«ՔՈՐՈՆԱ» ՎԱՐԱԿԸ. ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ
Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի գրենք սարսափ տարածող քորոնաժահրի մասին։
Ճիշդ է, որ ընդհանուր առմամբ քորոնայով մահացութեան դէպքերը տակաւին չեն անցած «ընդունելիի» սահմանները, բայց եւ այնպէս, աւելի քան բացայայտ է, թէ վարակը՝ զանազան մակարդակներու վրայ կրցած է ստեղծել, պատկերաւոր ըսած՝ իր ժամանակը։ Այդ ժամանակը կը գրուի ահով, սպասումով ու յաճախ ալ մեծ հարցադրումներով։
Վաղը օր մը, երբ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ ուզեն 2020 թուականի ժամանակներուն մասին յղում մը կատարել, նախ եւ առաջ պիտի յիշատակեն՝ քորոնան եւ պիտի ըսեն. կը յիշէ՞ք քորոնայի ժամանակն էր։
Նոյն առումով ալ աւելի քան ուշագրաւ է, որ վարակը սկսած է գրոհել ոչ միայն մարդոց վրայ, այլ արագ եւ կայծակնային հարուածներ կու տայ համաշխարհային տնտեսութեան ամենատարբեր շերտերուն վրայ։
Յստակ է նաեւ, որ այսօր ծաւալուող զարգացումները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ ելմըտական շուկային վրայ՝ ստեղծելով նոր դժուարութիւններ ու նոր հիմնահարցեր։
Հարցերուն հարցը կը շարունակէ մնալ այն, որ արդեօք քորոնան պիտի կարողանայ համամարդկային նոր փոխհասակցողութիւն մը, գորովագութ մօտեցում մը, խղճամիտ միջամտութեան մը ընդհանուր գիծը կերտել։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որ այսօր ալ կը համարուի աշխարհի տնտեսական հզօրը, այս վարակի պարագային «պապա»ի մը պէս պիտի վարուի ԱՄՆ-ի թիւ մէկ հակառակորդ համարուող Իրանին հետ, որ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը քորոնային հետեւանքով հողին տուած է աւելի հինգհարիւր քաղաքացիներ եւ նոյն վարակին պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած է բաւականին լուրջ եւ տագնապալի իրականութիւն մը։
Կամ թէ եւրոպական երկիրներ, որոնք նոյնպէս կանգնած են բաւական դժուարին պայմաններու առջեւ, պիտի կարողանան քորոնայի դէմ սկիզբ առած իրենց պայքարը յաջողութեամբ պսակել։
Վաղ է անշուշտ այս հարցումներուն վերջնական պատասխան մը տալը, կամ նոյնիսկ ենթադրութիւններ կատարելը, սակայն փաստ է արդէն, ինչպէս վերեւ նշուած է, որ քորոնաժահրի պատճառով աշխարհ մտած է բաւական բարդ եւ մտավախութիւններով լեցուն փուլ մը, որ անշուշտ պիտի կասի, վարակին «յոգնութեամբ» եւ անշուշտ անոր դէմ մարդ արարածին կողմէ ստեղծուելի պատուաստով։
ՈՒՀԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ ՔՈՐՈՆԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՏԱՐԱԾՈՒԻԼ...
Որքանո՞վ քորոնաժահրը վտանգաւոր է մարդուս համար: Որքա՞ն է հաւանականութիւնը մահանալու անոր հետեւանքով: Քորոնաժահրի տարածման զուգընթաց այդ հարցերը այսօր կը հետաքրքրեն ամբողջ աշխարհով տարածուած միլիոնաւոր մարդիկը:
Իրականութեան մէջ, քորոնաժահրի վտանգաւոր ըլլալու աստիճանը կախեալ է հիւանդէն: Երեխաներու համար, օրինակ, ժահրը լուրջ վտանգ չի ներկայացներ. նոյնիսկ եթէ անոնք վարակուին՝ լուրջ ախտանշաններ եւ բարդութիւններ, որպէս կանոն, չեն ունենար: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել չափահասներու պարագային, յատկապէս անոնց, որոնք ունին քրոնիկ հիւանդութիւններ։ Անոնց մօտ քորոնաժահրի հետեւանքով բարդութիւններ ունենալու հաւանականութիւնը բաւական բարձր է:
Չինացի գիտնականներու տուեալներով՝ քորոնաժահրի մահացութիւնը 10-50 տարեկաններու մօտ կը կազմէ 0.2-0.4 տոկոս: 50 տարեկանէն բարձր՝ ցուցանիշը կը մեծնայ կը բարձրանայ մինչեւ 1.3 տոկոս, 60-էն յետոյ՝ կը հասնի 3.6 տոկոսի, իսկ 70-էն՝ 8 տոկոսի, 80 տարեկանէն յետոյ՝ ընդհուպ մինչեւ 14.8 տոկոսի: Չինաստանի Առողջապահութեան ազգային յանձնաժողովի հաղորդմամբ՝ Չինաստանի մէջ քորոնաժահրէն մահացած մարդոց 80 տոկոսը 60 տարեկանէն մեծ էր:
Այդ կապուած է ոչ միայն այն փաստի հետ, որ տարիքի հետ մարդոց դիմադրողականութիւնը կը թուլանայ, այլ նաեւ՝ անով, որ ծերութեան շրջանին մարդ սովորաբար կ՚ունենայ բազմաթիւ քրոնիկ հիւանդութիւններ, օրինակ, բարձր ճնշում, շաքարախտ կամ թոքերու խնդիրներ: Այդ բոլոր հիւանդութիւնները կը վատթարացնեն COVID-19-ի ընթացքը։
Ըստ մասնագէտներու տեղեկութիւններուն, քորոնաժահրէն տղամարդիկ կը մահանան շուրջ կրկնապատիկ, քան կանայք։ Չինաստանի մէջ տղամարդոց մօտ մահացութեան մակարդակը կը կազմէ 2.8 տոկոս՝ ի տարբերութիւն կանանց՝ 1.7 տոկոսին: Այդ տարբերութիւնը կարելի է բացատրել ինչպէս դիմադրողական համակարգի տարբերութիւններով, այնպէս ալ անով, որ տղամարդիկ յաճախ կը վարեն աւելի վատ առողջ կենսակերպ. օրինակ՝ աւելի կը ծխեն, բան մը, որ զիրենք կը դարձնէ խոցելի:
«Չինաստանը յաջողած է հասնիլ համաճարակի դադրեցման, կրկին վարակուածներու թիւը կայուն անկում կ՚արձանագրէ», ըսած է Լոնտոնի կայսերական քոլէճի բժշկական բաժնի բարձր դասախօս՝ Նիլ Ֆերկիւսըն: Անոր կարծիքով՝ «Իտալիոյ մէջ ժահրը կը տարածուի երկրով մէկ տեղաշարժող հազարաւոր մարդոց ճամբով, իսկ Իրանի մէջ՝ տասնեակ հազարաւորներու միջոցաւ։ Ժահրերը տարածողներուն մեծ մասը, նոյնիսկ չի գիտակցիր, թէ քորոնան բոյն դրած է իր մարմնին մէջ. հոս է ամենավտանգաւորը։ Մենք հաշուած ենք եւ տեսած, որ վարակուածներու 1 տոկոսը կը մահանայ, իսկ 1957-1968 թուականներուն, կրիփի ծանր համաճարակներու դէպքերուն մահացութիւնը կազմած է 0.25 տոկոս, իսկ 1918 թուականի սպանական կրիփի դէպքին՝ 4 տոկոս. այդ ժամանակ մահացած է 40-50 միլիոն մարդ»:
ՊԻԼ ԿԷՅՑԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյց New England Journal of Medicine պարբերականի համար իր յօդուածին մէջ գրած է, որ COVID-19 քորոնաժահրի բռնկումը կրնայ վերածուիլ մահացու համաճարակի, որմէ այժմ կը խուսափի ողջ աշխարհ:
Միլիառատէրը համեմատած է նոր վարակի տարածման արագութիւնը, աշխարհի 1918 թուականի սպանական կրիփի լուրջ համաճարակի հետ, որ 20-րդ դարուն խլած է աւելի քան 50 միլիոն մարդու կեանք ամբողջ աշխարհով։
«Անցեալ շաբաթ COVID-19-ը կը նմանէր ճիշդ այն ախտածինին, որու մասին մենք կ՚անհանգստանայինք: Ես յոյսով եմ, որ ամէն ինչ այնքան ալ վատ չէ, սակայն մենք պէտք է ենթադրենք, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ, քանի դեռ մենք հակառակը չենք հաստատած», կը գրէ Կէյց:
Ան կը համարէ, որ երկու պատճառ կայ, ըստ որոնց՝ քորոնաժահրը կը ներկայացնէ լուրջ վտանգ. վարակը կը սպաննէ առողջ չափահասները, եւ ոչ միայն տարեցները, որոնք ունին առողջական խնդիրներ: Երկրորդ պատճառը, ըստ Կէյցի, այն է, որ COVID-19-ը (քորոնա վարակի գիտական անուանումը) բաւական արագ կը փոխանցուի օդակաթիլային եղանակով կամ ձեռքսեղմումներու միջոցով: Այդ կը նշանակէ, որ քորոնաժահրը շատ դժուար կարելի պիտի ըլլայ զսպել:
Ըստ Կէյցի՝ քորոնաժահրի համաճարակը յաղթահարելու համար՝ երկիրներու կառավարութիւններն ու գործարար հանրութիւնը պէտք է յատկացնեն միլիառաւոր տոլարներ պատուաստ ստեղծելու համար: «Եթէ այդ պատուաստներէն մէկը կամ քանի մը հատը անվտանգ ըլլան եւ արդիւնաւէտ՝ կենդանիներու վրայ փորձարկումներէն յետոյ, զանոնք հնարաւոր կ՚ըլլայ կիրառել հիւանդները բուժելու համար արդէն յունիսին», կը գրէ Կէյց: Ան կը նշէ, որ համաճարակի ժամանակ պատուաստն ու հակաժահրային դեղամիջոցները պէտք չէ վաճառուին բարձր գինով:
Բացի այդ, կարեւոր է օգնել կեանքի ցած եւ միջին մակարդակ ունեցող երկիրներուն՝ առաջնային բժշկա-առողջապահական համակարգը ամրապնդելու հարցով: «Այդ բարդ խնդիր է, որ կը ստեղծէ թեքնիկ, դիւանագիտական եւ պիւտճէի խոչընդոտներ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ գործընկերութիւն՝ կառավարութիւններու եւ մասնաւոր հատուածին միջեւ: Սակայն բոլոր այդ խոչընդոտները յաղթահարելի են», ամփոփած է Microsoft-ի նախկին ղեկավարը:
Փետրուարի սկիզբը Կէյցի եւ իր տիկնոջ բարեգործական հիմնադրամը՝ Bill & Melinda Gates Foundation, յայտարարած էր, որ կը յատկացնէ 100 միլիոն տոլար՝ քորոնաժահրի տարածման դէմ պայքարին համար: Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ միլիառատիրոջ հիմնադրամը Չինաստանին եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներու յատկացուած է 10 միլիոն ամերիկեան տոլար՝ նոր վարակի բռնկումը զսպելու համար:
Յիշեցնեմ, որ քորոնաժահրով պայմանաւորուած թոքաբորբի բռնկումը տեղի ունեցած էր առաջին անգամ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ, 2019 թուականի դեկտեմբերի վերջը: Այնուհետեւ ժահրը տարածուած էր Չինաստանի բոլոր շրջանները, իսկ հիւանդութեան դէպքեր արձանագրուած էին Ճաբոնի, Թայլանտի, Սինկափուրի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Լիթվանիոյ եւ այլ տասնեակ երկիրներու մէջ, քորոնա վարակ ունեցող երկիրներու ցուցակին թիւը հասցնելով 125-ի։ Վերջին տուեալներով՝ 110 հազարը գերազանցած թիւը վարակուածներու, որոնցմէ 79 հազար դէպք արձանագրուած է Չինաստանի մէջ, մահացած է 3500 մարդ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան