ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին ձօնուած «Քատանս»ի համերգի կարգադիր յանձնախումբը գլխաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած ուղերձը։

Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։ Առարկայական կամ ենթակայական զանազան պատճառներով ցարդ չէր առնուած նման քայլ մը։ Ի վերջոյ, անկախութեան 26-րդ տարուան կը զուգադիպի այդ տարեդարձի Պոլսոյ մէջ նշուիլը, ինչու չէ՝ նաեւ արժեւորումը։ Պատմական տուեալներով՝ վերջին անգամ 1919 թուականին Պոլսոյ մէջ նշուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։ Շուրջ դար մը առաջ։ Անցեալ տարի նորագոյն անկախութեան քառորդ դարը լրացաւ, իսկ յաջորդ տարի՝ 2018 թուականին պիտի նշուի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այսինքն, պատմական խաչմերուկի մը վրայ տեղի կ՚ունենայ «Քատանս»ի Պոլսոյ համերգը, որ ձօնուած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին։ Յատկանշական է նաեւ, որ այսօր Թարգմանչաց տօնն է։

Եթէ Հայաստանի անկախացումը շուրջ վեց հարիւր տարի անց իրականացուած երազ մըն էր, ապա անցնող աւելի քան քառորդ դարն ալ կը բնորոշէ պետականաշինութեան ուրոյն ժամանակաշրջան մը։ Ձեռքբերումներով կամ ձախողումներով, բազում զոհողութիւններով մաքառումներու քառորդ դար մը, որու բերած փորձութիւններուն առջեւ Հայաստան դիրքաւորուած է ապագայատեսիլ քայլերով՝ իւրաքանչիւր քայլափոխին դառնալով աւելի ինքնավստահ, ամուր եւ նպատակասլաց։ Ինքնիշխան պետութիւն մը ունենալու մեծ քննութեան մէջ, ընդհանուր առմամբ, հայ ժողովուրդը չէ ձախողած՝ իր տոկունութեամբ ու վճռակամութեամբ։

Անկախ Հայաստանի գոյութիւնը կ՚երաշխաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ ինքնադրսեւորումը եւ համահայկական վիթխարի ժառանգութեան յարատեւումն ու զարգացումը։ Թէեւ տեսականօրէն այդ առաւելութիւնները առաջին հերթին կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, սակայն անկախ պետականութեան գոյութիւնը լուրջ խթան մըն է՝ աշխարհի հայութեան համախմբման եւ այդպէսով ինքնութեան պահպանման տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ այդ ներշնչանքէն անմասն չի մնար նաեւ պոլսահայութիւնը, որ ունի ուրոյն դիրք մը եւ առանձնայատուկ դիմագիծ կը հայոց սփիւռքին մէջ։ Ներկայ համերգը թէեւ մշակութային ձեռնարկ մըն է առաջին հերթին, սակայն պոլսահայութեան տեսակէտէ ողջունելի առիթ մը կը համարուի՝ հերթական անգամ արտայայտելու համար իր դրական ակնկալութիւնները Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։

Տարեդարձի ուրախ տրամադրութեամբ ամենախորին յարգանքով կ՚ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Գ. Տիար Սերժ Սարգսեանն ու ամբողջ պետական աւագանին՝ խաղաղութեան ու բարօրութեան մաղթանքով։ Մեր խոհերուն մէջ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ուրկէ Ամենայն Հայոց Վեհափառին գլխաւորութեամբ մշտապէս երկինք բարձրացող աղօթքը բարոյական կարեւոր գործօն մըն է՝ հայոց պետականութեան անսասանութեան համար։ Եւ, բնականաբար, մեր սրտակցութեան զգացումներուն առարկայ է մայր Հայաստանի չարքաշ, հարազատ ժողովուրդը, որու մտքի լոյսն ու ճակտի քրտինքը, արդար վաստակն ու հպարտ պայքարը կը պայմանաւորեն հայոց պետականութեան յամառ երթը՝ պատմութեան փոթորկալից հոլովոյթին մէջ։

Սիրելիներ,

Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 26 տարեկան է. շնորհաւոր։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017