ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Այստեղ հարցում մը կ՚ըլլայ, թէ ասոնք մահու չափ կը մեղանչէի՞ն զՔրիստոս չխոստովանելով:

Պատասխան. նախ կ՚երեւի, թէ՝ ոչ, կրկնակի պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ձգել այն, որ ուրիշներուն համար խռովութեան եւ գայթակղութեան պատճառ է, մեղք չէ, այլ՝ բարի գործ, իսկ ասոնց խոստովանութիւնը պատճառ կ՚ըլլար ուրիշներու խռովութեան եւ գայթակղութեան, հետեւաբար մեղաւոր չէին չխոստովանելով: Երկրորդ պատճառն է, քանի որ ասոնցմէ ոմանք շատ բարի ու արդար եղան, ինչպէս Նիկոդիմոսն ու Յովսէփ Արեմաթացին, որոնք ծածկաբար Քրիստոսի աշակերտներ էին, այդ պատճառով կ՚երեւի, թէ ասոնց լռելը մեղք չէր: Ասոր հակառակ է, որ Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սիրտով հաւատալը՝ արդարութիւն է, իսկ բերանով խոստովանիլը՝ փրկութիւն» (հմմտ. Հռ 10.10), ուստի կ՚երեւի, թէ հաւատքի խոստովանութիւնը անհրաժեշտ է փրկութեան համար, ինչպէս հաւատքը: Հետեւաբար, յայտնի է, թէ հաւատքի խոստովանութիւնը ձգելը մահու չափ մեղք է:

Պատասխան. մահու չափ մեղքը այսպէս կը սահմանեն վարդապետները. մահու չափ մեղք է մեղանչել աստուածային օրէնքներուն [դէմ] եւ անհնազանդ գտնուիլ աստուածային պատուիրաններուն, այդ պատճառով խոտովանութիւնը ձգելը մեղք է, երբ ըստ աստուածային պատուիրանին պէտք ըլլայ, իսկ հաւատքի խոստովանութիւնը, ինչպէս առաքինութիւններու այլ գործերը մեզի ստորասական պատուիրանով կը պատուիրուին: Արդ, ստորասական պատուիրան է, որ մարդ միշտ պարտական է կատարել ոչ թէ ժամանակի համար, այլ՝ պատճաշ ժամանակի ու վայրի մէջ, այսինքն՝ երբ այդ գործին պակասութիւնը հակառակ է Աստուծոյ կամ ընկերոջ սիրոյն: Եւ այդպէս ալ հաւատքի խոստովանութեան պակասութիւնը հակառակ է Աստուծոյ սիրոյն, երբ կը վերացուի Աստուծոյ պատիւը ու երբ մարդիկ կը կարծեն, թէ այդպիսի հաւատքը սուտ է եւ ոչ ճշմարիտ: Իսկ այն ատեն խոստովանութեան պակասութիւնը ընկերոջ սիրոյն հակառակ է, երբ անով ընկերոջ փրկութիւնը կը խափանուի, ինչպէս երբ երեւելի մարդ մը իր հաւատքը չի՛ խոստովանիր, պարզամիտ մարդիկն ալ անկէ օրինակ կ՚առնեն ու չեն խոստովանիր հաւատքը՝ պատշաճ ժամանակի ու վայրի մէջ:

Եւ արդ, ասոնք որոնք հրեաներուն իշխաններն են, երկու պատճառով մահուան չափ մեղք գործեցին՝ հաւատքը չխոստովանելով. նախ՝ որովհետեւ ասոնք օրէնսգէտներ, քահանաներ ու քահանայապետներ էին, ու Սուրբ Գիրքը գիտէին, երբ երկիւղի պատճառով ի Քրիստոս խոստովանութիւնը ձգեցին, ատով ուրիշներուն պատճառ կու տային, թէ այդ հաւատքը սուտ է եւ ո՛չ ճշմարիտ: Դարձեալ, որովհետեւ յետինները անոնց խօսքերուն եւ գործերուն կը հետեւէին ու կ՚արգիլուէին Քրիստոսի հաւատքէն: Եւ այսպիսով իշխաններուն խոստովանութեան պակասութիւնը հակառակ էր Աստուծոյ սիրոյն եւ հակառակ՝ ընկերոջ սիրոյն: Երկրորդ պատճառ, քանի որ ասոնք վերակացուներ էին ու պարտական էին ժողովուրդին ուսուցանել, թէ ինչ է անոնց փրկութիւնը, ինչպէս էր Քրիստոսի հաւատքը, այդ պատճառով ասոնց լռելը մեղքի պատճառ էր, ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանիչը, թէ՝ «մարդոց կողմէ տրուած փառքը աւելի սիրեցին, քան Աստուծոյ փառքը» (տե՛ս Յհ 12.43):

Արդ, նախապէս ըսուած առարկութիւններուն մասին.

Պատասխան. առաջինին համար վարդապետները կ՚ըսեն, թէ հաւատքի խոստովանութիւնը երբ պատճառ կ՚ըլլայ խռովութեան եւ անկէ ոչ մէկ օգուտ կու գայ, մէկ կողմ պէտք է ձգուի, ինչպէս կ՚ըսէ. «Սրբութիւնները շուներուն մի՛ տաք» (Մտ 7.6), իսկ եթէ խոստովանութենէն օգուտ կու գայ, կամ մէկը հաւատքի մասին կը հարցնէ, այդ ատեն պէտք է խոստովանիլ եւ անհաւատներուն գայթակղութեան եւ խռովութեան պատճառով պէտք չէ ձգել խոստովանութիւնը: Եւ յայտնի է, երբ փարիսեցիները Քրիստոսի քարոզութեան պատճառով գայթակղեցան, Քրիստոս ըսաւ. «Ձգեցէք զանոնք, կոյրեր են՝ կոյրերու առաջնորդ» (Մտ 15.14), այսինքն՝ ձգեցէք, որպէսզի խռովին ու գայթակղին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 128

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021