«Հայ Ըլ­լար՝ Չէ՞ր Ըլ­լար»

Բա­րե­կա­մի մը տու­նը այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էինք: Սո­վո­րու­թիւն դար­ձած ի­րա­րու որ­պի­սու­թիւն­նե­րը հարց­նե­լէ ետք, բնա­կա­նա­բար մեր խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը հա­սաւ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դիպ­ման, Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան, Հա­լէ­պի դա­ժան օ­րե­րուն, ա­պա վե­րա­դար­ձանք Լոս Ան­ճե­լը­սի տե­ղա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն:

Հայ ենք. բնա­կա­նա­բար մտա­հոգ ենք հայ­րե­նի­քով, նաեւ՝ սփիւռ­քով:

Կէս ժամ հա­զիւ ան­ցած էր, երբ մեր բա­րե­կա­մին դուստ­րը եւ իր ա­մե­րի­կա­ցի ա­մու­սի­նը մտան ներս եւ, ինք­նա­բե­րա­բար, կարճ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար, խօ­սակ­ցու­թեան լե­զուն փո­խուե­ցաւ անգ­լե­րէ­նի, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ դար­ձեալ շա­րու­նա­կուե­ցաւ հա­յե­րէ­նով:

Տան­տի­րու­հին՝ քա­նի մը ան­գամ յու­շեց, որ «անգ­լե­րէն խօ­սինք», որ­պէս­զի իր ա­մե­րի­կա­ցի փե­սան ա­ռան­ձին եւ օ­տար չզգայ:

«Ազ­դա­րա­րու­թե­նէն» ան­մի­ջա­պէս ետք խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն դար­ձեալ անգ­լե­րէն էր, սա­կայն մերթ ընդ մերթ, անզ­գա­լա­բար, քա­նի մը հա­յե­րէն նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ «կը փախց­նէինք» մեր շրթնե­րէն:

Մեր բա­րե­կա­մին դուստ­րը, հա­կա­ռակ հա­յա­խօս ըն­տա­նի­քի մէջ հա­սակ ա­ռած եւ հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նէ մը շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լուն, «պա­պէն ա­ւե­լի պա­պա­կան», նոյ­նիսկ նախ­քան օ­տա­րի հետ ա­մուս­նա­նա­լը, հա­յե­րէն ոչ մէկ բառ կը լսէինք իր շրթնե­րէն:

Այդ օր, խօ­սակ­ցու­թիւ­նը հա­յե­րէ­նի փո­խուած ժա­մա­նակ, պա­տա­հե­ցաւ, որ քա­նի մը բա­ռով ինքն ալ մաս­նա­կից դառ­նայ մեր խօ­սակ­ցու­թեան… հա­յե­րէ­նով:

Օ­տար փե­սան զար­մա­ցած, ընդվ­զած եւ դժգոհ, դառ­նա­լով իր կնոջ՝

-Honey, you’re American.

Այդ փա­ղաք­շա­կան Honey-ին մէջ յան­դի­մա­նու­թիւն կար: Հայ ծնող­քէ սե­րած, հայ­կա­կան ու­սում ստա­ցած, սա­կայն օ­տա­րի մը հետ ըն­տա­նիք կազ­մած մէ­կը, ըստ ի­րեն, ի­րա­ւա­սու­թիւն չու­նէր քա­նի մը բառ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տուե­լու, նոյ­նիսկ՝ իր հայ ծնող­քին տան մէջ:

Տա­կա­ւին ծնողք չեն դար­ձած: Կռա­հե­լու պէտք չկայ, որ երբ զա­ւակ­ներ ու­նե­նան, ի՛նչ լե­զու պի­տի գոր­ծա­ծուի ի­րենց տան մէջ:

Վստա­հա­բար զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց պի­տի չյա­ճա­խեն: Տու­նը հա­յե­րէն պի­տի չխօ­սին ի­րենց հայ մօր հետ, մեծ ծնող­նե­րուն հետ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց ա­մե­րի­կա­ցի հայ­րը ան­մի­ջա­պէս պի­տի յի­շեց­նէ (կամ՝ յան­դի­մա­նէ). «Honey, you’re Americans»:

Ար­ցա­խի նիւ­թը դար­ձեալ բա­ցուե­ցաւ, այս ան­գամ՝ անգ­լե­րէ­նով, որ­պէս­զի օ­տար փե­սան տե­ղեակ ըլ­լայ իր հայ կնոջ հայ­րե­նի­քի ան­ցու­դար­ձե­րուն մա­սին (իր ալ հո­գը):

Չմաս­նակ­ցե­ցաւ մեր խօ­սակ­ցու­թեան: Հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րը փո­խե­լով զբա­ղած էր եւ նիւ­թը ինք­նա­բե­րա­բար Ար­ցա­խէն փո­խադ­րեց Պրա­զի­լի մէջ կա­յա­նա­լիք Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն, նշա­նա­ւոր ա­մե­րի­կա­ցի պաս­քեթ­պո­լիստ Քո­պի Պրա­յը­նի հանգս­տեան կո­չուե­լուն, Քլիվ­լըն­տի պաս­քեթ­պո­լի խում­բին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով «Էն. Պի. Էյ.»ի այս տա­րուան ա­խո­յե­նու­թեան, Մո­հա­մետ Ա­լի Քլէ­յի մա­հա­նա­լուն եւ…

Խօ­սուե­ցաւ ա­մէն նիւ­թի մա­սին, սա­կայն մէկ կողմ դրուե­ցան Ար­ցախն ու Հա­յաս­տա­նը, Ֆրան­սիս­քոս Պա­պին այ­ցե­լու­թիւնն ու Հա­լէ­պի դա­ժան օ­րե­րը, մա­նա­ւանդ որ մեր բա­րե­կամ­նե­րը Հա­լէ­պէն են եւ տա­կա­ւին մեծ թի­ւով հա­րա­զատ­ներ ու­նին հոն:

Նոյ­նիսկ յանդգ­նու­թիւ­նը չու­նե­ցան ի­րենց աղջ­կան ը­սե­լու թէ­կուզ անգ­լե­րէ­նով՝ «Honey, you’re Armenian»:

***

Սխալ պի­տի ըլ­լար ընդ­հան­րաց­նել նման դէպ­քեր:

Ա­մէն օ­տար ա­մուս­նու­թիւն կնքող իր կնոջ կամ իր ա­մուս­նոյն չ՚ը­սեր.

-Honey, you’re American:

Մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րէս մէ­կը օ­տա­րի հետ ա­մուս­նա­ցած է:

Տա­կա­ւին նոր ըն­տա­նիք կազ­մած էին, երբ սկսաւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը:

Եւ­րո­պա­ցի կո­ղա­կի­ցի ծնող­քին Եւ­րո­պա հաս­տա­տուե­լու բազ­մա­թիւ հրա­ւէր­նե­րը մնա­ցին ան­պա­տաս­խան: Զա­ւակ­նե­րը ստա­ցան հայ­կա­կան ու­սում, եւ իր եւ­րո­պա­ցի կի­նը շատ մը հա­յե­րէ ա­ւե­լի մա­քուր հա­յե­րէն սոր­վե­ցաւ: Տան մէջ խօ­սուող միակ լե­զուն հա­յե­րէն է:

Ներ­կա­յիս հաս­տա­տուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Տա­կա­ւին տան մէջ խօ­սուող լե­զուն հա­յե­րէն է, սա­կայն… տղուն մէ­կը ըն­տա­նիք կազ­մած է օ­տա­րի հետ եւ հա­յոց լե­զուն փո­խա­րի­նուած՝ անգ­լե­րէ­նով:

Բա­րե­կա­միս տղան իր ծնող­նե­րու ներ­կա­յու­թեան տա­կա­ւին հա­յե­րէն կը խօ­սի: Իր սի­րե­լի կնոջ շրթնե­րէն բնաւ չեմ լսած՝ «Honey, you’re American»:

***

Վե­րա­դառ­նա­լով ա­ռա­ջին պա­տա­հած դէպ­քին՝ կ՚ու­զեմ շեշ­տել, որ բա­րե­կա­միս օ­տար փե­սան հիա­նա­լի անձ մըն է:

Մեր բա­րե­կամ­նե­րը միշտ գո­վա­սան­քով կ՚ար­տա­յայ­տուին ի­րենց ա­մե­րի­կա­ցի փե­սա­յի հաս­ցէին, սա­կայն յա­ճախ կը կրկնեն.

-Հայ ըլ­լար՝ չէ՞ր ըլ­լար:

Տա­րի­ներ ա­ռաջ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ զա­ւեշտ մը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նոյն խո­րա­գի­րով՝ «Հայ ըլ­լար՝ չէ՞ր ըլ­լար»:

Հասկ­նա­լի է: Ստի­պուած չէ հա­յե­րէն սոր­վիլ, եւ երբ իր չհասկ­ցած լե­զուն կը խօ­սուի, ի­րեն հա­մար ձանձ­րա­ցու­ցիչ է եւ նե­ղու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ:

Մենք ալ, մեր կար­գին, որ­քան ալ յար­գենք իր ներ­կա­յու­թիւ­նը, ստի­պուած չենք մեր ազ­գա­յին հար­ցերն ու ցա­ւե­րը անգ­լե­րէ­նով ար­տա­յայ­տե­լու, մա­նա­ւանդ որ հե­տաքրք­րուած է ո՛չ հա­յու­թեամբ, ո՛չ ալ Ար­ցա­խով։ (…)

Իր մտա­ծե­լա­կեր­պը բո­լո­րո­վին տար­բեր է:

Ո՛չ մէկ հայ­կա­կա­նու­թիւն, գէթ՝ իր կո­ղա­կի­ցը ու­րա­խաց­նե­լու մի­տու­մով:

Կազ­մուած է ըն­տա­նիք մը, ուր չկայ հայ­կա­կան մթնո­լորտ: Նոյ­նիսկ հայ­կա­կան ճա­շեր չեն պատ­րաս­տուիր այդ յար­կին տակ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ա­մէն ան­գամ իր կնոջ ծնող­քին տու­նը այ­ցե­լու­թեան գա­լով՝ հա­ճոյ­քով կը վա­յե­լէ հայ­կա­կան ճա­շե­րը:

«It’s delicious»: Հա­մով է… միայն այդ­քան: Ո՛չ մէկ հե­տաքրք­րու­թիւն հայ­կա­կան կեն­ցա­ղի մա­սին:

Հա­յու մը հետ ա­մուս­նա­նա­լու փո­խա­րէն, ե­թէ ի­տա­լու­հի մը ըլ­լար իր կի­նը, նմա­նա­պէս պի­տի չհե­տաքրք­րուէր ի­տա­լե­րէ­նով, ոչ ալ պի­տի փա­փա­քէր սոր­վիլ այդ լե­զուն: Շատ հա­ւա­նա­բար պի­տի վա­յե­լէր ի­տա­լա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը եւ նոյն­պէս ը­սէր՝ «It’s delicious»: Ո՛չ մէկ հե­տաքրք­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նար ի­տա­լա­կան կեն­ցա­ղի մա­սին:

Ա­մե­րի­կա­ցի է. իր երկ­րին մէջ կ՚ապ­րի, եւ կա­րի­քը չի զգար տար­բեր լե­զու­նե­րու կամ մշա­կոյ­թի մա­սին մտա­ծե­լու:

Մենք՝ սփիւռ­քի հա­յերս ենք միայն, որ ստի­պուած ենք գոր­ծա­ծե­լու մեր ապ­րած երկ­րի լե­զուն:

Կա­րե­լի՞ բան է ապ­րիլ Լի­բա­նան կամ Սու­րիա եւ չխօ­սիլ ա­րա­բե­րէն:

Ապ­րիլ Ֆրան­սա եւ չխօ­սիլ ֆրան­սե­րէն, կամ ապ­րիլ Ա­մե­րի­կա ու չխօ­սիլ անգ­լե­րէն:

Ան­շո՛ւշտ ոչ, սա­կայն կա­րե­լի է ապ­րիլ Հա­յաս­տան ու խօ­սիլ ՄԻԱՅՆ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ:

«Մենք եր­գենք միշտ հա­յե­րէն­
Ա­ղօ­թենք միշտ հա­յե­րէն
Չ­մո­ռա­նանք հայ լե­զուն­
Որ մնանք միշտ հայ, հայ, հայ»: (Յա­րօ Բու­րեան)

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս 2016

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016