ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ. «Ո՛Չ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՈՉ ԱԼ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ԵՐԹԱԼՈՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ»

Արաբ-իսրայէլեան խնդիրը բաւական խճճուած եւ բազմաթիւ շերտեր ունեցող տագնապ մըն է: Սոյն հարցին մասին գրելու համար կան հիմնական աղբիւրներ, որոնք սակայն միշտ չէ, որ արդարացի եւ անաչառ կերպով հանրութեան կը ներկայացնեն Իսրայէլի եւ յատկապէս Երուսաղէմի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Այդ բացը լրացնելու լաւագոյն միջոցներէն է լսել Երուսաղէմի առօրեային ծանօթ եւ զայն ապրող մարդոց կարծիքը: Ու յաճախ կարեւոր ալ չէ, որ այդ մարդիկը յայտնի համալսարաններ աւարտած վերլուծաբաններ ըլլան: Սաղիմահայ Յակոբ Փանոսեանին հետ զրուցելու պահուս շատ յստակ կը դառնար, որ Երուսաղէմ ծնած ու հոն ապրած այս հայորդին ոչ միայն բաւարար տեղեկութիւններ ունի պաղեստինեան հարցին, Երուսաղէմի ընդհանուր իրավիճակին եւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մասին, այլ ունի կարողութիւնը տուեալ հարցերուն հանդէպ խորքային մօտեցում մը ունենալու: Բացի լրատուութեան միջոցներէ, տուեալ քաղաքին մէջ ապրող խօսակիցէ մը աւելի իրաւացի եւ աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու հաւանականութիւնը միշտ կը կարեւորուի։ Իսկ այս պարագային մեր հարցումներուն պատասխանողը քանի մը տարիէ ի վեր, կամ նոյնիսկ պարագաներու բերումով Երուսաղէմ ապրող մէկը չէ: Այլ այդ Սուրբ Քաղաքին մէջ ծնած ու հոն ապրած, այդ քաղաքի կենսագրութեան, գոյներուն, պայքարներուն, հոն տեղի ունեցող դէպքերուն եւ ընթացող գործընթացներուն ծանօթ մէկը: Յակոբ Փանոսեան նաեւ անոնցմէ մին է, որ խոհուն մարդու մը աչքերով կը նայի հայկական Երուսաղէմին շուրջ պատահող դէպքերուն: Լաւ գիտէ վերջին երեսունհինգ տարիներու ընթացքին եղած կարեւոր դէպքերը ու հիմնուելով իր կեանքի փորձառութեան վրայ, գիտէ նաեւ կարեւոր շեշտադրումներ ընել մօտ ապագայի մասին: Ճիշդ է ան տեսանող մը չէ (ու մենք առաւելաբար կը խուսափինք իրենք զիրենք տեսանողի դերին մէջ դրած մարդոց հետ զրուցելու), բայց եւ այնպէս, ան Երուսաղէմը գիտէ «ներսէն»: Անցնող շաբաթներուն Փանոսեան կը գտնուէր Երեւան եւ այդ առիթը օգտագործելով ունեցանք ստորեւ ներկայացուած շահաւէտ հարցազրոյցը:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողը շատ մեծ դիւրութեամբ պիտի նկատէ ու հաղորդակից դառնայ այն միտքին, որ որեւէ տագնապի մասին շատ յաճախ մասնագիտական մօտեցում ունենալը հիմնարար նախադրեալ մը չէ, քաղաքի մը տուեալ պարագային՝ Երուսաղէմի մասին առողջ, բազմակողմանի եւ անաչառ մօտեցում փոխանցելու համար: Յակոբ Փանոսեան այդ անաչառութիւնը կրողներէն մին է ու կ՚արժէ լսել անոր մօտեցումներն ու օգտուիլ անոր փոխանցած տեղեկութիւններէն: Իմ խօսակցիս հետ տարբեր թեմաներու մասին խօսելու ընթացքին ու յաճախ, երբ խօսք կ՚երթար Երուսաղէմի Հայոց վանքին ու այդ դարաւոր համալիրի շուրջ ձեւաւորուած կեանքին մասին՝ Փանոսեան կը նախընտրէր լռութեամբ անցնիլ այն հարցերը, որոնց ընդմէջէն այս տողերը գրողը կը փորձէր յաւելեալ լոյս սփռել սաղիմահայութիւնը յուզող հարցերուն վրայ:

Ու այդպէս աւելի ճիշդ եղաւ չգրել այն հարցերուն մասին, որոնց շուրջ խօսիլը ըստ Փանոսեանի, ոչինչ պիտի փոխէր համայնքին կեանքէն ներս: Պարզ է, որ սաղիմահայութիւնը այսօր ունի բազում խնդիրներ, որոնք կարիք ունին լուծումներու: Համայնքային կեանքէ ներս առկայ հարցերուն ամենէն մտահոգիչը համայնքի թիւին ընդհանուր նուազումն է: Այդ նուազումը կախեալ չէ միայն արտագաղթի երեւոյթէն, այլ համայնքին մէջ նոր ընտանիքներ չկազմուելու հարցէն: Ամէնամեայ դրութեամբ եւ շատ բնականոն ընթացքով համայնքը կ՚ապրի տերեւաթափ ու այդ երեւոյթը հաւասարկշռելու կարեւորագոյն գործօնը նոր ընտանիքներու կազմութիւնն է, ինչ որ մեծ թերացում կ՚արձանագրէ: Հարցը ունի մանաւանդ տնտեսական երեսակ, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ Երուսաղէմի կամ անոր շուրջ եղած հատուածներուն մէջ բաւական «թանկ հաճոյք» է բնակարաններ վարձակալելու հարցը: Տակաւին չենք խօսիր նոր կամ օգտագործուած բնակարան մը իւրացնելու մասին, որ հայկական համայնքի երիտասարդ խաւին համար «երազային» պարագայ մըն է: Ու բնականաբար, եթէ այս հարցը լուծուի, եթէ երիտասարդներուն առիթ տրուի, որ իրենց դրամական միջոցներուն համեմատ բնակարաններ ձեռք ձգեն, ապա վստահաբար շատ արագօրէն սաղիմահայութիւնը պիտի օժտուի նոր ընտանիքներով:

Ինչպէս տարբեր խնդիրներու, այս պարագային եւս հայութիւնը կը նախընտրէ «մեծ գաղափարներ»ով տարուիլ, բայց մոռնալ էականն ու հիմնականը: Միջին Արեւելքի քարտէսին վրայ Երուսաղէմը ունի իր յատուկ դիրքն ու դերը, Երուսաղէմը կը համարուի մարդկութեան օրրան ու ասոր զուգահեռ շատ բնական է, որ հայութիւնը փորձէ ամէն գնով այդ պատմական տարածքներուն վրայ իր ունեցած մարդագրական պատկերը պահպանել:

Մտավախութիւն կայ, որ յառաջիկայ տարիներուն սաղիմահայութիւնը կորսնցնէ իր ունեցած թուային քանակը ու պատահի նաեւ այն, որ համայնքին մէջ գոյատեւէ ու մնայ միայն վանական համալիրը՝ իր միաբանութեամբ ու պատրիարքով:

Բայց ինչ օգուտ այդ բոլորը, եթէ այդ համայնքը դատարկուի իր պարունակէն ու հոն մնացած մեծահասակները կեանքի բնութեան անյեղլի օրէնքներուն ենթարկուելով հեռանան մեր աշխարհէն:

Պարագան բաւական մտահոգիչ է եւ արժանի՝ նպատակային եւ արագ լուծումներու, որոնց մէկ օրինակին մասին խօսած է խօսակիցս սաղիմահայ՝ Յակոբ Փանոսեան:

-Յարգելի Պրն. Փանոսեան, ի՞նչ առիթով է, որ կ՚այցելէք Հայաստան:

-Ճիշդը եթէ ըսեմ, առանձնապէս յատուկ պատճառ մը չկար Հայաստան գալու, բայց մեզի համար ամէն յարմար առիթի հայրենիքի մէջ գտնուիլը դարձած է տեսակ մը աւանդութիւն: Երբ Երուսաղէմ էի, ծանօթներէ իմացայ, որ շուտով սկիզբ պիտի առնեն Թել Աւիւ-Երեւան ուղիղ թռիչքները: Այդ պահուն կնոջս ըսի. «Այն օրը, երբ Թել Աւիւ-Երեւան առաջին թռիչքը պիտի կատարուի, ես այդ օդանաւին մէջը պիտի ըլլամ»: Այդպէս ալ կատար-ւեցաւ: Խորքին մէջ ուրիշ զգացողութիւն մը ունեցայ, երբ մեզի Թել Աւիւէն Երեւան փոխադրող օդանաւի ուղեկցորդուհիները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն կը բացատրէին թռիչքի վերաբերեալ հարցերը: Իրօք ուրիշ զգացողութիւն էր: Թռիչքը իրականացաւ Մայիսի 18-ին:

-Լրատուական դաշտին մէջ յաճախ Երուսաղէմի մասին իրերամերժ տեղեկութիւններ կը հրապարակուին: Պիտի ուզէինք, որ դուք որպէս Երուսաղէմի մէջ ծնած եւ ներկայիս ալ հոն ապրող հայ, մեր ընթերցողներուն քաղաքի ընդհանուր իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցէք:

-Երուսաղէմի մէջ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Այսօր քաղաքը առաջուան վիճակը չունի: Հին Երուսաղէմի մէջ կրօնական ծայրայեղութեան մթնոլորտ կը տիրէ: Բաւական մեծ աճ արձանագրած է հրեաներու թիւը: Այս բոլորէն զատ ու յատկապէս Երուսաղէմ եկող ուխտագնացներու թիւի աճին հետեւանքով քաղաքը անհանդարտ վիճակ մը ունի: Ամէնօրեայ խճողումներ, երթեւեկութիւն, մարդկային հոսքեր, կրօնական տարբեր արարողութիւններ կատարող բազմութիւններու տեղաշարժ դարձած են յաճախակի երեւոյթներ: Երուսաղէմը առաջուան կեանքը չունի այլեւս: Ու այս բոլորին հետ միասին մենք որպէս հայեր, ստիպուած ենք քայլ պահել եւ յարմարուիլ նոր պայմաններուն: Այս բոլորը կը պարտադրեն, որ մարդիկ ստիպուած ըլլան իրենց կեանքի ձեւը փոխելու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

շար. 1

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017