«ԱՐԺԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒ…»
Ժամանակի թաւալքին հետ միասին բոլորս իբրեւ անցաւոր էակներ կ՚ապրինք, կ՚արարենք, կը ստեղծագործենք, բայց ժամանակ մը ետք մեր աչքերը փակելով՝ կը ննջենք։ Սակայն ժամանակի թաւալքը չի՛ կրնար կասեցնել անմահանուն անուններու անմահ գործերը, որոնք իրենց հետքը ձգած են ժամանակի հոսունութեան մէջ։
Երէկ էր տակաւին, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ծնունդ առաւ Գօչունեան ընտանիքով եւ այսօր եւս նոյն ընտանիքին կողմէ կը շարունակէ նաւարկել հայ իրականութեան մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ինչ-ինչ հեռանկարներով ճամբայ ելած են, սակայն ժամանակ մը ետք ջրամոյն եղած են։ Գտնուած են մարդիկ, որոնք նիւթականը աւելի էական համարած են եւ հրաժարած իրենց հայապահպանման հայանուէր գործունէութենէն։ Իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ժամանակի ընթացքին իր առջեւ ցցուող բոլոր խոչընդոտները իր նուիրեալ հիմնադիրներով, գրագէտներով եւ աշխատակիցներով փորձած է դիմակայել եւ նաւարկել սփիւռքեան ալեկոծեալ ծովուն մէջ։
26 Յունուար 2018-ին, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի նախարարութեան ու Հայաստանի Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ նշուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակը, որուն ընթացքին նաեւ ներկայացուեցան Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Վահան Թէքէեանի «Կեսարիա» եւ «Երկու դրախտներ» գիրքերը։ Տպաւորիչ երեկոյ մըն էր։ Երուխանը, Զարդարեանը, Թէքէեանը եւ Քասիմը կարծես մարմին առած էին ու երկխօսութեան մէջ մտած էին իւրաքանչիւր ներկայ հայորդիի հետ։
Սփիւռքի նախարարն ու բանախօսները շեշտեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անխոնջ աշխատակիցներու բծախնդրութիւնն ու կիրառած լեզուն, որոնք 110 տարիներ շարունակ նո՛յն ոգեւորութեամբ, նո՛յն նախանձախնդրութեամբ գործած էին եւ ոգի ի բռին կը շարունակեն ու կը պահպանեն իրենց վստահուած հայանպաստ ու ազգանուէր այս գործը։ Այո՛, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մեծ ընտանիքը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն գիտակցած է, որ հայ ազգին համար մայրենի լեզուն ո՛չ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան ու հաւաքական յիշողութեան. այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ՝ ինքնութեան կերտման, ինքնագիտակցութեան խորացման ու ինքնարտայայտութեան ձեւաւորման: Գօչունեան ընտանիքը պաշտպանը ըլլալով այս գաղափարախօսութեան, պատմութեան պարտադրած աշխարհաքաղաքական թէ այլ տեսակի բոլոր բաժանումներուն դիմաց կրցած է իր ռազմավարութեամբ, չէզոքութեամբ ու հեռատեսութեամբ պաշտպանել իր իրաւունքները եւ հայ լեզուն տարածել ամէնուր։
Ըսուած խօսք է, թէ «Ժամանակը պէտք է վերածել դէպքի, նոյնպէս ալ մարդը պէտք է վերածել դէմքի»։ Ժամանակը ուղենշային դիրք ունեցող, մեծատառ ԴԷՊՔ-ի՛ վերածուած է, իսկ իր գրողները ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր իսկական ԿԵՐՏԻ՛Չ-ներ են։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաջին հիմնադիրներու՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններուն համար հայ մշակոյթին հանդէպ սէրը կիրք մըն էր, անմար կրակ մը, որ ո՛չ միայն իրենց հոգին ջերմացուց, այլեւ իրենց հոգիին հետ միասին հոգիները բոլոր անոնց, որոնք հանդիպեցան իրենց գրչին եւ գրաւուեցան իրենց գրչով։ Ուր որ ալ գտնուեցան, ներշնչեցին իրենց խօսքի ու գրչի հմայքով։ Զինեցին ու կռանեցին հայ ոգիով։ Ոգեշնչեցին ու գօտեպնդեցին ազգային երազի հեռանկարներով ու տեսիլքներով։ Ջրդեղեցին ու խորաքանդակեցին հայրենիքի յաւերժական ապրումներով ու տենչով՝ ճանապարհ հարթելով յաջորդող սերունդներուն։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իրբեւ անլռելի զանգակատուն ու զանգահարում պիտի շարունակէ ղօղանջել մեր խլացած ականջներուն մէջ։
Երթդ բարի անմահ ԺԱՄԱՆԱԿ…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ