ԿԱԹԻԼՆԵՐԸ
Սառցաշիթերէն կաթիլ-կաթիլ ջուր կը հոսի:
Արեւուն ջերմութենէն կը հալի սառը,
ձիւնածածկերը կը խտանան,
կը բարակնան հետզհետէ,
ձիւնէն յագեցած հողը ծիլեր կ՚արձակէ,
կը փսխէ կարծես ջուրէն, սառէն խեղդուած
կոկոններ կը գոյանան ձնծաղիկներու:
Աւետում մ՚է տեղի ունեցածը
գարունն է, որ դռներ կը թակէ
ու ձմրան ցուրտին հեռանալուն մասին կը փսփսայ:
Գարուն ծնող երկունքն է,
որուն ցաւերով գալարուող ձմրան քրտինքն է, որ կը հոսի կարծես,
արցունքը՝ այդ ցաւերու տապլտկումէն գոյացած:
Ներսերէն, պատուհաններուն ետին նստած կը դիտէ ամէն ոք: Կը դիտէ սահմանագծին նոր զոհուող զինուորի մը հարազատը, ու արցունք մըն ալ ինք կը հոսեցնէ բնութեան ընկերանալով: Կը դիտէ ձախող ամուսնութենէ տառապող, սէր որոնող կինը՝ թաց աչքերով: Սառը շիթ-շիթ կը կաթի անտուն ու անօթեւան, փողոցը նստածի մը վրայ, որ հազիւ զգացած արեւուն ջերմութիւնը կը ստիպուի լքել իր ջերմացուցած այդ վայրը եւ սպասել մօտալուտ գարնան գալուստին:
Թիք, թիք, թիք երաժշտութիւն մ՚է որ կը գոյանայ կաթիլներու հպումէն:
Կաթիլ-կաթիլ կը հալի ամիսներու կուտակումը. սառած ձիւնի կաթիլները կը հոսին մի առ մի, արեւ տեսած են անոնք վերջապէս:
Գարունը կը դիմաւորէ նաեւ սիրոյ տօները հայկական: Սուրբ Սարգիսի, Տեառնընդառաջի հետ կը թեւածէ սէրը մերթ խոստումի տեսքով, մերթ՝ աղօթքի, մերթ՝ համբոյրի:
Ու աւանդութիւններուն ընկերանալով արագահաս Սուրբ Սարգիսը կու գայ սիրող սրտերը ջերմացնելու: Տեառնընդառաջին խարոյկներ կը վառին, կը բոցկլտան եկեղեցիներուն շրջաբակերուն մէջ, հրապարակներուն վրայ: Ամէն ոք իւրայատուկ ձեւով կը բերէ իր մասնակցութիւնը: Երիտասարդներ, մանուկներ պատանիներ շուրջպար բռնած կ՚երգեն ու կը պարեն. սիրահար զոյգեր, նորապսակներ մաղթանք մը գրկած կը ցատկեն խարոյկին վրայէն: Անդին, ծերունի մը իր տան այս տարուան թարմ տօնածառը կը բերէ ու կը նետէ խարոյկին մէջ, հաւատքով կը նետէ ան, ցանկութեամբ մը, ներսէն բխող փափաքով մը, որ թերեւս այս տօնածառը զարդարած օրուընէ պահած է սրտին խորքը: Խարոյկին բոցը կը բարձրանայ դէպի վեր, շատ վեր ու կարծես ծուխը կը հասնի աղօթքներուն, մաղթանքներուն ու աղերսներուն հետ միահիւսուած, կը հասնի տեղն իր, ուրկէ ի պատասխան պիտի գայ օրհնութիւնն արարչական, հաւատքն է որ լեցուցած է ամբողջ երկնակամարը, Տըրնդէսն է որ դարմանը պիտի տեսնէ ամէն ինչի:
Խարոյկէն վառած մոմերն ու լապտերները կը սփռեն խարոյկին լոյսը ամբողջ քաղաքին մէջ, տուներէն ներս կը մտնեն անոնք, որպէս օրհնանք, որպէս աղօթք, որպէս խորհրդանիշ չարի խափանման ու հեռացումին: Սէր ու ջերմութիւն կը բուրէ ամէն տեղ:
Միջոց մ՚է, արտայայտութիւն մ՚է աղերսանքի ու շնորհակալութեան երեւոյթ մ՚է պարզուածը, որ կու գայ շա՜տ հիներէն, երբ մարդ արարածը սկսաւ հաւատալ տիեզերական զօրութեան մը գոյութեան, եւ հետզհետէ այդ զօրութիւնը ստացաւ արարչական իր գոյութեան փաստն ու անունը:
Սառցաշիթերը շիթ-շիթ կը հոսին, ամիսներով քար դարձած սառերը կը հալեցնէ եղանակի ջերմութիւնը, սակայն կան մարդկային սառած սրտեր ու խղճեր անհամար, գարուններ կու գան ու կ՚անցնին, ամառներու տօթակէզ արեւներ կը շրջին, բայց անոնք տակաւին սառած, այլ քարացած խիղճերով կը թափառին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ