ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ՄԻ ՔԱՆԻ ՆՇՈՒՄՆԵՐ

Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Թեհրանի մէջ…

Տասներկու օր ետք՝ փետրուարի 27-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Իրան։ Բաւական սպասուած կը համարուի այս այցելութիւնը, որ Փաշինեանի համար առաջինն է՝ Հայաստանի համար զանազան առումներով ռազմավարական գործընկեր համարուող Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։ Այս այցելութիւնը կը կրէ կարեւոր երկու հանգամանք. մէկ կողմէ Փաշինեանի առաջին այցն է դէպի շիի-իսլամներու հիմնական տիրոյթ համարուող երկիր, իսկ միւս կողմէ՝ անցեալ գարնան սկիզբ առած գործընթացներէն ետք զանազան վերլուծաբաններ, լրատուական ծառայութիւններ եւ Արեւմուտքի մօտիկ համարուող կողմեր փորձեցին այն տեսակէտը տարածել, ըստ որուն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները կրնան վտանգուիլ։

Ի դէպ, շատ փայլուն կերպով կ՚երեւի, որ Փաշինեան ու իր վարչախումբի մեծ տոկոսը ոչ մէկ լուրջ տարակարծութիւն ունին Իրանի հետ։ Յստակ է նաեւ, թէ պաշտօնական Թեհրանը եւս, որ մօտէն հետեւեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ամբողջ ընթացքին, որեւէ պարագայի, որեւէ ձեւով անհանգստութիւն չարտայայտեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին։ Իրանցիներուն համար մեծագոյն խնդիրը այն չէ, որ ո՛վ կը ղեկավարէ Հայաստանը, այլ այն է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ի՛նչ հիմքերով եւ ի՛նչ մօտեցումներով յառաջ պիտի տանի երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Այս բոլորէն անդին հաշուի պէտք է առնել, որ այսօր ի՛նչ իրավիճակի մէջ է Իրանը։ Հայաստանի դարաւոր հարեւանը, որ օրեր առաջ նշեց «Իսլամական յեղափոխութեան» յաղթանակի 40-րդ տարեդարձը, յայտնուած է բաւականին բարդ դրութեան մը առջեւ։ Խօսքը մանաւանդ 2015-ին Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Կորիզային համաձայնութեան» (որ աւելի յայտնի են 5+1 համաձայնութեամբ) տապալման մասին է, որուն հիմքով ալ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ ազդանշանը կու տար Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու փուլին, որ Իրանը կը դնէր բաւականին դժուար ճանապարհի մը վրայ։

Բաց աստի, կար նաեւ Իրանի հանդէպ օրէ օր աճող շրջանային հետաքրքրութիւնը, որուն գլխաւոր դերակատարները դէպքերու ընթացքէն անդին նաեւ հետամուտ էին, որ Իրան տապալի... Այն երկիրները, որոնք ցայսօր ալ կը համարուին Արաբական ծոցի սիւննիներու գլխաւոր ռահվիրաները, կը շարունակեն այս կամ այն կերպով սատար կանգնիլ ամերիկացիներուն՝ օր առաջ վնասելու եւ չէզոքացնելու համար շիի յառաջատար ուժը՝ Իրանը, որ իրենց համար վտանգ կը համարուի։

Ահա այս ընդհանուր պատկերին վրայ է, որ Փաշինեան Թեհրան պիտի այցելէ։ Յստակ կը դառնայ նաեւ, թէ շրջանային այցելութիւններու առումով այս մէկը առանցքային կարեւորութիւն ունի Փաշիեանի համար։ Այս այցի շնորհիւ Հայաստան պիտի փորձէ լաւագոյնս աշխուժացնել Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց բազմաթիւ երեսակներուն վրայ, այն այլ շարք մը վերլուծաբաններու տեսակէտով՝ կան, գոյութիւն ունին վերատեսութեան եւ բարեփոխման արժանի մէկէ աւելի խորքային հիմնախնդիրներ։

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ՀՐԱԺԱՐԱ՞Ծ ԵՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԷՆ

Մեր մտքերուն մէջ թարմ է Ամերիկայի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճոն Պոլթընի Մոսկուա, ապա Կովկաս տուած այցելութիւնը։ Այդ մէկը կը կայանար անցեալ հոկտեմբերին, ճիշդ այն օրերուն, երբ Տանըլտ Թրամփ կը յայտարարէր, որ ընթացք առած է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու նոր փուլը։ Բազմաթիւ մեկնաբաններ խոշորացոյցի տակ կ՚առնէին Պոլթընի այցելութիւնը եւ զանազան մեկնաբանութիւններով կը փորձէին հասարակաց գիծեր գտնել մէկ կողմէ Իրանը թիրախ դարձուցած ամերիկեան պատժամիջոցներուն եւ միւս կողմէ ալ Հայաստանի ունենալիք հաւանական դերակատարութեան մասին։ Բնականաբար ամերիկեան վարչակազմին կողմէ Հայաստանի համար «նախատեսուած» որեւէ միտք կամ գաղափար պիտի մնար խորհրդապահական ու յստակ էր նաեւ, որ այդ աշխատանքներուն մէջ վարպետագոյն համարուած Ճոն Պոլթըն Երեւանի, Պաքուի կամ նոյնիսկ Թիֆլիզի մէջ պիտի ունենար շատ «նրբակերտ» ելոյթներ՝ առանց անդրադառնալու բանալի խնդրի իրական երեսակներուն։

Ինչ պահանջած կրնար ըլլալ Ճոն Պոլթըն Երեւանի նոր վարիչներէն, ցարդ յստակ չէ. սակայն յայտնի էր, որ Ամերիկայի կողմէ դէպի Կովկաս «բացուելու» քաղաքականութեան նոր շեշտադրումները անմասն պիտի չմնային իրանեան թղթածրարէն։

Նոյն գետնի վրայ աւելի քան յստակ էր, որ Միացեալ Նահանգներ լաւ կը ճանչնար Հայաստանի ընդհանուր կարգավիճակը, նաեւ քաջ գիտէր, թէ Հայաստանի համար Իրանը ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ ոչ միայն բարեկամ-հարեւան պետութիւն մը, այլեւ՝ ռազմավարական-մարդասիրական կարեւոր անցք-երկիր մը։ Ամերիկացիները նաեւ լաւ գիտէին, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն համար գրեթէ անընդունելի է, թէ իրենք՝ պաշտօնական Երեւանը յայտնուի «կրակին մէջէն» շագանակ հանողի ոչ նախանձելի կարգավիճակին մէջ։ Հաւանաբար այդ գիտակցութիւնն է, որ ցայսօր ալ ամերիկացի վարիչները հեռու պահեց Կովկասի մէջ նոր արկածախնդրութիւններու երթալու Պոլթընեան վտանգաւոր գաղափարներէն։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾԸ՝ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐՇՆՉԵԼ ԹԵՀՐԱՆԻՆ

Անցեալ գարնան՝ երբ ընթացք առին «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջին քայլերը, արաբական բազմաթիւ լրատուակայաններ իրենց հաղորդումներուն մէջ մեծ տեղ տուին Հայաստանի համար աննախընթաց համարուող զարգացումներուն։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ այս տողերը գրողին առիթ վիճակուեցաւ ուղիղ եթերի մը ճամբով խօսիլ «Ալ Մայատին» արաբական կայանէն, որ այսօրուան կտրուածքով կը համարուի արաբական աշխարհի ամենէն կայուն եւ ազդեցիկ ալիքներէն մին։

Հետաքրքրականը այն էր, թէ արաբ լրագրողը, որ բաւական տարողունակ կերպով տեղեկացուած էր Հայաստանի դէպքերէն, առանց բառերը ծամծմելու «անվստահութիւն» կ՚արտայայտէր Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ՝ նկատել տալով, որ այդ դէպքերուն եւ յեղափոխութեան ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները։ Ան իր խօսքը հիմնաւորել փորձելով մէջտեղ կը հանէր Վրաստանի օրինակը եւ կը նշէր, թէ շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ փուլին Հայաստան դառնայ ամերիկեան զինուորական խարիսխ։

Այս բոլորին դիմաց ես կ՚ունենայի կարճ վերլուծութիւն մը եւ խօսակիցիս կը բացատրէի, որ Հայաստանի երիտասարդ վարչապետը կամ այդ օրերուն դեռ ընդդիմութեան «ղեկավարը» կը պատկանի այն սերունդին, որ լաւ կը յիշէ Իրանի ունեցած դրական դերակատարութիւնը, որ սոսկ մարդասիրական անցք մը տրամադրել չէր, այլ աւելին։ Անշուշտ խօսքս կ՚ամրագրէի նաեւ այն պատմական փաստով՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կան, գոյութիւն ունին աւանդական կապեր, որոնք միշտ եղած են բարեկամական ու անկեղծ։

Ճիշդ է, որ խօսակիցս մեկնելով իր լրագրողի կեցուածքէն՝ ամբողջական համոզում չարտայայտեց իմ ներկայացուցած փաստարկներուն, սակայն զգալի էր, որ անոր շեշտադրումները փոփոխութիւն կը կրէին։

Այսօր ալ, երբ Հայաստանի վարչապետը կը պատրաստուի Թեհրան այցելել, անոր առջեւ կայ մէկ ու միակ կարեւոր խնդիր մը. ինչպէ՞ս ընել եւ ինչպէ՞ս բացատրել, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները անքակտելի են, որովհետեւ նախեւառաջ անոնք հիմնուած են անկեղծութեան եւ բարեկամութեան ամուր յենարաններու վրայ։

Իրանցիք շատ լաւ գիտեն, շատ լաւ կը հասկնան, որ ոչ մէկ կերպով՝ ո՛չ այսօր եւ ոչ ալ մօտիկ ապագային Հայաստան կրնայ փոխել իր դիրքորոշումները այդ երկրին հանդէպ ու ամենակարեւորը այն է, որ Հայաստանի իրական եւ վերջնական դիրքորոշումին մասին անոնք պիտի լսեն նոյնինքն վարչապետ Փաշինեանի բերնէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019