտուած ըլլան, բայց զրուցակիցիս կողմէ ներկայացուած ընդհանուր պատկերը հիմնուած է իրական տուեալներու եւ փաստերու վրայ։
-Ի՞նչ պայմաններու տակ ստիպուած եղաք հեռանալ Հալէպէն:
-Հալէպի պատերազմը սկսելէն մէկ տարի անց, երբ արդէն հրթիռակոծումները շատցած էին եւ իրավիճակը սկսած էր մտահոգիչ դառնալ, մենք որոշեցինք հեռանալ Հալէպէն: Այդ ժամանակ մարդիկ կ՚ըսէին, թէ շուտով պիտի մաքրագործուի, բայց ես այդպէս չէի մտածեր, ես կ՚ըսէի, որ այս մէկը մեծ պատերազմի մը սկիզբն է։ Մէջէս ձայն մը այդպէս կ՚ըսէր եւ երկրորդ՝ իմ գործէս գիտէի, որպէս աստղագուշակ, որ պատերազմը եօթ տարի պիտի տեւէր: Սակայն զիս առաւելապէս կը մտահոգէր հարցը երկու զաւակներուս, որոնք թէեւ զինուորութիւն ըրած էին, բայց պահեստային զինուորութեան խնդիր ունէին։ Իբր այդ ալ, որոշեցի զանոնք Հալէպէն դուրս բերել: 9 հոկտեմբեր 2012 թուականին մենք ձգեցինք Հալէպը. նախ գացինք Լիբանան, ուր մնալ ուզեց իմ որդիներէն մին, իսկ ես ու միւս տղաս Հայաստան եկանք: Միշտ կ՚ըսեմ, բարեբախտաբար հեռացեր ենք Սուրիայէն, որովհետեւ բազմաթիւ երիտասարդներ կորսնցուցինք բանակին մէջ, ահագին նահատակ տուինք այս պատերազմին։ Մեր երիտասարդներուն համա միշտ կ՚ափսոսանք։ Չեմ գիտեր, ճիշդ ըրինք, թէ՝ սխալ, բայց ստիպուած պիտի յարմարէինք մեր նոր պայմաններուն:
-Վերջին վեց տարիներուն դուք Երեւան կ՚ապրիք, ինչո՞վ կը զբաղիք:
-Երեւան եղած շրջանիս ստիպուած եղայ բացի իմ մասնագիտութենէն, զանազան գործերով զբաղիլ, որպէսզի կարողանամ ապրուստս հոգալ։ Հալէպի մէջ ես աստղագուշակութիւն կ՚ընէի, շատ յաճախորդներ ունէի, բայց Երեւանի մէջ այդ գործը չկրցայ աշխոյժ ձեւով շարունակել, որովհետեւ յաճախորդներ չունեցայ, իսկ հին յաճախորդներս մինչեւ հիմա հետս սքայփով կը կապուին: Զաւակս նոյնպէս իր արհեստով չկրցաւ զբաղիլ, որովհետեւ վկայական կը պահանջէին, մինչդեռ Հալէպի մէջ այդպէս չէր. ոչ մէկը վկայական կը հարցնէր վարպետ արհեստաւորին, կարեւորը գործին որակն էր: Հետեւաբար, Երեւանի մէջ ես ու տղաս ստիպուած եղանք մեր մասնագիտութենէն տարբեր գործերով զբաղելու։ Շուրջ վեց ամիս գործ փնտռելէ ետք, օր մը ճաշարանի մէջ առաջարկ ստացանք, խոհանոցի մէջ աշխատելու... Հոն կարողացանք միայն մէկ տարի աշխատիլ, որովհետեւ պայմանները շատ ծանր էին, իսկ վճարումը չնչին։ Այնուհետեւ փորձեցինք մեր սեփական սնունդի փոքր կէտ-կրպակը բանալ։ Փոքր տարածք մը վարձեցինք Կոմիտասի վրայ եւ սկսանք համադամ սանտուիչներ պատրաստել ու վաճառել։ Այս գործն ալ մէկ տարի ընելէ ետք, փակեցինք, որովհետեւ վճարումները շատ էին, վարձքը շատ էր ու չարդարացուց մեր յոգնութիւնը։ Մենք երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողեցանք մեր գործին մէջ: Որդիս անկէ վերջ թաքսիի գործի սկսաւ, մինչ այդ, ես արդէն իբրեւ յարակից գործ, սկսած էի աշխատիլ որպէս անշարժ գոյքի գործակալ՝ պրոքըր. անոր կողքին սկսայ տան մէջ դերձակութիւն ընել, նաեւ յատուկ դասընթացքներու հետեւեցայ՝ մարձումներով հիւանդներ բուժելու համար եւ այժմ այդ գործով ալ կը զբաղիմ:
-Վեց տարիէ ի վեր Հայաստան կը մնաք, արդեօք ընտելացա՞ք, վարժուեցա՞ք Հայաստանի պայմաններուն, այստեղի կեանքին, ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի այդ մասին:
-Ուզենք կամ չուզենք պիտի ընտելանանք Երեւանի պայմաններուն, մեր բոլոր բարեկամները չդիմացան, գացին, ես ու տղաս մնացինք: Բաւական դժուար է Երեւանի մէջ գոյատեւելը, որովհետեւ մեր շահը քիչ է, ծախսը շատ, մանաւանդ որ մեր ապրած տունը վարձու է։
Այս վեց տարիներու ընթացքին մէկ անգամ Հալէպ գացի, տունը ծախեցի, որպէսզի կարենանք հոս մեր գործերը դասաւորել։ Բայց եւ այնպէս, այդ գումարը բաւարեր չեղաւ Հայաստանի մէջ տան մը տէրը դառնալու համար։ Զաւկիս ինքնաշարժ մը գնեցինք, որպէսզի թաքսիի վրայ իր անձնական գործը ընէ։ Եթէ այդ ձեւով չշարժէինք, հիմա պարտքերու տակ մնացած պիտի ըլլայինք. որովհետեւ եթէ մէկը վարձու ինքնաշարժի մը վրայ կ՚աշխատի, անկարելի է անոր շահած գումարով ապրուիլ։
Մեր փափաքն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը օգնէ յատկապէս այն սուրիահայերուն, որոնք վճռած են հոս ապրիլ եւ տունի մը կարիքն ունին։ Օրինակ, մենք, վեց-եօթ տարիէ ի վեր տան վարձք կը վճարենք եւ այդ գումարները՝ օդը կ՚երթան... Այս է հիմնական գանգատս, թէ ոչ շատ կը սիրեմ Հայաստանը, կ՚ուզեմ հոս մնալ, բայց պայմանները բաւական ծանր են։ Այո, կ՚ապրինք, բայց մեր ակռաները սեղմած: Փափաքս է, որ հոս տուն մը ունենամ: Եթէ բնակարան մը ունենանք, կ՚աշխատինք ու կ՚ապրինք, որովհետեւ մենք աշխատասէր ենք, քարէն հաց կը հանենք, մէկ գործը չեղաւ, միւսը կ՚ընենք, կարեւորը կ՚ապրինք:
Ճիշդ է, պատերազմ չտեսանք, բայց բաւական դժուար օրեր անցուցինք Երեւանի մէջ… ծախսերու մէջ խեղդուած էինք, չէինք գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պիտի ապրինք, ուրկէ՞ պիտի ապահովենք այդ գումարները:
-Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Հալէպէն, ի՞նչ զգացումներ ունեցաք ձեր այցելութեէն վերջ:
-Հալէպի կեանքը շատ լաւ էր. հանգիստ կեանք ունէինք. կ՚աշխատէինք, խանութ, տուն ունէինք, տան վարձքի խնդիր չունէինք: Հալէպի հայութեան վիճակը իրապէս նախանձելի էր... Մարդիկ ամերիկաներէն կու գային, որպէսզի Հալէպի մէջ հարսանիքի մը ներկայ գտնուէին, ուրախանային։ Հալէպի մթնոլորտը, եռանդը, աշխատանքը, ճոխութիւնը ուրիշ տեղ չկար:
Երեւանի մէջ ապրած դժուար պահերուս խորհեցայ Հալէպ վերադառնալ. բայց երբ մէկ անգամ այցելութեան գացի եւ երկու ամիս մնացի, շատ վատ զգացի: Քաղաքը փլատակ, փողոցները քանդուած, մութ։ Առանց ելեկտրականութեան ու առանց ջուրի առօրեան կը դժուարանայ, նոյնիսկ լոգանքը, մաքրութիւնը, լուացքը… ցաւալի վիճակ կը տիրէր: Ինչպէս վերը նշեցի, շատ ուրախ եմ, որ Հայաստանի, հայրենիքիս մէջ կ՚ապրիմ։ Բայց եւ այնպէս, միշտ վշտահար եմ ու սրտիս կը ցաւի Հալէպի մէջ մնացած իմ հայրենակիցներուն համար։
Բնաւ չեմ մոռնար, երբ կիրակի օր մը եկեղեցի գացի, ամառ էր, բոլոր տիկինները սեւազգեստ էին, գունաւոր հագուողները գրեթէ ձեռքի մը մատներուն չափ էին։ Հաշուեցէք, որքան շատ է մահացողներուն թիւը, որ անոնց մերձաւորները սգաւոր էին։ Մէկուն երեխան մեռած է, մէկուն՝ ամուսինը, միւսին՝ հայրը կամ մայրը: Այդ մէկը շատ ազդեց վրաս։ Յաջորդ կիրակի ես ալ մուգ գոյն հագած եկեղեցի գացի, որովհետեւ երբ իրենք ծանր ցաւի մէջ են, ես ինչպէ՞ս գունաւոր հագուիմ: Թէեւ յուսահատ վիճակի մը մէջ կ՚ապրէին, սակայն փառք կու տային։ Չէին կրնար նոյնիսկ ըսել, որ վաղը առաւօտ լաւ պիտի ըլլայ։ Այնքան վատ օրեր ապրած էին։ Ես չապրեցայ, բայց մի քանի ամիս համտեսեցի:
-Հալէպի եւ առհասարակ Սուրիոյ հայութեան ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք:
-Ինչ որ կը տեսնեմ, Հալէպի ապագան քանդուած է: Հայութեան թիւն ալ շատ քիչ է: Ես կը յիշեմ երբ զաւակներս Բարեգործականի դպրոց կ՚երթային, ամէն դասարան երեք-չորս բաժին ունէր։ Հիմա երբ Հալէպ գացի, այցելեցի դպրոց, շատ ցաւալի էր կացութիւնը. ամէն դասարանի մէջ հազիւ 8-10 աշակերտ կար։ Շատ յուզուեցայ… Վարժարանին բակը, ուր նախապէս լեցուն էր աշակերտներով, հիմա՝ դատարկ դասարաններ, նստարաններ կան, բայց աշակերտներ չկան: Երբ աշակերտութիւն չկայ, ինչպէ՞ս ապագայ կ՚ըլլայ կամ Հալէպը ապագայ կ՚ունենայ։
Վերջերս լսեցի,թէ դարձեալ պահեստային զինուոր սկսած են հաւաքել։ Իմ կարծիքով՝ այդ մէկը կը նշանակէ, որ պատերազի նոր էջ պիտի բացուի… ես այդպէս կը հասկնամ, հետեւաբար լաւատես չեմ սուրիահայութեան ապագայով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան