ԾԱՓԵՆՔ… ՁԵՌՆՈՑՈՎ

Շուարեր-մնացեր եմ: Չեմ գիտեր թէ որո՞ւն խօսքին հետեւիմ… Գործի երթա՞մ, թէ՞ շարունակեմ տունը բանտարկուած մնալ,- հարց տուաւ բարեկամս, հեռաձայնին միւս ծայրէն: Արդէն աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր բարեկամ-ծանօթ-հարազատի հետ հաղորդակցութեան միակ ձեւը մնացեր է հեռաձայնը: Վստահ եմ, ամէն մարդ ալ ինծի պէս ամէն օր կ՚օրհնէ յիշատակը Կրահամ Պէլի եւ իր գիւտը զարգացնողներուն…

Ինչո՞ւ շուարեր ես: Սա վերջին քանի մը ամիսները քեզի բաւարար փորձառութիւն չտուի՞ն, որ պէտք է միայն մտիկ ընես տրամաբանական բան ըսողին, գիտակին, եւ ո՛չ թէ գիտոսիկ չհասկցողներուն, նաեւ վստահիս իմաստութեանդ,- բացատրեցի կէս-կատակ:

Բայց ինչպէ՞ս կրնանք տարբերութիւնը գիտնալ: Կարգ մը պետական մարդիկ կ՚ըսեն, որ վարակը յաղթահարած ենք, շուկայ-գործ վերաբանալու ցուցմունք կու տան, շուկաները կը բանան, միւս կողմէ, լուրերէն կը լսենք, որ պսակաւոր ժահրը վերստին կը տարածուի, երբ մարդիկ ու գործերը սկսած են շարժիլ:

Սիրելի՛ բարեկամս: Հանելուկը այդքան ալ դժուար չէ, անիւի կամ կրակի գիւտին չի նմանիր: Ճիշդ է, որ վարակին տարածումը որոշ սահմանափակումի ենթակայ է, սակայն ամէն բան վարդագոյն չէ, եւ ԶԳՈՅՇ ըլլալը բոլորիս դիմաց կը մնայ գլխագիր հրամայական: Տեղ կայ, որ վարակը տակաւին վտանգ կը սպառնայ, ուրիշ տեղ վտանգը նուազած է: Դուն քեզի հարց տուր, թէ փորձառութիւնդ քեզի ի՞նչ կ՚ըսէ:

Հանելուկ ըսածդ՝ ճիշդ այսպէս է: Իսկական հանելուկի դիմաց ենք: Եթէ պետական կարգ մը մարդոց ըսածին նայիս, պէտք է գործի վերադառնանք, իսկ ուրիշներ աղաչելու պէս կը պահանջեն, որ քիչ մը եւս համբերենք, իսկ գործի վերադարձողը պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, կարգ մը ասպարէզներ աւելի դանդաղ պէտք է վերաբացուին:

Ուրե՞մն… Երկու ըսուածն ալ հիմք ունի:

Ինչպէ՞ս թէ…

Գործի վերադառնալը ունի այն հիմը, որ աշխարհը առանց գործի-աշխատանքի չի կրնար երկար ապրիլ: Սա երկու-երեք ամիսները պէտք է բաւական բան ըսած ըլլան թէ՛ պետական առաջնորդներուն, թէ մեզի պէս մարդոց: Վարակին քովն ի վեր ապահով ապրելու եւ աշխատելու ձեւերը պէտք է գտնենք: Այսինքն, եթէ գործի պիտի վերադառնաս, նախազգուշական միջոցները պիտի յարգես: Դիմակ պիտի գործածես, եթէ կասկածելի բանի մը դպար՝ պիտի լուացուիս, պիտի խուսափիս այնպիսի հաւաքավայրերէ, ուրկէ կրնաս վարակ ստանալ, որովհետեւ երբեմն վարակողն ալ չի գիտեր, թէ վարակակիր է: Եւ… ասանկ բաներ:

Լուրերէն՝ տեղ մը լսեցի, որ մարդիկ կառավարական պատասխանատուներէն կը պահանջեն, որ օգտակար ըլլան ժողովուրդին:

Իրաւունք ունին: Հիմա, այլեւս իմաստ չունի գանգատիլը, թէ պետական մարդիկը ուշ շարժեցան, սխալ շարժեցան: Եղածը եղած է: Այս՝ անցնող ժամանակը պէտք է բաւական փորձառութիւն տուած ըլլար թէ՛ պետական առաջնորդներու, թէ ժողովուրդին:

Ժողովուրդը ի՞նչ բաժին ունի ասոր մէջ:

Անշո՛ւշտ որ բաժին ունի, մասնաւորաբար ասկէ ետք: Տե՛ս: Պետական որոշ պատասխանատուներ տակաւին կը մնան թերի ընթացքի մէջ: Ապահովութեան առարկաները՝ դիմակ, ձեռնոց եւ այլն, տակաւին պէտք եղած չափով չեն հասնիր հիւանդանոցները, ալ ո՜ւր մնաց բոլոր աշխատանքի վերադարձողներուն: Անդին, կը տեսնես, որ շուկաներ ու աշխատանք վերաբացող կարգ մը երկիրներու մէջ, նման միջոցներ ապահոված են: Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, ճամբորդներուն ձրիաբար դիմակ կը բաժնեն, ուրեմն, անոնք քիչ մը աւելի՛ ապահով են, քան անտէր ձգուածները. հոն, վարակին վերստին տարածումը նոյնքան սպառնական չէ, որքան ուրիշ տեղ: Այս տեսակ միջոցառումներու մէջ, պետական մարդոց դերը վէճ չի վերցներ:

Ժողովուրդը ի՞նչ կրնայ ընել:

Ժողովուրդը, այսինքն բոլորս պիտի գիտնանք, որ վարակին զսպումին եւ վերստին տարածման մէջ մենք հիմա աւելի՛ մեծ դեր կրնանք ունենալ: Հիմա կը գտնուինք վարակին սկսման պէս վտանգաւոր փուլի մը սկիզբը, եթէ մեր խելքը ճիշդ ձեւով չգործածենք: Սկիզբը, չէինք գիտեր, թէ մեծ հալածողը որքա՛ն վտանգաւոր է. հիմա աւելի լաւ գիտենք: Ու եթէ վարակը դարձեալ տարածուի անսանձ, մեղադրանք փոխանակելը ո՛չ մէկ արժէք պիտի ունենայ: Կայ մարդ՝ որ կը մտածէ, թէ ես քաջ եմ, վարակէն վախնալու պէտք չունիմ, ազատ եմ դիմակ գործածելու կամ չգործածելու: Մինչեւ իսկ մտածողներ կան, թէ աղօթելով վտանգէ զերծ կը մնան: Պէտք չէ ազատութիւն եւ հաւատք ըսուածները աժանցնել, իրենց իմաստէն պարպել: Հոս քաջութեան ու վախկոտութեան հարց ալ չի կրնար ըլլալ: Մարդիկ պէտք է վտանգը տեսնեն իր ամենէն պարզ երեսով, գիտութեան ձայնը լսեն, տրամաբանութիւն գործածեն:

Այսի՞նքն…

Երկու հարցում հարցնեմ, պատասխանէ՛: Վարակին դեղը գտնուա՞ծ է, պատուաստ կա՞յ:

Կ՚ըսեն, որ երկուքին համար ալ փորձեր կ՚ընեն…

Դուն ինծի պարզ պատասխան մը տո՛ւր: Դարման կա՞յ, գտնուա՞ծ է:

Ո՛չ. մէկը դեռ վստահ բան չի կրնար ըսել:

Ուրե՞մն…: Երբ բանալին չկայ, պիտի նայիս, որ ի՞նչ կը մնայ ընելիք: Ո՛չ մէկ գործնական արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ այս աղէտը քաղաքական վէճերու նիւթ դարձնենք: Վարակին վերստին տարածումէն չենք կրնար խուսափիլ, եթէ պահանջուած ու թելադրուած զգուշութեան միջոցները չգործադրենք: Ուրիշ ճամբայ կա՞յ: Այսինքն, «կառավարութիւնը, պետական պատասխանատուները ասանկ-անանկ պէտք է ընեն» ըսելով՝ եթէ մէկդի ձգենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, արդիւնքի չենք հասնիր, վտանգը մեր գլխուն վրայ կախուած կը մնայ: Մէկ, երկու հոգիի անփութութիւնը տասնեակներով վարակուած կրնայ պատճառել: Այսքան պարզ…

Կարծեմ ըսածդ այն է, որ ծափ զարնելու համար, երկու ձեռքի պէտք կայ: Եւ հիմա, ծափելու ատեն ալ թերեւս պէտք է ձեռնոց գործածենք, հոգ չէ թէ ձայնը լաւ պիտի չլսուի…: Մնաս անվտա՛նգ:

Շնորհակալ եմ: Դո՛ւն ալ, ընտանի՛քդ ալ: Իսկ ձայնով ծափելու համար, սպասենք, որ վարակին դեղն ու անոր դէմ պատուաստը գտնուին շուտով: Այն ատեն, առանց ձեռնոցի ծափերուն ձայները պիտի լսուին Ճաբոնէն ու Աւստրալիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպա ու Ամերիկաներ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մայիս 2020

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020