ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, հապա ամէն օր Տիրոջը վախին մէջ եղիր: Վասն զի իրաւցնէ վախճան մը կայ ու քու յոյսդ պիտի չկտրի» (Առ 23.17-18):

Պատասխան. այս երկու համարները կու գան մեզի յիշեցնելու, որ մենք պանդուխտներ ենք այս աշխարհին վրայ եւ օրին մէկը պիտի մեկնինք այստեղէն: Այդ մեկնումին համար պէտք է պատրաստուիլ սակայն, որովհետեւ այս աշխարհի վրայ մեր վախճանը յաւիտենական վախճան չէ, այլ սկիզբ մըն է նոր կեանքի մը, յաւիտենական կեանքի մը, ուր վախճան չկայ: Լաւ պատրաստուելու համար, իմաստունը կը թելադրէ չնախանձիլ մեղաւորներուն, ընդհակառակը միշտ Տիրոջ երկիւղին մէջ մնալ, մտածելով մեր այս աշխարհէն մեկնելու մասին:

Այս համարները լաւապէս հասկնալու համար կարելի է կարդալ Սաղմոսներու գիրքին առաջին գլուխը: Այսպէս.

* Երանելի է այն մարդը,
որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր,
ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար,
եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.
հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է,
եւ ցորեկ գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ:
Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,
որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ.
ու անոր տերեւը պիտի չթափի,
եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի:
Այսպէս չեն ամբարիշտները,
հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ:
Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ,
ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ:
Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան,
բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի (Սղ 1.1-6):

Այս տողերը կարդալէ ետք պարզ ու յստակ կը դառնան Առակացի հեղինակին վերոնշեալ համարները: Այն մարդիկ, որոնք չարերուն, մեղաւորներուն կը նախանձին եւ ամբարիշտներուն հետ ընկերութիւն կ՚ընեն, այդպիսիները ինչպէս սաղմոսագիրը կ՚ըսէ՝ դատաստանի մէջ պիտի չկարենան կենալ, այսինքն՝ պիտի դատապարտուին յաւիտենական տանջանաքներու: Մինչ անոնք, որոնք Աստուծոյ երկիւղին մէջ կ՚ապրին եւ իրենց հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ կ՚ըլլայ, այդպիսիները յաւիտեան պիտի ապրին՝ վայելելով Աստուծոյ ներկայութիւնը:

Զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ չմտածել, թէ Աստուած մարդիկը երկու խումբի բաժնած է, այսինքն՝ արդարներու եւ ամբարիշտներու: Աստուած բոլոր մարդիկը հաւասար ստեղծած է: Մարդն է, որ իր ազատ ընտրութեամբ եւ կողմնորոշումով կ՚որոշէ արդար կամ ամբարիշտ ըլլալ:

Բազմաթիւ մարդիկ ամբարիշտ կեանք վարած են, բայց երբ գիտակցած են իրենց սխալ ընթացքին, վերադարձած են դէպի Աստուած եւ ներում գտած են Անկէ: Այս մասին Սուրբ Մակար մեծը կը գրէ.

* Աստուած օգնութիւն կ՚ընձեռէ այն մարդուն, որ իր նախկին ընթացքը կը փոխէ եւ ինքզինք հեռու կը պահէ նիւթական եւ մարմնական ցանկութիւններէ ու վայելքներէ եւ իր միտքը միշտ առ Աստուած կ՚ուղղէ, իր անձը կ՚ուրանայ եւ Տէրը կը փնտռէ: Ա՛յս է այն մարդը, որուն պէտքերը Աստուած կը հոգայ, իր յատուկ խնամքին տակ կը պահէ ու կը պաշտպանէ եւ ամէն կողմէ զայն իր հովանիին տակ կ՚առնէ՝ հեռու պահելով այս աշխարհի նիւթական թակարդներէն ու որոգայթներէն: Ասիկա այն մարդն է, որ իր հնազանդութեան եւ երկիւղածութեան շնորհիւ փրկութիւնը ձեռք բերաւ (տե՛ս Փլպ 2.12): Ասիկա ա՛ն է, որ կատարեալ զգուշութեամբ կը քալէ այս աշխարհի ցանկութեանց որոգայթներուն եւ թակարդներուն մէջէն, Աստուծոյ շնորհքն ու օգնութիւնը կը խնդրէ եւ յարատեւ կը յուսայ՝ Անոր ողորմութեան շնորհիւ փրկուիլ (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 35):

Աստուծոյ հանդէպ երկիւղը մեզ անիրաւութենէ հեռու կը պահէ եւ բարի գործերու կ՚առաջնորդէ: Այս մասին Պետրոս Շանշեանց կը գրէ. «Աստուծոյ էութիւնը, Աստուծոյ գաղափարը պէտք է մեր մէջ երկիւղ եւ ջերմեռանդ սէր ծնի, որով կարողանանք հաճելի ըլլալ Անոր եւ ուրախութեամբ կատարենք մեր բոլոր պարտաւորութիւնները, հնազանդելով Անոր կամքին եւ արժանանալով Անոր շնորհքներուն: «Տիրոջ հանդէպ զգացուած երկիւղը, կ՚ատէ անիրաւութիւնը» (Առ 8.13)»:

Աւարտենք Անպա Եսայի Սկիդէցիի խրատով. «Ամէն օր առաւօտ կանուխ, յիշէ՛ որ Աստուծոյ պատասխան պիտի տաս արարքներուդ համար: Մի՛ մեղանչեր, եւ՝ Աստուծոյ երկիւղը կը բնակի մէջդ: Դուն քեզ միշտ պատրաստէ հանդիպելու Աստուծոյ, որպէսզի Անոր կամքը կատարես»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 115

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024