ՏԱՐԻՆ, ՈՐ ԱՆՑԱՒ...

Մեր կեանքէն անցաւ տարի մըն ալ, որպէսզի գար ուրիշը: Նորը: Արդէն իսկ նոր տարի է: Օրերէ ի վեր զայն կ՚ապրինք: Այս կը նշանակէ, որ հին տարին չկայ: Համայն աշխարհը փակեց անոր էջերը: 2020-ին կրնաս միայն «հանդիպիլ» աշխարհի շատ մօտիկ պատմութեան տխուր էջերուն մէջ: Նաեւ անկեղծօրէն ըսեմ, որ հաւանաբար նման տողեր շատերուն կրկնութեան թթու համ կրնան տալ, բայց եւ այնպէս իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր: Որովհետեւ կը կարծեմ, որ երբեմն նման ճշմարտութիւններ ճակատաբաց պէտք է երեւան բերել, արեւու լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան զայն լաւապէս տեսնել:

Իմ կարգիս, գրեթէ ամէն առաւօտ, իր ժամադրութիւնը յարգողի պարտաճանաչութեամբ, սենեակէս ներս, համակարգիչի յատուկ սեղանին դիմաց նստած, օրուան հեւքին հետ ժամերով օրատետրիս էջերուն թղթատումով, անջատուած կը մնամ առօրեայէս, նոյնիսկ անմիջական շրջապատէս, որովհետեւ եւ անզգալաբար ես զիս նետած կ՚ըլլամ ինքնամտածման եւ ինքնաճանաչման լճացած ջուրերուն մէջ: Այս ձեւով, իբրեւ հաշուեկշիռ եւ կամ հաշուեյարդար կատարող հայ անհատ, կ՚ուզեմ քննել սիրտս ու նայիլ, թէ անցեալ տարի որքանով հաւատք ունեցած եմ ըրածիս, խօսածիս, կատարածիս եւ իրագործած ծրագրումներուս, անշուշտ, եթէ կային:

Մէկ խօսքով, ժամանակին հետ երկխօսութիւն ե՛ւ մտքի ազատագրում, ե՛ւ արդար թափառում:

Ինչ կ՚ուզէ՛ք, հաշուեցէ՛ք: Այս վայրկեանին ինծի համար էականը այն է, թէ արդեօք անցնող 12 ամիսներուն անձնապէս որքանո՞վ կրցած եմ մեր տան ճաշասեղանին վրայ հանապազորդ պատառ մը հացը ապահովել եւ կամ որքանո՞վ կրցած եմ իբրեւ ամուսին եւ հայր ու մանաւանդ՝ մեծ հայր, օգտակար դառնալ ընտանիքիս, զաւակներուս ու երկու թոռներուս եւ հասնիլ անոնց բոլոր կարիքներուն: Միւս կողմէ, որքանո՞վ օժանդակած եմ ապրած գաղութիս պատկանած միութեանս, կազմակերպութեանս, հայրենիքիս եւ կամ ազգիս, եւ կամ ի՞նչ եղած են այս առթիւ իմ ճիգերուս եւ աջակցութեանս չափանիշները: Եւ տակաւին՝ քանի՞ հատոր հայերէն գիրքեր կարդացած եմ եւ կամ քանի՞ էջեր կրցած եմ «մրոտել»:

Ու յանկարծ կ՛անդրադառնամ.- ա՛յ միամիտ մարդ, որո՞ւ հոգն է, թէ դուն անցնող տարին ինչե՜ր ըրած ես, եւ կամ ի՜նչ ծրագիրներ իրականացուցած ես: Իրապէս, արդեօք այս մէկը զուտ անձնական հարց մը չէ՞: Բայց, չէ՞ որ, կեանքը միայն անձնական ապրումներու գումարը չէր: Այսպէս սորվեցուցած էին մեր ծնողները, մեր ղեկավարներն ու մեր վարժարանները:

Շրջանակ-շրջապատ կար: Կար նաեւ ապրած գաղութս: Կային տակաւին սփիւռք եւ անպայման՝ հայրենիքս: Չես կրնար ասոնցմէ անջատուիլ: Ահա քեզի յուսահատ պայքար:

Իսկապէս, որ մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՚ապրէինք։ Միւս կողմէ ալ աշխարհով մէկտեղ կեանքի տեսակաւոր ծանրութեան տակ սարսափազդու տարի մըն ալ ապրեցանք, վիճակներու անօրինակ խառնուրդ օրերով: Այսպէս, անցեալ տարի սկսած էինք «քորոնա» կոչուած ժահրով «տապկուիլ»: Անակնկալ համաճարակ, որուն շնորհիւ անձնական, ընկերային եւ կամ ալ գաղութային մեր կեանքը բանտի վերածուեցաւ: Աւելի ճիշդ՝ կամովին վերածեցինք: Մեր կենսունակութիւնը ցամքեցաւ: Տխուր էր աշխարհի իրականութիւնը: Իսկ մենք ալ, ամբողջ տարի մը մեր պապակը յագեցնելու համար, համաճարակի դառնութեան բաժակէն ազգովին ըմպեցինք եւ տակաւին: Ցաւալի եւ նոյնքան ալ անտանելի:

Ապա աւելին՝ յանկարծ անցեալ սեպտեմբեր 27-ին, մեր պապենական հողերուն վրայ անողորմ եւ սարսափելի պատերազմը, եկաւ առաւել ծանրացնելու մեր կեանքը: Ու բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ յանուն իր հողերու պաշտպանութեան, ինչպէս հայ կեանքը դէպի մահ վազեց: Ու յիշեցինք, որ տարօրինակ է աշխարհը: Տարօրինակ է, իր տարօրինակութիւններով եւ կողք-կողքի դրուած հրաշալի, զմայլելի եւ ապշեցուցիչ, յուզիչ եւ նոյնքան ալ տխուր ու անարդար պատկերներով։ Տեղ մը արդարութիւնը պէտք եղածէն աւելի մեծ ներկայութիւն է, իսկ ուրիշ տեղ՝ բացարձակ բացակայութիւն։ Հայուն մահուան եւ տխրութեան միջեւ, կարծես հաց ու աղը անբաժանելի դարձած են:

Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս երբեմն մտածումներն ու զգացումները աւելի եւս իրենք զիրենք կը պարտադրեն, ու կ՚անհանգստացնեն մարդ արարածը:

Ճիշդ է, որ թէեւ սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք, սակայն եւ այնպէս մեզի համար հայրենիքը մեր երակներուն մէջ արիւն է եւ մեր հոգիներուն մէջ ալ՝ մարմին: Բոլորս ալ հայ ենք ծնունդով եւ հոգիով ու նոյնքան ալ գիտակից համոզումով եւ կայծ բռնող բառերով: Ու այս մէկը իսկապէս որ անկեղծ եւ լուրջ պաշտամունքի մեր բաժինն է: Ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Բայց ճշմարտութիւն է, որ ի տես այս պատերազմին, մեր բանականութիւնը տեղ մը կանգ առաւ աշխարհի դիմաց: Մեր դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը նստաւ: Տխուր պատկերներ ուրուագծուեցան սփիւռքի եւ հայրենիքի հորիզոններուն վրայ: Ականատես եղանք անմեղներու արցունքներուն: Ճակատագրի բերմամբ՝ անբնական կացութիւն: Հեղեղի նման մենք երիտասարդ արիւն կորսնցուցինք, մեր հողերուն հետ: Զաւակներ զոհուեցան՝ իբրեւ օրհնութիւն: Եւ ապա հաստատեցինք, թէ կեանքը անակնկալներու երկար ու կարճ շարք մըն էր, միշտ փոփոխական: Բայց նաեւ աւելցնեմ, որ մեր պատմութեան ընթացքին, մենք երբեք մեր յոյսն ու լոյսը չենք կորսնցուցած: Անոր համար գոյատեւած ենք:

Արդ, ինչպէ՞ս երթեւեկել ներկայ քաղաքական պայմաններու մէջ, որովհետեւ տակաւին մեր երկրին մէջ ամէն բան կարգին չէ: Կարծես մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը կորսնցուցած ենք: Ծանր պատերազմ տեսած, ապրած եւ պարտութիւն կրած երկիր մը, իր ներկայ ընթացքով ինչպէ՞ս պիտի կրնայ իր կեանքը շարունակել: Հայ մտքի բանալին կարծես կորսնցուցած ենք: Անոր համար տակաւին վարանում մը կայ մեր բոլորին մտքերուն մէջ:

Ու ամէն առիթով շեշտած ենք, թէ պէտք է գիտակցիլ եւ օր առաջ լուծում գտնել: Երկրի ու կեանքի թաքուն ձայներուն ականջ տալ: Հոգեկան կապը պահել: Մեր իսկական եւ պատմական ինքնութիւնը որոնել: Այնպէս կ՚երեւի, թէ ազգովին տակաւին պատրաստ չենք յետպատերազմեան ծանր, ցաւալի եւ տխուր իրականութիւնը յանձն առնելու: Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է: Մեզի հզօր երկիր եւ պետականութիւն է պէտք: Լաւ յիշենք, մեր սխալներէն շատ տուժած ենք: Ներկայիս ամէն բան կարգին չէ: Շօշափելի իրականութիւն է այս մէկը: Անոր համար միշտ կ՚ուզեմ յուսալ եւ հաւատալ: Բառերս կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ունին, եւ երազներս ոչ միայն ինծի հետ կը քալեն, այլ մտքիս մէջ կը լողան ու երակներուս մէջէն ինծի հետ կը խօսին: Ուղղակի ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն:

Այս իրավիճակէն մեկնած տեսանելի են նաեւ, թէ երէկի մեր վազքերը տեղքայլի մէջ են եւ ներշնչող իրականութիւնը՝ ցնդած: Խօսիլ, գրել, եւ մտածել, այո՛, բայց ի՞նչ սրտով, երբ հայու կեանքը մխիթարական բան մը չունի: Տակաւին հարցեր կան ցցուն ժայռերու նման: Ուստի այս օրերուն բացի անտարբերութենէ, ամէն բանի կարիքը ունինք: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է շատերու մօտ վերագտնել զայն: Ճիշդ է, որ ամէն տեղ ներկայ է հայ հանճարը եւ հայ մտքի շունչին հետ ալ հայ հոգիի թռիչքը:

Ու այս ուզածս կամ փափաք-երազս սրտիս զարկերուն հարազատ արձագանգն է: Բայց, լաւ յիշեցէ՛ք, այս մտքի շարունակութիւնը, մեր իւրաքանչիւրէն կախեալ է:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com 

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021