ԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԸ, ԵՐԲ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԵՆ

Քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք անհանգիստ վիճակով աշխատանքի կ՚երթան. ոմանք ծայրայեղ պարտաճանաչութեամբ, ուրիշներ չափազանցուած զգուշաւորութեամբ, շատեր ալ՝ վախնալով վարպետէն… Անշուշտ անհանգիստ վիճակով աշխատանքի երթալը իր անխուսափելի անպատեհութիւնները ունի. առողջութեան վատթարացում, ապարդիւն աշխատանք եւ այլն: Այս երեւոյթին անդրադարձած է Քափիթըլ կայքը:

*

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՊԵՏԻԴ ԸՍԵԼ, ՈՐ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԵՍ

Անհանգստութեան պատճառով աշխատանքէ բացակայողներուն թիւը, ըստ ուսումնասիրութիւններու, վերջին քսան տարիներուն բաւական նուազած է: Եթէ 1990-ական թուականներուն տարին միջին հաշուով աշխատաւոր մը անհանգստութեան պատճառով եօթ օր կը բացակայէր, այժմ այդ թիւը նուազած է եւ հասած՝ չորսի:

«Դժուար է այս փոփոխութիւնը վերագրել բժշկութեան ընդհանուր յառաջդիմութեան, մարդիկ անպայման աւելի նուազ չեն անհանգստանար», կ՚ըսէ Քայլի Այնսիլ՝ Լոնտոնի Արքայական քոլէճի ուսումնասիրողներէն:

Փոխարէնը՝ մասնագէտները կը նշեն, որ պէտք է մեղադրել աշխատանքի փոփոխուող մշակոյթը, որ անհանգստութեան արձակուրդին շուրջը խառնաշփոթ ստեղծած է:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ գործատէրերու, տնօրէններու անվստահութիւնն ու վախը ստիպած են, որ յաւելեալ թիւով հիւանդ աշխատաւորներ գործի գան: Հարբուխի եղանակը ընդհանրապէս դեկտեմբերէն փետրուար կ՚երկարաձգուի: Այդ ժամանակամիջոցին է, որ բացակայութիւնները կը բազմանան: Տարուան ամենէն ցուրտ շրջանն է, երբ տենդախառն հարբուխը արագօրէն վարակիչ կ՚ըլլայ:

Բժիշկները համաձայն են, որ հարբուխի կանուխ փուլերուն՝ առաջին երկու օրուան ընթացքին, երբ վտանգը կը գտնուի ամենէն բարձր մակարդակի վրայ, տունը մնալը կարեւոր է թէ՛ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց գործընկերներուն առողջութեան համար:

Բրիտանիոյ մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ աշխատաւորներուն շուրջ 40 առ հարիւրը չ՚ըսեր իր տնօրէնին իսկական պատճառը, երբ կը հեռաձայնէ անհանգիստ եղած ատեն, վախնալով, որ կը յանդիմանուի կամ անվստահելի կը դառնայ:

Անբախտ մարդոց համար, որոնց գործատուները աշխատանքէ չբացակայելու ճնշում կը բանեցնեն, գիտնալը, թէ ինչպէ՛ս արդիւնաւէտ հաղորդակցիլ ազատ օրուան մը պահանջին մասին, կարեւոր քայլ է ինչպէս իրենց առողջութեան եւ արտադրողականութեան, այնպէս ալ աշխատակիցներու պահպանութեան ուղղութեամբ:

ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՇՄ

Ուրեմն ինչո՞ւ շարք մը գործատուներ աշխատաւորին անհանգստութեան հանդէպ անտարբեր են:

Մինչ նոր արհեստագիտութիւնները եւ ակնթարթային հաղորդակցութիւնը թափանցած են համաշխարհային առեւտուրի ասպարէզ, աշխատանքային նոր ներուժ, աշխուժութիւն մը ստեղծուած է: Կախուած արհեստագիտութենէն՝ գրասենեակին մէջ գտնուիլը այլեւս անհրաժեշտ չէ արտադրողական ըլլալու համար: Բազմաթիւ աշխատողներ յագեցած են բոլոր անհրաժեշտ սարքերով, գործիքներով՝ համակարգիչ եւ ՈւայՖայ, գրասենեակէն հեռու աշխատելու համար:

Սակայն որեւէ վայրի մէջ աշխատելու ազատութեան հետ յառաջացած է անվստահութեան ալիք մը տնօրէններու կողմէ, որոնք չեն կրնար հետեւիլ, հսկել իրենց ենթականերուն:

Մարդկային աղբիւրներու առեւտրական «Սթայլզ» ընկերութեան փոխ-տնօրէն Ճորճ Պուէ կ՚ըսէ. «Դրոշմը կու գայ աւելի հին սերունդներէն: Անոնք բնաւ չեն ընդունած, որ անձ մը կրնայ նոյն արդիւնաւէտութեամբ աշխատիլ տունէն: Ատիկա կ՚արտացոլայ՝ որպէս դիմադրութիւն ապակեդրոնացած աշխատավայրի հայեցակարգի մը, ուր աշխատակիցներուն կը վստահին իրենց գործի ատեն:

Անվստահութեան եւ առաւելագոյն արտադրողականութեան մնայուն ձգտումի համադրութիւնը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը տնօրէններ հիւանդութեան կապուած բացակայութիւնը այդպիսի քննադատական աչքով նային:

Ուսումնասիրութեան մէջ գործատուներու, տնօրէններու միայն 42 առ հարիւրը ընդունած է, որ հարբուխը բաւարար չափով լուրջ անհանգստութիւն է, որպէսզի ենթական բացակայի: 40 առ հարիւրը նոյնը ըսած է կռնակի ցաւի, կամ որեւէ վիրաբուժութեան համար:

Ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս բացայայտած է, որ բացակայելու, տունը մնալու պատճառին մասին աշխատաւորները աւելի հաւանական է, որ ստեն իրենց գործատուներուն, եթէ պատճառը առընչուած է մտային-հոգեկան առողջութեան (39 առ հարիւրը ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ), քան՝ ֆիզիքական առողջութեան (77 առ հարիւր):

Բայց միայն գործատիրոջ, տնօրէնին վերաբերմունքը չէ, որ մեզի կը ստիպէ աշխատիլ, երբ անհանգիստ ենք: Բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնք անցեալին օրինական եւ մնայուն ժամանակով էին, դարձած են խախուտ եւ անցաւոր՝ խարխափող տնտեսութեան մէջ:

Էտինպորոյի Նափիէր համալսարանի դասախօս Փիթ Ռոպերթսըն 2017-ին գրած է.

«Այսօր աշխատանքը, գործը կրնան ժամանակաւոր ըլլալ՝ ճշդուած ժամկէտով, նախագիծի մը վրայ հիմ-նըւած, կարճ ժամանակով, առանց պայմանագիրի, պատահական, միջնորդութեամբ, ֆրիլենս, արտաքին, անկանոն, անպաշտօն, չյայտարարուած, անապահով, լուսանցքային կամ անկայուն»:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Աշխատանքի վիճակագրութիւններու գրասենեակին, թէ՛ աշխատանքի տեղաբաշխման եւ թէ աշխատանքի բաժանման թիւը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին աճած են: Երբ շրջանառութեան կշռոյթը կը բարձրանայ, զարմանալի չէ, որ աշխատողները խիստ զբաղած են աշխատանքով, նոյնիսկ եթէ անոնք հիւանդ են:

Ասիկա կը կոչուի presenteeism. մարդիկ աշխատանքի կու գան, երբ անոնք հիւանդ են:

ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՈՒԱԾ ԽՆԴԻՐ

Ներկայութիւնը աւելի քան եռապատկուած է վերջին տասնամեակին՝ ըստ Անհատական զարգացման հիմնարկին:

2018 թուականի ուսումնասիրութեան մէջ շուրջ հազար մասնակիցներուն 86 առ հարիւրը ըսած է, որ իրենց կազմակերպութեան մէջ անցեալ տարուան ընթացքին ներկայութիւնը 2010 թուականի 26 առ հարիւրէն բարձրացած է:

Մասնագէտ Կլէն Փարքինսըն 2015 թուականին գրած է. «Գործատուները եւ տնօրէնները այժմ շատ քիչ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն, կամ կ՚աջակցին այն աշխատաւորներուն, որոնք կը տառապին հիւանդութենէ: Այնպէս որ դժուար չէ տեսնելը, թէ ինչո՛ւ աշխատողները կը զգուշանան անոնց հեռաձայնելէ, երբ անհանգիստ են: Գործատուները պէտք է վստահին աշխատաւորներուն՝ անհանգստութեան պատշաճ արձակուրդը առնելու, եւ ուր որ կարելի է, արտօնեն տունէն աշխատիլ»:

Ներկայութիւն արտօնելը շատ աւելի ծախսալից կրնայ ըլլալ ընկերութեան մը, քան՝ ստեղծելը միջավայր մը, ուր մարդիկ զգան, որ կրնան անհանգստութեան համար արձակուրդ առնել: Հիւանդութենէ վարակուած աշխատաւորները աւելի վնասակար են աշխատավայրին մէջ:

Իսկ երբ հարցը կը վերաբերի մտային-հոգեկան առողջութեան կամ հիւանդութեան, մարդոց արտօնելը, որ բուժումի համար կանուխ արձակուրդ առնեն, ապաքինումի ժամանակը աւելի նուազ կ՚ըլլայ:

Ըստ 2013 թուականին Փիցպուրկ համալսարանին պատրաստած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, անհանգիստ վիճակով գրասենեակին մէջ ամբողջ օր մը անցընելը կրնայ աշխատավայրին մէջ 40 առ հարիւրով աւելցնել հարբուխէ վարակուողներուն թիւը: Ուսումնասիրողները գործածած են 500 հազար աշխատաւորներու տուեալները Փենսիլւանիոյ մէջ՝ ստուգելու համար հարբուխի վարակման պայմանները: Պարզուած է, որ 66 հազար հիւանդներ (աշխատաւորներու ընդհանուր թիւին 1.5 առ հարիւրը) վարակուած են աշխատավայրին մէջ:

Մինչ մէկ կամ երկու օր տունը մնալով՝ թէ՛ հիւանդները շուտ ապաքինած են, թէ՛ անոնց գործընկերները առողջ մնացած են:

Խիստ ներկայութեան սովորութենէն հրաժարիլը յստակ օգուտներ ունի աշխատատեղիին մէջ երկարատեւ առողջութիւն ապահովելու իմաստով:

Այն գործերուն մէջ, ուր չկայ պաշտօնական, օրինական ձեւականութիւն, աշխատաւորներուն կը մնայ անհրաժեշտութեան պարագային հաղորդակցիլ իրենց տնօրէններուն հետ այնպիսի ձեւով մը, որ չխանգարէ աշխատանքի ընթացքը:

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ որքա՛ն կանուխ աշխատաւորը իր մեծաւորին տեղեկացնէ, այնքան լաւ է: Անհանգստութեան պարագային, գործատուին հետ կանուխ հաղորդակցիլը երկուստեք նպաստաւոր է՝ բացակայութեան համար ծրագրումի ժամանակ ունենալու: Ամենէն կենսականը՝ անկեղծ, պարկեշտ ըլլալը լաւագոյն ձեւն է անհասկացողութիւններէ եւ տհաճութիւններէ խուսափելու համար:

«Ճիշդ ձեւը հետեւիլն է կազմակերպութեան, ընկերութեան օրէնքներուն, քաղաքականութեան: Ամենէն սխալ ձեւը ստելը կամ չափազանցելն է», ըսած է Մարդկային աղբիւրներու ընկերակցութեան տնօրէն Մարք Մարսըն:

Ան աւելցուցած է. «Երկու տեսակ տնօրէններ, գործատուներ կան: Առաջին խումբը կը հաւատայ, որ աշխատաւորները ի բնէ չեն ուզեր աշխատիլ եւ ուրեմն օրէնքներու պէտք ունին: Այս տնօրէնները կանխատրամադրուած պիտի ըլլան ամենէն վատը մտածելու որեւէ աշխատաւորի մասին, յատկապէս երբ հիւանդութիւնը նշուի որպէս պատճառ աշխատանքէ բացակայութեան:

«Տնօրէններու միւս տեսակը պիտի փորձէ տրամաբանական չափանիշներ հաստատել եւ վստահիլ աշխատաւորներու հասունութեան: Պատասխանատուութիւնը տնօրէններուն վրայ է՝ ստեղծելու մշակոյթ, մթնոլորտ մը, ուր աշխատաւորները իրաւասու զգան անհանգստութեան պարագային արձակուրդ առնելու: Լաւագոյն ձեւը անձնական օրինակով առաջնորդելն է:

«Ասիկա կը նշանակէ տունը մնալ, երբ իսկապէս շատ անհանգիստ կը զգաս, այնպէս, որ քու ղեկավարած խումբդ գիտնայ, թէ կարելի է նոյնը ընել, երբ իրենք լաւ չեն զգար: Նոյնպէս կարեւոր է խուսափիլ հաղորդակցելէ այն աշխատաւորներուն հետ, որոնք անհանգստութեան պատճառով տունն են, բացի եթէ շատ անհրաժեշտ հարց մը ըլլայ:

«Հաւասարակշռութիւնը գտնելը միշտ երկկողմանի պիտի ըլլայ: Աշխատաւորներէն եւ գործատուներէն կը պահանջուի նկատի առնել պատասխանատւութիւններն ու առողջութիւնը միւսներուն՝ նախքան ճնշում բանեցնելը: Մանաւանդ հարբուխի եղանակին, անհրաժեշտ է նուազեցնել ներկայութեան դէպքերը»:

Լաւ գործատու մը պէտք է խոհեմ եւ հասկցող ըլլայ: Ոչինչ կրնայ աւելի սերտ կապ ստեղծել մեծաւորին եւ իր ենթակային միջեւ, քան՝ իսկական, անկեղծ հոգատարութիւն ցուցաբերելը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019