ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

-Մկօ՛, աղուորս, այս թաղե՞րը կը բնակիս,- հարցուցի անցեալ տարի աշակերտիս, որուն հանդիպեցայ մեր թաղի փուռի սեմին:

-Այո՛, օրիորդ, նոր փոխադրուեցայ. հոս աւելի լաւ է. մօտ է համալսարանիս, երթեւեկը դիւրին է,- ըսաւ ան:

Հիմա Մկօն՝ Մկրտիչ Մինասեանը կը տեսնեմ հեռատեսիլէն, վարչապետին ձեռամբ կը պարգեւատրուի, որպէս Եւրոպական համալսարանի, ՏՏ (Տեղեկատուական տեխնոլոգիա) ոլորտի կիրառական մաթեմաթիքայի ամպիոնի «Սփիւռքահայ լաւագոյն ուսանող»:

Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ 6 նոյեմբեր 2019-ին, երբ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան 15 ամեայ յոբելեանական ձեռնարկը տեղի կ՚ունենար Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահէն ներս:

2004-ին Հայաստանի մէջ հիմնուած այս ընկերութիւնը, 2005-ին հիմնեց ՏՏ ոլորտի լաւագոյն ուսանողներու եւ աշակերտներու Կրթական պարգեւը «Լաւագոյնները ճանչնալ, յաջորդները խանդավառել» կարգախօսով։ Այսօր 536 ուսանող եւ աշակերտ արժանացած են այս պարգեւին։

Մկօն մանկութենէն աչքի կ՚իյնար իր ուշիմութեամբ, թուաբանութեան հանդէպ հմտութեամբ, բոլոր նիւթերու մէջ աշխատասիրութեամբ եւ կարգապահութեամբ: Ան բազմաթիւ սուրիահայ երիտասարդներու պէս առանձին էր եւ ուսման կողքին աշխատանքով կը հոգար իր ծախսերը: Ծնողքը վերջերս Լիբանանէն փոխադրուեցաւ Երեւան:

«ՆՈՐ ՀԱԼԷՊ»

Հեռատեսիլէն յաճախ կ՚երեւին սուրիահայ երիտասարդները իրենց հայրենիքի մէջ ունեցած աշխատանքներով: Հայրենադարձներու նորաբաց ճաշարանները աչք կը քթթեն մանաւանդ արեւելեան համերու ու բոյրերու նորութիւններով, ուր աշխատանք ձեռք ձգած են բազմաթիւ հայրենի եւ հայրենադարձ երիտասարդներ:

Բազմաթիւ են անոնք Երեւանի մէջ, սակայն ահաւասիկ հեռատեսիլային հաղորդմամբ մը կը տեղեկանամ Շանթ Գահուէճեանի «Նոր Հալէպ» ճաշարանին մասին: Երբեք չէի ակնկալեր որ Շանթը՝ նախակրթարանի գրասեղաններու ընկերասէր ու բարի այդ պատանին, ճաշերու հանդէպ հմտութիւն ունի: Ան ֆրանսահայ բարեկամի մը յորդորով Կիւմրիի մէջ բացած է ճաշարանը, ուր կը յաճախեն ոչ միայն Շիրակի մարզի բնակիչները, այլ մայրաքաղաքէն յաճախորդներ ալ կ՚ունենայ ճաշարանը: Այցելուները ճաշարանը կը կոչեն «Արեւելեան հեքիաթը Կիւմրիում»:

Շանթը հաղորդման ընթացքին կը ներկայացնէ ուղեղի արեւելեան ձեւով պատրաստման ոճը: Ճաշարանը փոքրիկ Հալէպ մըն է, Հալէպի բերդին պաստառը երեւելի պատ մը կը զարդարէ, իսկ «Նոր Հալէպ» ճաշարանի ապրանքանիշը արաբերէնով Հալէպ բառի քառակողմ գրութիւնն է, ո՞ր կողմէն դիտուի, կ՚ընթերցուի Հալէպը:

Այսպէս շատեր կերտած են իրենց ուղին, անորոշութիւնը կարծես, տարիներու հոսանքով, վերանալ սկսած է եւ փոխարինուած արմատաւորումով: Երիտասարդները քայլ առ քայլ կը յառաջանան, բայց Հալէպի յուշերը յաճախ կ՚արծարծուին.

-Ճեմարանէն ի՞նչ կը յիշես,- հարցուց երիտասարդ մը ընկերներուն, երբ հաւաքուած էին անոնցմէ մէկուն տան մէջ, թերեւս այդ պահուն յիշեց անոնց հաւաքը Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանի մէջ:

-Եղբայր Կարոյին պիւֆէն,- պատասխանեց ընկերը,- հահահա՝ «Զաթար ունի՞ս» հարցուցի օր մը զբօսանքին, «Ծոթրին ունիմ» ժպտալով պատասխանեց եղբայր Կարօն:

-Ի՞նչ համով էին սէնտուիչները, զբօսանքներուն երբեմն կարգս չէր գար, այդքան որ խճողում կ՚ըլլար,- շարունակեց երրորդ մը...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019