ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ԵՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՂԻ ՈՒ ԴԵՐԻ ՄԱՍԻՆ
«Անոնք, որոնք կ՚ընտրեն չարեաց նուազագոյնը,
կը ձգտին մոռնալու, որ ընտրած են չարիքը»:
ՀԱՆՆԱ ԱՐԵՆՏ
Ազատ խոհեր՝ քաղաքացիի եւ հանդիսատես-վկայի իրաւունքով:
Այսօր ժողովրդավարութիւնը չէ այն, ինչ որ էր Հին Յունաստանի մէջ: Ան կը գործէր առանց մեծամասնութեան եւ առանց փոքրամասնութեան, այսինքն՝ առանց պայքարներու, գործադիր իշխանութիւնը ընտրելու համար: Որոշումները կը քուէարկուէին ժողովի ընթացքին եւ դատարաններու մէջ, ղեկավարները կ՚ընտրուէին վիճակաձգութեամբ, քոմպինացիայի, քարոզչութեան եւ կողմնակիցներ շահելու պայքար չկար, որեւէ քաղաքացի կրնար կոչուիլ պաշտօնի, պաշտօնի տիրացման համար ընտրապայքար տեղի չէր ունենար: Այսինքն վիճարկումները կը վերաբերէին ընդհանուր բնոյթով քաղաքական-կազմակերպական խնդիրներու եւ ոչ ընտրական-փառասիրական-իշխանատենչական շահախնդրութիւններու:
Այսօր, քիչ մը ամէն տեղ, վերապահութիւններ կան կուսակցութիւններու նկատմամբ: Անոնք ժողովրդավարական կարգերու անհրաժեշտ արտայայտութիւն են: Բայց կարծէք մարդիկ այլեւս յոգնած են անոնց մրցակցութիւններէն եւ իրերամերժ բուռն պայքարներէն: Անհանգստութիւն կը պատճառէ այն, որ կուսակցութիւնները հակում ունին մենիշխանութիւն հաստատելու, հակակշռելու իշխանութեան բոլոր օղակները, եւ այդ ձեւով խմբակային դարձնելու ղեկավարումը՝ շրջանցելով ժողովրդավարութեան ոգին, որ համախոհութեան, համագործակցութեան եւ փոխհանդուրժողութեամբ կը բնորոշուի:
Կուսակցութիւններու հանդէպ վերապահութիւն կայ նաեւ այլ պատճառներով: Անոնք յաճախ կ՚ընթարկուին դրամական ուժ ներկայացնող անհատներու կամ խումբերու, որոնց մաս կը կազմեն մասնագիտական պատրաստութիւն ունեցողներ, մասնագիտական պատրաստութիւնը կը դառնայ ղեկավարելու իրաւունք: Ժամանակակից լրատուամիջոցները քաղաքական կեանքին ուղղութիւն տուող հզօր լծակներ են, երբեմն կը պատկանին այս կամ այն կուսակցութեան, կամ՝ դրամատիրական խմբակցութեան, անոնք կարծիքի բեմ են, կարծիք կը ձեւաւորեն: Նոյնիսկ երբ անկախ են, կը միջամտեն քաղաքական կեանքի մէջ, թեր կամ դէմ դիրք կը ճշդեն՝ ազդելով ընտրանքներու վրայ:
Քաղաքական-ժողովրդավարական աւանդութիւն չունեցող երկիրներու մէջ կը յայտնուին նոր-հին դէմքեր, որոնք ամբոխահաճական (populiste) ալիքի վրայ կը ստեղծեն շարժումներ, որոնք կուսակցութիւն կը դառնան, անոնց գոյութիւնը պայմանաւորուած կ՚ըլլայ առաջնորդող դէմքով, կ՚ըսուի՝ «գրպանի», կամ «տիրոջ ձայնը» կրկնողներու կուսակցութիւն: Այս պատկերին կը հանդիպինք ամէնուրեք, եթէ մեր աչքի կապանքները վերցնենք:
Լուռ մեծամասնութիւններ կան, որոնք չեն խօսիր, զանոնք լսողներ ալ չկան, որոնք, ճիշդ կամ սխալ, կը խորհին, որ կուսակցութիւնները փակ շրջանակներ են, ինքնաշնորհած են ներկայացուցչական ըլլալու իրաւունք եւ կը հետապնդեն իրենց շահերը, կամ կը ծառայեն իրենց ղեկավարներու շահերուն եւ փառասիրութիւններուն: Խոստումներով հրապարակ կու գան, բայց ո՛չ իրենց խոստումները կրնան յարգել, ո՛չ ալ թմբկահարուած իրենց տպաւորիչ ծրագիրները իրականացնել: Եթէ յաջողէին, դժգոհութիւններ չէին ստեղծուեր, դէպի լաւին յոյսով իշխանափոխութիւններ տեղի չէին ունենար:
Պարկեշտ մտաւորականը եւ ազնիւ հրապարակագիրը պէտք է բացատրեն, բացատրէին, թէ ինչո՞ւ այսպէս է կացութիւնը: Հաւանօրէն գիտեն պատճառները, անոնց կ՚ադրադառնան, բայց քանի որ իրենք ալ մաս կը կազմեն համակարգին (système), ճապկումներ կ՚ընեն, յաճախ՝ կողմնապաշտական:
Քաղաքական կեանքի շողանկարը (radioscopie) եթէ ընենք, տարրական ողջախոհութեամբ, պիտի տեսնենք, թէ ո՛ւր է չարիքի արմատը: Տեսնելէ ետք սրբագրելը արդէն այլ խնդիր է:
Քաղաքականութիւնը դարձած է փակ շրջանակներու եւ արհեստավարժներու կրկէս, նոյն տիպարներով, նոյնիսկ երբ անունները կը փոխուին, յաճախ կրկնելով անցեալ համարուած ընտանեկան-ժառանգական պատկերները, ի հարկէ, միշտ, զանգուածները քնացնող ժողովրդավարութեան ամպհովանիի տակ: Խաբկանք, որ կը բեմադրուի քուէատուփերու առջեւ՝ պահելու համար դիրքերը: Մասնագէտներ կան, կազմակերպողներ կան, որոնք կը ծառայեն ազդելու հանրային կարծիքին վրայ, զայն առաջնորդելու զիրենք պաշտօնի կոչածներու, կամ վճարողներու ցանկութեան ուղղութեամբ:
Զանգուածները այլեւս կարծէք կորսնցուցած են որոշելու եւ ընտրելու իրենց իրաւունքը, քանի որ ղեկավարի եւ ներկայացուցիչի ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ փակ շրջանակի մէջ, եւ զանգուածին կը մնայ ԱՅՈ՛ ըսելու խեղկատակ իրաւունքը: Եւ ընտրուողը կը դառնայ խօսափողը կամ գործիքը զինք այդ դիրքին բերողին: Եւ ժողովրդավարութիւնը կը վերածուի տիկնիկային թատրոնի, խմբակցութիւնները կը քուէարկեն, ինչպէս կ՚ըսուի, մէկ մարդու պէս, ի հարկէ միշտ՝ յանուն ժողովուրդին:
Հակառակ ջատագովուած ազատութիւններու՝ ընտրութիւններու ընթացքին կը յայտնուին ցանկերու վրայ անուններ, որոնք նախապէս կ՚որոշուին քուլիսներու մէջ եւ անոնք հաւատարմօրէն պէտք է քայլ պահեն զիրենք նշանակողներուն հետ:
Եւ ժողովրդավարութիւնը կ՚իյնայ հակասութեան մէջ՝ ծնունդ տալով միանձնեայ իշխանութիւններու, անհատական թէ խմբակային, հակառակ պահուող շպարին: Եւ կը ծագի հարցումը. ներկայացուցիչները իրապէս ներկայացուցչակա՞ն են, թէ՞ այլ տեղ որոշուած եւ պարտադրուած կամակատարներ:
Կուսակցութիւնները իրենք զիրենք հանրային կարծիքին, հետեւաբար քուէատէրերուն պարտադրելու համար ստիպուած են ստեղծելու ընկերամշակութային եւ հաղորդակցական ցանցեր՝ պատշաճելով տարբեր հետաքրքրութիւններ եւ ակնկալութիւններ ունեցող շրջանակներու, որպէսզի հակակշռեն ընտրազանգուածի տարբեր խաւերը. երգիչներով ընտրահանրահաւաք, այցելութիւններ, ճաշկերոյթներ, ընդունելութիւններ, եւ մանաւանդ՝ խոստումներ եւ այլն: Նկատի ունենալով, որ խոստումները չեն իրականանար, զանգուածները կը դիմեն այլ միջոցներու՝ ցոյցեր, ստորահաւաքներ. հիմա արդէն կ՚օգտագործեն ընկերայյին ցանցերը (réseaux sociaux), անիշխանական եւ յաճախ անբարոյ տեղեկութիւններով եւ այլն:
Ընդունուած իրողութիւն է, նորութիւն չէ, իշխանութեան հասնող կուսակցութիւնը եւ ընտրուած անձը չեն կրնար բաւարարել բոլորի բոլոր ակնկալութիւնները, ինչ որ կը թարգմանուի յուսախաբութիւններով եւ կուսակցութիւններու հանդէպ վերապահութիւններով ու քննադատութիւններով: Երեւոյթը կը բացատրէ կուսակցութիւններու մաշումը: Այս ընդհանուր երեւոյթ է: Կու գան նորեր, նոր դարձած հիներ:
Քաքաքացիները, զանազան մեծ կամ պզտիկ, անհատական կամ հաւաքական յուսախաբութիւններու պատճառով, կը դադրին իրենք զիրենք այս կամ այն կուսակցութեան մէջ տեսնելէ: Եւ ամբոխահաճութեան (populisme) ալիքի վրայ նորեր կու գան, նոր կուսակցութիւններ կամ նախկին կուսակցութիւններու նոր ղեկավարներ, ի հարկէ՝ յոյսերու թեւերու վրայ: Բայց բոլորն ալ ժամանակի ընթացքին, կը վերածուին իշխանութեան տիրացողի կամ զայն պահողի, գաղափարախօսութիւնները կը կրկնը-ւին կը դառնան կարգախօս, միջոց՝ իշխանութիւնը պահելու համար:
Այս բացասական հոլովոյթին հիմնական պատճառը այն է, որ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած կուսակցութիւնները կ՚այլասերին՝ վարչամեքենայ դառնալով, նոյն մարդոցմով կամ անոնց դրածոներով, ամբոխավարական ճառով փոխարինելով գաղափարախօսութիւն, քննադատութիւն եւ հեռանկար: Հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ զանգուածը կը փնտռէ քաղաքական-գաղափարական սնունդի տարբեր հասցէներ, կամ կը յանձնուի կրաւորականութեան, ինչ որ կը բացատրէ յաճախ ստեղծուող այն կացութիւնը, որ ընտրազանգուածներու հազիւ կէսը յանձն կ՚առնէ օգտագործել իր քուէաթերթիկը:
Իսկ քաղաքացին կոյր չէ: Կը տեսնէ, որ ընտրութիւնները կապուած են նաեւ նիւթական միջոցներու, մեծ թէ փոքր երկիրներու մէջ: Եթէ կուսակցութիւններ, նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութեան թեկնածուներ յայտարարէին, թէ որքա՛ն գումար կը ծախսուի, քուէատէրերը կը հասկնային, թէ ինչպէ՛ս կ՚ազդէին իրենց վրայ, տէր կը դառնային իրենց քուէին:
Ոչ ոք ցարդ բացատրած է, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կ՚որոշուին թեկնածուները:
Եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ այն, որ կարծէք քաղաքացին կը քուէարկէ, բայց չ՚ընտրեր, ընտրութիւնը կատարուած կ՚ըլլայ այլ տեղ, իրեն մնացած կ՚ըլլայ մէկ կամ միւս ընտրուածը ընտրելու միամիտ իրաւունքը: Ընտրութիւնը կը կատարեն լրատուամիջոցները եւ դրամական միջոցները: Ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնը հարազատ ժողովրդավարութիւնը հակասող լայնածիր պաստառն է: Մնացեալները, այս կամ այն ձեւով, մանրապատկերներ են:
Կացութիւնը այն է, որ կուսակցութիւնները իրենց գոյութեամբ կ՚արդարացնեն ժողովրդավարութիւնը եւ իրենք, իրենց կարգին, անոր ծնունդն են: Դժգոհութեան հետեւանք ժողովրդական շարժումները, իրենց կարգին, տեւելու համար, դիրքեր նուաճելու համար կը վերածուին կուսակցութիւններու՝ մէկ ընտրանին ուրիշ ընտրանիով մը փոխարինելով, եւ կը դառնան դասական, անոնք ըլլան աջ թէ ձախ: Բայց ի՛նչ ալ ըլլան քննդատութիւնները, քաղաքական կազմակերպութիւնները, շարժում թէ կուսակցութիւն, այն շրջանակներն են, ուր տեղի կ՚ունենան վիճարկումները, կամ պէտք է որ տեղի ունենան:
Մեծ անպատեհութիւնը այն է, որ կուսակցութիւնները իրենց կառոյցով կը նմանին բուրգի, եւ ի վերջոյ, հանդիսատես կ՚ըլլանք այն երեւոյթին, որ ընտրանքներ եւ որոշումներ կը կայացուին բուրգին վերը, հաւաքական վիճարկումները կը սահմանափակուին, այսինքն անհատի կարեւորութիւնը կը նուազի: Այսօր համացանցի ընծայած կարելիութիւնները կը խանգարեն վերէն ղեկավարելու ընդունուած կարգը:
Այլեւս յանձնառութիւնները ձեւական չեն կրնար ըլլալ, զանգուածը մասնակից պէտք է դառնայ խորքային-հեռանկարային հարցերու քննութեան եւ բանաձեւումին, այսինքն շարքային քաղաքացին պէտք է ունենայ ապագայի իսկական տեսիլք, ոչ միայն քարացած հաւատարմութիւն, այսինքն, ինչ որ սովորաբար կը կոչենք մեծամասնութեան կամք, պէտք չէ իւրացուի փոքրամասնութեան մը կողմէ: Այս հակասութեան դէմ կանգնած է ժողովրդավարութիւնը:
Իսկական մասնակցութեան իրաւունքի անշպար իրականացման դէմ կանգնած են ժողովրդավարութիւնը եւ անոր անունով հրապարակ եկողները: Այդ ընելու համար ժողովրդավարութիւնը ամէնուրեք դէմ յանդիման կը գտնուի դրամի հզօր իշխանութեան եւ իրաւ-կեղծ ընտրանիի մը՝ իսկական ներկայացուցչութեան ծնունդ տալու համար, որ ըլլայ յառաջդիմութեան եւ արդարութեան ազդակ, որպէսզի անհատը չըլլայ սոսկ համրանքի թիւ, ըլլայ մասնակից՝ հաւաքական արդար ապագայ մը կերտելու համար, ընկերային կազմակերպութեան բոլոր մակարդակներուն:
Այս հարցերը գոյութիւն ունին ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու մէջ, եւ մեր ժողովուրդը եւս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), բաժան բաժան կամ միասին, պէտք է քննէ խնդիրները, լուծումները չսպասէ վերէն, աստուածատուր բերաններէ:
Մասնակցութեամբ եւ լուսաբանուած, ան յանձնառու պէտք է ըլլայ ապագան դիմաւորելու՝ միշտ մեկնելով մեքենական հաւասարութիւնը գերանցող բարձր բարոյականութեան այն սկզբունքէն, որ ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է:
Այլազան նիւթապաշտութիւնները եւ դիրքապաշտութիւնները յաղթահարելով այս պէտք է կարենանք ընել այսօ՛ր:
Կրնա՞նք: Ինչպէ՞ս: Որո՞նց հետ:
Մանաւանդ՝ առանց որոճալու հին եւ հինցած այլեւս ժամանակավրէպ դարձած ոխեր եւ քէներ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ