ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՂ ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՐԹԱՄԵԱՆ. «ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ»

Յաճախ ծայրայեղական, երբեմն տրամաբանական՝ բայց անվաւեր, մերթ վիրաւորական՝ բայց առհասարակ բարի…

Վերոյիշեալ տողերը ամերիկահայ վաւերագրող Ստեփան Փարթամեանի մասին է, որ եւրոպական մի քանի երկիրներ այցելելէ ետք արդէն հասած է Հայաստան։

Մեր խօսակցին համար իմաստ ունի հայկական արմատներով ապրիլը։

Ստեփան Փարթամեան կը մերժէ եկեղեցի յաճախել, նոյնիսկ երբեմն վիրաւորական խօսքեր կ՚ուղղէ մեր եկեղեցւոյ հասցէին, բայց եւ այնպէս, կ՚ապրի եւ կ՚արարէ յանուն իր արմատներուն։ Ստեփան Փարթամեան կ՚ապրի այդ արմատներուն համար եւ կարճ խօսքով՝ այդ արմատներով։

Ուշագրաւ փաստ մըն է, որ ինչ մօտեցումներով ու յաճախ ինքզինք հակասելու վիճակին մէջ կը յայտնուի Ստեփան Փարթամեան։ Ան մէկդի կը դնէ իր «կարծր» մօտեցումներն ու հայութեան թերի երեսակներուն մասին իր թոյլ տուած ծանր մեղադրանքները՝ կը ճամբորդէ եւրոպական բազմազան քաղաքներ. փնտռելու, գտնելու, զարմանալու եւ հանրայնացնելու համար այն բոլոր տուեալները, որոնք կապ ունին հայկական արմատներուն հետ։

Երբ Փարթամեանի հետ այս հարցազրոյցը կատարեցի, ան կը գտնուէր Գերմանիոյ մէջ, ուրկէ կ՚ուղղուէր դէպի Լեհաստան։ Ան կը շրջէր երկրէ երկիր՝ հայութեան հետ կապ ունեցող իւրաքանչիւր փաստ վաւերագրելու, պահպանելու եւ «յաւիտենականացնելու» համար։

«Նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար», պիտի ըսէր արմատներով պէյրութահայ Ստեփան Փարթամեան։ Անշուշտ այս նախադասութեան յաւելելով իր կողմէ հրապարակ հանուած «ձեր դրամով» խօսքը, որուն հիմնական նպատակն էր շարժել «անհոգ» հայերու հոգին։

Մեզմէ շատեր երբ Փարթամեանը կը տեսնեն հեռուստացոյցի պաստառին վրայ, պահ մը կանգ կ՚առնեն. շատեր կը դժգոհին, շատեր կը բողոքեն եւ շատեր ալ նախատական խօսքեր կը հնչեցնեն անոր հասցէին։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը անխտիր կանգ կ՚առնեն եւ կ՚ուզեն առնուազն լսել անոր մէկ բառը... Ու կարեւորը այն է, որ բազմաթիւներու համաձայն «գիծէն դուրս» ելած Ստեփան Փարթամեանը ըսելիք մը ունի։ Անոր խօսքը պարապ չէ։ Եթէ նոյնիսկ ծայրայեղական մօտեցումներ ունենայ՝ յստակ է, որ ան կը խօսի մտահոգութեամբ։

Ստեփան Փարթամեան իր ազգին ու ժողովուրդին ամենալաւը կը կամենայ... վստահաբար։

Շատեր պիտի ըսեն, որ ան մեր հաւատքը կ՚անտեսէ եւ վիրաւորանքներ կը յղէ հայոց դարաւոր եկեղեցիին հանդէպ... Հասկնալի է այդ մօտեցումը ու յաճախ նկատելի է, որ Փարթամեան կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը… Բայց եւ այնպէս, ան երբ այդ ձեւով կ՚արտայայտուի՝ մեղքը կը վերցնէ միայն իր ուսերուն։ Եթէ այդ վիրաւորական շեշտերուն մէջ կան կարեւոր անդրադարձներ, որոնք միայն իր անհատական տեսակէտներն են, սակայն ազգին հանդէպ ունեցած մեծ սէրը չեն կրնար նուազեցնել իր ժողովուրդը սիրող Ստեփան Փարթամեանի հոգիէն։ Պէտք է նշել նաեւ, որ հակառակ շատերու ձեւական մօտեցումներուն (յատկապէս այն ամերիկահայ գործիչներուն մասին է խօսքը, որ Հայաստան գալ-երթալը շոուի վերածած են)՝ ան վճռած է յառաջիկայ տարի վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ։ Սա ինքնին ապտակ մըն է երեսին բոլոր անոնց, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն՝ իբրեւ թէ մտահոգ են Հայաստանի վիճակով ու զբաղած են միայն խօսքի առեւտուրով։ Ցաւօք, Հայաստանի հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը ցարդ ալ խաբուած է այդ գործիչներու շողոքորթ մօտեցումներէն։

Ի դէպ, Ստեփան Փարթամեան իր ցարդ կատարած բոլոր վաւերագրումները կը մէկտեղէ «ՓԱՐԹԱՄ» խորագրեալ հեռախօսային APP-ի (յաւելուած) մը մէջ, որ կարելի է ունենալ այցելելով «Այբ» հեռախօսի (I phone-ի) յաւելուածականներու «շուկայ» (համացանցային լեզուով՝ APP STORE)։

Փարթամեան խօսելով այդ ծրագրին մասին՝ կը հաւաստիացնէ, որ ամէն ճիգ պիտի ընէ կատարելագործելու եւ ամբողջական դարձնելու համար այդ հեռախօսային ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հայ եւ օտար հասարակութեան առիթ շնորհել աւելի մօտէն ծանօթանալու աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած եկեղեցիներու, հայկական տառերով ցուցանակներու, նաեւ հայկական եռագոյնը պարզած վայրերուն ու կառոյցներուն։

*

-Պրն. Փարթամեան, գիտենք, որ վերջերս կը գտնուէիք Եւրոպա, վաւերագրելու համար զանազան երկիրներու մէջ եղող հայկական հետքերը։ Կրնա՞ք փակագիծերը բանալ։

-Ես կը շրջիմ երկրէ երկիր եւ այդ բոլորը ապացուցող փաստեր կը հաւաքեմ, կը վաւերագրեմ եւ կը համադրեմ: Մեծ եղեռնը, այո՛, մեզ դուրս դրաւ մեր հողերէն, մենք կորսնցուցինք պատմական Հայաստանը, բայց ցրուեցանք աշխարհի չորս կողմը եւ այսօր դարձանք երկրագունդի տէրը, որուն համար պէտք է ուրախանանք, ոչ թէ նստինք ու տխրինք։ Սովորաբար հայերուն բնորոշ է աւելի շատ տխրիլ, քան՝ ուրախանալ:

-Գիտենք, թէ այս ծրագրի իրականացման համար դուք դիմած էք ժողովուրդի օգնութեան. ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին։

-Հայկական հետքի վաւերագրութեան արշաւին սկսելու համար դիմած եմ ժողովուրդին եւ կ՚ակնկալեմ նիւթական օժանդակութիւն, սակայն միշտ աջակցութիւն չեմ ստանար։ Գաղափարը ողջունողները շատ են, բայց աջակցողները՝ քիչ: Իսկ եթէ ոեւէ որբի, հիւանդի կամ անտունի օգնելու հարց ըլլայ, հայերը անմիջապէս կ՚օժանդակեն։ Այս մէկը եւս ապացոյց է այն բանին, որ տխրութեան շուրջ կը համախմբուինք եւ ոչ՝ ուրախութեան: Շատ քիչ մարդիկ կը գիտակցին, որ երկրագունդի գոյութիւնը մեր ուրախութիւնն է եւ այդ փաստը վաւերագրելու համար պէտք է աջակցիլ։

-Պրն. Փարթամեան դուք յաճախ հայ եկեղեցին կը քննադատէք։ Բայց եւ այնպէս, ձեր վաւերագրական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ տուած էք եկեղեցական կառոյցներուն։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս մէկը։

-Զարմանալի է, որ հայերը բոլոր գաղթօճախներուն մէջ գումարներ տրամադրած են եկեղեցիներ կառուցելու համար, իսկ այդ եկեղեցիները այդ գաղթօճախներուն մէջ հայու ինքնութեան դէմ կը գործեն։ Բացատրեմ. բոլոր եկեղեցիները, ուր այցելած եմ, դատարկ են, բացի կիրակի օրուընէ: Անոնք կարծես միայն կիրակի օրուան համար կառուցուած եկեղեցիներ ըլլան։ Այս վիճակը արդէն պատճառ կը դառնայ, որ միւս օրերուն չգործող եկեղեցիները աշխատին հայու ինքնութեան պահպանման դէմ, քանի որ այդ օրերուն այնտեղ ինքնութեան պահպանման ոչ մէկ գործունէութիւն կայ։ Եկեղեցին ոչ թէ իբրեւ եկեղեցի կը վաւերագրեմ, այլ իբրեւ կառոյց մը, որ գողցած է հայու ինքնութիւնը, գոյատեւելու կարողութիւնը: Եթէ ան հայու ինքնութիւնը չգողնար, չէր կրնար գոյատեւել: Իմ վաւերագրած քսաներկու երկիրներու մէջ ալ նոյն իրավիճակն կայ՝ հայու ինքնութեան հարցը շահագործուած է եկամուտ ստանալու համար, հակառակ պարագային ո՞վ եկեղեցիին գումար պիտի տայ:

-Իսկ ի՞նչ կը մատծէք սփիւռքի ապագային մասին։

-Վստահ եմ, որ սփիւռքը կ՚երթայ դէպի ձուլում։ Մեր աչքին առջեւն է Հնդկաստանի, Հոլանտայի եւ բազմաթիւ այլ վայրերու օրինակները։ Ես կասկած չունիմ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ պիտի ըսենք՝ Ամերիկայի մէջ հայախօս հայեր եղած են…։ Այս վատ վիճակին մասին տասնամեակներ ետք հպարտութեամբ պիտի խօսինք, ինչպէս այսօր հպարտութեամբ կը խօսինք այս կամ այն երկրի ծաղկուն հայկական գաղութին մասին: Եթէ չէք կրնար գաղութները պահպանել, գոնէ օժանդակեցէք, որպէսզի վաւերագրուին մեր ժա-ըզըռանգութիւնները, որոնց հետքերն ալ մնան պատմութեան համար:

-Ինչ կարծիք ունի՞ք Հայաստանի մէջ եղած վերջին զարգացումներուն մասին։

-Ես խանդավառ եմ փոփոխութեամբ, բայց կ՚ուզեմ, որ աւելի մասնագէտ մարդիկ գործի գլուխ անցնին։ Ներկայիս մեղրամիսի մէջ է Հայաստանը, եթէ ոեւէ մէկը քննադատէ որեւէ բան, կ՚ըսեն դուն հակայեղափոխական ես: Մտածելակերպի փոփոխութեան, մեծ հաշուով մշակութային յեղափոխութեան կարիք կայ։

-Առիթով մը յայտնեցիք, որ մտադիր էք վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ։ Ի՞նչ է իրական պատճառը այդ որոշումին։

-Ամէն իրաւ հայու տեղը Հայաստանն է։ Այլ տեղ չունինք նայելու։ Մեզմէ շատերուն համար երկար ժամանակ առած է այս եզրակացութեան հասնիլ, որովհետեւ մենք՝ հայերս միշտ ալ եղած են որոնող եւ փնտռող։ Ամէն տեղ փորձած են հայրենիք փնտռել ու աւարտին ձախողած։ Արեւելք կը նայինք՝ մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք, արեւմուտք կը նայինք՝ մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք, բայց այնքան անուշադիր ենք, որ չենք հասկնար, թէ կեդրոնը մենք ենք, մեր ինքնութեան եւ աշխարհի կեդրոնը այստեղ տի համոզուին, թէ ես հայաստանցիներուն դէմ չեմ, ինչպէս կը կարծեն: Ընդհակառակը՝ ես ինքզինքս միշտ հայաստանցի համարած եմ եւ կը կարծեմ, որ աշխարհի բոլոր հայերն ալ իրենք զիրենք հայաստանցի պիտի կոչեն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018