ՆԱԽ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԵԾ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ ԱՅԴ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆՆ Է
Քաղաքական ընդհանուր վիճակ…
Երեք ամիսներէ ի վեր Սուրիոյ զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններու համար բաւական «առեղծուածային» հարց մը կը ծագէր։ Բոլորը հարց կու տային. արդեօք Իտլիպի խնդիրը պիտի հասնի՞ իր վերջնական փուլին ու ձեւով մը հոն հաստատուած սիւննի արմատական զինեալները «խաղաղ անցք» մ՚ունենալով դուրս գան այդ շրջանէն եւ իրողապէս արեան նոր հեղումներու բոլոր «առիթներ»ը փակուած համարուին։
Խնդիրը այն էր, որ խիտ բնակչութիւն ունեցող Իտլիպը մինչեւ այս տողերուն շարադրուիլը կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ տագնապի հաւասարակշռութեան կարեւորագոյն կշռաքարերէն մին, եթէ չըսենք կարեւորագոյն կշռաքարը...
Նախ անոր համար, որ աւելի քան 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այդ նահանգը զինուորական միջամտութեան մը պարագային կրնայ պալար պարունակող վէրքի մը նման «պայթիլ» ու այդ պայթումին ազդեցութիւնները երեւելի դառնան ոչ միայն ներսուրիական առումով, այլ նաեւ տարածուին ու հասնին մինչեւ Թուրքիա։
Անշուշտ նոյն վերլուծաբանները այս օրերուն սկսած են լաւապէս հասկնալ, թէ ինչ կարեւոր դեր վստահուած է Անգարային, ոչ միայն Իտլիպի թնճուկը լուծելու, այլ նաեւ Սուրիոյ տագնապը դէպի քաղաքական հարթակ տանելու առումով։
Այս խօսքին լաւագոյն ու վերջին ապացոյցը Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Անգարայի մէջ կայացած բանակցութիւններն էին, որոնց աւարտին ալ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը հանրայնացնէր թուրք-ամերիկեան ռազմական միացեալ գրասենեակ մը ստեղծելու ծրագիրը, որուն նպատակն էր վերահսկողութեան տակ պահել վերջին երեք շաբաթներու ընթացքին գերլարուած վիճակ մ՚ունեցող Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտին։
Անշուշտ հաշուի պէտք է առնել, որ ինչպէս Սուրիոյ տագնապի զանազան փուլերուն, այսօր ալ Անգարա ունի կարեւոր առաջադրանք մը, որն է ստեղծել ու կերտել Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ապահովող «անվտանգութեան գօտի» մը, որուն լայնքը կրնայ հասնիլ 40 քիլօմեթրի։
Երբ «ապահովութեան գօտի» կ՚ըսենք, պէտք է նաեւ լաւապէս ընկալենք, որ Անգարայի համար հիմնական հարցն է Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, ուր քրտական զինեալ ներկայութիւնը, եթէ նոյնիսկ չսպառնայ, ապա մօտիկ ապագային ալ կրնայ խաթարել սուրիամերձ թրքական շրջաններու անվտանգութիւնը։
Այս բոլորէն անդին, Թուրքիա լաւապէս կ՚ընկալէ, որ այդ շրջաններուն մէջ քիւրտերուն տրուած երաշխիքները (յատկապէս ամերիկեան կողմէն) կրնան նախընթաց դառնալ ամբողջ շրջանին համար եւ այդպէսով ստեղծել անցանկալի վիճակ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակին մէջ ու յատկապէս երկրի հիւսիսային շրջաններէն ներս առկայ իրականութեան առընթեր մեծագոյն «կազմակերպիչ» ուժը կը համարուի Միացեալ Նահանգները, ու ինչպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի անցեալ շաբթուան սիւնակիս մէջ գրեցի, այսօր ալ կ՚ուզեմ շեշտել, որ այդ շրջանին մէջ «տերեւ չի շարժիր» առանց Ուաշինկթընի համաձայնութեան։
Բացի այս բոլորէն, մենք նոյնպէս ականատես եղանք, թէ հակառակ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած յայտարարութիւններուն, ամերիկացիք կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ու մէկէ աւելի ռազմական լրագրողներ այդ շրջանի իրավիճակը ներկայացնելու ատեն կը գրեն ու կը հաստատեն, որ «այդ շրջանի իրական բանալին, ոչ թէ քիւրտերուն, այլ ամերիկացիներուն ձեռքն է»։
Այս բոլորը հաշուի առնելով է նաեւ, որ նախագահ Էրտողան ձեռք կը մեկնէ Ուաշինկթընին, որ իր կարգին առանց վայրկեան մը երկմտելու կը բռնէ իր վաղեմի դաշնակից-գործակցին ձեռքը։
Հիմա էական հարցումը, որ կը ծագի. արդեօք այս զարգացումները՝ ինչ որ տեղ կրնան վնաս տալ Անգարա-Մոսկուա սերտ համագործակցութեան, կամ արդեօք նախագահ Էրտողանի հնչեցուցած խօսքերը Խրիմի մասին, կրնա՞ն նոր ջրբաժանի մը սկիզբը դառնալ...
Ամէն պարագայի յստակ է, որ Սուրիոյ մէջ այսօր առկայ սպասողական եւ բաւական լարուած իրադրութիւնը կ՚ապրի իր ամենաբարձր աստիճանը ու չի բացառուիր նաեւ, որ հարցերուն զինուորական լուծում տալու տարբերակը կրնայ վերջնականապէս ընդունուիլ, որպէս ոչ-օգտակար տարբերակ, մանաւանդ, որ թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ Անգարա (առաջինը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն եւ երկրորդը՝ Իտլիպի համար) կտրականապէս դէմ են նոր արիւնահեղութեան։
Ու այս մօտեցումը հաշուի առնելէ ետք, պարզ կը սկսի դառնալ, որ եթէ Սուրիոյ հիւսիսի հարցի խաղաղ լուծման մեծագոյն ջատագովները՝ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգներն են, ապա դժուար թէ ռուսական կողմը, ինչպէս նաեւ Դամասկոս նետուին հարցերը արիւնով լուծելու յորձանուտին մէջ։
Այս անշուշտ չի նշանակեր, որ այսօրուան խաղաղ իրավիճակը ապահովագրուած ու վերջնական վիճակ մըն է, սակայն կը նշանակէ, որ շրջանին մէջ մեծածաւալ ռազմական գործողութիւնները ներկայ փուլին բացառուած են։
ՏԵՍԱԿԷՏ ՀԱԼԷՊԷՆ
Վերջին օրերուն Սուրիոյ տագնապին մասին մէկէ աւելի ուշագրաւ գնահատականներու հանդիպեցայ։ Գրեթէ բոլոր վերլուծութիւններու պարագային ալ այսօրուան պատկերի ամբողջական վերլուծութիւնը կամ կը բացակայէր, կամ ալ թերի կերպով կ՚արտայայտուէր։ Բոլորը լաւապէս կ՚ընկալեն, որ Սուրիոյ տագնապի այս փուլը գրեթէ մեծ հանգոյցի մը քակուելուն կը նմանի, ու անոնք, որ կը փորձեն քակել այդ «քարկապ» վիճակը, անոնք նոյնպէս կ՚ըմ-բըռնեն, թէ որեւէ կողմ, որ պիտի փորձէ քակել այդ հանգոյցը, նախ պիտի փորձէ իր ձեռքերը «մաքուր» պահել ու ապա օգտուիլ, կամ առնուզն «գործընկեր» ըլլալ այն կողմին, որ ինք կը պատրաստուի օգտուիլ այդ ամէն ինչէն... օգտուիլ Սուրիոյ նաւթէն, երկիրը կառուցելու ապագայ ծրագիրներէն ու նաեւ շրջանին մէջ քաղաքական ուժ եւ ներկայութիւն ըլլալու հանգամանքէն։
Հոս է նաեւ, որ ջրբաժանի փուլ մը կայ ու յստակ է նաեւ, որ այդ փուլին մէջ կարեւոր դեր կրնան ունենալ անոնք միայն, որոնք կը հասկնան ճիշդ շարժիլ ու գրաւ դնել այն կողմին վրայ, որ ամենաուժեղն է շրջանին մէջ... Մնացեալը մանրամասնութիւններու հարց է։ Ամէն պարագայի այս առումով ուշագրաւ մօտեցումներ ունի հալէպահայ գործիչ Յակոբ Նալպանտ, որուն տեսակէտները առաջին անգամը չէ, որ կը հնչեն իմ այս սիւնակին մէջ։
-Պրն. Նալպանտ ի՞նչ կ՚ակնկալէք, արդեօք Իտլիպի մէջ կայացած հրադադարը պիտի յաջողի՞, ի՞նչ է ձեր կանխատեսումը։
-Իմ կարծիքով՝ Իտլիպի մէջ հրադադարը պիտի չյաջողի։ Իմ կարծիքով՝ սուրիական բանակը այս անգամ երկար պիտի չսպասէ եւ շատ հաւանաբար մահմետականներու «Ալ Ատհա» տօնէն վերջ, Սուրիա եւ ռուսական ուժերը շատ աւելի ուժգին ձեւով պիտի յարձակին ահաբեկիչներու դիրքերուն ուղղութեամբ։
-Գիտենք, որ անցեալ շաբաթներուն Հալէպ ծանր օրեր ապրեցաւ, այն իմաստով, որ քաղաքային զոհեր արձանագրուեցան եւ քաղաքին մէջ առհասարակ վախի եւ մտահոգութեան ալիք մը բարձրացաւ: Ի՞նչ է այսօրուան իրավիճակը, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք զայն:
-Քանի դեռ կը շարունակուին զինուորական գործողութիւնները Իտլիպի եւ Համայի շրջակայքը, այդ կը նշանակէ, որ Հալէպ դարձեալ կրնայ ենթարկուիլ այսպիսի արիւնալի ահաբեկչական ռմբակոծումներու: Հալէպը վիրաւոր քաղաք է ու ամէն մէկ զոհ եւ ռումբ շատ ծանր հոգեկան անդրադարձ կը ձգէ Հալէպի քաջ ժողովուրդին վրայ: Բայց անոնք չեն յուսահատիր եւ յոյսով լի աչքերով կը սպասեն ահաբեկչութեան աւարտին:
-Իտլիպի կողքին ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Սուրիոյ տագնապի քաղաքական ընդհանուր լուծման հեռանկարները: Արդեօք Իտլիպէն ետք հեշտ պիտի ըլլա՞յ հարցը քաղաքական հարթակի վրայ լուծել:
-Իտլիպի խաղաքարտը ուժեղ խաղաքարտ մըն է Միացեալ Նահանգներու ձեռքը եւ ան չ՚ուզեր առանց փոխարէնը բան մը ստանալու, զիջիլ այս ուժեղ ազդակէն: Կը կարծեմ, որ քաղաքական լուծումներու ժամանակը դեռ չէ հասած, եւ ատոր կը հասնինք միայն Իտլիպէն ետք։ Երբ Իտլիպը ամբողջապէս ազատագրուի, այդ ժամանակ միայն կարելի է խօսիլ սահմանադրական յանձնաժողովի եւ քաղաքական լուծման ուղղութիւններու մասին:
-Ի՞նչ կը խորհիք Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մասին, ուր քրտական զօրամիաւորումներ կարեւոր ներկայութիւն են եւ անոնք տարբեր առումներով ալ ձեւով մը ինքնավարութիւն հաստատելու փորձեր կը կատարեն:
-Սուրիոյ հիւսիսային եւ Եփրատի աջ կողմը գտնուող տարածքներուն վրայ իշխող այսպէս կոչուած՝ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ը, այսինքն՝ ԵՓԿ-ն կամ քրտական անջատողական ուժերը պէտք է, որ շատ լրջօրէն մտածեն իրենց եւ այդ շրջանի մէջ գտնուող քիւրտ, արաբ, ասորի եւ հայ բնակչութեան մասին: Անոնք Աֆրինի դէպքերէն պէտք է խոր դասեր քաղէին, սակայն... Նոյն դէպքերը պէտք չէ կրկնուին Հասաքէի, Գամիշլիի եւ այլ զանազան շրջաններու մէջ: Ստացուող լուրերու համաձայն, քիւրտերը հաշուի առնելով թրքական լուրջ սպառնալիքները, համաձայնած են ամերիկացիներուն հետ, փորած են գետնուղիներ, որոնց միացումով անոնք կապ պիտի ստեղծեն սուրիական պետական ուժերու հետ եւ տարածքը յանձնեն սուրիական պետական ուժերուն։ Այդպէսով անոնք երկիրը պիտի փրկեն բաժանումի վտանգէն եւ այդ շրջանի ժողովուրդը պիտի փրկուի մեծ արհաւիրքներէ ու գաղթէ, որուն մէջ դժբախտաբար կրնան յայտնուիլ Հասաքէի եւ Գամիշլիի հայերը եւս։ Ի վերջոյ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի քիւրտերը պէտք է ճիշդ գնահատեն այսօրուան իրավիճակը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան