ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Այսօրուան մարդը մնայուն վազքի մէջ հարստութիւն դիզելու համար. կարծէք հարստանալու մարմաջը դարձած ըլլայ մարդուն գերագոյն նպատակը: Աւելին, կարծէք մարդիկ հարստութեան, կամ շատ դրամ ունենալուն մէջ կը տեսնեն իրենց հանգիստը: Առակագիրը այս մասին բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. Առակաց 15.16-ին մէջ կը կարդանք. «Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տիրոջ վախով, քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով» (Առ 15.16):
Աշխարհիկ որեւէ մէկ հարստութիւն մարդ արարածին խռովութիւն կը պատճառէ: Ասոր հակառակ, երբ մարդ հարստութեան տէր է եւ միաժամանակ Աստուածավախ է, այսինքն՝ իր ո՛չ թէ իր հարստութիւնը կ՚իշխէ իր վրայ ու կը կառավարէ զինք, այլ՝ ի՛նք է, որ կ՚իշխէ ու ըստ պատշաճի կը գործածէ իր ունեցած հարստութիւնը, ապա այն ատեն մարդ ներքնապէս խաղաղ կ՚ըլլայ, որովհետեւ կ՚ունենայ այդ գիտակցութիւնը, որ իր ունեցած հարստութիւնը Աստուծմէ իրեն տրուած պարգեւ մըն է, եւ ինք պարզապէս տնտես մըն է այդ հարստութեան:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մարդուն վազքին՝ հարստութիւն դիզելու կամ շատ դրամ շահելու մասին, ապա ատոր պատճառը մարդուն՝ Աստուծմէ եւ հոգեւոր արժէքներէ հեռանալուն արդիւնքն է, եւ նման վազք մը ո՛չ թէ հանգստութիւն եւ երջանկութիւն կու տայ մարդուն, ընդհակառակը՝ խռովութիւն եւ մտատանջութիւն:
Տէր Յիսուս կը թելադրէ մեզի գանձեր չդիզել այս աշխարհի մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):
Այս խօսքերէն մեկնելով, եթէ մարդուն սիրտը կապուած է Աստուծոյ եւ միաժամանակ աշխարհի մեծահարուստներէն ըլլայ, ապա այդ հարստութիւնը մի միայն Աստուծոյ փառքին համար կը ծառայեցնէ, ուր եւ կը գտնէ իր իսկական հանգիստն ու երջանկութիւնը: Այլապէս, եթէ մարդ ապաւինի մի՛ միայն իր հարստութեան առանց կապ ունենալու երկնայինին հետ, ապա այդ հարստութիւնը իրեն մի՛ միայն խռովութիւն եւ մտատանջութիւն պիտի պատճառեն:
Միւս կողմէ, երբ մարդ քիչով կը գոհանայ եւ իր ունեցածին համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, ապա այդպիսին նոյնիսկ եթէ այս կեանքին մէջ դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ ունենայ, սակայն երկինքի մէջ իրեն համար գանձեր կը դիզէ՝ ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ:
Հ. Սիրոյ մասին բան կ՚ըսէ՞ Առակագիրը:
Պ. Շա՜տ հետաքրքրական ասոյթ մը ունի այս ուղղութեամբ Առակագիրը, երբ կը գրէ. «Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով» (Առ 15.17): Այս նախադասութիւնը կարդալով կը հասկնանք, թէ աւելի լաւ է սէր եղած տեղը ոչինչ ունենալ, քան թէ ամէն ինչ ունենալ՝ առանց սիրոյ, ընդհակառակը՝ ատելութեամբ:
Ատելութիւնը մեզ կը տգեղցնէ, մինչ սէրը՝ կը գեղեցկացնէ:
Ատելութիւնը մեզ կը տկարացնէ, մինչ սէրը՝ կը զօրացնէ:
Ատելութիւնը մեզ կասկածող կը դարձնէ, մինչ սէրը՝ ինքնավստահ:
Ատելութիւնը մեզ կը յուսահատեցնէ, մինչ սէրը՝ յոյսով կը լեցնէ:
Ատելութիւնը մեզ կը մոլորեցնէ, մինչ սէրը՝ ուղիղ ճանապարհին մէջ կը դնէ մեզ:
Ատելութիւնը մեզ կը տմարդացնէ, մինչ սէրը՝ մեզ ՄԱՐԴ կը դարձնէ:
Ատելութիւնը մեզ աշխարհաքաղաքացի կը դարձնէ, մինչ սէրը՝ մեզի երկնաքաղաքացիութիւն կու տայ:
Ի վերջոյ, ատելութիւնը մեզ կ՚անասնացնէ, մինչ սէրը՝ կ՚աստուածացնէ:
Սիրոյ մասին շատ գրուած է թէ՛ աշխարհիկ մտաւորականներու եւ թէ հոգեւորական մտաւորականներու կողմէ: Այստեղ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը այդ մտածումներէն:
• Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացին կը գրէ.
- Ձեր հաւատքը ձեր առաջնորդն է, սակայն ձեր սէրը՝ այն ճանապարհն է, որ ձեզ Աստուծոյ կ՚առաջնորդէ:
• Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ.
- Սէրը չար չի՛ մտածեր:
- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, հեռու է երեւցող ու աներեւոյթ անիրաւութիւններէն եւ մօտ է արդարութեան ու սրբութեան։
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.
- Սէրը բոլոր առաքինութիւններուն մայրն է:
- Սէրը ամչնալ չի՛ գիտեր, մանաւանդ, որ ամչնալը այն է, որ ո՛չ ոք սիրել գիտէ:
- Սէրը չի՛ տգեղցներ, սակայն սիրելիներւն մեղքերը կը ծածկէ՝ ոսկեայ թեւերու նման:
- Երբ սէր ըլլայ, այլեւս կարիք չկայ ո՛չ օրէնքներու, ո՛չ ալ դատարաններու, որովհետեւ եթէ բոլորը զիրար սիրեցին եւ սիրուած եղան, բոլոր չարիքները կ՚անհետանան:
- Իրապէս, չոր խոտը աւելի դիւրին կրակին կը դիմանայ, քան սատանան՝ սիրոյ բոցերուն:
- Սէրը իրերու բնոյթը կը փոխէ եւ բոլոր բարիքներով օգնութեան կը հասնի. անիկա բոլոր մայրերէն աւելի սիրալիր է. բոլոր թագուհիներէն աւելի հարուստ է եւ բոլոր դժուարութիւնները դիւրին եւ յարմար կը դարձնէ, բոլոր առաքինութիւնները մեզի հրապուրիչ ընելով, իսկ արատները՝ շատ անհաճելի:
• Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ.
- Երբ կ՚ոտնակոխենք մարմինի ցանկութիւնները եւ աշխարհէն կը հեռանանք, այն ատեն կրնանք սուրբ սիրտով զԱստուած սիրել։
- Ընկերոջ հանդէպ սէրը ճամբա՛յ կ՚ըլլայ եւ Աստուծոյ սիրոյն կը տանի մեզ։ Երբ մեր ընկերը կը սիրենք՝ կը սորվինք նաեւ զԱստուած սիրել։
• Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.
- Երրորդութեան երեք անձերու միասնական բնութիւնն է Սէրը. «Զի Աստուած Սէր է»: Ահա գաղտնի բանալին Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Պարզ ու վճիտ: Ուրիշ խօսք աւելորդ է եւ անհարկի: Որովհետեւ տիեզերքի ստեղծագործութեան ուժը Սէ՛րն է: Մարդու կեանքի երջանկութեան աղբիւրը Սէ՛րն է: Սէրը՝ որ կեանքով ու գործով կ՚արտայայտուի, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ եւ, ի հարկին, խաչով կը կնքուի:
- Իրար սիրել՝ կը նշանակէ իրարու օգնել, իրարու զօրավիգ կանգնիլ, իրարու ծառայել:
- Սէրը Միութեան կապ է։ Զօրութեան աղբիւր:
- Մենք կը հաւատանք, որ աստուածային մարդացեալ սիրոյն կարելի է միայն սիրով պատասխանել։ Եւ այդ սէրը իր ճշմարիտ արտայայտութիւնը կը գտնէ մեր մէջ ա՛յն ատեն, երբ մեր կեանքները դառնան հանդիսարան խաղաղութեան եւ հաճութեան եւ վերածուին բարիքներու աղբիւրներու մարդկութեան եւ հայութեան կեանքին մէջ:
• Մայր Թերեզա կը գրէ.
- Միայն դրամ տալով պէտք չէ բաւարարուինք։ Դրամը միայն բաւարար չէ։ Մարդիկ մեր սիրտերուն կարիքը ունին, որպէսզի անոնց սէր տան։ Տուէ՜ք այդ սէրը ամէն տեղ։ Սկսէք ձեր տուներէն։ Տուէք այդ սէրը ձեր զաւակներուն, ձեր կիներուն, ձեր ամուսիններուն եւ ձեր դրացիներուն:
- Մեր աղքատախնամ տուներուն մէջ յանձինս աղքատներուն եւ զանազան հիւանդութիւններէ տառապողներուն, կը խնամենք լքուած եւ մերժուած Յիսուսը, որովհետեւ այսօր աշխարհի բոլոր թշուառութիւններուն պատճառը այն է, որ ընտանիքներուն մէջ այլեւս սէր գոյութիւն չունի, իսկ անոր հետ՝ նաեւ խաղաղութիւն եւ բերկրանք:
- Սէրը որպէսզի ճշմարիտ ըլլայ, պէտք է Աստուծմէ սկսի՝ աղօթքով։ Եթէ աղօթենք, կրնանք սիրել, իսկ եթէ սիրենք, կրնանք ծառայել:
- Եթէ մարդիկը արժեւորելու սկսիս, ժամանակ պիտի չունենաս զանոնք սիրելու:
- Չեմ գիտեր, թէ դրախտը ինչպիսին է, սակայն գիտեմ, որ երբ մեռնինք եւ Աստուծոյ դատաստանին ժամանակը գայ, Ան պիտի չհարցնէ, թէ որքա՛ն բարի գործեր կատարած ենք, այլ՝ որքա՛ն ՍԷՐ դրած ենք մեր կատարած գործերուն մէջ:
- Սէրը ուժ կու տայ, կ՚աշխուժացնէ, կը վերածնի։ Առանց սիրոյ, միայն վաստակի համար աշխատող մարդը, երբեք արդիւնք ձեռք չի բերեր։ Կարելի է երկար ժամեր աշխատիլ եւ յոգնութիւն չզգալ։ Սակայն, կարելի է նաեւ ուժասպառ ըլլալ մի քանի վայրկեան աշխատանքէ, եթէ այդ անտարբեր սիրտով ընես՝ առանց սիրոյ։ Ամէն ինչ որ կ՚ընէք, սիրով ըրէք կամ ալ բնաւ մի՛ ընէք։ Մարդիկ իրենք իրենց հարց կու տան, ինչպէ՞ս անխոնջ ըլլան ու չյոգնին։ Գաղտնիքը շատ պարզ է, սիրեցէք այն ինչ որ կ՚ընէք, եւ անոնք՝ որոնց համար կ՚ընէք:
• Անտրէ Ժիտ կը գրէ.
- Սիրոյ մէջ երբեք վատ բան չկայ:
- Եթէ սիրոյ մէջ սահմանափակում գոյութիւն ունի, ատիկա քեզմէ չէ, Տէ՛ր իմ, այլ՝ մարդոցմէ:
• Քենէթ Պէյլի կը գրէ.
- Աստուած սէր է։ Այս կը նշանակէ ողորմութիւն, որ գթասիրտ է եւ չ՚ուզեր պատժել։
Աստուած սէր է, կը նշանակէ շնորհք, որ պարգեւ մըն է, զոր շահած ենք։
Աստուած սէր է։ Ասիկա կը նշանակէ ներում՝ տառապանքի ընդմէջէն։
Աստուած սէր է։ Ասիկա կը նշանկէ զոհաբերութեամբ տալ, անձը զոհելով տալ։
Աստուած այնչափ սիրեց, որ Ան տուաւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 42
Վաղարշապատ