ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ամբարիշտ եւ ուղիղ մարդուն:

Պատասխան. Առակագիրը հետեւեալը կը գրէ. «Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ» (Առ 21.29): Այսինքն, ամբարիշտ, այլ խօսքով մեղաւոր մարդը նոյնիսկ եթէ գիտակցի, որ իր ըրածը սխալ է, կը շարունակէ սխալ գործել, որպէսզի յանկարծ չըսեն իր մասին, թէ տեսէք, ինք սխալ ելաւ, դիմացինները ճիշդ էին: Մինչ ուղիղ մարդը, այլ խօսքով իմաստուն եւ արդար մարդը, հակառակ այն իրողութեան, որ ինք գիտէ, թէ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճամբայով կը քալէ, սակայն եւ այնպէս միշտ ինքզինք զգաստ եւ ուշադիր կը պահէ, որպէսզի յանկարծ չսայթաքի ու մոլորի այդ ճամբայէն: Այդպիսին, մնայուն կերպով կը հսկէ ինքն իր վրայ, իր քայլերուն եւ արարքներուն, որպէսզի սայթաքելով զԱստուած չնեղացնէ, ընդհակառակը, ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Աստուծոյ հաճելի ըլլայ, Անոր կամքին հնազանդի ու Անոր պատուիրանները գործադրէ: Անդին, ամբարիշտ մարդը, հակառակ անոր որ գիտէ աստուածային օրէնքները, հակառակ անոր որ տեղեակ է մարդկային եւ բարոյական անգիր օրէնքներուն, սակայն եւ այնպէս կը յամառի իր թերացումներուն եւ սխալներուն մէջ, չ՚ուզեր ուղղուիլ, ընդհակառակը մեղքէ մեղք կը ցատկէ, պարզապէս բաւարարելու համար իր եսասիրութիւնը:

Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ համարը. «Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ, որ Տիրոջ դէմ կենայ» (Առ 21.30):

Պ. Մէջբերենք Պօղոս առաքեալէն համար մը, որ հակիրճ կերպով այս համարին պատասխանը կու տայ: Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ սրբազան առաքեալը հետեւեալը կը գրէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

Բացատրենք:

Առակագիրին ըսածը այն է, որ ո՛չ մէկ բան կրնայ Տիրոջ դէմ կանգնիլ. ո՛չ իմաստութիւն, ո՛չ հանճար եւ ոչ ալ որեւէ մէկ խորհուրդ: Մէկ խօսքով ո՛չ ոք եւ ո՛չինչ կրնան Աստուծոյ հակառակիլ կամ Անոր դէմ կենալ: Առաքեալին ըսածը իմաստունին ըսածին հակառակ երեսը կը պարզէ մեզի, այսինքն՝ եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ, կամ վնասել մեզ:

Արդարեւ, մարդկային ո՛չ մէկ միտք, հանճար, իմաստուն, հանճար կամ մտածում կրնան Աստուծոյ հակառակիլ: Նոյն առաքեալը կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ այսպէս կը գրէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք: Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք: Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք: Ասիկա ըսելով՝ չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ՚ուզենք որ դուք բարին գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ: Որովհետեւ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՉԻՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ, ԱՅԼ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՆՔ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԻԼ [ընդգծումը մերն է]» (Բ. Կր 13.5-8):

Առաքեալին այս տողերը կարդալով կու գանք այն մտածումին, թէ որպէսզի մարդ հասկնայ, որ Աստուծոյ դէմ ո՛չինչ կրնայ կանգնիլ, նախ եւ առաջ մարդ ինքզինք պէտք է քննէ, այլ խօսքով՝ ինքզինք ճանչնայ: Անդին, առաքեալին համաձայն բացարձակ իրականութիւն մը կայ, որ մարդ պէտք է միշտ իր միտքին մէջ պահէ, այն է՝ որ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք Անոր համար աշխատիլ: Պարզ եւ յստակ. ո՛չ թէ Աստուծոյ դէմ պէտք է երթայ մարդ, այլ՝ Աստուծոյ համար աշխատի, իսկ Աստուծոյ համար աշխատիլ, կը նշանակէ Աստուծոյ կամքն ու պատուիրանները գործադրել: Աստուծոյ կամքն ու պատուիրանները գործադրել, կը նշանակէ ճանչնալ ու ընդունիլ Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր բարի լուրը տարածել բոլորին, որպէսզի բոլորն ալ Քրիստոսի գալով արժանանան յաւիտենական երանութեան, այլ խօսքով՝ փրկութեան:

Մարդ երբ այս գիտակցութեան հասնի, թէ Աստուծոյ ճշմարտութեան եւ ընդհանրապէս Աստուծոյ դէմ ո՛չ ոք եւ ո՛չինչ կրնայ պայքարիլ կամ դէմ կենալ, սատանան այդ ժամանակ ալ աւելի կատաղօրէն կը սկսի յարձակումներ գործել մարդուն վրայ, որպէսզի զայն մոլորեցնէ եւ կասկածամտութիւն մտցնէ իր մէջ՝ հեռացնելու համար ճշմարտութենէն: Մարդը, հետեւաբար, պէտք է զգաստ եւ ուշադիր ըլլայ եւ սատանային թակարդներուն մէջ չիյնայ:

Սուրբ Մակար Մեծ այսպէս կը գրէ.

* Ոմանք կը կարծեն, թէ որոշ երեւոյթներէ եւ ամուսնութենէն հրաժարելով, սուրբեր եղան։ Բայց հարցը այդպէս չէ: Որովհետեւ մեղքը տակաւին կը շարունակէ սիրտերուն ու միտքերուն մէջ ապրիլ ու գլուխ բարձրացնել: Սուրբը ան է, որ ներքնապէս կը մաքրուի եւ կը սրբուի: Հոն՝ ուր ճշմարտութիւնը կը շեշտուի, այնտեղ չարը իր յարձակումը կը սաստկացնէ՝ փորձելով ծածկել եւ վարագուրել ճշմարտութիւնը։

Երբ հրեաներ քահանայութիւնը ունէին, անոնցմէ ոմանք, ինչպէս Եղիազարն ու Մակաբայեցիները, ճշմարտութեան մէջ իրենց հաստատ մնալուն համար հալածանքի ու տառապանքի կ՚ենթարկուէին։ Իսկ հիմա, խաչելութենէն եւ վարագոյրը պատռուելէն ետք, հոգին հրեաներէն հեռացաւ։

Իսկ այժմ ճշմարտութիւնը յայտնուեցաւ եւ հոս՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն մէջ կը գործէ: Նոյնպէս նաեւ քրիստոնեաներէն ոմանք, իրենց կարգին, կը հալածուին: Եւ հալածանքն ու տառապանքը հաւատացեալներուն վրայ կը հասնի, որպէսզի ճշմարտութիւնը սիրողները կարենան անոր մասին վկայել: Այլապէս ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը պիտի յայտնուի, եթէ թշնամիներ չունենայ, որոնք ստախօսներն ու ճշմարտութեան հակառակողներն են...

Նոյնիսկ եղբայրներուն միջեւ կան ոմանք, որոնք մեծ համբերութեամբ կը տանին դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, բայց ատով հանդերձ անոնք մեծապէս կարիքը ունին պաշտպանութեան, որպէսզի չգայթակղին ու չիյնան:

Եղբայրներէն մէկը, օր մը, աղօթքի պահուն կը յափշտակուի եւ վերին Երուսաղէմը կը տեսնէ իր ամբողջական փառքով եւ անվախճան լոյսերով։ Ան կը լսէ նաեւ ձայն մը, որ կ՚ըսէ. «Ասիկա է արդարներուն վերապահուած հանգիստի վայրը»։ Կարճ ժամանակ մը ետք, այդ եղբայրը իր սիրտին մէջ կը հպարտանայ, կարծելով որ իր տեսած տեսիլքը իրեն կը վերաբերի, որուն պատճառով ալ մեղքի խորունկ փոսին մէջ կ՚իյնայ եւ անհամար վատ արարքներ կը գործէ:

Եթէ ան՝ որ այդքան յառաջանալով հանդերձ ինկաւ, հապա ինչպէ՞ս կարելի է, որ պարզ մարդը ըսէ. «Իմ օտարանալովս [աշխարհը ձգելով հեռանալս], ծոմապահութեամբս, աղօթքովս եւ ունեցուածքս աղքատներուն բաշխելով սրբացայ»։ Կատարելութիւնը սոսկ չարութենէ հեռու մնալը չէ, այլ աւերակ սիրտիդ մէջ մտնելով` հոն գտնուող հին օձը սպաննելն է, որ միտքիդ խորին ծալքերուն մէջ եւ մտածումներուդ երդիքին տակ կը ծածկուի, որոնք հոգիիդ պահեստանոցները կը կոչուին։ Սիրտը խիստ խորունկ է. եւ երբ օձը սպաննես եւ ամէն պղծութիւն ներաշխարհէդ դուրս հանես, այն ատեն միայն կը մաքրուիս։ Եւ Օրէնքը, մարգարէութիւնները, մարգարէներն ու Քրիստոսի գալուստը այդ մաքրութեան համար էին։ Բոլոր մարդիկը անխտիր մաքրութիւնն ու սրբութիւնը կը սիրեն, բայց ատով հանդերձ, չեն կրնար այդպէս ըլլալ: Ուստի անհրաժեշտ է, որ շարունակենք փնտռել միջոցները, որոնցմով կարենանք սիրտի մաքրութիւն եւ սրբութիւն ձեռք ձգել:

Անկասկած, ուրիշ ճամբայ չկայ բացի անկէ, որ մեզի համար խաչուեցաւ։ Քրիստոս է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը, կեանքը, դուռը, մարգրիտը եւ երկինքէն իջնող կենսատու հացը։ Եւ առանց այս ճշմարտութեան անկարելի է ճշմարտութիւնը ճանչնալ, այսինքն՝ փրկուիլ:

Այնպէս ինչպէս երեւելի պարագաներուդ գծով, ամէն ինչէ հրաժարեցար եւ ունեցած հարստութիւնդ բաժնեցիր, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի իմաստութենէն եթէ գիտութիւն եւ խօսքի ճարտարութիւն ունիս, ապա պէտք է անտեսես եւ ոչինչ համարես, որպէսզի «յիմարութիւն համարուած քարոզութեամբ» (տե՛ս Ա.Կր 1-21) կարենաս դաստիարակուիլ եւ ներքնապէս կառուցուիլ: Հետեւաբար, այս քարոզութիւնը, որ ճշմարիտ իմաստութիւնն է, մարդկային միտքի եւ խօսքի ճարտարութեան վրայ չէ որ կը հիմնուի, այլ այն զօրութեան, որ Սուրբ Խաչին միջոցով կը ներգործէ։

Փառք Սուրբ Երրորդութեան յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 167-169):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 102

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024