ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ՝ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆԷՆ

Հարցում. Յիսուս ըսաւ. «Ինչ որ Հօրմէս խնդրէք Իմ անունովս՝ պիտի տրուի ձեզի» (Յհ 16.23): Ինչո՞ւ Իր անունը կը շեշտէ, միջնորդի պէտք ունի՞նք:

Պատասխան. Շատ պարզ է: Յիշեցէ՛ք, «միջնորդ» բառին բացատրութիւնը կը գտնենք Տիմոթէոսին ուղղուած Ա. Նամակին մէջ. հոն կ՚ըսուի, թէ մեզ փրկութեան առաջնորդող միակ Միջնորդ մը ունինք՝ Յիսուս Քրիստոսը (Ա. Տմ 2.3-6): Եթէ Ինքն է մեզ փրկութեան առաջնորդողը, Ինքն է նաեւ պարգեւներ բաշխողը: Առաջին պարգեւը որ բաշխեց՝ Սուրբ Հոգին է՝ պարգեւներու ամբողջական բաշխողը: Թէ պարգեւողը ո՞վ է՝ Հոգի՞ն է, Որդի՞ն է, Հա՞յրն է, երբեք կարելի չէ իրարմէ բաժնել: Կը տեսնէք, որ ուր ալ երթանք՝ բացատրութիւնները կը վերադառնան մէկ աղբիւրի. երեք անձերը եւ անոնց գործունէութիւնները երբեք կարելի չէ անջատել իրարմէ: Երեւութականօրէն կամ ձեւականօրէն, ՆԿ-ին մէջ պաշտօններու բաշխում մը կամ զանազանութիւն մը կը տեսնենք երբեմն, բայց ատիկա երեւութապէս է, որովհետեւ եթէ փորձէք վերլուծել՝ պիտի տեսնէք, որ իրականին մէջ չկայ պաշտօն մը կամ գործ մը, որ անկախ է միւսէն, բոլորին ետին ալ կայ Սուրբ Հոգին: Այդ պատճառով է, որ այս երեքին գործունէութիւնը մենք կը ճանչնանք իբրեւ մէ՛կ կամքի, մէ՛կ ներգործութեան, մէ՛կ իշխանութեան, մէ՛կ զօրութեան արտայայտութիւն կամ դրսեւորում:

Հ. Քրիստոս խաչին վրայ եղած ատեն ինչպէ՞ս Աստուծոյ կ՚աղօթէ, երբ Ինք Աստուած է:

Պ. Պատասխանը դժուար չէ եթէ չմոռնանք, որ Քրիստոս Ինքզինք երկրի վրայ ամբողջապէս նոյնացուց մարդկութեան հետ, ինչպէս նաեւ Ինքզինք ամէն բանով օրինակ դարձուց մեզի՝ մարդոց, Իր տնօրինական կեանքի առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին պահը, որով իւրաքանչիւր մարդու, իւրաքանչիւր հաւատացեալի ճշմարիտ օրինակը, տիպարը եղաւ: Առանց երբեք Աստուածութենէն դադրելու, Ան երկրի  վրայ Ինքզինք ցոյց տուաւ կամ երեւցաւ, յայտնուեցաւ Իր աստուածային փառքէն մերկացած, այլ խօսքով՝ կամաւորաբար Ինքզինք Իր աստուածային զօրութենէն պարպեց, ունայնացուց: Դժուար է մարդկայնօրէն հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս մէկ կողմէ կատարեալ եւ ճշմարիտ Աստուածն է եւ միւս կողմէ՝ կատարեալ եւ ճշմարիտ մարդը:

Նոյն այդ աղօթքի պահուն կը տեսնենք, որ նաեւ քրտինք կար: Արիւն-քրտինքի մէջ էր,- կ՚ըսէ Աւետարանիչը-, քրտինքը կաթիլ-կաթիլ, ոլոր-ոլոր գետին կը թափէր արեան կայլակներու պէս: Ատիկա կ՚արտայայտէ մահուան դիմաց այն մարդկային տրամադրութիւնը, եթէ կ՚ուզէք՝ երկիւղը, որ Աստուածութեան յատուկ չէ, բայց միաժամանակ Ինք Իր Աստուածութեամբ զայն կրեց, Իրեն յատուկ դարձուց, ուզեց կրել, այդ պատճառով է, որ կ՚ըսեմ՝ կամաւորաբա՛ր կրեց: Կրնար չկրել, բայց Ինք ուզեց Իր վրայ առնել ամէն ինչ եւ ամէն բան, որ յատուկ է մարդոց: Կը տեսնէ՞ք, կամաւոր յանձնառութիւն մը կայ: Իր Աստուածութիւնը այդ պարագային թոյլատրեց, որ Ինք մարդկային այդ վիճակը ունենայ: Եթէ չարչարանքի եւ մահուան երկիւղի մասին խօսեցաւ, նոյնը աղօթքի պարագային, Ինք պէտք չունէր աղօթելու Ինքնիր համար, բայց աղօթեց Ինքզինք կատարեալ օրինակ մը դարձնելու համար իւրաքանչիւր հետեւորդի, աշակերտի ու հաւատացեալի, եւ ատիկա կատարելապէս ընելու առաջին օրինակը Ինք տուաւ՝ որպէսզի բոլոր եղբայրներուն մէջ անդրանիկը ըլլայ՝ մեզի հետ եղբայրացաւ եւ մեզի ճշմարիտ կատարեալ օրինակը ըլլալու համար՝ Ինք առաջին գործադրողը եղաւ:

Հ. Յիսուս խաչին վրայ ըսաւ. «Հա՜յր, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»: Այս արտայայտութիւնը Քրիստոսի մարդեղութեա՞ն արտայայտութիւնն է:

Պ. Այստեղ մարգարէութիւններու կատարումի երես մը կայ նաեւ, որովհետեւ պէտք է յիշել, որ խաչին վրայ արտասանուած այդ խօսքերը՝ «Աստուա՜ծ Իմ, Աստուա՜ծ Իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս», 22-րդ սաղմոսին բովանդակութիւնն է: Յիսուս խաչին վրայ այդ սաղմոսը գրեթէ ամբողջութեամբ ըսաւ, սակայն Աւետարանիչը բոլոր տեղերը չի յիշեր: Այդ սաղմոսին մէջ Քրիստոս կը տեսնէր Իր խաչելութեան բոլոր երեսներուն կատարումը: Յիշեցէ՛ք, որ խաչին վրայ Յիսուսի վերջին խօսքը եղաւ՝ «ամէն ինչ կատարուած է», այսինքն՝ Իր մասին գրուածները կատարուած են մէկ առ մէկ:

Հ. Մարդ իր հաւատքով անտեսանելին կրնա՞յ տեսնել:

Պ. «Անտեսանելի» բառը այստեղ անորոշ անտեսանելիի մասին չէ, որովհետեւ յիշեցէ՛ք, բացատրեցինք, թէ «անտեսանելի» բառով առաջին հերթին կ՚ակնարկուի հոգեղէն գոյութիւններուն՝ հրեշտակներուն: Մարդ անտեսանելին անպայմանօրէն կրնայ չտեսնել, կը տեսնէ այն ատեն, երբ Աստուած կամենայ որ տեսնէ, երբ Աստուած յատուկ պատգամ մը, յատուկ թելադրութիւն մը ուզէ ուղղել, յատուկ բան մը ուզէ փոխանցել մարդուն, այն ատեն է որ ան կրնայ տեսնել անտեսանելին: Սակայն, Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին 8-րդ գլուխն ալ կ՚ըսէ, որ մենք յաճախ չենք գիտեր, թէ Աստուծմէ ինչ կը խնդրենք, այդ պատճառով Աստուած Ինք կամ Աստուծոյ Հոգին կ՚ուղղէ մեր աղօթքները, այսինքն՝ Ինք մեզի հետ լռելեայն կ՚աղօթէ, որպէսզի ճիշդ խնդրանք մատուցենք Աստուծոյ: Մեր բոլոր փափաքները չեն կատարուիր, որովհետեւ այդ բոլոր փափաքները անպայմանօրէն մեր բարիքին կրնան չծառայել. ինչ որ մեր բարիքին կը ծառայէ, ինչ որ Աստուծոյ կամքի կատարումին կը ծառայէ, անոնք է որ Աստուած կը կամենայ եւ կը թոյլատրէ մեզի համար: Մարդ իր մարդկութենէն աւելի բան մը չի կրնար ընել: Ինչո՞ւ չի կրնար. որովհետեւ ինչ որ կը տրուի իրեն՝ ա՛ն կրնայ ընել: Յստակ է, որ պարգեւը կամ տրուիլը մեքենայական չէ. եթէ Քրիստոսը կ՚ըսէ՝ «ուզեցէ՛ք կամ խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի», ատիկա մեքենայականութիւն մը չի մտցներ: Եթէ հաւատքո՛վ ըսեմ՝ անկասկած կը ստանամ: Սակայն, «հաւատքով ըսել»ն ալ հարց է այն առումով, որ երբ ամէն անգամ բան մը կը կամենանք, ներկայ ժամանակին համար մեր ամբողջ հետաքրքրութեան առարկան կը դառնայ եւ կը կարծենք, որ մեզի համար գերագոյն բարիքը այդ է, սակայն Աստուծոյ համար կրնայ այդպէս չըլլալ: Աստուած Ինք գիտէ ի՛նչն է մեր գերագոյն բարին եւ կը տնօրինէ այն, ինչ որ միայն մեր բարիքին եւ Իր նպատակին, Իր ծրագիրին կը ծառայէ:

Հ. Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ «մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.6). Քրիստոսի պարագային ինչպէ՞ս հասկնալ այս մէկը:

Պ. Երկու բաներն ալ ըսիր, մարմինէն ծնածը մարմին է, հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Քրիստոսի պարագային մենք կատարեալ Աստուածութիւնն ալ ըսինք, կատարեալ մարդկութիւնն ալ շեշտեցինք: Հոգիէն ծնածը՝ Աստուծմէ ծնածը կատարեալ Աստուածն է, մարմինէն ծնածը՝ կատարեալ մարդն է: Մենք տարբեր բան չհաստատեցինք մինչեւ հիմա: Ս. Կոյս Մարիամի համար գրուած է, թէ ան կը կոչուի «Աստուածամայր», Քրիստոս իրմէ ծնած է եւ Աստուած է, այսինքն՝ ան զԱստուած ծնած է, բայց ան Աստուած չէ: «Աստուածածին» ի՞նչ կը նշանակէ, կը նշանակէ, թէ իրմէ ծնածը Աստուած է, ո՛չ թէ ինք:

Հ. Մէկը ինծի քիչ մը ծիծաղելի հարցում մը ըրաւ. «Յիսուս կը յօրանջէ՞ր»: Անմիջապէս «այո՛, կը յօրանջէր» ըսի, այն իմաստով, որ ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէր՝ մարդկային ամէն հանգամանք Իր վրայ առաւ՝ բացի մեղքէն: Իսկ յօրանջելը մեղք մը չէ: Սակայն հարցնողը ինծի ըսաւ, թէ յօրանջելը զղջումին մէջ իբրեւ մեղք յիշուած է: Ուրեմն, Յիսուս մե՞ղք գործեց: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել:

Պ. Ասիկա երկու հարցում է: Եթէ երկրորդէն սկսինք՝ թերեւս առաջինը կը ճշդուի: Զղջումի մեր բանաձեւին մէջ կ՚ըսուի՝ «յօրանջմամբ քնոյ»: Արդեօք յօրանջելը ինքնին առնուած է իբրեւ երեւո՞յթ, թէ՞ ցոյց կու տայ որոշ վիճակ մը, վիճակի մը արտայայտութիւնը: Կ՚ենթադրեմ, թէ յօրանջելը այնպէս ինչպէս կը հասկնանք ներկայիս, տարբեր է անցեալի իր իմաստէն: Եկեղեցական հայրերու գրականութեան մէջ եթէ նայիք, երբեմն կ՚ըսեն, թէ յօրանջելը պարզապէս մարմինին մաղձերու վիճակն է:

Յօրանջելը անպայմանօրէն կրնայ քունի արտայայտութիւն չըլլալ: Երբեմն մարդ որոշ աշխատանքային պահերու ալ կրնայ յօրանջել: Ճիշդ է, որ յօրանջելը նաեւ մարմնական որոշ թուլութեան հարց է, բայց մարմնական երեւոյթ մըն է, մինչդեռ «յօրանջմամբ քնոյ» բացատրութիւնը կարծէք առընչուած է երեւոյթի մը հետ, որ մարմինի թուլութիւնն է, բայց ծուլութեան մը ընդհանուր շրջագիծին մէջ, այսինքն՝ երբ մարդ իր մարմինը կամաւորապէս կու տայ թուլութեան, երբ չ՚ուզեր գործի լծել իր մարմինը: Ատիկա կը նշանակէ օրուան մէջ յատուկ պարտականութեան մը, պատասխանատուութեան մը վիճակէն դուրս գալ եւ մարմինը դնել ո՛չ պատրաստ վիճակի մէջ: Այդ պատճառով ալ կը դառնայ սխալ մը, անոր համար ալ կրնայ նկատուիլ արտայայտութիւն մը մեղքին, ինչպէս մեղքերու ցուցակը կը ներառէ: Իսկ եթէ մարմնական վիճակ է՝ մեղքի կամ մեղաւոր տրամադրութեան հետ պէտք չէ կապել:

Գալով առաջին հարցումին, այս ճշդումէն ետք խօսիլ ենթադրական բաներու մասին, տեսականօրէն կրնայ հետաքրքրական  ըլլալ, սակայն ո՛չ մէկ ձեւով օգտաւէտ կամ շահաւէտ՝ մարդուն համար: Ասիկա կը նմանի այն խօսակցութիւններուն կամ այն վէճերուն, որոնք անցեալին կը կոչուէին «բիւզանդական վէճեր», այլ խօսքով՝ վէճեր, որոնք մարդիկը կը տանէին երկրորդական, ամբողջութեամբ անկարեւոր բաներու շուրջ, երկար ժամանակ վատնելով զուտ իբրեւ մտաւորական հետաքրքրութիւն, որոնք սակայն որեւէ նշանակութիւն չէին կրնար ունենալ: Այս պարագային կը յիշեմ այն ինչ որ Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին կը թելադրէ. «Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք մարդիկը Աստուծմէ հետզհետէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն» (Բ. Տմ 2.16): Ինչո՞ւ խօսիլ կամ մտածել՝ Յիսուս յօրանջե՞ց, թէ՞ չյօրանջեց, երբ այդ մասին որեւէ արտայայտութիւն չկայ: Ասիկա ինչո՞վ պիտի օգնէ որ ես իմ հոգեւոր մթնոլորտս, իմ փրկութիւնս շահիմ: Եթէ օգտակար չըլլայ՝ կրնայ հակառակը ըլլալ, վնասակար ըլլալ, որովհետեւ միտքը սխալ ուղղութեամբ կը տանի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022