ՄԻԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀ ՉԿԱՅ
Ի՞նչ է արդեօք այն խորհուրդ խորինը, որով Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ յունուարին պիտի վերադառնայ Սպիտակ տուն՝ այս անգամ որպէս 47-րդ նախագահը աշխարհի հզօրագոյն ուժին եւ գերտէրութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Ամէն պարագայի, տակաւին երկար ժամանակ կայ սուզուելու համար այն քննարկումներուն մէջ, որոնք առաւելաբար կը խօսին այն պատճառներուն մասին, որոնց հիմքով ալ Թրամփ կրցաւ յաղթանակ տանիլ այն նահանգներուն մէջ, որոնք կը համարուին նուրբ գօտի։ Ան անցնցում յաղթանակ մը արձանագրեց իր մրցակցին՝ դեմոկրատ թեկնածու Քամալա Հարիսին, նաեւ աշխարհով մէկ տարածուած իր ընդդիմախօսներուն դէմ։
Ի հարկէ, ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեան նիւթը՝ մանաւանդ մեր օրերուն դարձած է ո՛չ միայն ներքին, այլեւ՝ բազմաբովանդակ աշխարհի հետաքրքրութեան առանցքն ու մեծ կամ փոքր սպասումներու կիզակէտը։ Այս փուլին կարեւորագոյնը կը համարուին Թրամփի յաղթանակի իրական պատճառները։ Իսկ եթէ խնդիրը շրջենք ու այս անգամ հարցին նայինք ամերիկեան ներքին տեսակէտէ, ապա այնտեղ եւս կան քանի մը կարեւոր հարցադրումներ, որոնց պատասխաններն ու ձեւակերպումները յստակ ուշադրութիւն կը պահանջեն։
Ինչո՞ւ ամերիկացիք նախընտրեցին Տանըլտ Թրամփը, ինչո՞ւ՝ յատկապէս տատանող շրջաններուն մէջ Թրամփ կրցաւ իր օգտին դարձնել ընտրական մեծ խաղը, նաեւ ի՞նչ հիմքերով ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութիւնը նոյնաժամանակ յաջողութիւն արձանագրեց թէ՛ Ծերակոյտին եւ թէ ընդհանրապէս Քոնկրէսին մէջ։ Թրամփ, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետք հանդիպում մը ունեցաւ իր համակիրներուն հետ եւ առանց սպասելու վերջնական արդիւնքներուն՝ ինքզինք նախագահ հռչակեց, ըսաւ. «Մենք կը պատրաստուինք օգնելու մեր երկրի ապաքինման: Մենք կը պատրաստուինք մեր երկրի վերաբերեալ ամէն ինչ շտկելու: Այս երեկոյ մենք պատմութիւն կերտեցինք»։
Ամէն պարագայի յստակ է, որ ամերիկեան ներքին առումով Թրամփի պաշտօնավարութեան այս փուլը պիտի ըլլայ հեզասահ։ Այդ մէկը, անշուշտ, կապուած է թէ՛ Ծերակոյտին եւ թէ ընդհանրապէս Քոնկրէսին մէջ ապահովուած արդիւնքներով, ինչ որ յառաջիկային աւելիով հեշտ պիտի դարձնեն Թրամփի եւ անոր վարչակազմին գործունէութիւնը։
Միւս կողմէ, յստակ է, անշուշտ, որ արդիւնքներուն մասին խօսելու զուգահեռ՝ այս փուլին հիմնական հարցադրումները կ՚ուղղուին ԱՄՆ-ի Դեմոկրատ կուսակցութեան ջոջերուն, որոնք որոշ ժամանակ կրնան լուռ մնալ ու վերահաշուրկի ենթարկել՝ ո՛չ թէ իրենց չտրուած քուէներուն քանակը, այլեւ՝ այն հարցադրական վիճակները, որոնց պատճառով իրենք մեծապէս տապալեցան։
Այդ վրիպումները արդեօք կապուա՞ծ էին ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի դէմ գործուած անարդարութեան ու իրագործուած նախճիրներուն հետ։ Տակաւին պարզ չեն այս բոլորը, սակայն, չի բացառուիր, որ շարքային ամերիկացին յատուկ կերպով Հարիսին եւ անոր կուսակցութեան ի նպաստ չքուէարկեց՝ բողոքելու համար Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան մեծ սխալներուն դէմ։ Ուրեմն, արդիւնքը կրնանք արձանագրել հետեւեալ կերպով. այս ընտրութիւնը ո՛չ թէ Թրամփի յաղթանակն է, այլեւ՝ անոր մրցակցին ու կուսակցութեան դէմ առկայ բողոքի լուռ ձայնն է, որ քուէներու վերածուելով ապահովեց մեծ յաղթանակը։
Գալով միաբեւեռ աշխարհին եւ ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն… Մինչեւ այս պահը շատ մը մեծ հովերով վերլուծաբաններ կը շարունակեն բոլորը զարմանացնել։ Անոնք կը պատմեն, թէ աշխարհ դադրած է միաբեւեռ ըլլալէ։ Բայց, խորքային հայեացքով՝ անպայման պէտք է հաստատել, որ այսօր աշխարհի քաղաքական կշիռը եւ ուղեցոյցը կը գտնուին ԱՄՆ-ի մէջ եւ վաղն ալ պիտի ըլլայ այդպէս։ Սա ուրախանալու կամ տխրելու, ջղայնանալու կամ հպարտանալու հետ կապ չունի, այլ կապ ունի այդ երկրի իրական ներուժին հետ, որ կը շարունակէ գերազանցել ինքզինք բոլոր առումներով։
Ապրեցանք ու դեռ ալ կը դիտարկենք Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրավիճակը։ Ապրեցանք Արցախի հայաթափումը... Հեռուէն դիտարկումներ կատարեցինք Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին՝ մերթ անիծելով մեր բախտը ու յաճախ ալ դիտարկելով, որ Ռուսաստան անընկճելի ու անպարտելի է... կամ հակառակը, որ Զելենսքիի Քիեւը յաղթանակ պիտի տանի Փութինի Մոսկուային դէմ։ Տակաւին տեսանք ու մեր աչքերով նկատեցինք Կազզէի անասելի ջարդերը, Արցախի նմանութեամբ։ Չինաստանը, որ կը համարուի աշխարհի նոր ճարտարարուեստի եւ աշխատասիրութեան օրրանը, նոյնպէս դիտեց այս բոլորը։ Նոյնը ըրին Հնդկաստանը, Պրազիլը, Ռուսաստանը, որոնք քով-քովի գալով փորձեցին իրենց գլուխը պահել ու համազօր քայլեր առնել։ Նոյնը ըրաւ Եւրոպան, որուն ցաւը Ուքրայնայի զոհերը կամ գաղթականները չէին, այլ ծերացած բնակչութեան կազն ու վառելիքը, նաեւ անկէ բան մըն ալ աւելի։ Քիչ մը լացաւ, քիչ մը խնդաց աշխարհը, սակայն, ոչ ոք ոչինչ կրցաւ փոխել...
Այս բոլորը պարզապէս ըսելու համար, որ այսօրուայ աշխարհին իրական սլաքները, առանցքները, խաղի կանոններն ու մղիչ ուժը կը շարունակեն մնալ ԱՄՆ-ի մէջ։ Ու այդ առումով ալ միաբեւեռ աշխարհի վերջ գտած ըլլալուն մասին ըսուածները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Հետեւաբար, ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը դարձեալ ուղղուեցաւ դէպի ԱՄՆ, ուր տեղի ունեցած ընտրութենէն վերջ կան կարեւոր յոյսեր։
Այս բոլորէն վերջ, ուշադիր է նաեւ հայաշխարհը։ Անշուշտ, ԱՄՆ պիտի շարունակէ մնալ իրական զսպող օղակը, որպէսզի Ատրպէյճան հեռու պահէ իր ձեռքը վիրաւոր Հայաստանէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան