ՀԻԼԱՐԻՈՆ ԱՐՔ. ՔԱՊՈՒՇԻ ԿԱՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵԾ ԶԻՆՈՒՈՐԸ

«Իմ փա­փաքն է Ե­րու­սա­ղէ­մի սուրբ հո­ղին խառ­նուիլ, հոն թա­ղուի­լ»։ Այս ե­ղած են Հի­լա­րիոն Ար­քե­պիս­կո­պո­ս Քա­պու­շիի վեր­ջին մաղ­թանք­նե­րը:

94-ա­մեայ Սրբա­զա­նը, որ իր աչ­քե­րը կը փա­կէր 1 Յու­նուար 2017 թուա­կա­նին, կը հա­մա­րուէր պա­ղես­տին­ցի­նե­րու դա­տին ա­մե­նէն խի­զախ պաշտ­պան­նե­րէն մին:

Քա­պու­շի, որ ծնուն­դով հա­լէպ­ցի է (ծնած է 1922 թուա­կա­նին), 1965 թուա­կա­նին կը կար­գուի Ե­րու­սա­ղէ­մի յոյն կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ա­ռաջ­նորդ: Սուրբ Քա­ղա­քին մէջ իր կրօ­նա­ւո­րի ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նին մա­սին՝ մին­չեւ 1970 թուա­կա­նը, ու­շագ­րաւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցուիր: Կամ ալ Քա­­պու­շի ե­ղած է իր հո­վուա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան նուի­րուած ա­ռաջ­նորդ մը ու այդ ա­ռու­մով է նաեւ, որ մինչ այդ ու­շագ­րաւ տուեալ­ներ կը բա­ցա­կա­յին:

1970-ա­կան­նե­րուն Քա­պու­շի կը սկսի բա­ցա­յայտ կեր­պով քննա­դա­տել իս­րա­յէ­լեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: Յատ­կա­պէս իր տուած քա­րոզ­նե­րով՝ ան աչ­քի կը զար­նէ որ­պէս պա­ղես­տի­նեան դա­տի հե­ղի­նա­կա­ւոր պաշտ­պան մը:

Ըստ Քապուշիի, պա­ղես­տի­նեան դա­տը իր ար­դար լու­ծու­մը պէտք է գտնէ ոչ միայն 1967 թուա­կա­նի սահ­ման­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լով, այլ եր­թա­լով ա­ւե­լի ետ՝ մին­չեւ 1948 թուա­կա­նը:

Բա­ւա­կան ար­մա­տա­կան ըն­կա­լում­նե­րով հան­դէս ե­կած այս ա­ռաջ­նոր­դը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ պա­ղես­տի­նեան դի­մադ­րու­թեան «թա­քու­ն» եւ հա­ւա­տա­րիմ մէկ բա­րե­կա­մը, նման շատ մը քրիս­տո­նեայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք տար­բեր պաշ­տօն­ներ վա­րե­լով ան­մի­ջա­կան նե­ցուկ ցոյց տուին պա­ղես­տին­ցի­նե­րու դա­տին:

1973 թուա­կա­նին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան չոր­րորդ պա­տե­րազ­մը: Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նին ա­րա­բա­կան միա­ցեալ ու­ժե­րը՝ Ե­գիպ­տոս, Սու­րիա, կա­րե­ւոր յա­ռաջ­խա­ղաց կ՚ար­ձա­նագ­րեն: Ու այդ «ան­սապ­սե­լի» յա­ռա­ջըն­թա­ցին դի­մաց՝ ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ ու ար­դիա­կան զէն­քե­րով իս­րա­յէ­լեան կող­մը կը յա­ջո­ղի կա­սեց­նել ա­րա­բա­կան ան­նա­խըն­թաց յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը: Կը կնքուի հրա­դա­դար, որ կը նա­խոր­դէ Ե­գիպ­տոս-Իս­րա­յէլ հաշ­տու­թեան հանգ­րուա­նին, ինչ որ օ­րի­նա­կան բնոյթ կը ստա­նայ 1979 թուա­կա­նին կնքուած «Քեմփ Տէյ­վի­տ»ի հա­մա­ձայ­նագ­րով:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այս պա­տե­րազ­մով վերջ կը դրուէր իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի «ան­պար­տե­լիու­թեան ա­ռաս­պե­լ­»ին, բայց պա­ղես­տի­նեան կող­մին մօտ ջու­րի ե­րես կ­­՚ել­լէր պար­տուա­ծու­թեան եւ ա­րաբ­նե­րուն կող­մէ լքուած ըլ­լա­լու զգա­ցում մը: Այդ պատ­կե­րին վրայ էր նաեւ, որ աշ­խու­ժա­ցում կ­­՚ապ­րէր Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ընտ­րան­քը:

Ըստ իս­րա­յէ­լեան «Շա­պա­ք­»ին,  Քա­պու­շի Սրբա­զան կը հա­մա­րուի այն կրօ­նա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն, ո­րոնք կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած են եւ ի­րենց կրօ­նա­ւո­րի հան­գա­ման­քը օգ­տա­գոր­ծե­լով պա­ղես­տի­նեան հրո­սա­կա­խում­բե­րուն թա­քուն կեր­պով զի­նամ­թերք հաս­ցու­ցած: Թէ որ­քա­նով ճիշդ է այս «մե­ղադ­րան­ք­»ը կամ ար­դար, պարզ չէ: Յստակ է սա­կայն, որ Քա­պու­շի, ո­րուն բո­լոր շար­ժում­նե­րը կը գտնուէին իս­րա­յէ­լեան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց «վե­րահըս-կո­ղու­թեա­ն» տակ, կը ձեր­բա­կա­լուի 1974 թուա­կա­նին: Միշտ ըստ իս­րա­յէ­լեան «Շա­պա­ք­»ին, Սրբա­զա­նի ինք­նա­շար­ժին մէջ, զոր կը վա­րէր իր ըն­կե­րա­կի­ցը, կը յայտ­նա­բե­րուի մեծ քա­նա­կու­թեամբ զի­նամ­թերք, պայ­թու­ցիկ նիւ­թեր եւ զա­նա­զան տի­պի ձեռ­նա­ռում­բեր:

Սրբա­զա­նը կը տա­րուի դա­տա­րան եւ ա­նոր կը ներ­կա­յա­ցուի պա­ղես­տի­նեան զի­նեալ խմբաւ­րում­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նե­լու ծանր մե­ղադ­րան­քը: Հար­ցաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին ան կը մեր­ժէ իր դէմ հնչած մե­ղադ­րանք­նե­րը, սա­կայն չի վա­րա­նիր յայ­տա­րա­րե­լու, որ ինք պի­տի շա­րու­նա­կէ զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ պա­ղես­տի­նեան դա­տին: Ան կը դա­տա­պարտուի տաս­ներ­կու տա­րուան բան­տար­կու­թեան եւ կը դառ­նայ քրիս­տո­նեայ ա­ռա­ջին ա­ռաջ­նոր­դը, որ պա­ղես­տի­նեան դա­տին հա­մար կը դա­տուի:

Չորս տա­րի իս­րա­յէ­լեան բան­տե­րուն մէջ մնա­լէ ետք, Քա­պու­շի Վա­տի­կա­նի ան­մի­ջա­կան միջ­նոր­դու­թեամբ 1978 թուա­կա­նին դուրս կու գայ բան­տէն: Այս ան­գամ իս­րա­յէ­լեան կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­պայ­մանն էր, որ ան լքէ Ե­րու­սա­ղէ­մը: Դար­ձեալ վա­տի­կա­նեան կար­գադ­րու­թեամբ՝ Քա­պու­շի «կը հաս­տա­տուի» Հռոմ, ուր իր կեան­քի մնա­ցեալ մա­սը կ՚ան­ցը­նէ կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Վա­տի­կա­նի շու­քին ներ­քեւ:

Այս­տեղ փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով հարկ է նշել, որ Վա­տի­կան եւս կա­րե­ւոր նախա­պայ­մա­նով մը օ­ժան­դա­կած էր անոր ա­զատ ար­ձակ­ման: Այդ նա­խա­պայ­մա­նը բնա­կա­նա­բար պա­ղես­տի­նեան դա­տին հա­մար պայ­քա­րե­լէ հե­ռու մնալն էր, բան մը, որ եր­բեք չու­զեց «յար­գե­լ» Քա­պու­շի Սրբա­զա­նը:

Քա­պու­շի փո­խա­դար­ձե­լով ի­րեն հա­մար Վա­տի­կա­նի կա­տա­րած միջ­նոր­դու­թեան, պար­տա­կա­նու­թիւն կը ստան­ձ­նէր 1990 թուա­կա­նին մեկ­նիլ Ի­րաք, ուր օ­ժան­դա­կել Սատ­տամ Հիւ­սէյ­ի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պա­տանդ առ­նուած 68 ի­տա­լա­ցի­նե­րու ա­զա­տագր­ման: Ըլ­լա­լով ա­րա­բա­խօս, ան կը յա­ջո­ղէր իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կել ու երկ­րորդ ան­գամ Ի­րաք կը վե­րա­դառ­նար դէպ­քէն տասն տա­րի ետք՝ 2000 թուա­կա­նին։ Այս ան­գամ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ պա­շար­ման տակ ե­ղող ի­րաք­ցի­նե­րուն:

2009 թուա­կա­նին ու ա­պա 2010 թուա­­կա­նին Քա­պու­շի կը միա­նար մար­դա­սի­րա­կան այն ա­ռա­քե­լու­թեան, ո­րուն նպա­տակն էր կոտ­րել պա­ղես­տի­նեան Կա­զզէ քա­ղա­քին դէմ Իս­րա­յէ­լի դրած պա­շար­ման օ­ղա­կը:

Ճիշդ է, որ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մնար անդր­դուե­լի, բայց եւ այն­պէս Կա­զզէի հա­մար տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը դրա­կան ար­ձա­գանգ կ՚ու­նե­նա­յին եւ­րո­պա­կան հա­մայնք­նե­րուն մօտ:

Տե­ղին է յի­շա­տա­կել, որ 2010 թուա­կա­նին Քա­պու­շի ե­ղած է դէ­պի Կա­զզէ օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար մեկ­նող թրքա­կան «Մա­ւի Մար­մա­րա» նա­ւուն վրայ, որ յար­ձակ­ման թի­րախ դար­ձաւ եւ ո­րուն վրայ շա­տեր սպան­նուե­ցան:

Հո­վիւ քաջ ու խի­զախ ա­ռաջ­նորդ: Այս բա­ռե­րով պէտք է սահ­մա­նել Հա­լէպ ծնած, իր կրօ­նա­ւո­րի ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ կեր­տած, պա­ղես­տի­նեան ար­դար դա­տին հա­մար բան­տար­կուած ու մե­ղադ­րուած կրօ­նա­կան մեծ գոր­ծի­չը:

Տե­ղին է շեշ­տել, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով Քա­պու­շի մնաց «լու­սանց­ք­»ի վրայ: Ան հե­ռու մնաց փառ­քի բո­լոր սե­ղան­նե­րէն ու տե­սա­րան­նե­րէն, բայց ոչ իսկ վայր­կեան մը ընկր­կե­ցաւ ու տե­ղի տուաւ: Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն հա­ւա­տաց ար­դար­նե­րու դա­տին ու հա­կա­ռակ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հետ կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թեան, իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը նուի­րեց ճնշուած ժո­ղո­վուր­դի մը, որ ցայ­սօր ալ կը տա­ռա­պի:

Պա­ղես­տին­ցի­նե­րը առ ի յար­գանք զինք կը կո­չէին «Սա­մա­հաթ Ալ Մըթ­րան» (ա­րա­բե­րէ­նով՝ «Սա­մա­հա» կո­չու­մը կը տրուի իս­լամ շէյ­խե­րուն), իսկ ա­րա­բա­կան վեց եր­կիր­ներ զինք պա­տուե­ցին բարձ­րաս­տի­ճան շքա­նշան­նե­րով:

2009 թուա­կա­նին դէ­պի Կա­զզէ նա­ւար­կող նա­ւուն վրայ Քա­պու­շի հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով հան­դէս կու գայ. «Միայն Կա­զզէ հաս­նիմ։ Հ՛ոն են իմ սի­րե­լի­ներս, հ՛ոն են իմ հա­րա­զատ­ներս: Հ՛ոն է նաեւ, որ ին­ծի պի­տի հաս­նի իմ սի­րե­լի Ե­րու­սա­ղէ­մին բոյրն ու հո­տը»:

Իր ամ­բողջ կեան­քը Ե­րու­սա­ղէ­մին նուի­րած, իր ողջ էու­թիւ­նը ի­րա­ւազր­կուած Պա­ղես­տի­նին ու պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն նուի­րա­բե­րած այս գոր­ծի­չը կը մա­հա­նար իր սի­րած վայ­րէն հե­ռու:

Աչքն ու ե­րա­զը միշտ պա­հե­լով դէ­պի Սիո­նի լեռ: Հա­ւա­տա­լով ար­դա­րու­թեան եւ մարմ­նա­ւո­րե­լով ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող քրիս­տո­նեայ ա­ռաջ­նոր­դի մը ի­րա­կան կեր­պա­րը:

Կեր­պար, ո­րուն կա­րիքն ու­նինք այ­սօր բո­լորս եւ ա­մէ­նու­րեք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017