Սեւ Կա­տուն Եւ Ու­րիշ Բա­ներ

Կը կարծեմ, որ շատերու համար ծանօթ անուն-բացատրութիւն մըն է այս «սեւ կատու»ն, ինչպէս նաեւ անոր առընչուած եւ աւանդութիւն դարձած զանազան նախապաշարումները: Դարերէ ի վեր մարդիկ միշտ զգուշացած են, երբ հանդիպած են, կամ իրենց մօտէն եւ կամ ալ դիմացէն սեւ կատու մը անցած է, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը մեկնաբանած են հետեւեալ ձեւով՝ «օրս ծուռ պիտի երթայ», «դժբախտութիւն մը պիտի պատահի» «սրտնեղութիւն մը պիտի ծագի», «սխալ բան մը պիտի կատարուի», «հիւանդի մը լուրը պիտի լսուի», «արկած կամ աղէտ մը պիտի պատահի»: Մէկ խօսքով՝ գլխու փորձանք: Յստակ է, թէ նախապաշարումը մարդոց մտածելակերպը, դէպի մինչեւ ուր կրնայ առաջնորդել եղեր:

Ու խեղճ անասունը, համաձայն այս նախապաշարումներուն, յատկապէս Արեւելքի մէջ, միշտ նախատուած եղած է: Այդ սեւ կատուն, ուզէ կամ ոչ, դարձած է հոմանիշը մարդոց դժբախտութիւններուն եւ միաժամանակ անոնց ողջ էութիւնը կրծող մտածումներուն:

Անթիւ համրանքով մարդիկ չեն ախորժիր սեւ կատուէն: Բայց սեւ կատուին յանցանքը ի՞նչ է, երբ իր մորթը կամ «բուրդը» այդ գոյնը ունի:

Կը յիշեմ՝ տակաւին աշակերտ էի. մեր բազմամարդ բակին մէջ, երբ տանիքէն սեւ կատու մը դէպի վար, խոհանոցին մօտենար, բակի բոլոր պատուհաններէն, խօսքերնին մէկ ըրած, տասնեակներով կօշիկներ կը նետուէին խեղճ անասունին գլխուն՝ իբրեւ «ուղուրսուզ հայվան»-բախտը բեկանող անասուն պոռալով:

Այդ օրերէն, կարծես ես ալ նոյն «գիծը» ժառանգած էի: Անկեղծօրէն չեմ սիրեր եւ չեմ ալ ախորժիր ընդհանրապէս կատուներէն եւ յատկապէս՝ այս «սեւ»էն, որովհետեւ կը կարծեմ, որ իր ներկայութիւնը ոխ եւ քէն կը բերէ ընտանիքներէն կամ անոնց անմիջական շրջապատէն ներս: Պարզապէս նախապաշարում: Ի՞նչ ըսեմ: Ձեռքս չէ:

Ոխ ըսի: Ինծի համար մեծ արարք մըն է այս մէկը, որ մեր կեանքը կը դառնացնէ: Ցաւ մըն է, երբ քեզի փակչի, օձիքդ չի ձգեր: Ազատում չկայ: Չունիս: Սիրտ նեղացնող:

Յիշեցէ՛ք: Այս բոլոր մատնանշումները ձեզի համար նորութիւններ պէտք չէ որ ըլլան: Իրականութիւններ են, որոնք եկած են, կու գան եւ տակաւին պիտի գան, ուզենք կամ ոչ, մեր կեանքի առօրեային մաս պիտի կազմեն մինչեւ այն ատեն, որ մեր շուրջը նման մթնոլորտ կայ: Մինչեւ այն ատեն, որ մեր մտքերուն մէջ կան այդ ոխ պահելու հոգեբանութիւնը, մեր նեղմտութիւնն ու նախանձը:

Ու տեսնուած իրողութիւն է, որ երբ ընկերդ, բարեկամդ, ժողովականդ, ազգականդ, դրացիդ եւ կամ հարազատդ հետդ քէն է. «Քովէդ կ՚անցնի երեսդ չի նայիր», «քեզ չլսելու կը զարնէ»: Սիրտ կոտրտուք: Ու իբրեւ զգայուն մարդ՝ ժամերդ կ՚անցնին նեղ, ու կեանքդ կը դառնայ անհամ: Ապա վերջը զիրար հաշտեցնելու քայլեր կը փնտռուին: Միջնորդ կը փնտռուի: Ու այս անգամ երեւան կ՚ելլէ ձեզմէ մէկուն յամառ նկարագիրը. «Ի՛նք թող ոտքս գայ»: Մանկական մտայնութիւն: Եւ օր մըն ալ, ձեր բարի բախտէն, ձեր արդար մտածելակերպէն՝ կը հաշտուիք: Ու կը զգաք եւ ներքնապէս կը խոստովանիք, որ հաշտութիւն ըսուածը ի՜նչ հաճելի եւ լաւ «բան» է եղեր: Օրերու եւ կեանքի թեթեւութիւն մը կը պատէ չորս կողմդ: Եւ երկուքդ կրկին կը դառնաք «մեղր ու շաքար»:

Ոխ, քէննալ, գժտուիլ, որովհետեւ «սեւ կատու» մը տեսած էք կամ՝ հանդիպած: Ծիծաղելի է:

Բացէ՛ք բառարանը եւ պիտի տեսնէք, որ «քէննալ» բայը եկած է «քէն» բառէն, որ կը նշանակէ «գժտութիւն»: Առաւել, կը նշանակէ «քէն պահել», «ոխ պահել» եւ «քէնոտիլ»:

Իսկ միւս կողմէ, եթէ յանկարծ օր մը, տանդ մէջ, կամ դրացիիդ մօտ, եւ կամ ալ ժողովներուդ ընթացքին հեզասահ նկատ-ւած կեանքի ժամերէդ կամ ճամբան քալած միջոցիդ դիմացէդ «սեւ կատու» մը անցնի կամ «սեւ կատու» մը մտնէ  եւ կամ ալ աւելի ահռելին՝ «սեւ կատու» մը մտցնեն ձեր երկուքին միջեւ, ահա քեզի նոր խնդիր: Մե՛ծ խնդիր: Ու օրինակներ շատ կան:

Վերցուցէ՛ք, միութենական ժողով մը… Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ… Հաւանաբար ձեզմէ շատեր անցած են այս ճամբէն: Մի՛ արդարանաք կամ ալ «սրբանաք»:

Այսպէս, պարզ վէճ մը, կամ քիչ մը «ծուռ» խօսք մը, նայուածք մը եւ կամ քուէարկութեան ձախողութիւն մը, կամ ալ առաջարկի մը ժխտական ձեր կեցուածքն ու հակաճառութիւնը, կամ պաշտօնազրկում մը, հետեւանք՝ երկու կողմերու միջեւ՝ հակառակութիւն: Դէմքերը կը կախուին: Նախանձը կը լեցուի: Սեւ մտքեր կը պատեն ուղեղները: Երեսները «կը թթուին»: Գժտութիւն, քէնոտութիւն եւ շատ հաւանաբար՝ այս բոլորէն շատ աւելի ուրիշ բաներ: «Սեւ կատուներն» ու «սատանաները» կը հաւաքուին մտածումներուն մէջ: Ապա այս վիճակին կը յաջորդեն սաստեր ու սպառնալիքներ, եւ «ցոյց կու տամ»ներ եւ կամ ալ՝ «ի՛նք ով է»ներ: Մէկ խօսքով՝ մեծ վէճ ու վիճաբանութիւն: Զայրոյթ, նոյնիսկ՝ բռունցք: «Բարեւը կըտ-րել»,  «ժողովներէն բացակայիլ», հանրային կեանքի կծու եւ անվայել խօսքեր լսել: Ժողովներէ ներս աղմուկը կը փրթի: Ժողովը կը վերջանայ, իսկ վէճը՝ ոչ: Հարցը կը փոխադրուի դուրսը, փողոցը, խանութը, ակումբը, դպրոցը՝ հասնելով նոյնիսկ տուները:  Տրամադրութիւն քանդող լուրջ լարուածութիւն: Անկասկած երկուքին միջեւ «սեւ կատուն» յայտնուած էր: Այս բոլորին իբրեւ բնական շարունակութիւն՝ պաղութիւն երկու ընկերներու, բարեկամներու եւ ընտանիքներու միջեւ: Մէկ խօսքով՝ քէն:

Շանթահար այս իրականութեան մէջ վայրկեանին ուղեղը բան չի կրնար հասկնալ, որովհետեւ պակսած է կուռ տրամաբանութիւնը եւ կամ ալ աւետարանական խօսքի մը պարզ մեկնաբանութիւնը:

Քէնոտիլ, սրտնեղիլ, գժտուիլ, նախանձիլ, բամբասել, զիրար չհանդուրժել, չյարաբերիլ, չխօսիլ եւ բաժնուիլ, այլ խօսքով՝ ամէն ժխտական երեւոյթ, որ կը կտրատէ երկու կամ աւելի բարեկամ մարդոց միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապը:

Ըսի՝ մէյ մը դիտենք մենք զմեզ: Ժողովի օրինակը ամենէն ցայտունն էր: Ահա՝ ուրիշ օրինակ մը եւս: Հազարաւոր մղոններ կտրած ենք ու կամովին եւ կամ ակամայ հաստատուած ենք Ամերիկա կոչուած այս «դրախտ» երկրին մէջ: Բայց մեզմէ շատ շատեր չեն մոռցած իրենց հետ բերել իրենց հին «քէն»ներն ու «ոխ»ի զգացումները ու ամէն առիթով զանոնք կը զգացնեն իրենց շուրջիններուն եւ կամ հարազատներուն: Պատճառը շատ պարզ է: Նեղմտութիւն, որովհետեւ նման մարդոց նոյնիսկ չես կրնար ըսել, թէ իրենց աչքին վրայ յօնք կայ: Նահապետական դարաւոր աւանդութեան մաս կը կազմէ մեր համերաշխ գոյակցութիւնը: Իրարու հետ հաշտ ապրիլը էական ու կենսական է ոչ միայն մեզի համար, այլեւ՝ մեր հայրենիքին: Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, մենք՝ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ ունինք նոյն թշնամին, նոյն մարտահրաւէրները, նոյն ազգային հարցերն ու խոչընդոտները եւ նոյն ճակատագիրը: Ընտանեկան, ազգականական, միութենական կամ կուսակցական մեր փոխյարաբերութիւնները, այս կամ այն պատճառով մեր վէճերը ոխի եւ քէնի վերածելը անկասկած որ տկարամտութեան պատճառով են: Նախանձ եւ նոյնքան ալ նախանձ:

Օտարներն ալ ունին նոյն նկարագիրը: Անոնք ալ մարդ են, վերջին հաշուով: Օրինակ՝ դրացի եղող չինը երկու ամիսէ ի վեր չի խօսիր եւ չի յարաբերիր մեքսիքացի իր միւս դրկիցին հետ, որովհետեւ այս վերջինին «ծառին տերեւները իր բակը կ՚աղտոտեն եղեր եւ մեքսիքացիին ալ հոգը չէ»: Ու չինը ինչե՜ր ըսէք «չբերաւ» իր դրկից մեքսիքացիի պարտէզի գլխուն:

Ու ոխը լեղի է. խրատած էին մեր մեծերը եւ զգուշացուցած: Անհամ ալ է: Տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Ժամերդ կը դառնան կսկիծ ու ցաւ: Օրերդ կը թունաւորէ ու կեանքիդ ուրախ երեւոյթը կը սրբէ: Մարդկային նկարագիր:

Էականը, սակայն, իրարու միջեւ մեր ստեղծած փոխյարաբերութեան ամրութիւնն է ու հարազատութիւնը: Էականը ընտանիքի անդամներու, ազգականներու, ընկերներու կամ բարեկամներու ու խնամիներու միջեւ եւ հետը լաւ ու առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելն ու պահելն է: Վէճերն ու թիւրիմացութիւնները, անհասկացողութիւններն ու տարբեր կարծիքներ յայտնելը շատ եւ միշտ պիտի պատահին: Կարեւորը լուծում մը գտնելն է: Այս բոլոր կէտերը մարդկային են, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ամէն մարդ նոյն ձեւով մտածելու կարողութիւնը չ՚ունենար եւ չունի:

Կարճամտութիւնը խենթութիւն է՝ ըսած են մեր մեծերը: Եւ ճիշդ են: Կարեւոր է, որ մենք գիտակցելու զօրութիւնը ունենանք եւ զայն վայելել գիտնանք:

Իսկ այս բոլորին դարմանը կամ դեղատոմսը՝ քիչ մը լայնախոհութիւն, քիչ մը շրջահայեացութիւն եւ քիչ մը լայնասրտութիւն ու անպայման՝ ներողամտութիւն: Արդէն բաւարար է:

Լա՛ւ մտածեցէք, «սեւ կատուին» հանդիպելէ առաջ, խնդրեմ, ձեր «լայնախոհութեան» կօշիկը պատրաստ պահեցէ՛ք, անով հարուածելու այդ «անիծեալ» անասունը, որպէսզի ձեր միջեւ ստեղծուած մթնոլորտը իր սովորական սահուն ընթացքը շարունակէ:

Ապա թէ ո՛չ, մնացեալը դուք գիտէ՛ք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017