ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ. «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՃՈԽՈՒԹԻՒՆԸ»

Սուրիա ծնած եւ մեծցած, Հայաստանի մէջ ուսում ստացած եւ ներկայիս Քուէյթի մէջ ապրող եւ հայ համայնքին իր օժանդակութիւնը մատուցող երիտասարդ բանասէր, ուսուցիչ պրն. Ճորճ Արապաթլեանին հետ ունեցանք շահեկան եւ անկեղծ հարցազրոյց մը, յատուկ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար:

*

-Յարգելի պրն. Ճորճ, դուք Սուրիա ծնած եւ նախնական կրթութիւնը այնտեղ ստացած էք, ապա Հայաստանի մէջ ուսանած էք, իսկ ներկայիս Քուէյթի մէջ կը բնակիք: Հայուն յատուկ կեանք մը. կը խօսի՞ք մեզի ձեր կեանքի այդ հանգրուաններուն մասին:

-Ծնած ու մեծցած եմ Հալէպ, Նոր Գիւղ շրջանին մէջ։ Մեր թաղը հայաբնակ էր: Հոն կը գտնուէին Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, Ազգային Սահակեան ու Զաւարեան վարժարանները (իրենց մանկապարտէզներով), Մարտիկեան ու Տիգրանեան ակումբները, ինչպէս նաեւ ազգային բազմաթիւ շէնքեր ու արհեստանոցներ, ուր կը բնակէին եւ կ՚աշխատէին միայն հայեր։ 2000 թուին մեր շէնքին ներքնայարկը փոխադրուեցաւ Ազգային «Արեւելք» տպարանը, որուն կէս դարեայ գրաշարը եղած է մեծ հայրս «Արեւելքի Ճորճը»։

Յաճախած եմ Ազգային Հայկազեան վարժարանը, այնուհետեւ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը։ Հայրս՝ Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեանը, մեր թաղի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագերէց քահանան է: Ան եղած է նաեւ իմ առաջին ուսուցիչը։ Փոքր տարիքէս առաջնորդած է զիս եկեղեցի, ուր հետաքրքրութիւններս աճեցնելու պարարտ հող գտած եմ: Առաջին անգամ հո՛ն կարդացած եմ հայերէն, հո՛ն երգած ու նուագած եմ (դաշնամուր)։ Առաջին անգամ եկեղեցւոյ դպիրներուն հետ ֆութպոլ խաղացած եմ:

Մեր տան գլխաւոր զարդը հօրս պատկառելի գրադարանն է, որ 2000 կտորէ աւելի գիրք կը հաշուէ։ Գիրքին հանդէպ սէրը իրմէ առած եմ։

Երբ տասնեօթ տարեկան էի, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած Հայոց լեզուի եւ գրականութեան համահայկական ողիմպիականին մասնակցելու համար, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան մեկնեցայ։ Ձեռք բերած յաջողութիւններս առիթ եղան, որ ընտրեմ բանասէրի եւ մանկավարժի մասնագիտութիւնը: Հետեւաբար, 2006 թուականին կրկին մեկնեցայ Հայաստան եւ ընդունուեցայ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժինը: Ուսումնառութիւնը աւարտեցի 2010 թուականին: Հայաստան մնացած չորս տարիները նոր գիտելիքներ ամբարելու եւ նոր փորձառութեան կարեւոր շրջան մըն էին. նորովի ճանչցայ ու սիրեցի Հայրենիքս՝ սփիւռքահայու վերացական ապրումներէն հեռու:

-Յաճախ կը լսենք, կը կարդանք, որ սփիւռքի մէջ օր օրի սկսած է դժուարանալ հայապահպանութիւնը, բազմաթիւ գործօններ նկատի ունենալով: Այսօրուան հայ երիտասարդին հետաքրքրութիւնները կարծէք ամէն ինչի ուղղուած են, բացի հայկականութենէն: Ի՞նչ են պատճառները եւ ի՞նչ միջոցներ կարելի է որդեգրել կարենալ առաջքը առնելու համար ստեղծուած այս դժուար վիճակին:

-Հայապահպանումը հաւաքական ճիգ պահանջող աշխատանք է։ Հայապահպանումը կը նմանցնեմ խոպան հողի վրայ մրգաստան շինելու աշխատանքին. անընդհատ պիտի ջրես, պարարտանիւթ տաս, փուշերն ու օտար նիւթերը հեռացնես…: Եթէ միասնաբար չգործեն հայ դպրոցը, եկեղեցին, ազգային միութիւնները՝ հայապահպանումը կը նահանջէ։

Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, սփիւռքի մէջ հայապահպանումը հիմնական եւ թիրախային աշխատանք էր։ Իսկ անկախութենէն ետք, երբ Հայաստան դարձաւ նիւթական ներկայութիւն, հայապահպանութեան ի խնդիր գործադրուող ջանքերը նուազեցան։ Հայակեդրոն աշխատանքները վերածուեցան Հայաստանակեդրոն աշխատանքներու։

Հայապահպանութեան վտանգող այլ խնդիրներ ալ կան։ Արհեստագիտութեան զարգացման այս դարուն, կրթութիւնը ամենէն ետեւ մնացած բաժինը եղաւ ընդհանրապէս։ Այստեղ հարցը միայն հայեցի դաստիարակութեան չի վերաբերիր, այլ՝ կրթութեան ընդհանրապէս։ Հարկ է, որ կրթութիւնը զուգահեռաբար ընթանայ աշխարհի զարգացումներուն։

-Ձեր պատասխանէն մեկնելով, կրնա՞նք ըսել, որ ձեր նախաձեռնութիւնը դիմատետրի վրայ (Baron George Պարոն Ճորճ - https://www.facebook.com/BaronGeorge2)՝ միտուած արեւմտահայերէն ուսուցանելու, այդ միջոցներէն մէկն է: Կրնա՞ք մանրամասն ներկայացնել ձեր բացած էջին նպատակը եւ դրդապատճառները՝ յատկապէս, որ կամաւոր կերպով մղուած էք այդ քայլին, ինչ բանը վառ ապացոյց է ձեր ունեցած սիրոյն արեւմտահայերէնին նկատմամբ:

-Այո՛: Թագաժահրը փոխեց համայն մարդկութեան կեանքին ձեւը։ Ու թէեւ առողջական ու միջանձնային յարաբերութեանց առումով բացասական վիճակներ եղան, այսուհանդերձ շատերու առջեւ բացուեցան զարգանալու նոր հորիզոններ։ Բժիշկներէն ետք՝ գլխաւոր մարտահրաւէրը կարծեմ ուսուցիչներուն նետուեցաւ. ուսումը դարձաւ հեռավար եւ առցանց։ Ուսուցիչէն պահանջուեցաւ կարճ ժամանակուան ընթացքին հմտանալ հեռավար ուսուցման, եւ ըլլալ առաւել ճկուն ու յստակ:

Այս ընթացքին սկսայ հայերէնի մասնաւոր դասեր տալ՝ առցանց։ Նկատեցի, թէ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերու պահանջքը՝ հայերէնի իմացութեան, կը տարբերի մեր ընկալած պահանջքէն։ Սա եղաւ հիմնական պատճառը, որ մտածեմ էջ մը հիմնել բոլորին պահանջքները բաւարարելու համար։

Փորձը ցոյց տուաւ, թէ ինչքան խտացնես ըսելիքդ, այնքան աւելի լաւ կ՚ընկալուիս։ Աշակերտը համակ ուշադրութեամբ կարող է առաւելագոյնը տասը վայրկեան լսել ուսուցիչին։ Մնացեալ ժամանակը պէտք է վերաքաղես, վարժութիւններ լուծես ու ամրապնդես գիտելիքը։ Հոսկէ մեկնած՝ որոշեցի կարճ տեսերիզներով եւ աշակերտներուն (ոչ միայն) հաճելի ձեւով ներկայացնել մէկ դաս՝ առաւելագոյնը հինգ վեց վայրկեան տեւողութեամբ։ 

-Երբ ձեր էջը թերթատենք, այնտեղ կը նկատենք, որ ձեր որդեգրած ձեւը կամ աւելի ճիշդ լեզուի մատուցման կերպը որոշ տարիքի մը համար չէ, այլ մանուկներէն մինչեւ տարեցները կրնան հաճոյքով հետեւիլ եւ կամեցողութեան պարագային շատ բան սորվիլ: Յետագային նո՞յն ձեւով պիտի շարունակէք, թէ տարբեր ծրագիրներ ունիք:

-Հայերէնը՝ բոլորին համար։ Սա է Պարոն Ճորճ էջին հիմնական սկզբունքը։ Գիտեմ, որ հայերէնով շատեր հետաքրքրուած են: Անոնց մէջ կան ե՛ւ դպրոցական աշակերտներ ե՛ւ դպրոցը շատոնց աւարտած մարդիկ։ Էջին մէջ կրնաք գտնել զանազան մակարդակի կարճ դասեր՝ ե՛ւ հայերէն նոր սորվողի, ե՛ւ հայերէնի մէջ հմտանալ ուզողի համար։ Ծրագիր ունիմ յետագային նոյնիսկ հայ գրականութեան ալ անդրադառնալ։

-Վերջերս Հայաստանի իշխանութիւնը Արեւմտահայերէնին առընչուած քննարկում կատարած էր, ըստ որում «Կառավարութիւնը նախատեսում է դիտարկել Հայաստանում արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալու օրէնսդրական հնարաւորութիւնները, կազմակերպել արեւմտահայերէնի պահպանութեանն ուղղուած կրթական եւ գիտական միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ ամրապնդուելու է արեւմտահայերէնի կարգավիճակը բարձրագոյն կրթութեան, հանրակրթական եւ լրացուցիչ ուսումնական ծրագրերում». արդեօք այսօր Հայաստանը ի զօրո՞ւ է արեւմտահայերէնի ի պահպանութիւն աշխատանք տանելու:

-Այսպիսի քայլերը բնականաբար ողջունելի են։ Սա առիթ պէտք է ըլլայ, որ արեւմտահայերէնի գործով շահագրգռուած կառոյցները (գլխաւորաբար սփիւռքի մէջ) միակամ աշխատանք տանին եւ արհեստավարժ մօտեցումներով արեւմտահայերէնին դերը բարձրացնեն Հայրենիքի մէջ։ Հայաստանը առանձին ի զօրու չէ արեւմտահայերէնի կարգավիճակը բարձրագոյն կրթութեան աստիճանին հասցնել։

-Աւարտելու համար, ինչո՞ւ պէտք է պահել ու խօսիլ արեւմտահայերէնը:

-Արեւմտահայերէնը պահպանել կը նշանակէ պահպանել հայերէն լեզուի գեղեցկութիւնն ու ճոխութիւնը։ Հայերէնը հայերուս համար միայն հաղորդակցութեան միջոց պիտի չըլլայ, այլ՝ մշակոյթի ձեւ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022