ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՖՐԱՆՍԱ…

«ԴԵՂԻՆՆԵՐ»ՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ «ՊԱՏԳԱՄ» ԴԱՌՆԱԼ

Անցեալ նոյեմբերէն ի վեր Փարիզ անհանգիստ է։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Ֆրանսա Եւրոպայի «սիրտն» է, ապա ուրեմն Փարիզ պէտք է համարուի ամբողջ Եւրոպայի արիւնատար հիմնական երակը։ Ֆրանսայի զարգացումները «երեւելի» կը դառնային անցեալ նոյեմբերի առաջին կիսուն, երբ մեծ թիւով ցուցարարներ փողոց կ՚իջնէին վարչապետ Ֆիլիփի կառավարութենէն պահանջելով՝ ջնջել այն նախագիծը, որով հեղուկ վառելանիւթի գինը պիտի բարձրանար։ Շարժումը կը կրէ «Դեղին բաճկոնաւորներ» անունը, որու մասնակիցները կը հագնին դեղին բաճկոններ, որոնք կ՚օգտագործուին արկածի մը, կամ արտակարգ իրավիճակի մը պարագային օգնութեան փութացող անձերու կողմէ։ Ի դէպ, այդ բաճկոնները հագնիլը Ֆրանսայի մէջ օրէնքով ալ ամրագրուած է եւ այդ առումով կառավարութիւնը հրապարակած է յատուկ օրինագիծ մը, որ կը ստիպէ ճանապարհի վրայ մնացած ոեւէ անձը՝ անպայման կրել այդ դեղին բաճկոնը։ Կրել, անշուշտ, յանուն ապահովութեան։ Ուրեմն, կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որու այս ցուցարարները փողոց կ՚իջնեն օգնութեան ձեռք երկարելու համար «անօգնական» մնացած քաղաքացիներուն։

Աւելի քան յստակ է, որ բողոքի այս ալիքը ունի քաղաքական երեսակ մը, որու մասին ցարդ շատ բան չի խօսուիր, որովհետեւ շարժումը ունի զուտ ընկերային-տնտեսական առաջնահերթութիւն եւ պահանջ։ Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ կարեւոր այլ վարկած մը, որ եւս քննութեան արժանի է։ Ըստ այդ վարկածին, Եւրոպա կ՚ապրի մեծ տատանում մը եւ ներկայ զարգացումներուն հիմնական նպատակն է՝ աւելի խառնել «Ֆրանսայի ջուրերը», որպէսզի ո՛չ նախագահ Մաքրոն, ո՛չ ալ եւրոպացի ոեւէ պատասխանատու «չփորձուի» լայն բերանով յայտարարութիւններ կատարել ու յաւակնիլ, որ Եւրոպա ըլլայ գերագոյն ուժը, ունենայ ԱՄՆ-էն տարբեր մօտեցումներ, հետեւաբար, նաեւ աշխարհին ներկայանայ՝ որպէս այլընտրանքային կարեւոր ուժ մը։ Անշուշտ, նման մօտեցումներն ու տեսակէտները լուրջ քննութեան առարկայ են եւ յառաջիկայ ամիսները ցոյց պիտի տան, թէ Փարիզը «քանդելու» ջատագով այս «դեղին» ցուցարարները իրականութեան մէջ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդեն։

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի դէպքերու կապակցութեամբ շատ կարեւոր կը համարեմ վերջերս այնտեղ այցելած բարեկամի մը կամ ծանօթի մը վկայութիւնը։ Պարզ պատճառը այն է, որ հոն ապրողի մը վկայութիւնը աւելի թերի պիտի ըլլար, քան՝ գործի կամ պտոյտի համար Փարիզ այցելած մէկունը։ Բոլոր պարագաներուն ալ այդպէս է, որովհետեւ քաղաքի բնակիչ մը նուազ ուշադիր կ՚ըլլայ տուեալ պահու զարգացումներուն նկատմամբ ու պարզ ոճով մը կրնայ ըսել, թէ ամէն ինչ բնականոն է եւ մտահոգուելու կարիք չկայ։

Նոյն առումով, ուրեմն, ուշագրաւ եւ շահեկան կը համարեմ «Դեղին բաճկոնաւորներու» կատարած երկրորդ գլխաւոր ցոյցի օրերուն Փարիզ այցելած լիբանանահայ բժիշկ Ռաֆֆի Փոլատեանի տուած տեղեկութիւնները։ Փոլատեան, որ այդ օրերուն Փարիզ կ՚այցելէր մասնակցելու համար բժշկական համագումարի մը, մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Ցոյցերու մասին առաջին տեղեկութիւնը կը ստանայի մեր խումբի անդամ լիբանանցի բժիշկէ մը, որ կ՚ըսէր, թէ 70-ական թուականներէն ի վեր առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ մեծ ցոյց մը, որու մասնակիցները բնիկ ֆրանսացիներ են եւ ցոյցերը աննախընթաց պիտի ըլլան»։

Փոլատեան նաեւ կը նշէր, որ լիբանանցի բժիշկներու խումբը իջեւանած էր Շան զ՚Էլիզէի պողոտայէն 25-30 մեթր հեռաւորութեամբ «Գալիֆորնիա» պանդոկը։ Հակառակ նախազգուշացումին, խումբը շաբաթ առաւօտ դուրս եկած էր շրջելու: Փոլատեան չէր միացած խումբին, սակայն պատասխանատուին հետ մօտակայ դեղարանը գացած էր գնումի համար: Ան կը պատմէ.

«Այդ ժամանակ արդէն «Դեղին բաճկոնաւորները» սկսած էին երեւիլ։ Անոնք «Մարսէյյէզ»ը երգելով, Յաղթանակի կամարէն կ'ուղղուէին դէպի հարաւային մաս։ Դեղարան եղած միջոցիս յանկարծ երիտասարդուհի մը մտաւ, որուն մօտ արցունքաբեր ռումբ մը պայթած էր։ Ան չէր կրնար խօսիլ, ձայնը մարած էր, արցունքներու մէջ էր: Մինչ աղջկան օգնութիւն կը ցուցաբերէին, այս անգամ երիտասարդ մը մտաւ գլուխէն վիրաւորուած եւ արիւնլուայ վիճակի մը մէջ։ Մարդիկ սկսան օգնել եւ մինչ այդ ես դուրս ելայ, սկսայ լուսանկարել»։

Փոլատեան այս բոլորը կը պատմէ՝ նշելով, որ շտապօգնութիւնը չէր կրցած հասնիլ, որովհետեւ գլխաւոր ճանապարհները արդէն իսկ փակուած էին։ Ան կը շարունակէ. «Ինքնաշարժները բոլոր ճանապարհներու մուտքերուն շարեցին եւ անոնց մէջէն իրենց դեղին զգեստները հանեցին, հագուեցան եւ այդպէսով դէպի Շան զ՚Էլիզէի բոլոր ճանապարհները փակուեցան։

Մտածելով, որ իրավիճակը այդքան լուրջ չէ եւ եղածը սովորական ցոյց մըն է՝ հայ բժիշկն ու անոր ընկերը առանց շտապելու, նախքան պանդոկ վերադառնալը, «Սթարպաքս»էն սուրճ մը կ՚ուզեն առնել: «Դեռ նոր մտած էինք, քանի մը վայրկեան անց «Սթարպաքս»ի դուռը փակուեցաւ, երիտասարդ մը հոն գտնուողներուն ըսաւ. «Եթէ կարելի է բոլորդ դուրս գաք, ոստիկանութիւնը սկսած է արցունքաբեր ռումբերով արդէն ներսերը զարնել»։ Ու դեռ խօսքը չաւարտած արդէն ռումբ մը եկաւ մեր ուղղութեամբ», պատմեց բժիշկը։ Ան նկարագրեց, որ իրենք եւս այդ համատարած ծուխին մէջ մնացած էին, շնչած էին, աչքերնին լրիւ արցունքոտած, անտանելի քթահոսութիւն ունենալով, սարսափած, սկսած էին յարակից փողոցներով ուղղուիլ դէպի պանդոկ: «Աննկարագրելի իրարանցում էր, հասանք մեր պանդոկը, ուր տեսանք թէ ինչպէ՛ս երիտասարդներէ, միջին տարիքէ մարդոցմէ, նոյնիսկ ծերերէ կազմուած խումբեր, դեղին բաճկոններով, կ՚ուղղուէին դէպի հրապարակ»։

Փոլատեանի վկայութեամբ գլխաւոր ընդհարումը սկսած էր ժամը 11.30-12.00-ին եւ բարձրակէտին հասած՝ ժամը 13.00-ին: «Մեր ընկերներէն միայն մին կրցաւ մեթրոյով վերադառնալ պանդոկ։ «Ժորժ Ե» կայարանէն անոր դուրս գալէն ետք, արդէն փակուած էր կայարանը: Միւս երկու բժիշկներուն լուր ղրկեցինք, որպէսզի զգուշանան եւ մնան իրենց տեղերը: Աւելի ուշ անոնք կրցան միանալ մեզի, անոնցմէ մէկը բազմիցս անցարգելներու հանդիպելէ եւ 16 քիլօմեթր քալելէ ետք միայն կրցած էր հասնիլ պանդոկ»:

Խումբը միաւորուելով պանդոկին մէջ, կը սպասէր Պէյրութ վերադարձի ժամուն: Անոնք, երբ օդակայան ուղղուելու համար դուրս եկած էին պանդոկէն, ականտես եղած էին տխուր տեսարանի մը։ Ան նկարագրելով տեսածը՝ պատմեց. «Փողոցը գետիններուն վրայ ամբողջ տախտակի մնացորդներ, թուղթերու եւ խաւաքարտերու կոյտեր, ծուխ, մառախուղ… Էյֆէլի աշտարակի լոյսերը կը վառէին, սակայն քաղաքի ընդհանուր վիճակը տխուր էր, օդը շատ ծանր էր, մանաւանդ Շան զ՚Էլիզէի վրայ: Որոշ տեղեր նոյնիսկ մայթերը քակած էին եւ մայթերու քարերով խանութները վնասած, կրպակներէն որեւէ մէկը չէր մնացած, բոլոր տախտակները, աթոռները կոտրած, հրկիզուած եւ հրոյ ճարակ դարձած էին։ Կարծեմ Ֆրանսա այսպիսի բան մը տեսած չէր», կ՚աւել-ցընէր բժիշկը:

Բաց աստի, ըստ իրեն այս ամբողջը ժողովրդային ընդհանուր ընդվզում մըն է եւ կարգ մը կողմեր կը փորձեն պատասխանատուութիւնը Ազգային ճակատին վրայ բեռցնել։ Խօսակիցս դաշտի վրայ տեսածներուն եւ միւս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ կը փոխանցէր իր տեսակէտը.

«Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ Ազգային ճակատը այստեղ որեւէ դերակատարութիւն չունի եւ պատահածը զուտ ժողովրդային ընդվզում մըն է՝ մասնաւորաբար տնտեսական իրավիճակի հետեւանքով: Մարդիկ տարիներէ ի վեր տուրքեր կը վճարեն անգործներու համար, որոնց թիւը երթալով կ՚աճի: Չմոռնանք նաեւ արաբական երկիրներէն, յատկապէս Սուրիայէն մեկնած գաղթականները, որոնք փողոցներուն մէջ «Ես Սուրիայէն եմ» գրուած ցուցանակներ կը կրեն, մուրացկանութիւն կ՚ընեն եւ այլ արաբական երկիրներէ եկածները նոյնպէս սուրիացի ձեւանալով, անոնց օրինակին կը հետեւին»։

Փոլատեանի կարծիքով, այս առումով ընդհանուր ընդվզման ալիք մը կայ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Հիմնական դժգոհութիւնն է, որ գաղթականներ կը մեկնին Եւրոպա եւ կը շատնան, ունին շեշտուած խտրականութիւն, իրենց կրօնքով, ծէսերու դրուածքով, ամէն ինչով տարբեր են եւ համարկելու փափաք չունին, այլեւ ընդհակառակն, կ՚ուզեն բոլոր օրէնքներէն օգտուիլ եւ որեւէ բան չտալ տուեալ երկրին:

«Կը կարծեմ սա ընդհանուր յեղափոխութիւն մըն է եւ ես կը մէջբերեմ Մեթերնիխի՝ 1848-ի խօսքերը. «Եթէ Ֆրանսա փռնգտայ, ամբողջ Եւրոպան կը հիւանդանայ»։ Կարծեմ Եւրոպա այսօր հիւանդագին վիճակի մը մէջ է», իր խօսքը կ՚եզրափակէ լիբանանահայ բժիշկ Ռաֆֆի Փոլատեանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018