«ԱՏՈՆԻՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐԷՆ» (Բ.)

- 15 -

Եթէ կը կարծես, որ քամիին խօսքերով զիս կը համոզես,
Ուրեմն՝ փաստերդ գրէ ջուրին վրայ:

- 16 -

Թռչունները ըսին իրենց կոկորդներուն.
Մի՛ յամառիք,
Որոշեցինք երգելէ դադրիլ:

- 17 -

Երկար ներկայացումը, որ այսօր
Արաբական գետնի վրայ կը մատուցուի, այն չէ, թէ
Ինչպէ՞ս նոր լոյս մը կը ստեղծենք,
Այլ հակառակը՝
Թէ ինչպէ՞ս կը հանգցնենք բոլոր լոյսերը:

- 18 -

Արեւուն մասին մի՛ գրեր.
Արգիլուած նիւթերու ցանկին անցաւ:

- 19 -

Ի՞նչ. կարծես այս յանկարծ փչող հովին մէջ
Պար մը կայ, որ կու գայ իր մարմնէն,
Որ երկար յարաբերութենէ ետք
Մտքէն պիտի ճողոպրէր:

- 20 -

Վերջապէս,
Գտաւ այդ սիրուն ցուլին անունը, որ կոչուած է
Աստղահոյլի գեղեցիկ աշտարակներէն
Մէկուն անունով:

- 21 -

Երբեք չերազեց, որ երազը վերադարձ մ՚ըլլայ:
Երազեց եւ անընդհատ կ՚երազէ, որ
Ճամբորդութիւն մ՚ըլլայ:

- 22 -

Արդեօք դէպքերուն զարգացումը բաւարար եղա՞ւ ըսելու,
Յատկապէս «արաբական գարուն»ին շնորհիւ,
Թէ կ՚երեւի մարդը այս արաբական տարածութեան մէջ
Ունի ճամբայ մը դէպի անուղի յոյսը:

- 23 -

Կ՚ըսես որ այս պատերազմը քուկդ չէ,
Ուրեմն ինչո՞ւ կը բոցավառիս
Այդ տան դիմաց, ուր ծնած ես
Եւ այդ քաղաքին հրապարակին մէջ,
Զոր քուկդ կը կոչես:

- 24 -

Այն աստղերը, որոնք կը կանչէին մեզ անապատին մէջ,
Որ հանդիպինք եւ խօսինք,
Ծածկուեցան եւ իրենց կոպերն ու
Ձեռքերուն ու ոտքերուն եղունգները
Ներկեցին զղջումի հինայով:

- 25 -

Ջղագրգիռ ու լացակումած ըսաւ.
Ինչո՞ւ աւերակներէն բացին կերտելու ատակ չենք
Եւ լացող ու ցաւցնող խօսքերէն բացին...

- 26 -

Ստեղծագործեցէք իրենց պարանոցներուն համար,
Որոնք մի առ մի կը հատուին,
Փառաբանեցէք այն թուրերը, որոնք հատեցին
Եւ ձեռքերը, որոնք զարկին.
Եւ իրենց շառաչիւնի շարժումին եւ կանգնումին մասին ըսին.
Ի՛նչ անուշ է այս մեղեդին:
Ի՛նչ ջինջ է այս երգեցողութիւնը:

- 27 -

Պատմութիւնը արաբերէնի նմանող ձայնով մը ըսաւ.
Մեռայ, այսօր, վաղը կ՚ուղարկուիմ արաբի նմանող տարբեր մարմնի մը մէջ,
Կը մասնատուին ցեղախումբեր, յարանուանութիւններ զիրար ուտելով:
Չկրցայ հմտանալ սպանութեան արուեստէն բացիին մէջ
Եւ չնայած տերեւներս խոնաւցնող ջուրին,
Ես զանոնք, այս վայրկեան, կը տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս կ՚այրին մի առ մի:
Ինքը՝ ջուրը սրուակներուս մէջ կրակի կը վերածուի,
Դէմքիս վրայ արեան գոյնով ձէթ կը լեցնեն,
Ապա կը հայցեն, որ ներողութիւն խնդրեմ թանաքէն, մատիտէն եւ գրութենէն:
Ներողութի՞ւն խնդրեմ, ինչո՞ւ. կը հարցնեմ ինքզինքիս,
Եւ իսկոյն շշուկ մը կը լսեմ.
Ա՛ռ կրափոշին որպէս հողապատնէշ եւ վերջին նամակդ գրէ՛
Բարեկամներուդ եւ հարազատներուդ:
Բարեկամ չունիմ, իսկ հարազատներս թշնամիներս եղան
Եւ զիս տեղաւորեցին արիւնոտ բեմի մը վրայ,
Թողեցին որ ալեկոծիմ անոր անկիւնները եւ բացակայեցան:
Կը ճանչնայի ոմանք ձեռքէն, ոմանք լեզուէն,
Ոմանք անունէն, բայց կարծես ոչ ոք՝ դէմքէն:
Կ՚ըսուի թէ պատմութիւնն ալ կը մեռնի.
Պիտի մեռնի՞մ, իրօ՞ք:
Եթէ իրականութիւն է, ուրեմն պիտի կտակեմ,
Որ առանձին թողուն զիս մահուան մահիճին վրայ,
Ունկնդրեմ մարդոց թոքերուն, շունչերուն եւ սրտերուն հիւսած մեղեդին:
Ո՛վ պատմութիւն, արդեօք ինծի պէս մէկը կրնա՞յ քեզմէ բան մը խնդրել
Այս մեղեդին լսած պահուդ:
Ուրեմն, կը խնդրեմ որ մտնես տխրութեան տունը եւ փնտռես զիս.
Երէկ ելայ հոնկէ եւ երեւակայեցի, որ ճամբուն վրայ եմ
Եւ հրաժեշտի պարը կը պարեմ.
Մինչ ընկեր մը խնդրեց, որ յոյսը աճեցնեմ:
Պատասխանեցի իր ընկերութեամբ հպարտ՝
«Յոյսին ամէն ինչ ներկայացուցի՝
Մեծցաւ, տարածուեցաւ, իշխեց.
Յանկարծ սկսաւ ուռճանալ, ուռճանալ, աճիլ եւ աւելի հսկայանալ,
Դարձաւ անսահման բեռ մը».
Խնդրեմ այս ընկերին հարցնես՝
«Ի՞նչ ընեմ հիմա այս յոյսով»:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020