ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Գ.
ՎԵՐՍՏԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆՆ Է
Խօսք. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի՛ կրնար տեսնել...» (Յհ 3.3):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ միայն Աստուած կրնայ զԱստուած տեսնել բնութեամբ, իսկ մարդիկը զԻնք կը տեսնեն մկրտութեան եւ հաւատքի շնորհքով, ինչպէս կը գրէ Պետրոսը իր Ընդհանրական թուղթին մէջ, թէ մկրտութեամբ «մեծամեծ եւ պատուական աւետիսը պարգեւուած է ձեզի, որպէսզի ատով հաղորդակից ըլլանք աստուածեղէն բնութեան» (Հմմտ. Բ.Պտ 1.3-4): Երկրորդ, կը ցուցնէ, թէ մկրտութիւնն է քրիստոնեաներուն առաջին խորհուրդը եւ ա՛ն է Երկինքի Արքայութեան դուռը:
Եւ գիտելի է, թէ չորս կերպով դուռ կ՚ըսուի. նախ՝ ծնունդը մարմնաւոր կեանքի դուռն է: Երկրորդ՝ մկրտութիւնը հոգեւոր յաւիտենական կեանքի դուռն է: Երրորդ՝ հաւատքը Աստուծոյ տեսութեան դուռն է: Չորրորդ՝ խոստովանութիւնը արդարութեան եւ շնորհներու դուռն է:
Եթէ ոեւէ մէկը ասոր հակառակը ըսէ, թէ նախահայրերը հին օրէնքով փրկուեցան, թէեւ չմկրտուեցան, վարդապետները կ՚ըսեն, թէ այն ատեն մկրտութեան կարիք չկար, այլ՝ անոնք մկրտութեան շնորհքով արդարացան. նախ՝ որովհետեւ նահապետները մկրտութիւնը հաւատքով ունէին, ինչպէս նաեւ՝ մկրտութիւնը օրինակով ալ ունէին, ինչպէս նախապէս՝ թլփատութիւնը եւ ապա՝ աւազաններու լուացումը:
Եւ եթէ ոեւէ մէկը ըսէ. «Ուրեմն հաւատք առանձինն առանց ջուրի մկրտութիւն է», կ՚ըսենք, թէ՝ ո՛չ, որովհետեւ հաւատացեալ մարդը՝ առանց ջուրի Արքայութիւն չի՛ մտներ, եւ ասիկա յստակ կ՚երեւի Գործքին մէջ. նախ՝ ինչպէս որ ներքինին ըսաւ. «Ահաւասիկ այստեղ ջուր կայ, ի՞նչ արգելք կայ մկրտուելու». Փիլիպպոս կ՚ըսէ. «Եթէ ամբողջ սիրտովդ հաւատաս», եւ ան կ՚ըսէ. «Կը հաւատամ, թէ Յիսուսը Աստուծոյ Որդին է», եւ մկրտուեցաւ (տե՛ս Գրծ 8.36-38):
Երկրորդ՝ յայտնի է, մինչ Պետրոս Կոռնելիոսի տան մէջ կը խօսէր, Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին, այն ատեն Պետրոս ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ ջուրով մկրտութիւնը արգիլել», եւ հրամայեց անոնց Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուիլ (Գրծ 10.47): Ահաւասիկ, անոնք որոնք հաւատքով մկրտուած էին՝ ջուրով ալ մկրտուեցան, եւ գիտելի է, թէ երբ մարդ իր բնակութեան վայրէն դուրս տեղ մը մեռնելու ըլլայ, եւ կարելիութիւն չունենայ ջուրի մկրտութիւնը ընդունիլ, սակայն կը կամենայ այն, այդ պարագային բաւարար է հաւատքով մկրտուածը, այդպէս ալ արեամբ մկրտուածի պարագան, եթէ չի՛ կրնար ջուրով մկրտուիլ, բաւարար է, եթէ կը կամենայ այն:
Դարձեալ գիտելի է, թէ այն մարդը որ միայն ջուրով կը մկրտուի՝ առանց խօսքի էութեան՝ որ Քրիստոս հրամայեց, այդպիսի մկրտուած չէ, այդ պատճառով Պօղոսը Յովհաննէսէն մկրտուածները վերստին մկրտեց, որովհետեւ Յովհաննէս խօսքին ձեւը չէր ըսեր՝ ինչպէս Քրիստոս [հրամայած էր]:
Եւ դարձեալ գիտելի է, թէ այն ատեն, երբ Քրիստոս այս խօսքերը ըսաւ, բոլորը մկրտուելու կարիք չունէին՝ մինչեւ Քրիստոսի մահը, որովհետեւ թլփատութիւնը տակաւին զօրութիւն ունէր, սակայն յարութենէն ետք, երբ մկրտութիւնը ընդհանուր կերպով քարոզուեցաւ, ատկէ ետք բոլորն ալ պէտք էր, որ մկրտուէին:
Խօսք. «Ծեր մարդ մը» (Յհ 3.4):
Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ ինք ծեր էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ ծեր եղողին համար անհաւատալի կը թուի վերստին ծնիլը, քան՝ տղային: Միտքով տկար էր, որովհետեւ միայն մարմինին ծնունդը գիտէր, եւ ոչ՝ հոգիին, տակաւին՝ Աստուծոյ Բանին ծնունդ ալ չէր իմանար, որովհետեւ ահաւասիկ մարդ ենք, հողեղէն մօրմէ ծնած ու հող կը մտնենք եւ յարութեամբ կը ծնինք: Դարձեալ, Բանն Աստուածը՝ Հօրմէն ծնած, մօրմէ ծնաւ, եւ Հօր մօտ ելաւ, դարձեալ երկիր պիտի գայ ու Հօր մօտ ելլէ: Այսպէս ալ մենք՝ մարմինով մօրմէ ծնածներս, Հոգիով աւազանէն կը ծնինք:
Խօսք. «Եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի» (Յհ 3.5):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ այն ծնունդն ալ պէտք է իմանալ.
Նախ՝ որովհետեւ ջուրը դուրսէն կը լուայ, իսկ Հոգին Սուրբը՝ ներքնապէս կը սրբէ (կը մաքրէ):
Երկրորդ՝ որովհետեւ այս ծնունդով Քրիստոսի պատկեր կ՚ըլլանք, ինչպէս որ Քրիստոս տեսանելի մարմին ունի եւ անտեսանելի Աստուածութիւն, նոյնպէս այտեղ ջուրը զգալի է, իսկ Հոգիին ներգործութիւնը անտեսանելի:
Երրորդ՝ ինչպէս մարմնական ծնունդին անհրաժեշտ են սերմ եւ արգանդ, ուր տղան պահուելով կը գոյանայ, այդպէս ալ հոգեւոր ծնունդին անհրաժեշտ են Սուրբ Հոգին եւ ջուրը, ուր մկրտութեամբ կը թաղուինք՝ ըստ Առաքեալին, ինչպէս մօր արգանդին մէջ:
ՍԱՀՄԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ
Մկրտութիւնը վերստին սրբութեան եւ աստուածային ծնունդի պարտք է: Դարձեալ՝ լուացումը վերստին հոգեւոր եւ աստուածային ծնունդ է:
Եւ վերստինը կրկին անգամ կ՚ըսուի, իսկ կրկինը չորս կերպով է. նախ՝ որովհետեւ մարդը կրկնակի է. հոգի եւ մարմին, եւ մարդուն ծնունդն ալ կրկնակի է: Երկրորդ՝ կրկնակի է, որովհետեւ նախ պէտք է մարմինով ծնիլ եւ ապա՝ հոգիով: Երրորդ՝ կրկնակի է, որովհետեւ կը ժառանգէ անմահ կեանքը, որմէ Ադամը զրկուեցաւ: Չորրորդ՝ կրկնակի է մարմնական սրբութիւններուն եւ օրինակին վրայ, սա կրկին է եւ ճշմարտութիւն:
Դարձեալ վերստինը բարձր ու առաւել է կ՚ըսէ, եւ երկրորդ ծնունդին առաւելութիւնը շատ է, քան՝ առաջինը. նախ՝ որովհետեւ անիկա երկրաւոր է, իսկ ասիկա՝ երկնաւոր: Երկրորդ՝ անիկա՝ մարմնաւոր, իսկ ասիկա՝ հոգեւոր: Երրորդ՝ անիկա՝ ժամանակաւոր կեանքին, իսկ ասիկա՝ յաւիտենական կեանքին: Չորրորդ՝ անիկա՝ մայրէ եւ հայրէ, իսկ ասիկա՝ աւազանէն եւ Հոգիէն: Հինգերորդ՝ անիկա՝ մեղքով, իսկ ասիկա՝ շնորհքով: Վեցերորդ՝ անով՝ հին Ադամի պատկերն ենք, իսկ ասով՝ նոր Ադամին պատկերը կ՚ըլլանք: Եօթներորդ՝ անով՝ մարդու որդիներ կը ծնինք, իսկ ասով՝ Աստուծոյ որդիներ, ատոր համար կ՚ըսէ՝ վերստին եւ աստուածային ծնունդ:
Դարձեալ, որ կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի» (Յհ 3.5):
Գիտելի է, թէ տասը բանի համար ջուրը եւ Հոգին կը յիշատակէ.
Նախ՝ Ադամին ստեղծումը մէջբերեց. ջուր ըսելով չորս տարրերը կը նշանակէ, իսկ Հոգի՝ բնական հոգին փչեց: Կ՚ըսէ. «...կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծն 2.7): Կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք բնական հոգին ունին եւ նոյն մարմինը, անոնք Աստուծոյ Արքայութիւն պիտի մտնեն»:
Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ նոյն Աստուածն է, որ առաջին ծնունդը ջուրէն եւ հոգիէն գոյացուց ու դրախտին մէջ դրաւ, իսկ հիմա երկրորդ ծնունդը ջուրէն եւ Հոգիէն կը կազմէ ու դրախտը ժառանգութեան համար կու տայ:
Երրորդ՝ դարձեալ ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շրջէր» (տե՛ս Ծն 1.2), այսինքն՝ կը կամենար թռչունները ջուրէն ստեղծել, որպէսզի օդին մէջ բարձրանան, առ այդ կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւն բարձրանալ» (տե՛ս Յհ 3.5):
Չորրորդ՝ ջուր եւ հոգի ըսելով ցոյց կու տայ մեր ծննունդին անգիտութիւնը, որովհետեւ ինչպէս որ առաջին ծնունդը չենք գիտեր, թէ մարմինը ինչպէս չորս տարրերէն կը բաղկանայ, կամ ինչպէս անոր բանական հոգի կը տրուի, այլ՝ հաւատքով կ՚իմանանք, այդպէս ալ երկրորդ ծնունդը՝ ջուրէն եւ Հոգիէն քննելի չէ, այլ՝ հաւատքով կը ծնինք:
Հինգերորդ՝ կը ցուցնէ, թէ երկրորդ ծնունդի պէտքն ունէինք, որովհետեւ առաջին ծնունդին ջուրէն եւ հողէն եղանք, բանական հոգիով կենդանացանք եւ դրախտին մէջ դրուեցանք, եւ պատուիրանը չպահելուն պատճառով դրախտէն դուրս դրուեցանք, եւ պէտք էր որպէսզի ջուրով եւ Հոգիով անմահ կեանք ելլել:
Վեցերորդ՝ ջուր եւ Հոգի ըսելով մկրտութեան օրինակը ցոյց կու տայ, ինչպէս անցեալին տաճարին մէջ լուացումը, ինչպէս նաեւ Սելովամի [ջուրերուն մէջ] մաքրուիլը (Հմմտ. Մտ 3.11), ինչպէս նաեւ Նէեման ասորին (Հմմտ. Դ.Թգ 5.14), որ Յորդանանի [ջուրերուն] մէջ մաքրուեցաւ, ինչպէս այնտեղ՝ օրինակին մէջ ամբողջ մարմինով մաքրուեցան եւ մասամբ՝ հոգիով, այդպէս իրականութեան մէջ ամբողջ մարմինին ու հոգիին է մաքրութիւնը:
Եօթներորդ՝ ջուր եւ հոգի ըսելով Մովսէսը կը յիշէ, որ ամպի եւ ծովին մէջ մկրտուեցաւ ժողովուրդը, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ (Հմմտ. Ա. Կր 10.2):
Ութերորդ՝ կը յիշէ Յովհաննէսը մկրտելը, որ ըսաւ. «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ», եւ Հոգիովը այն է, որ ըսաւ. «Իսկ Ան ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ» (Հմմտ. Մտ 3.11):
Իններորդ՝ ջուր եւ Հոգի ըսելով այն կը ցուցնէ, որ բոլոր զգայական կենդանիները ջուրէն կը գոյանան, ինչպէս նաեւ տունկերն ու բոյսերը երկրի վրայ ջուրով կը ծնին ու կը պտղաբերին, եւ Հոգւոյն, որովհետեւ այդպէս ալ հրամանով բանական մարդը ջուրով կը ծնի ու կը պտղաբերի հոգեւոր կեանքին:
Տասներորդ՝ այն որ ինք ըսաւ. «Գիտենք, որ Դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, եւ հրաշքներ կը կատարես» (տե՛ս Յհ 3.2), պէտք է մտածել, թէ անոր խօսքը հաւատարիմ է: Եւ այս եւս նշան է, որ կը սորվեցնէ, ատոր համար կ՚ըսէ.
Խօսք. «Մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.6):
Մեկնութիւն. Նախ՝ ինչպէս որ մարմինէն ծնածը մարմին է՝ եւ մարմնաւոր կեանքի մէջ կայ, այդպէս ալ հոգիէն ծնածը հոգի է՝ եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կայ՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ:
Երկրորդ՝ բոլորը, որոնք կը ծնին իրենց ծնողին նմանութիւնը կ՚ունենայ կերպով մը, ինչպէս մարմինը՝ մարմինին, այդպէս ալ Հոգիէն ծնածը Հոգիին նման է, ո՛չ թէ ըստ սեռի եւ տեսակի միութեան, այլ՝ նման է միայն հոգեւոր կեանքին եւ միաւորութեամբը առ Աստուած:
Երրորդ՝ մարմինը կ՚ըսէ մեղքին յօժար ըլլալով, եւ հոգին՝ արդարութեան յօժար ըլլալով, ըստ այնմ. «Պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ...: Նոյնպէս ալ, ո որ Տիրոջ միանայ՝ Անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ» (Հմմտ. Ա. Կր 6.16-17):
Խօսք. «Դուն մի՛ զարմանար» (Յհ 3.7):
Մեկնութիւն. զարմացումը այն է, որ միտքէն գեր ի վեր է, եւ ան միայն մարմնաւեր ծնունդը գիտէր, այդ պատճառով զարմացաւ եւ հաւանութիւն չէր տար:
•շար. 23
Վաղարշապատ