ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ [ՄԿՐՏԻՉ] ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Աւետարանիչը երբ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս ինք եւ միւս առաքեալները տեսանելիներով ճանչցան Քրիստոսի մեծութիւնը, այժմ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ճանչցան զԻնք լսելիներով (ականջներով), երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յովհաննէս հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ» (Յհ 1.19):

Մեկնութիւն. Արդ, Յովհաննէս աւետարանիչը Յովհաննէսէն [Մկրտիչ] լսեց վկայութիւնը, որ Քրիստոսի մասին էր: Յովհաննէսի վկայութիւնը կրկնակի է. նախ՝ որ վկայեց, մինչ Քրիստոս տակաւին իր մօտը չէր, ինչպէս այստեղ կը պատմէ: Երկրորդ, կը պատմէ վկայութիւնը, երբ Քրիստոս իր մօտն էր, երբ կ՚ըսէ. «Յաջորդ օր Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գայ» (Յհ 1.29):

Իսկ Յովհաննէսի առաջին վկայութիւնը երկու մասի կը բաժնուի, որովհետեւ նախ բացասաբար կը վկայէ, ինչպէս կ՚ըսէ՝ «ես չեմ Քրիստոսը» (Յհ 1.20): Երկրորդ, տարբերութիւն դնելով, ինչպէս այնտեղ. «Ըսէ՛ մեզի, ո՞վ ես դուն» (Յհ 1.22): Եւ առաջինին համար սկիզբ կը դնէ:

Խօսք. «Յովհաննէս հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ» (Յհ 1.19):

Մեկնութիւն. Դարձեալ Յովհաննէսի վկայութիւնը կը մէջբերէ, որով Եսայի մարգարէն կը վկայակոչէ:

Խօսք. «...[մարդիկ] ղրկեցին իրեն, որպէսզի՝ հարցնեն» (Յհ 1.19):

Մեկնութիւն. Նախ անձին մասին կը հարցնեն, թէ՝ դուն ո՞վ ես (Յհ 1.19): Երկրորդ, ներգործութեան համար, որովհետեւ կ՚ուզէին անոր մկրտութիւնը խափանել, եւ Յովհաննէսին հարցնելով, չորս բանով կը մեծարեն զինք. նախ՝ որովհետեւ [այդ մարդիկը] ղրկողները մեծեր էին՝ Յուդայի ազգէն: Երկրորդ, որովհետեւ վայրը մեծ քաղաք էր՝ Երուսաղէմը, ուրկէ ղրկուեցան, եւ թագաւորներն ու քահանաները այնտեղ էին, ինչպէս նաեւ տաճարը, եւ այլն: Երրորդ, որովհետեւ ղրկուածները քահանաներ, ղեւտացիներ եւ փարիսեցիներ էին: Չորրորդ, որովհետեւ խոնարհութեամբ հարցուցին, թէ՝ դուն ո՞վ ես, այնպէս մը, որ պատրաստ էին անոր տուած պատասխանին հաւանութիւն տալու: Իսկ Սուրբ Նանան կ՚ըսէ, թէ՝ «դաւաճանութեամբ կը հարցնէին»: Այս է, որովհետեւ հարցուածին յայտնի կերպարանքը պատիւի համար էր, սակայն, ծածկապէս՝ նենգութիւն էր, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կը կամենային անոր մկրտութիւնը խափանել:

Խօսք. «Հարցուցին ու ըսին. դուն ո՞վ ես» (տե՛ս Յհ 1.19):

Մեկնութիւն. Երեք պատճառի համար կը հարցնեն.

Նախ՝ Յովհաննէսի նորագոյն մկրտութեան համար, որովհետեւ մարգարէներէն եւ ո՛չ ոք այդպէս ըրաւ, եւ երբ այդպիսի նոր բան մը կ՚ըլլայ, առաջնորդը պէտք է հարցնէ ու պատճառը իմանայ, որպէսզի մոլորեցուցիչ չըլլայ:

Երկրորդ, որովհետեւ ժողովուրդը Յովհաննէսի մօտ կը հաւաքուէր, վախցան, թէ ժողովուրդը կը հեռանար քահանաներէն, եւ անոնց փառքն ու շնորհքը կը պակսի:

Երրորդ, որովհետեւ Յովհաննէսը զիրենք ժողովուրդին դիմաց կը յանդիմանէր, այդ պատճառով նախանձեցան եւ կը կամենային խափանել զայն:

Ի՞ՆՉ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿԱՐԾԵՑԻՆ ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍՆ Է

Հարցում. Եւ ինչպէ՞ս կը կարծէին թէ Յովհաննէսը Քրիստոսն է:

Պատասխան. Չորս պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ Մեսիայի գալուստին ժամանակը մօտեցած էր, քանի որ Յակոբը օրհնեց Յուդան, ու ըսաւ. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը» (Ծն 49.10), եւ այն ատեն պակսած էր, որովհետեւ Հերովդէսը օտարազգի էր, տակաւին եօթանասուն շաբաթը, տարիները, որոնց մասին Դանիէլը ըսաւ (Հմմտ. Դն 9.25-27), կատարումը պիտի ըլլայ:

Երկրորդ, անոր զարմանալի ծնունդին եւ չափազանց սրբութեան պատճառով, կը կարծէին թէ Քրիստոսն է:

Երրորդ, նոր մկրտութեան պատճառով, որով ամբողջ ժողովուրդը իր մօտ կը հաւաքէր:

Չորրորդ, ճշմարիտ քարոզութեան եւ Տիրոջ ճանապարհը պատրաստելուն պատճառով, որովհետեւ ինքն իր մասին կ՚ըսէր, թէ ճանապարհ [պատրաստելու] համար ղրկուած էր (Հմմտ. Յհ 1.23):

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Անիկա առանց վարանելու խոստովանեցաւ եւ յայտարարեց» (Յհ 1.20):

Մեկնութիւն. Նախ՝ խոստովանեցաւ եւ ինքզինք յայտնեց, ու չուրացաւ Քրիստոսի անունը, կամ խոստովանեցաւ զՔրիստոս եւ ինքզինք չուրացաւ:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿՐԿՆԷ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չորս պատճառով կը կրկնէ խոստովանիլը.

Նախ՝ իր տկարութիւնը կը խոստովանի եւ Տիրոջ անունը կը դաւանի:

Երկրորդ, խոստովանութիւնը մեզի համար կը կրկնէ, նախ՝ մեղքերու եւ երկրորդ՝ դաւանութեանց, ինչպէս երբ կու գանք մկրտութեան, նախ կը հրաժարինք եւ ապա կը դաւանինք:

Երրորդ, դաւանութիւնը կրկին է. նախ՝ սիրտին եւ երկրորդ՝ բերանին, ըստ այնմ. «Սիրտով հաւատալ արդարութեան եւ բերանով խոստովանիլ փրկութիւնը» (տե՛ս Հռ 10.10):

Չորրոդ, մեղքերունն ալ կրկին է. նախ՝ սիրտին մէջ զղջումով Աստուծոյ խոստովանիլ եւ ապա լեզուով քահանային առջեւ յայտնաբանել:

Եւ տե՛ս, որովհետեւ պէտք չէ առանց օտարներուն հարցնելու խոստովանիլ որեւէ մէկ բան հակառակութեամբ, որովհետեւ յանդգնութիւն է այդ, այլ՝ երբ հարցնեն, պէտք է յայտնապէս խոստովանիլ եւ չուրանալ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Անիկա առանց վարանելու խոստովանեցաւ եւ յայտարարեց»:

Այս եւս չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ իր ճշմարիտ խոնարհութիւնը ցոյց տայ, որովհետեւ եթէ կը կարծէին զինք թէ Քրիստոսն է, ինքն իրեն համար Քրիստոս չըսաւ եւ ո՛չ ալ Քրիստոսի անունին մասին լռեց: Երկրորդ, որպէսզի զանոնք Քրիստոսի հաւատքին բերէ, ատոր համար ուրացաւ ինքզինք Քրիստոս կոչել: Երրորդ, որպէսզի իր ամբողջ վկայութիւնը ճշմարիտ ցոյց տայ, որովհետեւ եթէ ստութեամբ եւ փառասիրութեամբ կը վկայէր Քրիստոսի մասին, պէտք է ինքն իր մասին վկայէր, երբ կը հարցնէին իրեն: Չորրորդ, որովհետեւ երբ հարցուցին, եթէ յայտնապէս չխոստովանէր զՔրիստոս, ճշմարտութիւնը կ՚ուրանար, ատոր համար կ՚ըսէ, թէ՝ «խոստովանեցաւ, թէ ես չեմ Քրիստոսը» (տե՛ս Յհ 1.20):

ԵՂԻԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եղիա՞ն ես» (Յհ 1.21):

Հարցում. Ինչպէ՞ս կը կարծէին զինք թէ Եղիան է, որովհետեւ գիտէին անոր հայրը՝ Զաքարիան, եւ ժամանակով երեսուն տարեկան էր:

Պատասխան. Երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Մաղաքիան կը խոստանայ Եղիայի գալուստը՝ նախընթաց ըլլալու համար Քրիստոսի (Հմմտ. Մղ 4.5): Երկրորդ, խիստ քարոզութեան եւ անապատին մէջ բնակելուն պատճառով, ինչպէս նաեւ հագուստներուն եւ սրբութեան պատճառով:

Խօսք. «Ո՛չ, Եղիան չեմ» (Յհ 1.21):

Մեկնութիւն. Կը թուի, թէ հակառակ կը խօսի, որովհետեւ Տէրը կ՚ըսէ. «Ան է [Յովհաննէսն է] Եղիան, որ պիտի գար» (Մտ 11.14), եւ հրեշտակը Զաքարիային ըսաւ, թէ՝ «անիկա Տիրոջ առջեւէն պիտի քալէ՝ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ լեցուած» (Ղկ 1.17): Կ՚ըսենք, թէ հակառակ չէ, որովհետեւ Տէրը Եղիային նման պիտի ըլլայ ըսաւ (Հմմտ. Մտ 17.12), ինչպէս Եղիան վերջին գալուստին, իսկ Յովհաննէսը՝ առաջինին կարապետ եղաւ, սակայն անոր անձը Եղիան չէր:

Խօսք. «Մարգարէ՞ն ես դուն...: Ո՛չ, պատասխանեց» (Յհ 1.21):

Մեկնութիւն. Այստեղ կը թուի, թէ կը հակառակի, որովհետեւ Տէրը Յովհաննէսին մասին ըսաւ, թէ՝ «մարգարէ, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը» (տե՛ս Մտ 11.9), սակայն հակառակ չէ, որովհետեւ մարգարէ էր, այլ ըսաւ՝ «Մարգարէն չեմ», որ Մովսէս Քրիստոսի համար ըսած էր, իսկ Յովհաննէս երբ բացասաբար պատասխանեց, ապա ստորասաբար կը վկայէ, երբ ըսին իրեն.

Խօսք. «Ո՞վ ես դուն» (Յհ 1.22):

Մեկնութիւն. Երբ հրեաներէն ղրկուածները տեսան, թէ Յովհաննէսը բացասաբար վկայեց, ուզեցին անկէ ստորասաբար ըսուած բան մը լսել, պատասխան տալու համար զիրենք ղրկողներուն, ատոր համար ետքէն կ՚ըսէ...

ՁԱՅՆԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես  “անապատին մէջ աղաղակողին ձայնն եմ”» (Յհ 1.23):

Մեկնութիւն. Ինքզինք ձայն կը կոչէ, եւ բարբառ՝ զՔրիստոս:

Նախ՝ որովհետեւ ձայնին եւ բարբառին միջեւ բան չկայ, իսկ Տիրոջ եւ Յովհաննէսին միջեւ ուրիշ մարգարէ չկայ:

Երկրորդ, որովհետեւ ձայնը խօսքը կը յայտնէ եւ Յովհաննէսը աստուածային Բանին յայտնիչն է, որ Քրիստոսն էր:

Երրորդ, նախ ձայնն է եւ ապա խօսքը, եւ նախ Յովհաննէսը քարոզեց ու ապա՝ Քրիստոս:

Չորրորդ, որովհետեւ ձայնը ինքն իրմէ չէ, այլ՝ միտքի խօսքէն զօրաւոր կ՚ըլլայ եւ լսողներուն միտքերը կ՚արթնցնէ, նոյնպէս ալ Յովհաննէսը իր մօր որովայնին մէջ եղած ատենէն Քրիստոսէն սրբութիւն ստացաւ եւ Քրիստոսէ ղրկուեցաւ, որպէսզի մարդիկ Քրիստոսին բերէ:

Հինգերորդ, ձայնը անցաւոր է, իսկ խօսքը՝ մնացող, այդպէս ալ Յովհաննէսն ու Քրիստոսը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019