ԱՂՕԹՔ
(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ հայրերը ի՛նչ կերպով բացատրած են այս խնդրանքը:
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի կը գրէ. ««Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք», Տէր: ...Լսէ՛ դարձեալ. ուրիշ տեղ մը կ՚ըսուի, թէ սուրբերու ամբողջ երգչախումբ մը Աստուծոյ օրհներգութիւններ կ՚երգէին, որոնք փորձութենէն ազատեցան. «Քննեցիր մեզ, Աստուած, ու փորձեցիր, ինչպէս արծաթը կը փորձուի: Մեզ որոգայթի մէջ նետեցիր, մեր թիկունքին նեղութիւն դրիր եւ մարդիկը մեր գլուխին վրայէն անցուցիր: Մենք հուրի եւ ջուրի միջոցով անցանք, բայց Դո՛ւն մեզի հանգիստ տուիր»: Կը տեսնե՞ս զանոնք, որ ինչ համարձակ կերպով կը ցնծան, որոնք փոր-ձութեան հեղեղը անցած են ու չեն խեղդուած: «Բայց Դո՛ւն մեզի հանգիստ տուիր»: Հանգստանալ կը նշանակէ՝ փորձութենէն ազատուիլ:
««Այլ մեզ չարէն ազատէ»: Եթէ «եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք» նշանակէր՝ ամբողջովին փորձութեան չենթարկուիլ, ապա չէր ըսեր «Այլ մեզ չարէն ազատէ»: Բայց մեր հակառակորդ դեւը չար է, որմէ կ՚աղօթենք որ ազատուինք»:
Ս. Կիպրիանոս կ՚ըսէ. «Երբ կ՚ըսենք՝ «այլ մեզ չարէն ազատէ՛», ատկէ ետք խնդրելու բան չի՛ մնար, որովհետեւ Աստուծմէ կը խընդ-րենք, որպէսզի մեզ չարէն պաշտպանէ՝ եւ կու տայ մեզի [մեր խնդրածը], որով ապահով եւ խաղաղ կը կանգնինք չարին կամ աշխարհին բոլոր գործածներուն դէմ: Արդարեւ, ի՞նչ բան կը վախցնէ -այս կեանքի մէջ- երբ Աստուած Ի՛նք է անոր պաշտպանը»:
Ս. Եղիշէ Վարդապետ կ՚ըսէ. «Աստուած չի՛ կամենար մարդը փորձութեան տանիլ, այլ՝ կը կամենայ փորձութենէն ազատել ու մահէն փրկել: Որովհետեւ Ան, որ Իր Որդին չխնայեց եւ մեր բոլորին փոխարէն զԱնիկա մահուան մատնեց, Անով ամէն տեսակի բարիք կը շնորհէ բոլորին, որոնք Իրմէ կը խնդրեն: Թէեւ մենք չենք կրնար Աստուծոյ փոխարէնը հատուցել, ինչքան կրնանք, չծուլա՛նանք. մեր սակաւապետութիւնը պահք կը համարուի, չափաւոր խմելը՝ գինիէն հրաժարում, միջին հագ ու կապը՝ անշքութիւն, միայն անհրաժեշտը ունենալը՝ աղքատութիւն, երանութեան [հասնելու] համար հեզ եւ հանդարտ ըլլանք խօսած ժամանակ, ընկերոջ ալ հեզութիւն սորվեցնենք: Եթէ չենք կրնան չքնանալ, ապա գոնէ ամբողջ գիշերը քունին չտրամադրենք, որպէսզի երբեք սաղմոսներն ու օրհնութիւնները չմոռնանք: Մեր ունեցուածքին մէջ որբերէն եւ այրիներէն յափշտակուած բան չըլլայ, եւ մեր ամբողջ ունեցուածքը թող Աստուծոյ նուիրուած ըլլայ, այն ատեն մեր անձերը նաեւ Անոր հաճելի ու ընդունելի պատարագներ կ՚ըլլան: Այրե՛ր եւ կինե՛ր, ծառանե՛ր եւ ազատնե՛ր, բոլորս ալ շտապենք Աստուծոյ պատուիրանները կատարել, որովհետեւ մեր Տէրը մեր բոլորիս փրկութեան համար եկաւ»:
Որոգինէս կը գրէ. «...Եթէ Փրկիչը մեզի անկարելին խնդրել չի՛ տար, հետեւաբար լաւ կ՚ըլլայ փնտռել, թէ ինչպէս պէտք է աղօթենք, որ փորձութեան չենթարկուինք այն պարագային, երբ մարդուս ամբողջ կեանքը շարունակական փորձութիւն մըն է: Այնքան ժամանակ, որ երկիրի վրայ կ՚ապրինք, մարմինին կապուած կը մնանք, որ Հոգիին դէմ կը պայքարի. «Մարմինին ցանկութիւնը Աստուծոյ հակառակ է եւ Աստուծոյ օրէնքին չի՛ հնազանդիր» (Հմմտ. Գղ 5.17), ուստի մենք փորձութեան ենթակայ ենք (Հռ 8.7): Յոբ եւս, կը սորվեցնէ մեզի, որ մարդուս ամբողջ կեանքը փորձութիւն է. «Մարդուն կեանքը երկրի վրայ միթէ՞ փորձութիւն չէ» (Յոբ 7.1): Նոյն հաստատումը կը գտնենք 17-րդ Սաղմոսին մէջ. «Քեզմով ես փորձութենէն կը փրկուիմ» (Սղ 17.30): Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր թուղթին մէջ չ՚ըսեր, թէ մենք փորձութեան չենք ենթարկուիր, այլ՝ պարզապէս կ՚ըսէ, թէ մեր ուժերէն աւելի փորձութեան պիտի չենթարկուինք. «Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս փորձութիւններ չեն։ Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենան տոկալ» (Ա.Կր 10.13):
«Մենք փորձութիւններէն զերծ չենք. պէտք է մարմինին դէմ պայքարինք, որ կը տենչայ եւ կը կռուի միտքին դէմ, կամ պէտք է պայքարինք իւրաքանչիւր մարմինի հոգիին դէմ, որ սիրտն է: Ահաւասիկ այն պայքարը, որու մէջ ներգրաւուած են փորձութիւններ կրող մարդիկ: Եւ կամ մենք արդէն հասուն եւ փորձառու ըմբիշներ ենք, որոնք այլեւս չեն պայքարիր արիւնի եւ մարմինի դէմ, որոնք այլեւս չեն կրեր արդէն ոտքի կոխան դարձած մարդկային փորձութիւններ: Մենք պէտք է Իշխանութիւններուն, Տիրակալութիւններուն դէմ կռուինք, այս խաւար աշխարհի վեհապետներուն դէմ եւ երկինքի տակ եղող չար ոգիներուն դէմ (Եփ 6.12)»:
Դարձեալ. «...Մենք Աստուծմէ կը խնդրենք ո՛չ թէ զերծ ըլլալ փորձութենէն (ինչ որ անկարելի է մանաւանդ երկրի վրայ ապրող մարդոց), այլ՝ որպէսզի չընկճուինք, երբ կը փորձուինք: Ով որ փորձութենէն կ՚ընկճուի, ան, ըստ իս, կ՚իյնայ ու կը մնայ ատոր մէջ, կը բռնուի անոր ցանցին մէջ»:
Դարձեալ. «...Ես կ՚ուզեմ շարունակել տակաւին՝ ցոյց տալու համար, որ մարդ արարածը անընդհատ կը փորձուի. նոյնիսկ այն մարդը, որ գիշեր ու ցերեկ Աստուծոյ օրէնքին մասին կը խորհրդածէ եւ կը ճգնի Անոր խօսքը գործադրել, թէ՝ «արդարին բերանը իմաստութիւն պիտի բխեցնէ» (Առ 10.31), փորձութենէն զերծ չէ»:
Դարձեալ. «...Փորձութիւնը լաւ է ինչ որ բանի համար: Աստուծմէ բացի բոլորն ալ կ՚անգիտանան, ինչ որ մեր հոգին Աստուծմէ ստացած է, նոյնիսկ մենք: Բայց փորձութիւնը զայն մեզի ցոյց կու տայ՝ սորվեցնելու համար մեր անձը ճանչնալ, այդպէսով մեր թշուառութիւնը բացայայտելու եւ ստիպելու մեզ՝ գոհութիւն մատուցել այն բարիքներուն համար, որ փորձութիւնը ցոյց տուած է մեզի»:
Դարձեալ. «...Աղօթենք Տիրոջ, որ եթէ կը փորձուինք՝ չընկճուինք, եւ եթէ չար ոգիին բոցավառ սլաքները մեր վրայ կ՚ուղղուին, ատոնց զոհը չդառնանք: Բոցերուն զոհ կը դառնան անոնք, որոնց սիրտերը, ըստ տասներկուքէն մէկուն խօսքին՝ «հնոցի պէս են» (Ովս 7.6): Անոնք՝ որոնք հաւատքի վահանը իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն, կը խուսափին չար ոգիի հրավառ սլաքներէն: Արդարեւ, անոնք իրենց մէջ ունին «ժայթքող ջուրի աղբիւր՝ յաւիտենական կեանքին համար» (Յհ 4.14), որ չար ոգիին կրակը կը կասեցնէ եւ զայն կը հանգեցնէ աստուածային կեցուցիչ մտածումներու հեղեղով: Այդ մտածումները դրոշմուած կը մնան այն մարդու հոգիին մէջ, որ կ՚աշխատի դառնալ ոգեղէն ճշմարտութեան հայեցողութեամբ»:
Ներսէս Լամբրոնացի կը գրէ. «Այստեղ «փորձութիւն» ըսելով կը հասկնանք մեզի հետ անընդհատ մարտնչող չարին ներգործութիւնը: Բայց ինչո՞ւ «մարտ» կամ «պատերազմ» չըսաւ, այլ՝ «փորձութիւն»: Ասով ցոյց տուաւ, որ չարը ինքնուրոյն կերպով մեզի հետ մարտնչելու իշխանութիւն չունի: Հապա ի՞նչ. ան մեր կամքէն ու խորհուրդներէն կը վերցնէ պատերազմի նիւթը, ըստ այնմ. «Որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք, թէ՛ մեղքին եւ թէ արդարութեան» (Հմմտ. Հռ 6.16): Յակոբոսն ալ կը գրէ. «Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1.14): Հետեւաբար, պարզ է, որ փորձելու նիւթը [չարը] մեզմէ կը վերցնէ...»:
Դարձեալ. «...Եթէ կարողանանք օտարի եւ բնականի միջեւ ընտրութիւն կատարել, Աստուծոյ շնորհքով կը փրկուինք, իսկ եթէ չենք կարողանար եւ փորձութեան խորհուրդները բարիի տեղ դնելով՝ կը հաւանինք, զանոնք գործելով՝ [մեղքի մէջ] կ՚իյնանք. կերակուրի ցանկութեամբ՝ պոռնկութեան մէջ, անհրաժեշտ առարկաներու ցանկութեամբ՝ արծաթասիրութեան, Աստուծոյ փառքի ցանկութեամբ՝ սնափառութեան մէջ...»:
Դարձեալ. ««Այլ մեզ չարէն ազատէ՛»: Չարէն փրկել խնդրելով՝ աղօթողը ո՛չ միայն կը խնդրէ փորձութենէն ազատուիլ, այլ՝ ընդհանրապէս չարի բոլոր մեքենայութիւններէն: Որովհետեւ յաճախ կը պատահի, որ մարդոց կամքը իբրեւ նիւթ չունենալով ալ վտանգներ կը պատճառէ անոնց, ինչպէս կարելի է տեսնել Յոբի կամ մարտիրոսներու պարագային, որոնց թագաւորներուն ձեռքը կը մատնէր, ինչպէս նաեւ՝ երանելի հայրերուն. միթէ՞ Անտոնի [Անապատական] կամքը իրեն համար նիւթ դարձուցած էր, երբ չարաչար կերպով զայն կը հարուածէր...»:
Դարձեալ. «...Ի՛նք չմոլորեցաւ, որովհետեւ Աստուած էր, այլ՝ մեր մոլորութիւնը ճանչցաւ, որովհետեւ մարդիկ ենք. մեզի՝ Իր եղբայրներուն նմանեցաւ, որպէսզի Իր ողորմածութիւնը ցոյց տայ, եւ ողորմելու ժամանակ հաւատարիմ է, որովհետեւ չարչարակից է: Փորձեց, որպէսզի փորձակից ըլլայ, եւ հզօր կերպով օգնեց, որովհետեւ մեզի սորվեցուց փրկուելու համար աղօթել:
Փրկութիւնը Դո՛ւն ես, Յիսո՛ւս,
ուրիշ որո՞ւ վրայ յենուինք.
փորձակիցը Դո՛ւն ես,
ուրիշ որո՞ւն ապաւինինք.
փորձութիւն թոյլ չտուողը Դո՛ւն ես,
ուրիշ որո՞ւ մօտ ապաստան գտնենք.
Ողորմածը Դո՛ւն ես՝ կարիքաւորներուս
ուրիշ որո՞ւ ոտքերէն բռնենք:
Նայէ՛, Տէ՜ր,
փորձութեան ենթարկուածներուս
ու տառապածներուս,
մատնուածներուս ու չարչարուածներուս,
խոցուածներուս ու գիշատուածներուս,
հարբածներուս ու յիմարացածներուս:
Փրկի՛չ,
որ փրկութիւն խնդրել սորվեցուցիր,
Քու միջոցովդ կ՚աղաչե՛նք Քեզի,
փրկէ՛ մեզ որսացողէն:
Եւ Դուն օրհնեալ ես յաւիտեանս:
Ամէն»:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ. ««Մի՛ տանիր փորձութեան». Խոնարհութիւն կը սորվեցնէ. յանդուգն կերպով փորձութեան չերթալ, ինչպէս նաեւ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ժամանակ Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրենք:
««Այլ մեզ չարէն ազատէ՛». այսինքն՝ ամէն մէկ չարէ, նախ՝ սատանայէն. երկրորդ՝ չար մարդոցմէ, որոնք սատանային արբանեակներն են. երրորդ՝ աշխարհի մեղաւոր ցանկութիւններէն, որովհետեւ ատոնք Աստուծոյ նկատմամբ թշնամութիւն են. չորրորդ՝ չար մեղքերէն, դժոխքէն, չար մահէն եւ մեր հոգիի յաւիտենական տանջանքէն»:
Հայր Իսահակ կ՚ըսէ. «Յոբը փորձուեցաւ, սակայն՝ փորձութեան մէջ չմտաւ, որով՝ Աստուծոյ դէմ ո՛չ մէկ հայհոյանք ըրաւ, ո՛չ ալ որեւէ չար բերանի յանձնուեցաւ՝ որ նոյնինքն չարին փափաքն էր: Աբրահամ փորձուեցաւ, Յովսէփն ալ փորձուեցաւ, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը փորձութեան մէջ մտաւ, որովհետեւ անոնք չյանձնուեցան փորձիչին՝ գոհացնելու համար զայն»:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Կը հաւատանք, որ Աստուած միշտ տեղեակ է փորձութիւններէն: Սակայն Աստուած Ի՞նքն է, որ կը փորձէ մարդիկը: Յակոբոս առաքեալ գրած է. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՛, թէ Աստուած է, որ զինք կը փորձէ, որոհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ Ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ: Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յկ 1.13-14)...»:
Դարձեալ. «Գիրքը [Յոբի] պատկերացումն է փորձութիւններու՝ որոնց չարին կողմէ ենթարկուեցաւ Աստուծոյ հաւատարիմ այդ մարդը, եւ սակայն անոնցմէ դուրս եկաւ յաղթական: Հակառակ Յոբի ծանրագոյն նեղութիւններուն՝ Աստուծոյ գերազանց արդարութիւնը կը ներբողուի գիրքին մէջ:
Աստուած Իրեն հաւատարիմներուն փորձուիլը թոյլ տալով՝ ո՛չ թէ զանոնք կը լքէ, այլ՝ առիթ կ՚ընծայէ, որ ի յայտ գան եւ փայլին որոշ ճշմարտութիւններ՝ որոնք անոնց կեանքին մաս կը կազմեն:
Առաջին՝ անոնց հաւատքը եւ հնազանդութիւնը:
Երկրորդ՝ անոնց արթնութիւնը եւ զղջումով ինքնասրբագրութիւնը. եւ՝
Երրորդ՝ անոնց առաքինութիւնները»:
Դարձեալ. «Փորձութիւնները թէեւ նեղութիւններ են, կարգ մը պարագաներու՝ անտանելի նեղութիւններ են, սակայն անոնցմով կը յայտնուին մարդոց ներքին զօրութիւնները կամ մարդոց ներքնապէս զօրաւոր ըլլալը: Նաեւ անոնցմով է, որ կը յայտնուին մարդոց տկարութիւնները կամ ներքին փտածութիւնը:
«Ներքին զօրութիւններուն ի յայտ գալը հասկնալի է: Սակայն, ինչո՞ւ կ՚ուզէ որ մեր տկարութիւններն ալ ի յայտ գան: Ո՛չ թէ որպէսզի մեզ ձաղկէ, այլ՝ որպէսզի մենք ճիգ ընենք զանոնք ուղղելու եւ զօրանանք: Ճիշդ ինչպէս որ ուսուցիչ մը երբ գրաւորի մը թուղթի վրայ լեզուական, ուղղագրական, մտածումի եւ այլ սխալներ ցոյց կու տայ, ո՛չ թէ այդպէս կ՚ընէ պարզապէս ըսելու համար, որ աշակերտը բան չի գիտեր, այլ՝ ընդհակառակը, որպէսզի ան յետագային այդ սխալները սրբագրած ըլլայ»:
Դարձեալ. «Որքան ալ մարդ պէտք է զգուշանայ փորձութենէն եւ խնդրէ, որ Աստուած զինք հեռու պահէ անկէ, բայց միաժամանակ պէտք է գիտնալ, որ փորձութիւնները իրեն համար են, եւ թէ՝ զանոնք պէտք է դիմագրաւէ քաջութեամբ:
«Ան որ փորձութեան առջեւ կը տկարանայ՝ սկիզբէն դատապարտուած է պարտուելու: Իսկ ան մարդը, որ գիտէ իր թերութիւնները, բայց քաջաբար կը դիմագրաւէ փորձութիւնը՝ կրնայ իր ներքին զօրութենէն աւելին իրագործել: Յաճախ հաստատուած իրողութիւն է, որ մեր կարողութիւններէն աւելի ի վիճակի կ՚ըլլանք իրագործելու, երբ անվախօրէն պատրաստուած ենք:
««Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն»ը, ուրեմն, պարզապէս խնդրանք մըն է, որ Աստուած կարելի եղածին չափ մեզ հեռու պահէ փորձութիւններէն: Իսկ թոյլ եթէ պիտի տայ, գոնէ «մեզ չարէն ազատէ»»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 18
Վաղարշապատ, 12 նոյեմբեր 2018