ԻՆՆՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱԶԱՅԻՆ ՊԱՇԱՐՆԵՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ (ա)
Յուլիսին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր «Այն ալ թինէ»ի նստավայրէն ներս կ՚ընդունէր երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Հանդիպման ներկայ կ՚ըլլար Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ կողմերը հանդիպման աւարտին լրագրողներուն խօսելով, չէին թաքցներ մամուլին կողմէ աւելի վաղ «կարեւոր» համարուած հանդիպման բուն նպատակը: Անոնք կը յայտարարէին, որ իրենք նախնական համաձայնութեան մը հասած են՝ երկրի ջուրերուն մէջ գտնուող կազային պաշարներու թղթածրարին գործադրութեան վերաբերեալ: Եւ իրօք, ինչ պատճառներով էր, որ այս հանդիպումը կ՚որակուէր ոչ միայն կարեւոր, այլ անկիւնադարձային:
Լիբանանի նաւթային պաշարներու պատմութիւնը սկիզբ առած է շատ վաղ՝ 1926 թուականին, երբ երկրի այդ շրջանի ֆրնասացի կառավարիչը հրաման մը ստորագրելով թոյլ կու տար օտարերկրեայ ընկերութիւններուն երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ նաւթ յայտնաբերելու ուղղութեամբ որոնումներ կատարել: Հանրի տէ Ժուվենալ չէր գիտեր, որ իր հրաման արձակելէն իննսուն տարի ետք Լիբանան պիտի յայտնաբերէր հսկայ քանակներու հասնող կազային պաշար մը, բայց այս անգամ ոչ թէ անոր ցամաքային շրջաններուն, այլ Միջերկրականի ջուրերուն մէջ:
Բացի անկէ, որ Լիբանանի մէջ մասնաւորապէս 2010 թուականին ամերիկեան «Նոպըլ» ընկերութեան կողմէ յայտնաբերուած «Ֆիթան» անունը կրող կազի «շտեմարան»ները կրնան մեծ գումարներ ապահովել երկրին, յստակ է, որ այս թղթածրարին հանգուցալուծումը, այսինքն Իսրայէլի մօտ եղած հատուածին մէջ «քնացած» կազի պաշարներուն արտահանումը կը կարօտի քաղաքական համաձայնութեան մը:
Ուրեմն գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի նաւթի հարստութիւնը, որուն դրամական արժէքը կը գնահատուի շուրջ 60 միլիառ ամերիկեան տոլարով, երկիրը կրնայ շահագործման դնել միայն քաղաքական եւ ապահովական յստակ պայմաններ ստեղծելով:
60 միլիառ ամերիկեան տոլար կ՚ըսենք, որովհետեւ նոյն ամերիկեան ընկերութեան կատարած գիտական հետախուզութեան արդիւնքներով՝ յստակ դարձած է, որ աւելի քան տասը կազային պլոքներ ունեցող երկրի ջուրերուն մէջ կայ շուրջ 16 թրիլիոն խորանարդ մեթր կազային պաշար: Տակաւին չենք խօսիր նաւթային պաշարներուն մասին, որոնք կը գտնուին երկրի Պեքքա անունով յայտնի հատուածին մերձ եւ կը գնահատուին 40 միլիառ ամերիկեան տոլարով:
Երեւելի է նաեւ, որ վերը նշուած թիւերը նախնական են, որովհետեւ նոյն ամերիկեան հեղինակաւոր ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ իրենք՝ ամերիկացիք մեծապէս զարմացած են ի տես այս «անսպասելի» համարուած կազային պաշարներու յայտնաբերումով:
Վերադառնալով խնդրի քաղաքական երեսակին՝ պէտք է հասկնալ, որ Լիբանանի պէս համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրի մը համար, առանց երկրի գլխաւոր բաղկացուցիչ տարր համարուող կողմերուն միջեւ յստակ «սահմանագծում»ին, հետեւաբար նաեւ «կարկանդակ»ի ճիշդ հատումին, նման վիթխարի տնտեսական գործառոյթ մը անկարելի է ճամբայ հանել: Լիբանանցի տնտեսագէտներու կարծիքով, ինչ որ կը կատարուէր 1 Յուլիսին, կարելի է համարել կարեւոր ձեռքբերում մը կազային պաշարներու օրակարգին վերաբերեալ, որովհետեւ Պըրրի-Պասիլ նախնական համաձայնութեամբ երկրի հիմնական երկու քաղաքական ուժերը՝ մարոնի եւ շիի, կը հասնէին յստակ պայմանաւորուածութիւններու: Այս բոլորէն անդին, սակայն նոյն դէտերը կը մոռնան երրորդ կարեւոր սիւննի կողմին բացակայութիւնը այս բանակցութիւններէն: Ու այս փաստին որպէս հիմնական ապացոյց պէտք է լաւ կարդալ երկրի վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը, ուր ան շատ բացայայտ կերպով կ՚ըսէր, թէ նման կարեւոր թղթածրարի մը իրականացումը պէտք է ըլլայ թափանցիկ ու վայելէ բոլոր կողմերուն անմիջական նեցուկն ու համաձայնութիւնը: Վարչապետը ըսել կ՚ուզէր, որ այդ համաձայնութիւնը ցարդ չէ հասունցած, հետեւաբար Լիբանանի ջուրերէն կազ արտահանելու ծրագիրը տակաւին անիրականանալի է:
Տեղին է յիշեցնել, որ նաւթի այս ծրագրին հիմնական «հովանաւորներ»ը կը համարուին Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը: Մինչ մէկէ աւելի ամերիկացի պաշտօնատարներ տարբեր առիթներով Պէյրութ այցելած են, անդին ներկայիս արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն վարող Ժըպրան Պասիլ այս օրակարգով դեռ 2014 թուականին փութացած էր Մոսկուա հասնիլ: Նոյնը կատարած էր ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, երբ Յունիսին դարձեալ այս օրակարգով Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենար Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովին հետ:
2010 թուականին Լիբանանի խորհրդարանը կ՚ընդունէր որոշում մը, որուն հիմամբ օտարերկրեայ միջազգային ընկերութիւններ իրաւունք պիտի ունենային կազ արտահանելու համար պեղումներ ընել երկրի ջուրերուն մէջ:
Ուրեմն ի՞նչն էր պատճառը, որ այդ թուականէն ի վեր օրէնք դարձած առաջարկը կը շարունակէր մնալ խորհրդարանի դարակներուն մէջ: Մինչ 2014 թուականին Իսրայէլ շահագործմնան կը դնէր իր ջուրերուն մէջ եղող Թամար կազային հանքերը, անդին լիբանանի քաղաքական կողմերը անզօր հայացքներով կը հետեւէին երկրին թշնամի համարուող հարեւանին կատարած գործողութիւններուն:
Ահաւասիկ ներկայացուցինք այն ներքին հանգամանքները, որոնց հարթումով էր միայն, որ 63 միլիառ ամերիկեան տոլար պարտք ունեցող Լիբանանը պիտի կարողանար Եւրոպային կազ վաճառել ու տնտեսական իր հարցերը կարգաւորել: Սակայն ներքին ճակատի հարցերէն անդին կար նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ տարաձայնութիւններու եւ յատկապէս այս օրակարգով «լարուածութեան» հիմնախնդիրը, առանց որուն լուծման՝ անհնար պիտի ըլլար Լիբանանը տեսնել համաշխարահյին նաւթի քարտէսին վրայ:
Այս առումով է նաեւ, որ ամերիկացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ Պէյրութ այցելելով նոր «պայթուցիկ» ծրագիր մը կը նետէին մէջտեղ: Այդ ծրագիրը ի յայտ կու գար Մայիսին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան կազի պաշարներու բաժանմունքի պատասխանատուներէն Ամոս Հոքշթայն Պէյրութ կ՚այցելէր եւ հանդիպումներ կ՚ունենար նախարար Ժըպրան Պասիլին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հետ:
Մինչ ամերիկացի բանբերին Պասիլի հետ ունեցած հանդիպումը ընթացած էր հեզասահ, անդին երկրի խորհրդարանի նախագահին մօտիկ աղբիւրներ յայտնած էին, թէ Պըրրի առանց բառերը ծամծմելու ըսած էր. «Նաւթի հարցով ամերիկեան ծրագիրը կրնայ նոր պատերազմի մը դուռ բանալ»: Շիի առաջնորդ եղող Պըրրի, որ նաեւ «Հիզպուլլահ»ի ամենէն հաւատարիմ դաշնակիցն է, այդ ոճով կը խօսէր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ մէջտեղ հանած էր նոր ծրագիր մը, որուն հիմամբ Պէյրութ պիտի կարողանար ոտքի կանգնեցնել նաւթի իր ծրագիրը, միայն Թել Աւիւի հետ կայացուելիք համայձայնութեան մը հիմքով: Այստեղ պէտք է շեշտադրել, որ Լիբանանի կարեւորագոյն երեք կազային հորերը կը գտնուին Իսրայէլի հետ սահմանին եղող ջուրերուն մէջ: Ամերիկեան այս առաջարկը կապուած Իսրայէլի հետ «պարտադրուած» համաձայնութիւն մը կայացնելու, ունէր իսրայէլեան արմատներ: Իսրայէլ, որուն համար գերխնդիրը կազը ջուրերէն հանելու հարցը չէր, այլ այդ կազին եւրոպական ցամաք հասնիլը: Ու այս առումով ցամաքային կազատարի մը օգտագործումը առանց հիմնական «գործընկեր» ունենալու, շատ աւելի «թանկ հաճոյք» պիտի դառնար Նեթանիյահույի կառավարութեան համար եւ կազահանութեան վրայ ծախսուած գումարը ընդհանուր գործարքը պիտի դարձնէր տնտեսական նօսր եկամուտ բերող աշխատանք մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան