ՕԴԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ՄԸ

-Գիտե՞ս, երեք տարի է լեռ չեմ տեսած, հզօրութիւնը կը զգամ լեռներուն. որքան մօտ են, որքան անառիկ, հարազա՜տ...:

Ինքնաշարժը կը սուրայ ճեղքելով երբեմն հարթ ուղիներ, երբեմն անմատչելի լեռնանցքներ, կ՚անցնի երբեմն գիւղերուն կողքէն...: Բարձրաբերձ լեռներն ու խորունկ կիրճերը, գետերն ու առուները մերթ ընդ մերթ կ՚երեւին ինքնաշարժին աջ ու ձախ կողմերը: Բնութեան անսահման կախարդանքը կաթիլ առ կաթիլ ըմպելով կը սքանչանան ճամբորդները, որոնք երկու հարազատ բարեկամներ են: Հարազատութիւնը սակայն անոնց մէջ գոյացած է ընդմիշտ հեռաւորութենէն, ճակատագրի բերումով այս երկու մանկութեան բարեկամները յաճախ իրարմէ հեռու գտնուած են. հեռու մարմնով, նիւթեղէնով, սակայն մօտ, շատ մօտ հոգեպէս:

«Հա, հա, հա, Վարդավառին ինչպէ՞ս կը թրջէինք անցորդները ու իսկոյն կը կքէինք պատշգամի երիզին տակ, որ մեզ չտեսնեն», ժպիտներով մանկութեան վերապրում մը տեղի կ՚ունենայ ճամբուն ընթացքին, որ կարօտ կը բուրէ, կարօտ անցեալի անհոգ օրերուն: Պատերազմը խլելով հեռացուցած է զիրենք անցեալէն ու ապահովութեան որոնումով մէկը ինքզինք գտած է հայրենիքի գիրկը, միւսը՝ Եւրոպայի: Իւրաքանչիւրը՝ ընտանիքի մը մայր, գաղթականի ցուպը ձեռքին շորորալով կը յառաջանայ անորոշութեան ուղիին որոշ անուն մը տալ ջանալով:

Կը խօսին անոնք, կարօտը շիթ առ շիթ կը հոսի անոնց աչքերուն փայլք մը պարգեւելով: Կը խօսին անցեալէն պատկերներ յիշելով, անմեղ չարութիւններ մանկական: Կը խօսին անհուն որոնումով մը անցեալին զիրենք գրկող անգին անձնաւորութիւններու, որոնք թիզ առ թիզ խրատներով ու առաքինի յատկանիշերով օժտած են, կրթած, դաստիարակութիւնը աննկատելի ջամբումով մը դրոշմած իրենց մէջ: Ու ահա հոս է, որ անոնք կը վերակենդանանան: Կը յիշուին խրատները բառ առ բառ ու թէ ինչպէս մեքենայական փոխանցումով այդ խրատները քալած, հասած են իրենց ենթագիտակցութեան, ուրկէ հիմա մէկիկ-մէկիկ կը սպրդին երբ հարկ զգացուի. սպրդում մը, որ հինը նորին կ՚ագուցէ, ճամբով մը բարի, որ անգիտակցաբար կը գծուի՝ «Տղոցս միշտ կը կրկնեմ մեծ մօրմէս լսածներս, աղօթքի պէս անոնք դաջուած են լեզուիս ու անոնցմով է, որ կ՚օրհնեմ տղոց ուղին, ինչպէս որ իմս՝ նախկինին»:

Բարակ նրբանցքներուն մէջէն սողոսկելով ինքնաշարժը կանգ կ՚առնէ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մուտքին, ու՝ «Լաւ որ որոշեցինք հոս գալ Խնձորեսկի փոխարէն. ճիշդ է, որ հոն ալ շատ կը փափաքիմ տեսնել, բայց տաս տարուան փափաքս է տեսնել Գառնին եւ Գեղարդը, ու, տե՛ս, ի՛նչ զուգադիպութիւն, քեզի հետ...»: Զուգադիպութի՞ւն էր, թէ ով գիտէ ի՛նչ անուն կը կրէր այս ճամբորդութիւնը, մի քանի օր առաջուան որոշումը փոխուած էր ակնթարթներու մէջ ու հակառակ Գեղարդավանքի ճամբուն գոյացած սահանքին, որուն պատճառով ճամբորդութիւնները կասեցուած էին, այս բարեկամները յամառօրէն կ՚ուղղուէին հոն՝ «Մինչեւ հոս հասանք, եթէ Գեղարդի ճամբան անանցանելի ըլլայ, իշապան մը կը գտնենք, որ մեզ փոխադրէ», կատակելով կը պատասխանէին վարորդին, երբ նիւթը ընթանար Գեղարդ տանող ճամբուն սահանքին մասին:

«Ենթագիտակցութիւնը ձեզ առաջնորդեց», կ՚ըսէ քրմապետ մը, երբ Գառնիի մուտքին կը տեսնէ անակնկալի եկած երկու բարեկամները: Ժամանակի սլաքը կանգ առած ու աւելին՝ յետընթաց կատարած էր կարծես: Հեթանոսական ծիսակատարութիւն մը տեղի պիտի ունենար, հաւատքի դրսեւորում մը անցեալէն, գիրքերէն տեղեկացուած հեթանոսական «Բերքի տօն»ին ներկայ պիտի գտնուէին. արարողութիւն մը, որ շատ հին արմատներ ունի: Պահ մըն էր կարծես, անհրաժեշտութիւն մը՝ հոն գտնուիլը, թաքուն ձեռքերով գծուած ուղի մը:

Վարորդը ինքնաշարժը կը կանգնեցնէ սահանքին կողքին, կը սպասէ ոստիկանին արտօնութեան, մինչ զրոյցը կը շարունակուի ինքնաշարժին մէջ՝ «Առիթը ունեցայ, որ եւրոպացիներուն խօսիմ Հալէպի մասին,- կը պատմէ եւրոպաբնակ բարեկամը,- ներկայացնեմ թէ ո՞վ է հայը Հալէպի մէջ: Ուրախ էի, որ պիտի պատրաստեմ քաղաքիս, ծննդավայրիս գեղեցկութեան, մշակութային հարստութեան ու այլազանութեան մասին նիւթ մը:

«Նիւթին ներկայացման պահուն նեղութիւն զգացի մտածելով, թէ արդեօք ես ստիպուա՞ծ եմ բացատրել ով ըլլալս: Եւրոպայի մէջ այդ անհրաժեշտութիւնը կայ: Հոն նկատեցի խղճալի նայուածքներ, անտեսուածի ու գութի արժանի անհատներ կը թուէինք մենք իրենց, պատերազմի՞ն պատճառով...: Պատերազմին բերումով մենք մեզ փաստելու վիճակին մէջ ենք, նսեմացում մը կայ, դասախօսութեան ներկայացման պատճառներէն մէկն ալ այս էր՝ փաստել թէ ես հարուստ եմ պատմութեամբս, մշակոյթովս, հայութեամբս, մեր դարաւոր, ազատ գոյութեամբ այդ երկրին մէջ:

«Հոլանտան կրօնքի երկիր չէ, անոր համար ամէն տեսակ օրէնքներու պէտք է բաց ըլլալ եւ ընդունիլ. հոս է հարցը՝ այս բոլորը հալէպահայը կրնա՞յ ընդունիլ, բան մը որ ինք վարժ չէր ընել: Կ՚ընդունի միայն այն ատեն, երբ յաջողի ինքզինք փաստել աշխատանքով, մարդկային առողջ հաղորդակցութեամբ...:

«Ի դէպ, դասախօսութիւնը շատ յաջող ընթացք մը ունեցաւ, չէի երեւակայեր, որ այսքան համարձակութեամբ պիտի կարենայի ներկայացնել պատրաստածս, բան մը, որ տեղացիներուն հաճելի կը թուէր եւ մատուցուած նիւթին կը կապէր զանոնք», ինքնաշարժը կանգ կ՚առնէ յառաջանալով զառիվեր ուղիէ մը:

Ահա հոս է, որ մարդը կը յաղթէ ժամանակին, կը կանգնեցնէ զայն. հրաշակերտ վեհութիւն մըն է վիթխարի, անուս հաւատքի պարոյր մըն է կարծես Գեղարդավանքը: Ու պապանձեցան անոնք ի դէմ այս հրաշալիքին, վերացան. հոն միայն լռութեան լեզուն կը բարբառէր, աչքերուն լեզուն հնչիւն կ՚առնէր, ներաշխարհներ կ՚ալեկոծէին ու կ՚ողողէին հաւատքի սիւներուն լոյսով, որ վերամբարձ, հարթ ուղին ունի հինէն ի վեր:

Վարորդը վանքին շուրջի տատիկներէն գնած համեղ գաթան ծամծմելով կը սպասէր երկուքին, որոնք կրպակներուն քով այս հրաշագեղ վայրին բերքով պատրաստուած գինի կ՚որոնէին:

Ու վերադարձի ճամբուն օրհնեալ գինին ըմպելով զիրար կը դիտեն հարցական հայեացքով, ապա երկուքը միասին՝

-Ո՞ւր էինք,- կը հարցնեն:

-Օդին մէջ տեղ մը,- կը պատասխանէ մին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018