ՏԱՔ ՆԿԱՆԱԿ ՄԸ…
Հակառակ որ շրջան մը աշխատած եմ նաեւ հեռատեսիլի մէջ, որ կը թուի՝ աւելի գայթակղիչ տեղ մըն է, սակայն տպագիր թերթը լրագրողիս համար եղած է եւ կը մնայ առաջնային, քանի որ մանուկ հասակիս առաջին գրութիւնս տպագիր թերթի մէջ լոյս տեսած է, ինչ որ ճակատագրական եղած է յետագայ լրագրողական աշխատանքի համար՝ ճանապարհ բանալու առումով:
Այդ առումով ԺԱՄԱՆԱԿ-ին աշխատակցութիւնը կը փոխանցէ մանկուց եկած եւ մինչ այսօր շարունակուող հրճուանքը, որ տպագիր թերթէն եկող խորհրդաւորութենէն կը ծնի:
Միւս կողմէ, հպարտութիւն է աշխատակցիլ թերթի մը, որու կենսագրութեան բովէն անցած են հայ մամուլի, գրականութեան, հրապարակագրութեան հսկաները, եւ որոնց անունները միշտ կը հնչեն թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին առընչուող առիթներու, թէ՛ առհասարակ, մամուլի պատմութիւնը արժեւորելու ժամանակ:
Այս մտածումները կ՚ունենայի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակի ձեռնարկին, երբ դահլիճին մէջ հաւաքուած էին հայրենի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարեկամներ, մամուլի հաւատաւորներ: Բեմէն կը հնչէր Արա Գօչունեանի հրաշալի պոլսահայերէնը եւ քովս նստած, Լաթաքիայէն Հայաստան եկած Անի Արզումանեան-Զէյթունցեանը յուզմունքով կ՚ըսէր. «Այս ինչ հրաշալի հայերէն է՝ նուրբ, խորը եւ սրտաբուխ…»:
Ինծի համար ալ, պոլսահայերու հայերէնը առանձնակի լեզու մըն է, որու ամէն հնչիւնով կը հիանամ միշտ եւ ահաւասիկ, փորձեր կ՚ընեմ արեւմտահայերէնի այդ շերտերը թափանցելու, զգալու անցեալ դարասկիզբի մարդոց ապրած կեանքը, մտածումները, ապրումները, տագնապները եւ ուրախութիւնները, որոնք ոսկեղնիկ հայերէնով արտայայտուած են: Կը փորձեմ այսօր ալ մեր ժամանակներուն ապրող մարդոց նոյն զգացումները փոխանցել թերթի էջերուն ընդմէջէն: ԺԱՄԱՆԱԿ բոլոր այդ արտայայտութիւններու տաքուկ գիրկն է, եւ այսօր ալ կը մնայ այն ջերմ հնոցը, որու օճախի սիւները ամուր են, իսկ կրակարանի հուրը՝ անշէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակի երեւանեան ձեռնարկը եւս մէկ աւիւն աւելցուց թերթի ունեցած կենսունակութեանը, բոլորն ալ անկեղծ էին եւ շռայլ խօսքեր չէ, որ կը հնչեցնէին բեմէն. հոն հնչած ամէն մէկ խօսքի տակ հաւաստիք կար: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր անցեալ ու ներկայ կենսագրութեամբ վաստակած է այդ առհաւատչեան, անոր պատմութիւնը կերտած մարդիկ եղած են նուիրեալներ՝ ամրացնելով այն համոզումը, որ միայն նուիրումով կարելի է դարէ մը աւելի ապրիլ եւ բարենիշ վաստակիլ, որու արձագանգը ամուր կը լսուի հայրենիքի մէջ:
Տպագիր թերթը յաճախ կը նմանցնեն փուռէն դուրս ելած տաք հացի մը: Այսօր ալ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, հակառակ, տպագիր մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, այդ աւանդական հացի բուրմունքը կը փոխանցէ ամէնքին եւ իբրեւ պատկեր այսպէս կը ներկայանայ ինծի՝ Պոլսոյ սիրտին մէջ թխուած տաք նկանակ մը…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ