ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ-ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԵՏՔ…

Երեքշաբթի երեկոյեան, Պրիւքսելի մէջ կ՚աւարտէր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ «սպասուած» հանդիպումը: Սպասուած, որովհետեւ երկար ամիսներէ ի վեր երկու պաշտօնատարները չէին հանդիպած:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ կը հրապարակէր հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուէր, որ Նալպանտեան այդ հանդիպման ընթացքին բարձրացուցած է վերջին շաբաթներուն շփման գիծին վրայ առկայ բաւական լարուած իրավիճակը:

Նոյն առումով ատրպէյճանցի պատասխանատուներ կը հերքէին այն, որ Պրիւքսելի հանդիպման ընթացքին բարձարցուած է սահմանի ընդհանուր իրավիճակը:

Արցախեան զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններուն համաձայն՝ հակառակ անոր, որ տեղի ունեցած բոլոր հանդիպումները (խօսքը յատկապէս ապրիլեան դէպքերէն ետք եղած հանդիպումներու մասին է) ապարդիւն են, հայկական կողը յաչս միջազգային հանրութեան պարտաւոր է «կանոնաւոր» կերպով մասնակցիլ նմանատիպ բոլոր տեսակի հանդիպումներու: Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած ու բանակցութիւններուն կապուած առկայ «անյուսութեան» մթնոլորտին, նման հանդիպումներ կենսական են առկայ լարուածութիւնը մեղմելու կապակցութեամբ:

Այստեղ յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ 4 Յուլիսին ատրպէյճանական Ալիխանլու գիւղին մէջ զոհուած էին երախայ մը եւ կին մը, որոնք ըստ ատրպէյճանեան լրատուամիջոցներու, սպաննուած էին հայկական կողմի հակադարձ կրակին հետեւանքով: Ի դէպ Ալիխանլուն այն գիւղն է, ուր տեղակայուած հրետանիի ճամբով անցնող 17 Յունիսին հայկական պաշտպանական ուժերու չորս զինուորական ծառայողներ նահատակուած էին: Զոհուած զինուորներն էին՝ Նարեկ Տիգրանի Գասպարեան, Արայիկ Ռուդիկի Մատինեան, Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեան եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեան:

Դէպքէն անմիջապէս ետք Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով կը յայտատարէին, որ արարքը անպատասխան պիտի չմնար ու յետայսու գործի պիտի դրուէին պատժիչ գործողութիւններ, որոնց հիմնական նպատակն է լռեցնել հակառակորդ կողմի բոլոր կրակակէտերը:

Սահմանին վրայ առկայ լարուածութիւնը նորութիւն մը չէ: 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայէն ետք ալ Ատրպէյճան չդադրեցուց հրադադարի իր արդէն իսկ հերթական դարձած խախտումները: Եւ այս առումով է նաեւ, որ ոչինչ փոխուած է սահմանի ընդհանուր իրադրութեան մէջ:

Մեղադրանք եւ հակադիր մեղադրանք մթնոլորտի մը տուժողը բնականաբար ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացն է: Ու հակառակ անոր, որ Երեւան եւ Պաքու իրենց պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ մեծ գրաւ կը դնեն հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ընտրանքին վրայ, բայց գետնի վրայ ընթացող դէպքերը այդ մասին չեն յուշեր:

Երեք տարիներ առաջ, երբ հարցազրոյց մը կատարեցի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, անց մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ սահմանի առկայ ընդհանուր իրադրութեան մասին։ Նախարարը նշեց, որ հայկական կողմը օգտագործելով իւրաքանչիւր յարմար առիթ կը շարունակէ տարբեր միջոցներ գործի դնելով եւ զինուորական տարբեր մեթոտներ օգտագործելով կը փորձէ թակարդներ լարել եւ կանխել ամէն տեսակի ներթափանցման (տիվերսիոն փորձ) փորձ:

Այդ ժամանակ հանրութեան զգօնութիւնը կապուած Արցախի սահմաններու ընդհանուր դրութեան՝ այսօրուան «ուժգնութիւն»ը չունէր: Ճիշդ է, որ Արցախի սահմանին կատարուած իւրաքանչիւր զարգացում տեղ կը գտնէր լրահոսին եւ լրատուական ծառայութիւններու հաղորդումներուն մէջ, սակայն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի հասարակութեանց համար այդ դէպքերը այսօրուան նշանակութիւնը չունէին:

Արցախեան քառօրեան կը փոխէր բոլոր ընկալումները: Ու մարդիկ, պարզ քաղաքացիներ կը հասկնային, որ արցախեան սահմաններուն վրայ եղած իւրաքնաչիւր մանրամասնութիւն մեծ կարեւորութիւն ունի: Այսօր կայ նաեւ այդ դէպքերուն հետեւելու յաւելեալ հետաքրքրութիւն, որ կը բացատրուի եղած զարգացումներէն ետք վերլուծութիւն մը ընելով կամ յառաջիկայ օրերուն սահմանին տեղի ունենալիքը «կանխագուշակելով»:

Այս կէտին անպայման պէտք է շեշտադրել եւ ի մտի ունենալ, որ հակառակ բոլոր անտեղի խօսակցութիւններուն ու յատկապէս քառօրեայի օրերուն երեւան եկած տրամադրութիւնները կը բխէին խորքային եւ ոչ-անցողիկ աղբիւրէ մը եւ անով պէտք է բացատրել այդ օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ «պտըտող» լոզունգով, որուն համաձայն՝ «Բոլոր երկիրներուն մէջ պատերազմի ընթացքին կ՚արտագաղթեն, բացի Հայաստանէն, ուր պատերազմներու ատեն ներգաղթի մեծ ալիք մը կ՚ըլլայ»: Այս խօսքը միայն ֆէյսպուքեան «ճշմարտութիւն» մը չէ, այլ իրականութիւն։ Կան նման տասնեակ օրինակներ՝ երբ Մոսկուայի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի ու նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու իրենց «տաք» օճախները ձգած հայորդիք կը հասնէին Երեւան, ուրկէ մեկնելու համար Արցախ ու սահման:

Վերադառնալով սահմանին վրայ արձանագրուած ընդհանուր լարուածութեան՝ պէտք չէ մոռնալ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ (19 Յունիս, Պաքու) անոնք իրենց «կոչ»ի սլաքները առաջին հերթին կ՚ուղղէին դէպի Պաքու, ապա կը հասցէագրէին Հայաստանի ու Արցախի ղեկավարութեանց: Այդ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր.

«Համանախագահները Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ կ՚ընեն ձեռնարկել լարուածութեան հետագայ սրացումներէն խուսափելու միջոցներ: Համանախագահները նոյն ուղերձով կը դիմեն Հայաստանի ղեկավարներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի իշխանութեան: Համանախագահները կողմերուն կը յորդորեն ձեռք առնել միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան մեղմել լարուածութիւնը շփման գիծին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմաններուն: Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ համանախագահները կողմերուն կոչ կ՚ընեն բարեխղճութեամբ եւ քաղաքական կամքի դրսեւորմամբ վերսկսիլ բովանդակային բանակցութիւնները»:

Արցախի սահմաններուն տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հրապարակած կոչերը նորութիւն մը չեն: Դատապարտում, լարուածութիւնը մեղմելու կոչ եւ խնդրին լուծումը խաղաղ բանակցային ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին հերթական անգամ հնչած կոչեր, որոնք ոչ մէկ անգամ խնդրին առընթեր «դրական գործօն» մը ստեղծելու ուժը ունին:

Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ յատկապէս եղած լարուածութիւններուն վերաբերեալ Պաքուի ունեցած դերին մասին խօսելով քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնք կը հաւատան, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը դիմագրաւեն բաւական լուրջ հարցեր: Ու լայն հասարակութեան այդ հարցերուն վերաբերեալ առկայ ուշադրութիւնը շեղելու համար անոնք խաղաքարտի վերածած են ղարաբաղեան հիմնահարցը:

Կարեւոր մօտեցում մըն է այս տեսակէտը։ Հակառակ անոր, որ նման մօտեցումներ ամբողջապէս հաստատագրուած չեն, սակայն Պաքու ունի տնտեսական բաւական լուրջ խնդիրներ, այդ արդէն ճշմարտութեան հիմնական մէկ երեսակն է:

Ամէն պարագայի այսօր ոչ ոք կրնայ վստահեցնել, որ վաղն իսկ Արցախի սահմաններուն վրայ նոր պատերազմ մը պիտի չբռնկի: Այս մօտեցումին ամենէն գլխաւոր ապացոյցը տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ լոյսին տրուած այն հրապարակումներն են, ըստ որոնց, երկու կողմերն ալ «մինչեւ իրենց ատամներ»ը զինուած են եւ սահմանին մեծ քանակութեամբ զինամթերքի կուտակում կայ:

Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն ընդհանուր տեսարանին վրայ նոր ձեւաչափի մը շեշտը կը զգացուի: Խօսքը Պաքուի կողմէ գործի դրուած՝ իր քաղաքացիները որպէս «մարդկային վահան» օգտագործելու մարտավարութիւնն է, որուն ականատեսը դարձանք ատրպէյճանական Ալիխանլու գիւղին մէջ, ուր բաւական «մութ» պայմաններու տակ, իբրեւ թէ հայկական կողմի պատասխան կրակներուն հետեւանքով կը զոհուէին երախայ մը եւ կին մը: Այս դէպքին չարաշահումը եւ միջազգային հանրութենէն եղածին վերաբերեալ «գութ որսալ»ու Պաքուի այս մօտեցումը նորութիւն մը չեն, սակայն արարքին ժամկէտն ու ամէն գնով դէպքը հանրայնացնելու փորձերը ցոյց կու տան, որ Պաքու հակամարտութեան այս փուլին պիտի փորձէ ամէն գնով նոր «խաղաոճ» մը որդեգրել:

Այսօրինակ միջոցներու որդեգրումը կը մատնէ նաեւ, որ Ատրպէյճանի համար գէթ այս պահուն սպառած են հայկական սահմանները թափանցելու կամ նոյնիսկ տարբեր տեսակի առաւելութիւններ արձանագրելու բոլոր միջոցները: Այս մօտեցումին դիմաց յստակ է, որ մենք ականատես կրնանք դառնալ միջազգային թատերաբեմին վրայ օգտագործուող նոր սադրանքներու, որոնց մեծ մասը կապ ունի տեղեկատուական պատերազմին ու անկէ միաւորներ կորզելու մօտեցումներուն հետ:

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութեանց նիւթին մասին խօսելով՝ հայրենի քաղաքագէտ Վիգէն Յակոբեան ըսած է. «Բանակցելու համար աւելի վատ ժամանակաշրջան երեւի դժուար էր գտնել: Կը բանակցին այն ժամանակ, երբ կողմերու միջեւ վստահութեան որեւէ չափի մակարդակ կայ: Ես չեմ կրնար բանակցիլ մէկու մը հետ, երբ չեմ հաւատար անոր խօսքին, չեմ վստահիր անոր: Իրավիճակը այսպիսին է: Բանակցիլ զոհերու ֆոնին, սեղմել ձեռքերը, յայտարարել, թէ պայմանաւորուածութիւն կայ, լուրջ չէ»:

Ճիշդ է, որ ստեղծուած է բաւական բարդ իրավիճակ: Ու այդ իրավիճակի կարծրացումը կը կատարուի երկու կողմերուն ունեցած կորուստներու արիւնով: Սակայն այս իրավիճակին մէջ բանակցութիւններ կայացնելն ալ կը կարեւորուի բաւական լարուած շփման գիծին վրայ «սառ ցնցուղ» մը կատարելու փորձով: Այս բոլորէն անդին բաւական յստակ է, որ զինուորական քայլերով կամ «ճարպիկութիւններ» գործադրելով ղարաբաղեան հիմնահարցը պիտի չլուծուի:

Երեւանի մէջ այս մասին յստակօրէն կը բարձրաձայնեն: Կը մնայ, որ նոյնը կատարէ Պաքուն, որմէ ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ կողմերուն միջեւ արդէն իսկ մահաքուն մտած փոխվստահութեան մթնոլորտը կեանքի կոչել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017