«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 Մարդը իր հայրենիքին նկատմամբ եւս պարտաւորութիւններ ունի: Ան պարտական է՝

ա) Սիրել իր հայրենիքն ու ազգը, որու մասին անձամբ օրինակ տուած են Մովսէսը, Դաւիթը եւ ուրիշներ. «Եթէ քեզ մոռնամ, ո՜վ Երուսաղէմ, թող աջ ձեռքս կտրուի՛, լեզուս չորնա՛ եթէ քեզ չյիշեմ, Երուսաղէ՛մ, եթէ քեզ իմ ուրախութեանս գագաթնակէտը չդարձնեմ» (Սղ 137.5-6): Մեր Փրկիչը Երուսաղէմի յետագայ դժբախտութեան վրայ լացաւ, հակառակ անոր, որ Երուսաղէմը յանցաւոր էր. «Երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ» (Ղկ 19.41): Մեր Փրկիչը կը փափաքէր, որ Աւետարանը նախ Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն մէջ տարածուէր. «Յիսուս պատասխանեց.- Ես միայն Իսրայէլի Ժողովուրդին կորսուած ոչխարներուն համար ղրկուեցայ» (Մտ 15.24):

բ) Հայրենիքի օրէնքներուն հնազանդիլ, եթէ աստուածային օրէնքներուն հակառակ չեն: Եթէ իր անձնական օգուտին հակառակ եւ վնաս են, դարձեալ պարտաւոր է սիրով ընդունելու:

գ) Ճշգրտութեամբ հարկ տալ, տէրութիւնը պահպանելու եւ բարելաւելու համար. «Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք» (Հռ 13.7):

դ) Հեռանալ իւրաքանչիւր չարագրգիռ պատահարներէ եւ ամէն բանէ, ինչ որ կրնայ երկրի խաղաղութիւնը վրդովել, իսկ ընդհակառակը՝ աշխատիլ, որ վերանորոգութիւնը ամէն բանի մէջ խաղաղ եւ օրինաւոր ճանապարհով ըլլայ:

ե) Ի վերջոյ, պարտինք աշխատիլ ընդհանուր ազգին համար, աշխատիլ մեզմէ կախում ունեցող ամէն տեսակի զոհաբերութեամբ, եթէ անշուշտ անձնազոհութիւնը կարեւոր է, օրինակ՝ մենք ունինք՝ Ս. Վարդանանք, Ս. Ղեւոնդեանք, Ս. Ատովմեանք, իսկ այլ ազգերու մէջ՝ Կոդրոս1, Դէցիուս2 եւ ուրիշներ: Թէեւ Աւետարանը այնքան ալ չի՛ յիշեր հայրենասիրութիւնը, սակայն երբեք չի՛ մերժեր: Հին ազգերը աւելի կարօտութիւն ունէին, որպէսզի իրենց հայրենասիրութիւնը ուղղութիւն եւ չափաւորութիւն ստանար, քան թէ զօրանար, որովհետեւ, հայրենասիրական զգացմունքը միւս բոլոր զգացումներէն շատ աւելի զօրաւոր էր հին ազգերուն մէջ, որով շատ անգամ արդարութեան եւ մարդասիրութեան իրաւունքը կը վնասուէր: Անոնք կը սիրէին իրենց հայրենիքը՝ ուրիշներուն վնասելով: Ս. Գիրքը ազգին նկատմամբ ունեցած բոլոր պարտաւորութիւնները կը պատուիրէ եւ օրինակ կու տայ մեզի: Իսկ Սուրբ Գրոց բոլոր պատուէրները հիմնուած են ընդհանուր արդարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ, որով սրբագործուած է հայրենասիրութեան պարտաւորութիւնը:

Սուրբ Գիրքը եկեղեցականներուն՝ ժողովուրդին նկատմամբ եւ ժողովուրդին՝ եկեղեցականներուն նկատմամբ ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին՝ այսպէս կը խօսի. «Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ գնահատէք եւ յարգէք անոնք՝ որոնք ձեզի համար կ՚աշխատին, եւ Տիրոջ կողմէ ձեզի առաջնորդ կարգուած ըլլալով՝ կը խրատեն ձեզ: Արժանի ամէն յարգանք ընծայեցէք անոնց եւ սիրեցէ՛ք զանոնք, իրենց տարած գործին համար» (Ա.Թս 5.12-13). «Մտի՛կ ըրէք ձեր առաջնորդներուն խօսքը, որովհետեւ անոնք անքուն կը հսկեն ձեր հոգիներուն համար, գիտնալով՝ որ հաշիւ պիտի տան ձեզի համար. եւ հնազանդ եղէք անոնց, որպէսզի ուրախութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը եւ ո՛չ թէ հառաչելով, որովհետեւ ատիկա ձեր օգուտին համար չ՚ըլլար» (Եբր 13.17). «Աստուծոյ խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր ունեցած բարիքներէն բաժին թող հանէ իր ուսուցիչին» (Գղ 6.6):

Ս. Գիրքը եկեղեցականներուն կը պատուիրէ, ըսելով. «Ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ։ Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա.Պտ 5.2-4):

Սուրբ Գիրքը մարդու եւ կնոջ պարտաւորութիւններուն մասին, այսպէս կը խօսի. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար» (Եփ 5.25). «Ահա այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Եփ 5.31). «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ դառնացնէք զանոնք» (Կղ 3.19). «Իսկ դուք, այրե՛ր, իմաստութեամբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, պատուելով զանոնք՝ իրենց տկար բնութեան համար, քանի անոնք եւս մեզի հետ պիտի ժառանգեն կեանքի պարգեւը, որ Աստուած պիտի տայ։ Այդպէսով ոեւէ բան պիտի չխանգարէ ձեր աղօթքները» (Ա.Պտ 3.7). «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, Իր մարմինին, որուն Փրկիչն է Ինք» (Եփ 5.22-23). «Իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է հարգէ իր ամուսինը» (Եփ 5.33):

Տանտիրոջ եւ ծառայի պարտաւորութիւններու մասին, այսպէս կը խօսի Սուրբ Գիրքը. «Իսկ դուք, տէրե՛ր, իրաւունք եւ արդարութիւն ըրէք ձեր ծառաներուն։ Գիտցէք, որ դուք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ» (Կղ 4.1). «Դո՛ւք ալ, տէրե՛ր, նոյն վերաբերումնքը ունեցէք անոնց նկատմամբ, մէկ կողմ դնելով խստութիւնը։ Յիշեցէք որ ձեր ծառաներն ալ, դուք ալ՝ կը պատկանիք նոյն Տիրոջ, որ երկինքի մէջ է. եւ անիկա խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ» (Եփ 6.9). «Ծառաներուն պատուիրէ որ իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլան եւ ամէն ինչով գոհ ձգենք։ Ո՛չ առարկեն, ո՛չ գողնան. այլ՝ ճշմարիտ ու կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցաբերեն, որպէսզի ամէն ինչով պատիւ բերեն մեր փրկչին՝ Աստուծոյ Աւետարանին» (Տիտ 2.9-10). «Ծառանե՛ր, ամէն բանով հնազանդեցէ՛ք ձեր տէրերուն։ Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո՛չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ՚ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ՚ուզեն շահիլ, այլ՝ անկեղծ սրտով, Տիրոջ հանդէպ ձեր ունեցած պատկառանքէն մղուած» (Կղ 3.22). «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց» (Կղ 3.23):

Սուրբ Գիրքը ծերերուն եւ երիտասարդներուն իրարու հանդէպ ուեցած պարտաւորութիւններուն մասին, այսպէս կը խօսի. «Ծերերուն պատուիրէ որ զգաստ ըլլան, պարկեշտ ու զուսպ, եւ օրինակ ըլլան թէ՛ հաւատքի, թէ՛ սիրոյ, թէ՛ համբերութեան եւ թէ՛ ժուժկալութեան։ Նոյնպէս, պառաւներուն պատուիրէ որ զգաստ եւ մաքրակենցաղ ըլլան. չըլլան բանսարկու, ո՛չ ալ գինեմոլ, այլ՝ բարեխրատ։ Թող սեփական օրինակով մանկահասակ կիներուն սորվեցնեն՝ իրենց ամուսիններն ու զաւակները սիրել, ըլլալ համեստ, անբիծ, տնաշէն, բարի, եւ իրենց ամուսիններուն հնազանդ, որպէսզի պատճառ չըլլան որ Աստուծոյ խօսքը անարգուի» (Տիտ 2.2-5). «Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ» (Յոբ 12.12). «Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն։ Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու» (Ա.Պտ 5.5). «Նոյնպէս յորդորէ երիտասարդները, որ զուսպ ըլլան ամէն կերպով։ Քու անձովդ բարի գործերու օրինակ եղիր բոլորին, իսկ ուսուցումներովդ օրինակը տուր անկեղծութեան, մաքրութեան եւ պարկեշտութեան։ Միշտ ողջմտութեամբ խօսէ, պարսաւանքի տեղի չտալու համար, որպէսզի ոեւէ հակառակորդ ամօթով մնայ եւ մեր մասին չարախօսելիք բան չունենայ» (Տիտ 2.6-8). «Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ սրբութեան հետամուտ եղիր» (Բ.Տմ 2.22):

Իսկ ինչ կը վերաբերի եղբօր եւ քրոջ պարտաւորութիւններուն, ասոր գլխաւոր պայմանը հեռանալն է ամէն տեսակի հակառակութիւններէ, բաժանմունքէ, չխնդրել լոկ անձնական օգուտ, այլ՝ ճանչնալ, որ ամենէն մեծ շահը ամբողջ գերդաստանի շահն է. հետեւաբար, պարտաւոր են պատրաստ ըլլալ՝ իրարու համար զոհուելու համար երբ պէտք ըլլայ, իրարու թերութիւններուն համբերել, իրարու սիրտերը ուրախացնել, սիրոյ կապակցութեան մէջ միշտ հաստատուն մնալ, որպէսզի հաճելի ըլլան Երկնաւոր Հօր, ուրախացնեն իրենց ծնողները եւ այսպէսով աստուածային օրհնութեան արժանանան. «Ի՜նչ գեղեցիկ է, եւ ի՜նչ հաճելի՝ երբ եղբայրները միասին կ՚ըլլան» (Սղ 133.1):

Բարեկամներուն պարտաւորութիւնները իրարու նկատմամբ օրինաւոր եւ շահաւէտ ըլլալու համար, անհրաժեշտ է, որ բարեկամները խոհեմութեամբ եւ քրիստոնէական սիրով ընտրուած ըլլան: Անոնք պարտաւոր են ամբողջական եւ կատարեալ վստահութիւն ունենան իրարու հանդէպ, ամէն կերպով իրարու օգնեն, համարձակ ազատութեամբ զիրար յանդիմանեն՝ երբ թերութիւն մը նկատեն, ջանալ իրենց բարեկամութիւնը իրարու սորվեցնելու եւ ազատելու համար, ամէն ինչը ընդհանուր կերպով կատարել, իրարու վիշտ եւ ուրախութիւնը հաղորդել: Այսպէս, Սուրբ Կոյս Մարիամը իր բարեկամ եւ ազգական Եղիսաբէթին քով գնաց, տեսնելու զինք եւ անոր հետ խօսելու աստուածային Աւետիսի մասին. «Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը։ Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ։ Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած...» (Ղկ 1.39-41): Մարթայի եւ Մարիամի Քրիստոսի հետ ունեցած բարեկամութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Քրիստոսի կենսատու խօսքը լսեն. «Ասիկա քոյր մը ունէր, Մարիամ անունով, որ եկաւ եւ Տիրոջ ոտքերուն քով նստելով՝ սկսաւ անոր խօսքերը մտիկ ընել» (Ղկ 10.39):

Մարդոց իրարու հետ նմանատիպ գեղեցիկ կապակցութիւնն է գերդաստանի, եկեղեցւոյ եւ քաղաքական միաբանութեան երջանկութեան եւ խաղաղութեան հիմքը: Այս էր պատճառը, որ առաքեալները իրենց նամակներով միշտ կը պատուիրէին սրբութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ պահել բարեկամութիւնը, իբրեւ միջոց՝ մեր Փրկիչին վարդապետութիւնը միշտ պատուելու. «...որպէսզի ամէն ինչով պատիւ բերեն մեր փրկչին՝ Աստուծոյ Աւետարանին» (Տիտ 2.10):

Մենք պարտաւոր ենք իւրաքանչիւր պատահարի ընթացքին մեր պարտաւորութիւնը կատարել, երբեք ուշադրութիւն չդարձնելով ուրիշներու զանցառութեան, որովհետեւ մեր պարտաւորութիւնները Աստուծոյ հրամանին վրայ հիմնուած են, իրենց իսկական գեղեցկութեան եւ միաբանական բարութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդոց գործերուն վրայ, որոնց հետ յարաբերութիւն ունինք, ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոնը. «Մի՛ ըսեր՝ «անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»» (Առ 24.29): Պօղոս առաքեալը այսպէս կը պատուիրէ. «Ծառանե՛ր, ամենայն երկիւղածութեամբ հնազանդեցէք ձեր տէրերուն. ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք ազնիւ են ու բարի, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք անգութ են» (Ա.Պտ 2.18):

Երբ մարդիկ մէկը միւսին իրենց օրինակով կը քաջալերեն, այն ատեն պարտաւորութիւններուն կատարումը կը դիւրանայ: Իսկ եթէ անոնք չկատարեն, մեր պարտաւորութիւնը կատարելը աւելի սուրբ է, որու վարձքը եւ պտուղը երկինքին մէջ պիտի վայելենք: Հետեւաբար, չդադրինք բարիք գործելէ, որովհետեւ իր ժամանակին բարիքը պիտի հնձենք. «Գալով մեզի՝ չձանձրանանք բարիք գործելէ, որովհետեւ եթէ յարատեւենք՝ անպայման որ արդիւնքը պիտի քաղենք իր ատենին։ Հետեւաբար, որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.9-10): Այս կեանքին մէջ իսկ ուրախութիւն կը զգանք, երբ Աստուծոյ սիրոյն համար մեր պարտքը կը կատարենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

Վաղարշապատ


1Կոդրոսը, աթենացիներուն վերջին թագաւորն էր, որ նշանաւոր էր իր անձնազոհութեամբ: Երբ աթենացիները դորէացիներուն դէմ կը պատերազմէին, պատգամախօսէն (Օրակուլ) պատգամ ելաւ, որ այն կողմը պիտի յաղթէ, որուն թագաւորը որ զոհուի: Կադրոսը այս պատգամը լսելով, ազատութեամբ մղուեցաւ պատերազմի մէջ եւ իր անձը զոհեց իր ազգին համար: Աթենացիները յաղթող հանդիսացան, բայց միաժամանակ վճռեցին վերջ տալ իրենց թագաւորութեան՝ Կադրոսին արժանաւոր ժառանգ եւ յաջորդ մը չգտնելով ազգին մէջ:

2Դէցիուս-Մուս, հռոմէացիներուն հիւպատոսն էր, որ Կուռնելիոս կայսրին ազատեց սամնիացիներուն պատերազմի ընթացքին: Լատիններուն դէմ ալ պատերազմեցաւ եւ իր անձը զոհեց, որով հռոմէացիները յաղթող հանդիսացան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018