ՀԱԼԷՊԸ… ԱՐԴԵՕ՞Ք

Լաւ, յու­սադ­րիչ լու­րեր կան Հա­լէ­պէն: Տա­րի­նե­րէ ի վեր փակ ճամ­բա­նե­րը բա­ցուած ու եր­թե­ւե­կը կա­մայ-ա­կա­մայ վե­րա­կանգ­նած է: Քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն վրայ տե­ղա­ւո­րուած հսկայ ժայ­ռե­րը վեր­ցուած են: Ար­գե­լակ­նե­րը նուա­զած են կար­ծես, ինչ­պէս բա­րե­կամ մը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց.

-Մեր շէն­քին դէ­մի զի­նուոր­նե­րը գա­ցին, Ա­նի՛,  չկան այ­լեւս: Մին­չեւ թա­ղին ան­կիւ­նը գա­ցի ու հե­ռուէն տե­սայ Վար­դա­նանց դպրո­ցը հաս­նող ճամ­բան: Ա­պա­հո­վու­թիւն զգա­ցի, բայց դպրո­ցը հե­ռուէն ան­ճա­նա­չե­լի էր:

-Շատ լաւ, շատ ու­րախ եմ, իսկ ջուր ու լոյս ու­նի՞ք:

-Եր­կու օ­րէ ի վեր ջուր չու­նէինք, քիչ ա­ռաջ ե­կաւ, այս­պէս մի քա­նի օ­րը ան­գամ մը մէկ-եր­կու ժամ կու տան, իսկ լոյ­սը՝ շա­տոնց մոռ­ցած ենք, կ՚ե­րե­ւի ա­նի­կա ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, ան ալ կ՚ըլ­լայ, լա­ւա­տես ենք այդ ա­ռու­մով:

Լա­ւա­տես են, հա­պա ի՞նչ, լա­ւա­տես եւ յու­սա­լի: Կրակ­նե­րուն ու հրթիռ­նե­րուն տակ տա­րի­նե­րով մա­քա­ռո­ղին ու դի­մա­ցո­ղին հա­մար հար­կաւ ան­ջուր ու ան­լոյս մնա­լը մեծ հարց մը չի ներ­կա­յաց­ներ: Բայց մի­թէ հա­ւա­տա՞լ, թէ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տի սե­մին է Հա­լէ­պը յատ­կա­պէս ու Սու­րիան ընդ­հան­րա­պէս: Ու­րիշ բա­րե­կամ մը կը հա­ղոր­դէ.

-Ես չեմ հա­ւա­տար, որ վերջ կը գտնէ ա­մէն ինչ, դեռ այ­սօր հե­ծա­նի­ւով, երբ գոր­ծէն տուն կը վե­րա­դառ­նա­յի, հզօր պայ­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ինձ­մէ մի քա­նի մեթր ան­դին, Աս­տուած փրկեց զիս, նոյ­նիսկ բե­կոր մը չհա­սաւ ին­ծի, բայց ան­շուշտ մօ­տա­կայ շէնք մը մտայ, քա­նի վարժ ենք, երբ հրթի­ռա­կո­ծու­մը սկսի մէկ հա­տով չ­­՚ա­ւար­տիր որ, շա­րա­նը կ՚եր­կա­րի նոյն վայ­րին մէջ:

Սար­սա­փա­հար կը պատ­մէր ան:

Նոր հայ­րե­նիք ժա­մա­նա­ծի մը տունն էի, երբ ա­նոնց պա­տա­նի զա­ւա­կը հա­ղոր­դեց.

-Տե­սա՞ք մեր տան նկար­նե­րը դի­մա­տետ­րի վրայ, ե­րէ­կուան Թե­լե­ֆոն Հաուա­յի պո­ղո­տան ին­կած հրթի­ռը մեր տու­նը մտեր է: Ես Հա­լէպ կ՚ու­զեմ դառ­նալ, մաք­րել մեր տան փո­շի­նե­րը, ննջա­րանս կա­րօտ­ցայ, բարձս կա­րօտ­ցայ, զիս ա­ռան­ձին ղրկե­ցէք, ես չեմ ու­զեր հոս մնալ:

Վրդո­ված, տա­քա­րիւն պա­տա­նին այս­պէս կը թա­փէր ներ­քին յու­զու­մը:

Ա­զա­տագ­րուած թա­ղա­մա­սե­րու պատ­կեր­նե­րը դի­տե­լով կ՚ու­զես պոռթ­կալ, ընդվ­զիլ, դա­րե­րու պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը ոտ­քի կո­խան ե­ղած է, այլ՝ գետ­նի հա­ւա­սար՝ դըպ-րոց­ներ, պան­դոկ­ներ, հին թա­ղա­մա­սեր փլա­ւեր կոյ­տե­րու վե­րա­ծուած են: Կը խոր­հիս, որ մարդ­կա­յին խո­հուն ա­րարք­ներ չեն ա­սոնք, դի­ւա­յին ու թշնա­մա­կան ի­րա­գոր­ծում­ներ են միայն, ման­կուրդ­նե­րու ձե­ռա­կերտ­ներ:

Թաք­սիի վա­րոր­դը կը հա­ղոր­դէ, որ Հա­լէ­պի մօ­տիկ քա­ղաք մը ա­զա­տագ­րուած է: Հա­յաս­տան­ցին ալ կ՚ու­րա­խա­նայ մե­զի հետ: Բայց ի՞նչ քա­ղա­քի մա­սին է խօս­քը: Կը պար­զուի, որ Պոս­թան Բա­շա­յի մա­սին է վա­րոր­դին ակ­նար­կը: Մար­դը գի­տէ, որ քա­ղաք մը կ՚ա­զա­տագ­րուի, բայց խօս­քը ըն­դա­մէ­նը թա­ղա­մա­սի մը մա­սին է, որն ա­զա­տագ­րե­լը ին­չո՞ւ այս­քան տա­րի­ներ եր­կա­րե­ցաւ, ան­յայտ է բո­լո­րիս, ինչ­պէս ան­յայտ են նաեւ վեր­ջին եր­կու շաբ­թուան ա­րա­գըն­թաց նուա­ճում­նե­րը: Ե­թէ այս­քան դիւ­րին էր ու ա­րագ կա­րե­լի էր ա­զա­տագ­րել, պէտ­քը կա՞ր ար­դեօք ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու, ան­թիւ ան­հա­մար ան­մեղ զո­հե­րու:

Պա­տե­րազ­մը ապ­րած ան­հատ­ներ, ի տես մեր յու­զու­մին, կը հա­ղոր­դէին մե­զի, որ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք է որ պա­տե­րազմ մը եւս սկիզբ կ­­՚առ­նէ: Պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած է, ա­զա­տագ­րուած Հա­լէ­պի լու­րե­րով եւ հա­լէպ­ցի­նե­րուն ու­րա­խու­թեանն ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով՝ յու­սանք, բայց հի­մա այդ խոր­հուր­դը մա­սամբ կա­րե­լի է մեկ­նա­բա­նել, ի տես ա­ւեր­նե­րուն, ան­տուն ու ա­նօ­թե­ւան մնա­ցած ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք կ­­՚ա­պաս­տա­նին քա­ղա­քի հե­ռա­ւոր ան­կիւն­նե­րը, ո­րոնց տու­նե­րը ռմբա­կո­ծուած են ու կա­րո­ղու­թիւն չու­նին զա­նոնք նո­րո­գե­լու, կամ ալ շէն­քը հի­մէն փլած է ու կա­լուա­ծը՝ լրիւ ոչն­չա­ցած...: Ի տես թա­լա­նին, որ ան­հատ­ներ պա­րապ թա­ղե­րու մէջ շրջե­լով, ա­ւե­րակ-ա­ւե­րակ զննե­լով կը կո­ղոպ­տեն ե­ղածն ու չե­ղա­ծը...: Ի տես ժո­ղո­վուր­դին դիւ­րագր­գիռ վի­ճա­կին ու ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան՝ «Մար­դիկ վայ­րե­նա­ցած են, նոյ­նիսկ ժպտա­դէմ բա­րե­ւը հայ­հո­յանք որ­պէս կ­­՚ըն­կա­լե­ն», կ՚ը­սէ Հա­լէ­պի մէջ բնա­կող հայ­րե­նա­կից մը:

Վա­րոր­դը կը հե­տաքրք­րուի, թէ ե­թէ խա­ղա­ղու­թիւն տի­րէ Հա­լէ­պի մէջ կը վե­րա­դառ­նա՞մ: Հարց­ման ո­ճէն ար­դէն յե­տին նպա­տակ մը նկա­տե­լի է: Կը պար­զուի, որ տուն մը վար­ձու տուած է «սի­րիա­հա­յ» ըն­տա­նի­քի մը, եւ ի­րենց ալ հար­ցու­ցած է նոյն հար­ցու­մը: Է՜հ, ա­մէն մարդ իր շա­հին մա­սին կը խոր­հի, հա­սու­թա­բեր պիզ­նէս է հա­յաս­տան­ցիին հա­մար, խեղ­ճե­րը քիչ մը շունչ ա­ռին մեր քսակ­նե­րուն ա­պա­ւի­նե­լով:

Կը վստա­հեց­նեմ վա­րոր­դին, որ պի­տի չվե­րա­դառ­նամ, սա­կայն խոր­քին մէջ կ­­՚ու­զեմ միայն քա­լել Քափ­րիէն մին­չեւ մեր գե­րեզ­մա­նա­տու­նը հասց­նող պո­ղո­տան, հաս­նիլ հոն ու զոյգ մը մոմ վա­ռել ու խունկ ծխել, ծունկ մըն ալ ա­ղօթք՝ մեր հին ու նոր ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րու խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016