ՀԱՐԻՑ ԶՀՈՎԻՒՆ ԵՒ ՑՐՈՒԵՍՑԻՆ ՈՉԽԱՐՔ ՀՕՏԻՆ
Հակառակ անոր, որ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ը իմ շատ սիրած բանաստեղծութիւններէս մէկն է, հակառակ անոր, որ գիտաթէզիս նիւթը եղած է մեր գրականութեան նշանաւոր «Գանգատ»ին հեղինակ՝ Ֆրիկը, իմ քրիստոնէական դաստիարակութիւնս ինձ երբեք թոյլ չէ տուած, որ ես հարցում ուղղեմ Բարձրեալին նոյնիսկ կեանքի ձախողութիւններու, յուսախաբութիւններու, անհանգստութիւններու ընթացքին։ Ես մի՛շտ վստահ եղած եմ, որ Տիրոջ ծրագիրը աւելի լաւ է եւ մեծ՝ քան հասարակ մահկանացուինս։
Սակայն մանուկ հոգիս վրդովմունք մը ունեցած է եւ իմ միակ հարցումս Աստուծոյ եղած է այն, որ ինչու Իր Որդին՝ Քրիստոնէութեան համար այսքան տառապած ու չարչարուած ազգէս չծնաւ։
Յակոբ Պարոնեան էր այդ օրը մեր գրականութեան դասը, ես տուն եկայ սիրտս նեղ, մեզ այդքան ծիծաղ պատճառող Պարոնեանը շատ տխուր աչքեր ունէր դասագիրքիս նկարին մէջ։ Հայրս՝ լուսաբանողը գրականութեան բոլոր ժամանակներու հարցումներուս՝ ըսաւ. «Ան ոչ միայն ժպիտ չէ ունեցած իր ողջութեան, այլեւ մահէն ետք գերեզմանն անգամ չեն ձգած, դեռ փոքր ես, դեռ առիթ կ՚ունենաս խորանալու գրականութեան մէջ կը հասնիս հինգերորդ դար ու կը հասկնաս, թէ ինչ է գինը մեծ ըլլալու։ Այժմ կարդա՛ Թէքէեանի «Կ՚անձրեւէ տղաս»ը»։
Կարդալով հօրս յանձնարարած բանաստեղծութիւնը անկեղծօրէն բան չհասկցայ, փոքր էի դեռ, սակայն պատասախանը Աստուծոյ տուած միակ հարցումիս՝ չուշացաւ։
Մեր Տէրը Աստուած այնքա՛ն կը սիրէ հայ ազգը, որ ան գիտէր, որ եթէ մեզմէ ծնէր Իր Որդին՝ մենք պիտի ըլլայինք զԱյն խաչողը։ Բայց Ան ուզեց, որ ազգերուն մէջ մենք ըլլայինք առաջինը պետականօրէն ընդունելու Քրիստոնէութիւնը եւ դառնալու Իր անդրանիկ զաւակը։
Հանգստացաւ մանուկ հոգիս, գոհ էի գիւտէս, որովհետեւ համոզուեցայ, որ ընտրեալ ազգը մենք ենք։ Պայծառացած էր միտքս, հզօրացած հաւատքս, կարեւոր չէր, թէ ո՛ր ազգէն ծնած էր Քրիստոս, կարեւորը Ան մեր մէջ ծնած էր։
Երջանիկ էի, այո՛, մենք ենք Աստուծոյ անդրանիկ զաւակը, մենք ենք ընտրեալ ազգը։
Աստուած ո՞ւր արարեց առաջին մարդը, ո՞ր լերան վրայ կանգնեցաւ Նոյեան Տապանը... Ո՞վ ունի Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ տասներեք տարի Խոր Վիրապը մնալէն ետք՝ Աստուածորդուն յայտնութեամբը՝ պիտի կառուցէր մեր փառապանծ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ։
Էջմիածին... Փարոսը մեր հաւատքին եւ դրախտը մեր երկրին...
Ինչ որ մենք ունինք, ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ ունի... Ո՛չ մէկ երկիր ունի...
Անդադար տեղահանուեցանք, հալածուեցանք, որովհետեւ Տէրը ուզեց, մենք մեր լոյսն ու հանճարը տանինք մեր հետ ամէնուրեք եւ ամէն տեղ Աստուծոյ Տունը կառուցենք։ Սակայն այսօր մեր հայրենիքին մէջ կը քարկոծենք մեր պապենական հաւատքն ու տունը։
Խորհրդային շրջանին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին ջանքերով մենք ունեցանք նոյնիսկ աստուածամերժ պետութեան մը պաշտպանութիւնը, ո՞վ կը համարձակէր ոտընձ-գութիւններ ընել Էջմիածինի մէջ։
Առաւել եւս ա՛յսօր մեր եկեղեցին պէտք է վայելէ պետութեան պաշտպանութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Եկեղեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցին է։
Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը վերացուց ժամանակի անջրպետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, եւ կարճ ժամանակի մէջ ձգեց իր աստուածաբանական միտքը։
Յիշենք այն մեծ քայլը, որ առաւ Գարեգին Արք. Ներսիսեանը՝ այժմու Գահակալը Սուրբ Աթոռոյս։
1995-ի ապրիլի հինգն էր։ Ամենայն Հայոց 131-րդ Կաթողիկոսին ընտրութեան օրը։ Գիտաթէզիս պաշտպանութեանը համար Հայաստան կը գտնուէի։ Ընկերոջ մը հետ, որ յատուկ հրաւիրուած էր յօդուածներ տալու այս մասին, կը գտնուէինք Էջմիածինի վանքին տարածքին մէջ։ Եկեղեցւոյ պատմութիւն կ՚ապրէինք եւ ոչ թէ գիրքերու մէջ կը կարդայինք։ Բարակ անձրեւ կը մաղուէր, կը սպասէինք, որ զանգերը ղօղանջեն աւետելու համար նորընտիր կաթողիկոսին անունը։ Երկար, լարուած եւ անակնկալներով լեցուն օր էր։ Հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուցիչները այնտեղ էին տաճարին մէջ քուէարկելու համար։ Ցնցող էր պահը, Աստուած իմ, թէեւ տաճարէն դուրս սակայն ներկայ էի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեանը։
Ես ցնցուած էի ոչ միայն այնքան բախտաւոր ըլլալուս համար, որ ներկայ եմ այնտեղ, այլեւ հիացումով կը յիշեմ այն մեծ քայլը, որ յանուն մեր դարաւոր եկեղեցիին պայծառացմանը՝ հաւատարիմ իր ուխտին՝ առաւ Երեւանի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Ներսիսեանը։
Քուէներու բացառիկ մեծամասնութեամբ ան պիտի ըլլար մեր եկեղեցւոյ 131-րդ Կաթողիկոսը, սակայն ինքնավստահ եւ յօժար կամքով երիտասարդ արքեպիսկոպոսը իր քուէները զիջեց իրմէ աւագ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին։
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը կրնար դեռ 20-25 տարի գահակալել հասնելով խոր ծերութեան... Ինչ գիտնար իր քուէները զիջած հայ եկեղեցուոյ սպասաւորը, թէ ուրիշ էր Աստուծոյ ծրագիրը... Այսօր Էջմիածինը հինգ բարեգործական ճաշարան կը հովանաւորէ, ուր հարիւրաւոր կարիքաւորներ սնունդ կը ստանան։ Ապրիլեան անողոք պատերազմէն ետք Էջմիածինը մէկ միլիոն տոլար նուիրեց բանակին, նաեւ իր վրայ վերցուց շատ վիրաւորներու բուժման ծախսերը։ Բոլորս գիտենք, որ հաշմանդամ երեխաներու հիւանդանոցը Վեհափառ Հայրապետին աջակցութեամբ չփակուեցաւ։ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր եկեղեցիներ կառուցուեցան եւ վերանորոգուեցան... Էջմիածին վանքը դարձած է վարդաստան... Երկար է շարքը բարեգործութիւններուն, որ մէկ առ մէկ չենք ուզեր յիշել հիմա։
Ի՞նչ է վերջ ի վերջոյ ձեր ուզածը... Հովի՞ւը կ՚ուզէք հարուածել, ծանօթ չէ՞ք արդեօք Սուրբ Գրային ճշմարտութեանը, որ կ՚ըսէ. «Հարից զհովիւն եւ ցրուեցին ոչխարք հօտին»։
Աստուած չուզեց, որ մենք ըլլանք Իր Որդին խաչողը, ուրեմն դուք ինչո՞ւ կը խաչէք...։
ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ