ԾԱՂԻԿ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՍՏ

6. ԾԱՂԻԿԻՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

Մինչեւ հիմա մենք ծաղիկին բնական ընթացքը կը նկարագրէինք եւ այն ձեւը, որ ամենէն շատ կը պատահի, բայց այս հիւանդութիւնը զանազան ձեւեր կ՚ընդունի:

Նախ եւ առաջ պէտք է գիտնալ, որ հիւանդութիւնը երբեմն ուղղակի սկիզբը կանգ կ՚առնէ, այնպէս որ ժամանակէն առաջ, մինչեւ իսկական ծաղկացանին դուրս տալը, կը վերջանայ:

Բշտիկները երբեմն իրարու շատ մօտիկ դուրս կու տան, եւ տեղ-տեղ կը դպնան, կը ձուլուին իրարու, այնպէս որ թարախանալու եւ կեղեւակալման ընթացքին գլուխը, վիզը, ուսերը կը ծածկուին հաստ կեղեւով, որուն տակ կը լճանայ թարախը եւ առատ դուրս կը թափի, երբ կեղեւները կը ծակենք: Այս ձեւը շատ վտանգաւոր է:

Աւելի եւս վտանգաւոր է եւ գրեթէ միշտ մահացու՝ սեւ ծաղիկը: Ասիկա այն ձեւն է, երբ մաշկը տեղ-տեղ ընդարձակ արիւնային գունաւորում կը ստանայ, յետոյ հիւանդին քիթէն, բերանէն, ստամոքսէն, աղիքներէն, թոքերէն, սրբանէն (յետոյքէն), մէզի հետ եւ այլն, արիւն կը հոսի: Նոյնիսկ բշտիկներուն հեղուկը արիւնախառն կ՚ըլլայ, սեւ կարմիր գոյն կը ստանայ: Ասկէ է սեւ ծաղիկ անուանումը:

Ծաղիկը ծանր հիւանդութիւններուն կը պատկանի, որոշ ձեւերը, ինչպէս սեւ ծաղիկը, գրեթէ միշտ մահառիթ կ՚ըլլան, իսկ հասարակ ծաղիկը կրնայ սպաննել հիւանդը՝ իր բարդութիւններով: Առհասարակ, դժուար է ըսել հիւանդութեան սկիզբը, թէ ցաւը ի՛նչ ելք կրնայ ունենալ. թեթեւ կ՚ըլլայ, թէ ծանր: Երբեմն ամենէն ծանր կերպով սկսած ծաղիկը թեթեւ, առանց բարդութիւններու կ՚անցնի, երբեմն ալ հակառակը: Ընդհանրապէս հիւանդին կազմուածքը մեծ նշանակութիւն ունի: Քանի կազմուածքը ամուր է, այնքան ալ հիւանդութիւնը հեշտութեամբ կը տանի:

7. ԽՆԱՄՔ

Ծաղիկիը այնքան դժուար ու ծանր հիւանդութիւն է, որ ուղղակի սկիզբէն պէտք է բժիշկի դիմել եւ չըսել, թէ Աստուծոյ ըրածն է, եւ ձեռքերը ծալած նստիլ: Պէտք չէ մոռնալ, որ ծաղիկը իր որոշ ընթացքը ունի, որ մենք դեղերով չենք կրնար անոր ընթացքը կանգնեցնել, ինչպէս որ քութէշին կամ տիֆին ընթացքը: Հիւանդութիւնը պէտք է իր ճանապարհով երթայ: Բայց մենք մեր խնամքով կրնանք զանազան բարդութիւններու առաջքը առնել, հիւանդը կազդուրելով, ջանալով պահպանել անոր ուժերը, որպէսզի ան ի վիճակի ըլլայ հիւանդութեան դէմ պայքարելու: Բացի հիւանդին խնամք տանիլը, մենք պէտք է մտածենք նաեւ առողջները փրկել վարակուելէ:

***

Հիւանդը պէտք է պառկեցնել տան ամենէն լայն ու ամենէն լուսաւոր սենեակին մէջ, ուրկէ նախապէս պէտք է դուրս հանել կահկարասիները, մանաւանդ փափուկները (գորգերը, եւ այլն), միայն անկողին մը, սեղան մը եւ երկու-երեք աթոռ ձգելով: Պատուահանները պէտք է վարագուրել, որպէսզի սենեակին մէջ մութ ըլլայ, քանի որ հիւանդին համար լոյսը անախորժ է: Սենեակին տաքութիւնը պէտք է 151 ըլլայ: Անկողինը լայն ըրէք, սաւանները ամէն օր փոխեցէք, մանաւանդ երբ հիւանդին մաշկը թեփոտիլ սկսի:

Ուտելիքը պարզ եւ սննդարար պէտք է ըլլայ եւ անպայման հեղուկ կամ գոնէ ջրիկ: Հետեւաբար, կարելի է եփ տուած կաթ տալ, անխառն կամ թէյով (թէյը անշուշտ բաց ըլլայ): Կարելի է նաեւ տալ նոր, տան մէջ մակարդած մածուն: Լաւ են նաեւ կիսեփ հաւկիթը, մսաջուր, զանազան խիւսեր, կաթնապուր, եւ այսպիսի կերակուրներ: Հացը ինչքան քիչ ըլլայ, այնքան լաւ. սպիտակ հաց տուէք օրական 1/2 կամ 1/2 ֆունտ: Ծարաւին դէմ պէտք է լեմոնի հիւթ խմցնել, թթու խմիչքներ, օրինակ՝ լեմոնով թէյ, նոյնպէս սելտերզեան ջուր (the seltzer) եւ սոտայի ջուր:

Շատ կարեւոր է, որ հիւանդը փորկապ չունենայ: Ամէն օր պէտք է դուրս գայ: Եթէ երկու օր անընդհատ փորկապը շարունակուի, պէտք է լուծողական տալ (անգլիական աղ, դառն հանքային ջուրեր, ձէթ, լուծողական լեմոնի հիւթ, եւ այլն): Եթէ չի՛ ներգործեր, գրեխ (կիստիր) դրէք հասարակ գոլ ջուրով կամ օճառաջուրով կամ իւղով: Գրեխի հեղուկը պէտք է 140 տաքութիւն ունենայ: Իսկ սրտախառնութեան դէմ, եթէ բժիշկ չկայ, պէտք է սառոյցի կտորներ տալ, փորին մանանեխ դնել եւ տաքցնող փաթեթ կապել:

Օրը գոնէ երեք անգամ հիւանդին տաքութիւնը չափեցէք. առաւօտեան կանուխ, կէսօրին, երեկոյեան: Եթէ տաքութիւնը բարձր է, բացի բժիշկին տուած դեղերէն, պէտք է մարմինը սառն ջուրով շփել օրական 3-4 անգամ, կամ երեկոյեան ժամերուն լողարան դնել 250 ջուրի մէջ: Անշուշտ, ամէն հիւանդ լողարան դնել կարելի չէ, որովհետեւ հիւանդը կրնայ սիրտի ախտ ունենալ եւ անոր վրայ սառն լողարանները կրնան վատ ազդել: Բժիշկին հարցուցէք: Եթէ հիւանդը փորացաւերէն կը տանջուի, կամ անդամներու ցաւերէն, լաւ է դարձեալ գոլ (25-220) լողարաններ պատրաստել, ու 10-10 վայրկեան ջուրին մէջ պահել2: Կարելի է նաեւ հիւանդը թաց սաւանի մէջ փաթթել, լաւ ծածկել եւ ձգել 8-10 վայրկեան, յետոյ վերցնել, մարմինը չոր հագուստով շփել եւ շապիկ հագցնել:

Ծատ դուրս տուած տեղերը (այն է, դէմքը) պէտք է ծածկել: Ատոր համար կտոր մը քաթան վերցուցէք, նուշի իւղի մէջ թաթխեցէք կամ (աւելի լաւը) վրան բօրավազլըին (boron vaseline) քսէք եւ դուրս տուածին վրայ դրէք:

Երբ կեղեւ գոյանալ սկսի, ուշադիր եղէք, որ երեխան երեսը չքերէ, որովհետեւ այդ ընթացքին եւս հիւանդը սաստիկ քոր կը զգայ եւ կրնայ կեղեւը պոկել, խոցը խորացնել, ինչ բանէն ուշ կը լաւնայ եւ լաւանալէն ետք ալ սպիներ կը ձգէ: Դարձեալ նոյն նուշի եւ բրովանսի (oil of provence) իւղեր եւ վազելին պէտք է գործածել: Բացի այս բոլորը, հիւանդին այս ընթացքին եւս պէտք է օրը երկու անգամ լողարան նստեցնել 270 ջուրի մէջ եւ 20 վայրկեան ձգել: Եթէ այս բոլոր միջոցները չեն կանգնեցներ քորը, խորհուրդ կու տանք մարմինը շփել օղիով կամ ջրախառն օտըքոլոնով (կէսը օտըքոլոն, կէսը ջուր): Իրաւ է, սպիրթը քիչ մը կը կծծեցնէ մարմինը, բայց այդ շուտով կ՚անցնի եւ քորը կը կտրուի: Երեխաներուն ձեռքերը լաւ է գիշերները փաթթել-կապել կտոր մը տախտակի կամ հաստ քարթոնի վրայ, որպէսզի չկարենայ պզուկները քերել:

Բերանը պէտք է ողողել բորաթթւուտի (բօր-նայա կիսլօտա) կամ բերթօլետեան աղի, շիբի կամ աղաղի (տանին) լուծուածքով, օրական 3-4-5 անգամ: Յիշած աղերէն մէկէն պէտք է դգալ մը վերցնել եւ մէկ թէյի բաժակ ջուրի մէջ հալեցնել: Իսկ եթէ երեխան անկարող է ինք ողողել, պէտք է բարակ փայտի կամ ձողի մը վրայ բամպակ փաթթել, թաթխել լուծուածքի մէջ եւ բերանը, կատիկը եւ ըմպանը քսել:

Երբ հիւանդին ձայնը խռպոտ դարձած է, ատիկա կը նշանակէ, որ կոկորդը ուռած է եւ մեծ զգուշութեամբ պէտք է հետեւիլ բժիշկի խորհուրդին եւ թոյլ տալ շնչափողը հատել (տրախէօտօմիա [tracheotomy] ընել), որպէսզի հիւանդը ի վիճակի ըլլայ նոր ծակով շնչել: Ամէն պարագայի, շնչարգելութեան ընթացքին սպունգ մը վերցուցէք կամ թաշկինակ մը, եռացած ջուրի մէջ թաթխեցէք եւ կոկորդին դրէք ու շուտ-շուտ փոխեցէք:

Սաստիկ գլխացաւի եւ զառանցանքի դէմ սառցապարկ կը գործածուի, որ պէտք է միշտ գլուխին պահել:

Ասոնք են այն խնամքները, որ կարելի է հիւանդին տալ այն վայրերուն մէջ, ուր բժիշկ չկայ: Կը կրկնենք, եթէ տուեալ վայրին մէջ հիւանդանոց կայ, հիւանդը անմիջապէս պէտք է այնտեղ տեղափոխել. ամէն պարագայի պէտք է բժիշկի դիմել:

Ահա թէ ծնողները ի՛նչ պէտք է ընեն հիւանդին համար: Սակայն, հիւանդը խնամելով պէտք չէ մոռնալ առողջները, որոնք նոյնպէս կրնան վարակուիլ եւ հիւանդանալ:

Ասոնց մասին ալ պէտք է մտածել: Ամենէն առաջ պէտք է բոլոր չպատուաստուածներուն ծաղիկ պատուաստել, իսկ եթէ շատոնց պատուաստուած են, դարձեալ պատուաստել: Եթէ տան մէջ երեխաներէն կամ մեծերէն մէկը ծաղիկով բռնուած է, անմիջապէս պէտք է կամ հիւանդը հիւանդանոց տանիլ, կամ առողջները բոլորն ալ տեղափոխել ուրիշ տուն մը: Եթէ այդ ալ անկարելի է, պէտք է միւսները ընդհանրապէս հեռացնել հիւանդին սենեակէն: Հիւանդին սենեակին մէջ միայն անոր մայրը կամ պահողը պէտք է մնայ, հիւանդին խնամողը նոյնպէս պէտք չէ միւս սենեակները մտնէ եւ առողջներուն հետ շփուի, որպէսզի չվարակէ զանոնք (մենք վերը ըսինք, որ մարդ կրնայ ինք առողջ ըլլայ, սակայն երրորդ անձ մը վարակէ): Հիւանդին արտաթորութիւններն ու փսխածը պէտք է ախտահանել եւ այդպէս մէկ կողմ նետել: Ախտահանութեան համար ի միջի այլոց կրաջուր կը գործածուի: Առողջանալէն 15 օր ետք միայն, երբ մաշկը ամբողջութեամբ մաքրուած է, կարելի է երեխան դպրոց ղրկել, անշուշտ նախօրօք անհրաժեշտ է մի քանի անգամ լողացնել, հագուստը փոխել, կացարանը ախտահանել3:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 

Վաղարշապատ


1 Սենեակին տաքութիւնը պատի ջերմաչափով կը չափեն:

2 Ուր որ իսկական լողարաններ չկան, պէտք է տաշտի մէջ ջուր լեցնել:

3 Ախտահանութեան մասին տե՛ս մեր՝ «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը» գրքոյկը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022