ԱՅՍ ԱՍՈՒՊԻՆ ՓԱՅԼՔԸ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻ՞

Ա­սուպ մըն է կը սա­հի, կ՚եր­թայ. պայ­ծառ երկն­քի աստ­ղե­րուն մէ­ջէն կը սու­րայ ա­րագ, շատ ա­րագ. փայ­լուն ակն­թար­թի մը պէս ան­հետ կը կոր­չի, ե­տին ձգե­լով յուշ մը ան­մո­ռաց, այլ դրոշմ մը, տեղ մը դա­ջուած, որ կը յու­շէ այդ ակն­թար­թին փայ­լա­տա­կու­մը: Եր­բեմն այդ փայ­լա­տա­կու­մին լոյ­սը գիւ­տով մը հարս­տա­ցու­ցած կ՚ըլ­լայ ամ­բողջ աշ­խար­հը, ինչ­պէս՝ լոյ­սի, հե­ռա­տե­սի­լի, հե­ռա­ձայ­նի... ստեղծ­ման պար­գե­ւած նո­րու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հին: Եր­բեմն կը լու­սա­ւո­րէ միտ­քը գրա­գէ­տի մը ու ան կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ ու այդ լոյ­սը կը սփռէ հարս­տաց­նե­լով ըն­թեր­ցող­նե­րուն միտքն ու հո­գին: Եր­բեմն ե­րաժշ­տու­թիւն մը կը յօ­րի­նուի ու ա­րար աշ­խարհ կ՚ըմ­բոշխ­նէ այդ հո­գե­հա­րա­զատ ստեղ­ծու­մը վայր­կեա­նի կա­խար­դան­քին իբ­րեւ ար­դիւնք: 

Ժո­ղո­վուր­դը այս ե­րե­ւոյ­թը մեկ­նա­բա­նած է նաեւ մօ­տա­լուտ գէշ լու­րի մը, ընդ­հա­րա­պէս մա­հուան գոյ­ժի մը ակ­նար­կե­լով. «Հե­ռու ըլ­լայ, ար­դեօք ո՞ր տան մէջ ին­կաւ մա­հուան չա­րա­շուք պա­տա­հա­րը»: Յա­ճախ եր­գե­րու ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու մէջ ալ կը հան­դի­պինք այս բա­ցատ­րու­թեան, Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րէն Թա­թուլ Կրպէեա­նին նուի­րուած եր­գին մէջ այս ե­րե­ւոյ­թով կը գու­ժեն հե­րո­սին մա­հը: Սա­կայն պահ մը կը խոր­հիս, թէ ին­չո՞ւ այս հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թը ա­ղեր­սել մա­հուան գոյ­ժին հետ, ին­չո՞ւ մահ: Մինչ լուս­նին երբ նա­յին, հե­ռա­ւոր սի­րա­հար­ներ, ի­րա­րու դէմքն է որ կը տես­նեն այդ վայր­կեա­նի կա­խար­դան­քին մէջ:

Բազ­մա­հա­զար աստ­ղե­րուն մէջ միայն եր­բեմն ա­սուպ մը կը յայտ­նուի ու ժո­ղո­վուր­դը, ինչ­պէս միշտ, կ՚ա­ղեր­սէ այս բնու­թեան կա­խար­դա­կան ակն­թար­թը ֆի­զի­քա­կան աշ­խար­հի ան­ցու­դար­ձե­րուն հետ:

Հա­մեստ հա­յեացք մը նե­տենք մեր ան­մի­ջա­կան ա­ռօ­րեա­յին, ար­դեօք կը գտնուի՞ն ա­սուպ­նե­րու բար­ձուն­քին հաս­նող ե­րե­ւոյթ­ներ, դէպ­քեր, ակն­թարթ­ներ...:

Պա­տե­րազմ: Կը յի­շեմ այդ ման­կան դիին պատ­կե­րը, որ Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­լիք­նե­րը փսխած էին զայն ու թա­փած ա­փը: Ո՞վ չի յի­շեր այդ ման­կան դին, աշ­խար­հը ար­ձա­գան­գեց ա­նոր գոյ­ժը ու բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ տա­րա­ծուե­ցաւ ա­սու­պի մը ա­րա­գու­թեամբ ըն­դօ­րի­նա­կուե­լով ու ա­րար աշ­խար­հին ի­մաց տա­լով ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րու մա­սին: Ո­ճիր­ներ, ո­րոնք պէտք է կանգ առ­նեն այ­լեւս ու փրկեն այլ մա­նուկ­ներ այս­պի­սի զո­հեր չդար­ձած: Ո­տա­նա­ւոր­ներ ձօ­նուե­ցան, վա­ւե­րագ­րա­կան ֆիլ­մե­րու մէջ օգ­տա­գոր­ծուե­ցաւ այս դի­ւա­յին պատ­կե­րը, ա­յո ան ա­սուպ մը դար­ձաւ զո­հուե­լէն ետք, ինչ­պէս պա­տե­րազ­մի դաշ­տին զո­հուող ան­մեղ զի­նուոր­ներ: Ան շար­ժեց գու­թը ա­րար աշ­խար­հին, ա­յո, բայց վերջ գտա՞ւ պա­տե­րազ­մը, կը կաս­կա­ծիմ, երբ ա­մէն օր կը հա­ղոր­դակ­ցիմ Հա­լէ­պի հա­րա­զատ­նե­րուս հետ ու կը լսեմ ա­նոնց տա­ռա­պանք­նե­րը: Պա­տե­րազ­մը միայն ռմբա­կո­ծու­թիւն չէ, որ կանգ ա­ռած է ա­հա, այլ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հա­րում մ՚է, որ­պէս մարդ ապ­րե­լու ա­մե­նաջն­ջին ա­ռօ­րեա­յի պէտ­քե­րէն զրկանքն է ան­հա­տին: Կրնա՞ք ե­րե­ւա­կա­յել հի­ւանդ ծե­րու­նի­նե­րով տան մը ան­ջուր ըլ­լա­լը: Ինչ­պէ՞ս կրնան հո­գալ ա­նոնք ի­րենց ա­ռօ­րեայ պէտ­քե­րը: Խոս­տում­ներ կը լսուին, թէ ա­զա­տագ­րուած են ջրամ­բար­նե­րու շրջան­նե­րը ու շու­տով պի­տի հաս­նի ջու­րը քա­ղաք, խոս­տում­ներ, միայն խոս­տում­ներ:

Գանք հայ­րե­նիք: Բո­լո­րին ծա­նօթ է այս շրջա­նին հայ­րե­նի­քի մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը: Ընտ­րա­պայ­քար, նա­խընտ­րա­կան փուլ, եւ այլն, եւ այլն: Ցե­րե­կուան աստ­ղե­րուն նման խում­բե­րով կը շրջին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Ա­նոնք կ՚այ­ցե­լեն բո­լոր մար­զե­րը: Ե­լոյթ­ներ կ՚ու­նե­նան հրա­պա­րակ­նե­րուն, սրահ­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ շէն­քե­րու բա­կե­րուն մէջ, կո­չեր կը հրա­տա­րա­կեն, դի­մա­տետ­րի է­ջե­րը կ՚ո­ղո­ղեն ի­րենց մաք­րա­մա­քուր գա­ղա­փար­նե­րով, միտ­քե­րով: Պայ­ծառ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը կ՚ու­րուագ­ծուի դար­ձեալ հա­յաս­տան­ցիին աչ­քե­րուն առ­ջեւ: Բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը անխ­տիր գի­տեն հայ­րե­նի­քի մէջ տի­րող սան­ձար­ձակ վի­ճակ­նե­րը: Գի­տեն, տե­ղեակ են խա­ւե­րու հսկայ տար­բե­րու­թեան մա­սին, գի­տեն, տե­ղեակ են տե­ղի ու­նե­ցող կո­ղո­պուտ­նե­րուն մա­սին, գի­տեն ու մա­նա­ւանդ լա­ւա­տե­ղեակ են ա­նոնք հայ­րե­նի­քէն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տա­րե­կան յի­սուն հա­զար հայ­րե­նա­կից­նե­րու ար­տա­գաղ­թին մա­սին, որ ա­մե­նա­մեծ վտան­գը պէտք է հա­մա­րուի ար­դէն միայն եր­կու մի­լիոն հա­շուող հայ­րե­նի­քի բնակ­չու­թեան հա­մար:

Խոս­տում­ներ կը հնչեն լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րէն, հե­ռա­տե­սի­լի հայ­կա­կան ա­լիք­նե­րէն։ Խոս­տում­նե­րով լոյս կը սփռեն, յոյս կը սփռեն, գա­լիք օ­րե­րու ու տա­րի­նե­րու մա­սին լա­ւա­տե­սու­թեան ա­լիք կը բարձ­րաց­նեն ա­նոնք: Խոս­տում­ներ, զորս շատ լսած է ժո­ղո­վուր­դը ու շատ ար­ծար­ծուած են այս նիւ­թե­րը, ջու­րի նման ծե­ծուած ու ծե­ծուած ան­դա­դար: Ժո­ղո­վուր­դը հար­կաւ գի­տէ, թէ փո­փո­խու­թիւ­նը ա­րագ ըն­թացք չ՚ու­նե­նար, բայց սկիզբ մը կ՚ու­նե­նայ, չէ՞: Այդ սկիզ­բի յոյսն ալ մա­րած է ա­նոնց հո­գի­նե­րուն մէջ եր­բեմն: Մար­դիկ կանգ­նած կը հե­տե­ւին ան­ցու­դար­ձին, ե­րի­տա­սարդ­ներ կը խան­դա­վա­ռուին ու կ՚ո­րո­շեն ո՞ր կու­սակ­ցու­թեան քուէար­կել: Տա­րեց­ներ, հանգս­տեան կո­չուած­ներ, կար­ծես զզուանք կը զգան այս խօս­քե­րուն ի լուր: Ծե­րու­նի մը մտո­վի կը խոր­հի, թէ ար­դեօք պէ՞տք է որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ միայն ըլ­լան այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, կամ ըլ­լա՞ն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, խօս­քեր թուղ­թի վրայ. ե­թէ տե­ղեակ են բո­լո­րը, հա­պա ին­չո՞ւ գործ­նա­կան քայ­լեր չեն առ­նուած մինչ օրս, ե՞րբ պի­տի առ­նուին այդ բա­րե­փո­խում­նե­րուն նա­խա­քայ­լե­րը, կամ պի­տի առ­նուի՞ն ընդ­հան­րա­պէս:

Մենք եւս ծե­րու­նիին պէս կը շրջինք ու կը լու­սա­ւո­րուինք ցե­րե­կուան աստ­ղե­րուն փայ­լա­տա­կու­մով, կը սպա­սենք այն պա­հին, երբ այս աստ­ղե­րէն մէ­կուն փայ­լա­տա­կու­մը ա­սու­պի մը պէս շո­ղայ ու եր­բեք չմոռ­նանք այդ շո­ղին ար­գա­սի­քը: Յոյ­սով ենք:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017