«ՄԵՐ ՅՈՅՍ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԴԺՈՒԱՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ԴԵՌԱՏԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ, ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ»
«Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։
Յոյսը մարդուն մէջ ի վերուստ դրուած գործօն մըն է, որուն միջոցաւ մարդ ինքզինք կը վերականգնէ, տեղի չի տար դոյզն դժուարութիւններու դիմաց եւ անկոտրում կամքով կը պայքարի՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Սակայն յոյսը միայն մարդ արարածէն կախեալ չէ, այլ արտաքին ազդակները նոյնպէս ճանապարհ կը հարթեն՝ նպատակը կեանքի կոչելու եւ մեր դիմաց ծառացած խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու։
«Մեր յոյս» կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ իր ձեռքը երկարած է հայաստանաբնակ որբ աղջիկներուն, որոնք 18 տարին ամբողջացնելէ ետք, որբանոցներէ դուրս գալով եւ աշխարհի թոհուբոհին մէջ մտնելով՝ տնանկ եւ անգործ վիճակի մէջ գտնուած են։ Աղքատ ընտանիքներու, անապահով եւ կարիքաւոր աղջիկները եւս ներառնուած են այս ծրագրին մէջ։ «Մեր յոյս»ը վերջիններս ոչ միայն տունով կ՚ապահովէ, այլեւ կ՚օգնէ անոնց՝ մասնագիտութիւն ձեռքբերելու եւ արուեստ սորվելու՝ զանոնք հասարակութեան լիիրաւ անդամ դարձնելով։
«Մեր յոյս» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2008-ին, Գալիֆորնիոյ մէջ, Տիկին Ատրիէն Գրիգորեանի կողմէ։ Կազմակերպութիւնը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հովանիին տակ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռը երեխաներու աջակցութեան «Նաքաշեան» կեդրոնը առանց վարձավճարի «Մեր յոյս» կազմակերպութեան տրամադրած է։
Այսօրուայ աշխարհը լեցուն է բազմապիսի կործանարար եւ խայտաբղէտ երեւոյթներով, որոնք հեշտութեամբ իրենց ժանիքներուն մէջ կրնան կլանել տնանկ, որբ եւ կարիքաւոր այդ աղջիկները։ Չափազանցած չենք ըլլար, երբ ըսենք, որ այսօր եթէ «Նաքաշեան» կեդրոնին նման մարմիններ, կազմակերպութիւններ ու կեդրոններ գոյութիւն չունենան, վստահաբար այդ անչափահաս ու անմեղունակ աղջիկները կրնան մարմնավաճառութեան, մարդկային առեւտուրի եւ շահագործման (human trafficking), ընտանեկան բռնութեան յորձանուտին մէջ իյնալ։ «Նաքաշեան» կեդրոնը իր նուիրատուներով, ղեկավարութեամբ ու աշխատակազմով նուիրուած է հայուղի այս գործունէութեան՝ մեր աղջիկներուն ընտանեկան միջավայր, հոգեբանական աջակցութիւն, կրթութիւն, ընտանեկան վերամիաւորման հարթակ տրամադրելով, ինչպէս նաեւ լեզուներ, ընկերային, կեանքի եւ աշխատանքային հմտութիւններ ու արուեստ սորվեցնելով։
«Նաքաշեան» կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Միհրան Միրճանեան խօսելով կեդրոնի գործունէութեան մասին՝ ըսաւ. «Երեխաներու աջակցութեան կեդրոնը կ՚իրականացնէ դժուար իրավիճակներու մէջ յայտնուած դեռատի աղջիկներու խնամքը, կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը. պատրաստելով զանոնք ինքնուրոյն կեանքին: Կեդրոնի առաքելութիւնը վերականգնողական ծառայութիւններու տրամադրումն է, որու բաղադրիչներէն է դեռահաս աղջիկներու ներառումը հասարակութեան մէջ. անհրաժեշտ կարողութիւններու զարգացումը՝ ներդնելով բարձր հոգեւոր, բարոյական արժէքներ, փորձելով անոնց ներմուծել լիարժէք հայուհիի, ապագայ ջերմ ու դրական կանացի կերպար: Վերականգնողական գործընթացին կ՚ուղեկցի կրթական եւ մշակութային առաւելագոյն շեշտադրում, ինչ որ կը նպաստէ դեռահասներու տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացման, անոնց մտաւորական աճի զարգացման, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու ճանաչման: Ողջ գործունէութիւնը կեանքի կոչած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, ամերիկեան «Մեր յոյս» կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու աջակցութեան շնորհիւ, որու համար կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը»:
Ինչպէս վերեւ նշեցինք, «Նաքաշեան» կեդրոնի աշխատակազմը իր հոգածութեան տակ գտնուող աղջիկներուն միայն նեցուկ չի կանգնիր, այլ նաեւ մէկամեայ խորհրդատուութեամբ անոնց ընտանիքներուն կ՚աջակցի՝ թէ՛ երիտասարդ աղջկան եւ թէ անոր ծնողներուն հոգւոյն եւ սրտին մէջ ընտանեկան առողջ հարթակ ստեղծելով։
«Նաքաշեան» կեդրոնը սոսկ հաստատութիւն մը չէ, այլ ան օճախ է՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտով տոգորուած։ «Նաքաշեան» կեդրոնը իր աշխատակազմով կը փորձէ իրեն յանձնուած աղջիկներու հոգւոյն մէջ սերմանել ճշմարիտ ու նուիրեալ հայ մօր տիպարը, որպէսզի անոնք ապագային դառնան լոյսի ծնուցիչ մայրեր, հայ ընտանիքը սիրոյ խորան, սրբութեան տաճար ու Աստուծոյ բնակարան դարձնող մայրեր, իրենց ծնունդները իբրեւ լոյսի որդիներ սնուցանող եւ դաստիարակող լուսաշող մայրեր։ Ահա այս մտորումներով զսպանակուած, 15 Յունիս 2017-ին, «Նաքաշեան» կեդրոնի աղջիկներէն Արմինէ Արշակեանը ընտանիք կազմեց՝ ամուսնանալով Սուրէն Վարդանեանի հետ։ Արմինէն 2012-ին մուտք գործեց «Նաքաշեան» մեծ ընտանիքէն ներս, ուր հասակ առաւ եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ թրծուեցաւ։ Իսկ այսօր արդէն ինքնավստահ եւ ուսեալ անձնաւորութիւն մը դառնալով՝ իր տաքուկ բոյնը ստեղծած է։
Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Յոյսը իրեն հեռակէտ ունի զԱստուած եւ իբր նպատակակէտ բարին»։ Քրիստոնէութեան յոյսը երեւակայական մտորումներէ, պատահական յայտնութիւններէ անդին իր ուժականութեան կենսանիւթը կը ստանայ աստուածատուր խոստումներու ակունքէն, քրիստոսաւանդ ուսուցումներու խորքէն եւ Աւետարանի քարոզութեան անստուեր լոյսէն։ «Մեր յոյս» կազմակերպութիւնը ո՛չ միայն կը յուսայ, այլ մշտապէս կը յուսադրէ մեր հայ աղջիկները՝ անոնց լուսաւոր ապագայ պարգեւելով։ Վարձքը կատար բոլոր նուիրատուներուն, այս ծրագիրը կեանքի կոչողներուն։ Թող Ամենակալն Աստուած զիրենք վարձահատոյց ընէ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ