ՌՈՄԷՆ ԿՈԶՄՈՅԵԱՆԻ «ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ»
Սեղանիս վրայ է իմ թանկագին բարեկամ Ռոմէն Կոզմոյեանի «Իմ կեանքի հաւատամքը» անուն գիրքը, որուն արտաքին տեսքը առաջին իսկ րոպէէն ընթերցողին վրայ կը ձգէ դարերէն հասած մագաղաթի տպաւորութիւն, իսկ հազիւ բանաս ու կը սկսիս ընթերցել զայն, կը թաղուիս մտածումներու խորը, որովհետեւ քեզ կ՚առինքնէ գիրքին բովանդակութիւնը իր բազմատեսականիութեամբ, եւ որ իր մէջ ունի տասնամեակներէն հասած, ապրուած եւ կեանքէն փրցուած քաղցր ու ցաւոտ յիշողութիւններ, ուր շատ մը էջերու մէջ դէմքեր ու դէպքեր արդէն կը պատկանին «անցեալ կատարեալ»ին: «Իմ կեանքի հաւատամք»ին մէջ կան նաեւ անթեղուած անակնկալներ, որոնք պահ առ պահ կը շոյեն տրամադրութիւններդ, քանզի հոն կը գտնես ապրուածը, համտեսուածը՝ երբեմն թախծոտ եւ երբեմն ուրախացնող պատկերներու դիպաշարով, քեզ կապելով գաղութներուն ու անոնց երփներանգ զանազանութեանց:
Համեստիս ծանօթութիւնը Ռոմէն Կոզմոյեանի հետ ունի չորս տասնամեակ տարիներու վրայ երկարող պատմութիւն: Այդ ծանօթութիւնը սկսաւ երբ առաջին անգամ որպէս ուսուցիչ մեկնեցայ Հայաստան, հրաւէրովը Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութեան՝ մասնակցելու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն: Սփիւռքի կոմիտէէն ներս որպէս բաժնի վարիչ աշխատող Պարոն Կոզմոյեան, նախանձախնդիր մարդ, կը հասնէր բոլորիս եւ ամէն տեղ էր…: Այդ օրերէն ճանչցած եմ զինք եւ մինչեւ օրս ալ շարունակուած է մեր յարգալիր բարեկամութիւնը: Ուրախ եմ, որ իր մէջ գտած եմ ազնիւ, սրտամօտ ու քաղաքավար բարեկամը, լաւ ու անկեղծ ընկերը, մաքուր ու անշեղ հայրենասէրը, այլ խօսքով՝ գըլ-խագիր Մարդը՝ իր բոլոր բարեմասնութիւններով, զօրաւոր ու աննահանջ նկարագիրով, կորովի ազգային գաղափարականով եւ բարեացակամ վերաբերմունքով:
Մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալին, հնարաւորութիւնը ունեցած եմ իր գրիչէն կարդալու որոշ յօդուածներ, տպաւորութիւններ, յուշագրութիւններ, գրախօսականներ, ելոյթներ, մերթ քննադատական տոմսակներ եւ մերթ ալ բաց նամակներ: Սակայն, անոր «Իմ կեանքի հաւատամքը» խորագրով գիրքը իրապէ՛ս ողջ կեանքի մը հաճելի ու ամբողջական ընթերցարանն է, ուր անոր երբեմն դիւանագիտական ասպարէզէ ներս ունեցած հանդիպումները, քաղաքական բնոյթ կրող երկխօսութիւնները, շատ յաճախ ազգային, բայց ընդհանրապէս բարեկամական ու յուշագրական տպաւորութիւնները ունին այնպիսի զուարթ ու մտերմիկ էջեր, որոնք կը զգենուն գրական արժէք եւ որոնց ընթերցումը կը հարստացնէ օրդ ու պահդ, գիտելիքդ ու պաշարդ, մանաւանդ անոնց մէջ վերապահուած «հումըր»ները տեսակ մը ընտրուած ու համեմուած աղ ու պղպեղ են, որոնք յատուկ են միայն Կոզմոյեան մտածողին ու դատողին:
280 էջերու վրայ արեւին բացուած ու ընթերցողին հրամցուած անոր գեղարուեստական արժէք ներկայացնող, պատմական ու յուշագրական հարստութիւններ բովանդակող սոյն գիրքը ունի 7 ստորաբաժանումներ, որոնց մէջ՝ 70 առանձին գրութիւններ՝ մէկը միւսէն հետաքրքիր, որոնք շաղկապած են Հայաստանն ու Սփիւռքը եւ բնականաբար, հոն տեղ գտած են ընդհանրապէս միջինարեւելեան երկիրներէն մայրիներով հարուստ Լիբանանէն ներս անոր անցուցած տաք ու պաղ, բայց ճակատագրական օրերուն նկարագրականները:
Առանձին հետաքրքրութեամբ ընթեռնելի են հայ ազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, պատասխանատուներուն ու մանաւանդ հայ յայտնիներուն հետ անոր ունեցած սրտբաց զրոյցները եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Պէյրութի մէջ անոր անցուցած վտանգներով լեցուն օրերը՝ երբ ամէն կողմ կրակ էր ու մահ, ահաբեկչութիւն էր եւ օրհասական կռիւ… եւ ուր ամէն օր կարկուտի փոխան կը տեղային ռումբ ու ական, եւ անձրեւի տեղ՝ փամփուշտ…: Ահա այդ սարսափելի օրերու նկարագրականն ու քաոսն է որ Կոզմոյեանի գրիչով կը հասնի մեզի՝ երբեմն նոյնիսկ երգիծանքի տարազ հագած, որովհետեւ, Կոզմոյեան հայ դիւանագէտը, արհամարհած վախ ու սարսափ, տարիներ շարունակ մնաց Արեւմտեան Պէյրութ, տեսաւ հրդեհն ու բոցը, տեսաւ կրակն ու խոցը, բայց մնաց պատնէշի վրայ՝ ծառայելու հայ գաղութին, նոյնիսկ կեանքը վտանգելու գնով..:
Ուշագրաւ են Կոզմոյեանի հայ գրական մեծերու եւ ծանօթ դէմքերու մասին ստորագրած յօդ-ւածները, որոնք իրենց արժէքով այսօր եւս կը բուրեն այժմէականութիւն, որոնք կը ցոլացնեն անոնց իրական արժէքներն ու տեղը թէ՛ մեր գրականութեան եւ թէ՛ մեր հասարակութեան մէջ: Իր էջերուն մէջ տեղ գտած են Վա-րուժան, Սիլվա Կապուտիկեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Գառնիկ Ադդարեան, Սիմոն Սիմոնեան, Երուանդ Քոչար եւ ուրիշներ:
Ընթերցանութեան համար իրապէս հաճելի գործեր են անոր զանազան գաղութներէ ներս ունեցած հանդիպումները, որոնց ընթացքին միշտ ալ քննուած են ազգային-հայրենասիրական հարցեր ու մտահոգութիւններ, բազմաշերտ սփիւռքի բազմաբնոյթ խնդիրները, Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւնները, բայց մանաւանդ անոր դիւանագիտական աշխատանքին մէջ ունեցած դրական դերը եւ ներդրումը՝ հրատապ հարցերու պարագային:
Կոզմոյեան իր գիրքին մէջ շատ հաճելի լեզուով գրի առած է նաեւ զանազան երկիրներ տը-ւած իր այցելութիւնները եւ անոնցմէ ստացած օգտաշատ տպա-ւորութիւնները, մանրամասնելով անձերն ու դէպքերը: Պէտք է ըսեմ, որ իւրաքանչիւր պատմութիւն կամ յուշագրութիւն տարբեր գոյն, տարբեր համ ու հոտ ունի: Այսպէ՛ս են մանաւանդ անոր Լոս Անճելըս եւ Գանատա կատարած այցելութիւններուն մանրամասները, ուր թախիծն ու ուրախութիւնը կը մրցին, երբեմն կը նոյնանան… Հայաստան, կարօտ, երկրաշարժ… եւ ակամայ արցունք… եւ յանկարծ՝ ուրախացնող նոր տող, նոր յոյս, հայու ճակատագրին սիրտ ցաւցնող խաղը..:
Արդարեւ, իր «Յիշատակարան. Ամէն տեղ հայ կայ ու փոքրիկ Հայաստան», «Աշխարհն ու հայերը», «Էսքիզներ», «Գրախօսականներ, ելոյթներ, խօսք առ յիշատակ», «Լիբանանեան խճանկար», «Մեծերը՝ անուն առ անուն», «Հրապարակախօսութիւն: Բաց նամակ» խորագիրներու տակ ամփոփուած 70 անուն գրութիւնները գրուած են տաք շունչով, զգացումով եւ մանաւանդ հանդարտ խիղճով:
Անոր՝ Ռոմէն Կոզմոյեանի «Իմ կեանքի հաւատամքը» հատորը, կեանքի իրական երեսը ցուցադրող ժամանակակից իրա՛ւ դասագիրք մըն է, արժանի՝ գնահատանքի:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն