Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Ա.)
- Ի՞նչ է Ս. Պատարագը։
- Սուրբ Պատարագը խորհուրդն է Ս. Հաղորդութեան։ Ան Վերջին ընթրիքին եւ Գողգոթայի խաչին վրայ Քրիստոսի կատարած զոհին յիշատակումն է։ Հացին ու գինիին խոնարհ երեւոյթին տակ Քրիստոս կը զոհէ Ինքզինք մեր մեղքերու քաւութեան համար։
- Հին ուխտի շրջանին մարդիկ Պատարագը ինչպէ՞ս կը մատուցէին։
- Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք, որ մարդիկ կենդանիներ կը մորթէին, անոնց արիւնը թափելէ ետք զանոնք զոհասեղանի վրայ կը դնէին ու այրելով Աստուծոյ կը նուիրէին՝ գոհաբանութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար։ Ասոր կողքին նաեւ կը մատուցէին՝ անուշահոտ խունկի, հացի, գինիի, ձէթի ու հողի բերքէն զանազան ընծաներ։
- Ի՞նչ բանի նշանակ էին Հին ուխտի շրջանին մատուցուող պատարագներու ընթացքին թափուող արիւնները։
- Անոնք կը խորհրդանշէին աշխարհի փրկութեան համար խաչին վրայ Քրիստոսի պատարագումը եւ Արեան հեղումը։ Մէկ խօսքով՝ անոնք շուքն էին Նոր ուխտի արեան հեղումին։
- Ինչո՞ւ համար խափանուեցաւ Հին ուխտի շրջանին կենդանիներու զոհագործութիւնը։
- Որովհետեւ Քրիստոս աշխարհի մեղքը Իր վրան առնելով պատարագուեցաւ խաչին վրայ եւ Իր Սուրբ Արիւնը թափելով մտաւ երկինքի սրբարանը ու քաւութիւն ըրաւ։ Հայրն Աստուած ընդունեց Իր Որդւոյն միջնորդութիւնը եւ Անոր Արեան հեղումովը Նոր ուխտ մը հաստատեց համայն աշխարհին հետ. խոստացաւ որդեգրութիւն շնորհել եւ դրախտին դուռը բանալ բոլոր անոնց, որոնք կը մկրտուին Հօրը, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով ու կը կատարեն Իր պատուիրանները (Եբր 9.1-28, 10.1-18, Մր 16.15-16, Մտ 28.19-20)։
- Ի՞նչ է անարիւն Պատարագը եւ ո՞վ հաստատեց զայն։
- Անարիւն Պատարագը Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի արարողութիւնն է, զոր հաստատեց Քրիստոս Վերնատան մէջ՝ Վերջին ընթրիքի ընթացքին։ Հին կտակարանին մէջ կը տեսնենք, որ Ս. Զատկի ընթացքին եբրայեցիներ սեղանի շուրջ կը հաւաքուէին։ Տան նահապետը հաց կ՚առնէր, գոհութիւն կու տար Աստուծոյ, կը բեկանէր եւ կը բաշխէր ընտանիքի անդամներուն։ Ապա, բաժակը վեր բարձրացնելով՝ կ՚արտասանէր «Գոհաբանական» աղօթքը, որ նաեւ «Օրհնութեան բաժակ» կը կոչուէր։
Քրիստոս՝ հին բարեպաշտական ձեւը օգտագործելով, անոր ներմուծեց նոր պարունակութիւն մը, փոխակերպելով զայն Իր Մարմնոյն եւ Արեան զոհաբերման խորհուրդին։ Հացը եւ գինին օրհնելէ ետք, յայտարարեց, թէ անոնք Իր Մարմինն ու Արիւնն են, փեռեկտուած եւ թափուած մարդոց եւ անոնց մեղքերուն քաւութեան համար։
Արդ, Ս. Պատարագի արարողութիւնը եկած է եբրայական սովորութենէ, բայց նուիրականացած է նոյնինքն Քրիստոսի խօսքերով։ Ատկէ ետք է որ Ս. Պատարագը կը դադրի եբրայական յիշատակում ըլլալէ, եւ Քրիստոսով կը դառնայ ուղղակի փրկագործութեան խորհուրդ։
- Ինչի՞ խորհրդանիշ է անարիւն Պատարագը։
- Անարիւն Պատարագը, ընծան կամ զոհը՝ յիշատակութիւնն ու շարունակութիւնն է Գողգոթայի վրայ Յիսուսի կատարած փրկագործութեան խորհուրդին։ Այս արարողութեան ընթացքին կարդացուող աղօթքներուն, քարոզներուն, Ս. Գրային ընթերցումներուն, երգուող հոգեթով երգերուն եւ կատարուող ծէսերուն միջոցով կը պատմուի Քրիստոսի մարդեղութիւնը, խաչելութիւնը, քաւչարար մահը, հրաշալի Յարութիւնը, աստուածապէս Համբարձումը, մշտնջենական բարեխօսութիւնը եւ Երկրորդ գալուստը։
- Առաքելական շրջանին Պատարագը ինչպէ՞ս կը կատարուէր։
- Առաքեալները ուր որ գացին՝ «Հացի բեկանումը» կատարեցին՝ վերարտադրելով Քրիստոսի արտասանած բառերը. այնպէս՝ ինչպէս անոնք դրոշմուած էին իրենց միտքերուն մէջ: Հացի բեկանումը անշուշտ կը կնքուէր Գոհաբանական աղօթքով եւ հաւանաբար գոհաբանական մէկ-երկու սաղմոսներով:
- Գ. եւ Դ. դարերուն Պատարագը ինչպիսի՞ զարգացում արձանագրած էր։
- Պատարագի խորհուրդը Գ. եւ Դ. դարերուն նոր զարգացումներ ապրեցաւ: Սկըզբ-նական «Առէք, կերէք» մէկ եւ միակ աղօթքը շրջանակուեցաւ ուրիշ աղօթքներով. խնդրանքներով, մաղթանքներով, յիշատակութիւններով, գոհաբանական բառերով կամ երգերով: Եւ առաքելական ծագում ունեցող տարբեր Եկեղեցիներու մէջ կը տեսնենք տարբեր պատարագներու երեւան գալը, որոնք նոյն կորիզը ունենալով հանդերձ՝ իրենց զարգացման մէջ իրարմէ շատ տարբեր են: Այսպէս, օրինակ, Գ. դարուն արդէն Երուսաղէմի մէջ Պատարագ մը մշակուած էր, որ կը կրէ Յակոբոս առաքեալի անունը: Մշակումը Յակոբոս առաքեալինը չէ անշուշտ, բայց անոր կորիզը կու գայ նոյնինքն առաքեալէն, որ Երուսաղէմի Եկեղեցիին առաջին եպիսկոպոսն էր: Արեւելքի բոլոր պատարագներուն ալ սկզբնաղբիւրը Սուրբ Յակոբոս առաքեալի այս Պատարագն է: Եգիպտոսի մէջ՝ Աղեքսանդրիա ուրիշ Պատարագ մը յառաջ եկաւ, որ այդ Եկեղեցիին հիմնադիր առաքեալին՝ Սուրբ Մարկոսի անունով կը կոչուի: Արեւմուտքը ունեցաւ իր պատարագները, որոնք զիրենք խմբագրող եպիսկոպոսներուն կամ եկեղեցիներուն անունով ճանչցուեցան (Ամբրոսեան Պատարագ, Կելասեան Պատարագ, Գրիգորեան Պա-տարագ, Գաղղիական Պատարագ) եւ այլն: Արեւելքի պատարագներու մշակման ամենէն բեղմնաւոր դաշտը եղաւ Կապադովկիան, ուր Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի մշակեց ու խմբագրեց իր անունով ծանօթ Պատարագը. իսկ Գրիգոր Նազիանզացի, «Աստուածաբան» մականուանուած, Պատարագի չորս տարբեր խմբագրութիւններ հրատարակեց: Անտիոքի առաքելական աթոռին տիեզերահռչակ հայրապետը՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, ի՛նք եւս Բարսեղ Կեսարացիի խմբագրած Պատարագը նոր մշակումի ենթարկելով խմբագրեց Պատարագ մը, որ ցարդ յոյն կամ բիւզանդական բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ գործածուող Պատարագն է:
- Ի՞նչ էր կացութիւնը Հայաստանի մէջ։
- Պէտք է նշել, որ եթէ այսօր մէկ եւ միակ Պատարագ մը ունինք մեր բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ, այդպէս չէր սակայն Դ. եւ Ե. դարերուն: Կարելիութիւնը չունինք խօսելու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն առաջ տիրող կացութեան մասին: Բայց Դ. դարը կը բացուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ մեր Եկեղեցւոյ ծիսական ու նուիրապետական կազմակերպումով: Լուսաւորիչ Հայրապետը Կապադովկիայէն ու Եդեսիայէն իրեն հետ բերաւ ո՛չ միայն քարոզիչներ, այլ վստահաբար նաեւ ծիսական-պաշտամունքային եւ աստուածաբանական երկեր, որոնք յունարէն եւ ասորերէն էին հարկաւ: Ծիսական գիրքերու կարգին պիտի ըլլային բնականաբար Պատարագը եւ ժամակարգութեան բաժինները:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Թէ ի՞նչ Պատարագ բերաւ Սուրբ Գրիգոր Կեսարիայէն. դժուար է ըսել: Վարդան Վրդ. Հացունի կը հաստատէ. «Առաջին պատարագամատոյցը որ Հայաստանեայց Եկեղեցին գործածեց, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին գրածն էր»: Բայց որոշապէս ասիկա ճիշդ չի կրնար ըլլալ: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ժամանակ տակաւին Սուրբ Պատարագի Բարսեղեան խմբագրութիւնը գոյութիւն չունէր: Յովսէփ Վրդ. Գաթըրճեան, հայոց պատարագամատոյցին մեծագոյն ուսումնասիրողը, կ՚ենթադրէ, որ մինչեւ Դ. դարու վերջին քառորդը, այսինքն մինչեւ Բարսեղ Կեսարացիի Պատարագին Հայաստան բերուիլը, նախա-Նիկիական պատարագներէն մէկը կը գործածուէր Հայաստանի մէջ, (ամենայն հաւանականութեամբ, Սուրբ Յակոբոս առաքեալի Պատարագը), կամ՝ ասորերէն պատարագամատոյց մը, որ սակայն հայերէնի չթարգմանուեցաւ Ե. դարուն, մինչդեռ Բարսեղ Կեսարացիին խմբագրած Պատարագը գրերու գիւտէն անմիջապէս ետք թարգմանուեցաւ եւ ամբողջ Ե. դարուն մեր մէջ գործածուածը անիկա եղաւ: Դ. դարու վերջին քառորդին, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի եւ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի չորս պատարագները մուտք գործեցին Հայաստան: Նազիանզացիի Պատարագի խմբագրութիւններէն չորրորդը, սխալմամբ վերագրուած Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի Հայրապետին, աւելի մեծ ընդունելութիւն ու տարածում գտաւ Հայաստանի մէջ:
«Ե. դարուն այս երեք պատարագներն ալ (Յակոբոս առաքեալի, Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի) կային մեր երկրին մէջ, եւ ասոնց վրայ շուտով աւելցաւ նաեւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի խմբագրածը»:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ