ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ մարդը եթէ Տիրոջ պատուիրանները պահէ ու գործադրէ:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ Իմ խօսքերս ու Իմ պատուիրաններս քու քովդ ծածկէ: Իմ պատուիրաններս պահէ որպէսզի ապրիս ու Իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛: Զանոնք մատներուդ վրայ կապէ, զանոնք սիրտիդ տախտակին վրայ գրէ» (Առ 7.1-3):

Տիրոջ պատուիրաններուն պահպանութիւնն ու գործադրութիւնը մարդուն կեանք կու տայ, մարդուն դէպի յաւիտենական փրկութիւն, անմահութիւն եւ յաւիտենական կեանք կ՚առաջնորդէ, իսկ զանոնք չպահելն ու չգործադրելը՝ մարդուն յաւիտենական կորուստի եւ տանջանքներու կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ այդպիսիները անտեսած կ՚ըլլան փրկութեան՝ իրենց ձրիօրէն շնորհուած աստուածային պարգեւը, որով իրենք եւս կ՚անտեսուին Աստուծմէ, ինչպէս Որոգինէս կը գրէ. «Անոնք որոնք Օրէնքը անտեսած են, անտեսուած են Աստուծմէ, պահապան հրեշտակներէն եւ սուրբերէն, որոնք կրնային փրկել զանոնք»:

Մարդ, սակայն, միայն Տիրոջ պատուիրաններն ու օրէնքները պէտք չէ իմանայ ու ճանչցած ըլլայ, այլ ատկէ անդին եւ աւելի կարեւորը, պէտք է ատոնք կեանքի կոչէ, այսինքն՝ իր կեանքին մէջ գործադրէ: Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը այս ուղղութեամբ այսպէս կը գրէ. «Գիտակցութիւնը չի սահմանուիր միայն բարին ճանչնալուն մէջ, այլ՝ զայն կատարելն հրամայական պահանջքներուն գլխաւորն է եւ ըստ այնմ պէտք է վարուինք իբրեւ պարտաճանաչ մարդիկ. հարկ է որ ընկերական ձեր կեանքը չափէք այն սկզբունքին վրայ, պէտք չէ միայն պարտականութիւննիդ ճանչնալով գոհանաք, այլ նաեւ գործադրելու էք, կեանքին դառնութիւններն անուշելու համար»: Կրնանք եզրակացնել, ուրեմն, թէ երբ մարդ Տիրոջ պատուիրաններն ու օրէնքները կը ճանչնայ, կը հասկնայ, անոնց գիտակցութիւնը կ՚ունենայ, եւ այդ բոլորէն ետք զանոնք կեանքի կը կոչէ, կը գործադրէ, ապա կեանքին դառնութիւնները կ՚անուշնան որոշ չափով, եւ մարդ կեանքին տուած դառնութիւնները կը ծառայեցնէ Երկինքի Արքայութեան մէջ իր յաւիտենական կեանքի անդաստանը ծաղկեցնելու:

Հ. Յաճախ կը խօսուի, թէ Հին Ուխտի Աստուածը պատժող, սարսափեցնող, ահաւոր Աստուած է, մինչ Նոր Ուխտի Աստուածը սիրոյ, գթութեան ու ողորմութեան Աստուած է. ճի՞շդ է այս մօտեցումը:

Պ. Բնականաբար նման մօտեցում մը ճիշդ չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ - երէկ, այսօր եւ յաւիտեան». (Եբր 13.8). Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ. մինչեւ ձեր ծերութիւնը Ես նոյնն եմ, մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը Ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու Ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ: Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք, զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք» (Ես 46.3-5): Իսկ Դաւիթ թագաւոր-մարգարէն կը գրէ. «Վասնզի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւտեանս յաւիտենից. Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ» (Սղ 48.14): Տասը պատուիրաններուն երրորդը կը թելադրէ կուռքեր չշինել ու անոնց երկրպագութիւն չընել, որովհետեւ «Ես՝ Քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու Իմ պատուիրաններս կը պահեն» (տե՛ս Ելք 20.4-6): Աստուծոյ գթառատութեան ու սիրոյ մէկ այլ վառ օրինակ է Աբրահամ նահապետին բարեխօսական զրոյցը Անոր հետ՝ Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքներուն համար (կարդալ Ծն 18.16-33):

Առակացին մէջ ալ կը կարդանք. «Ես կը սիրեմ զիս սիրողները: Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն: Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ: Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն եւ Իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է: Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ, որպէսզի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ, անոնց գանձարանը լեցնեմ» (Առ 8.17-21):

Այս եւ վերը մէջբերուած համարները յստակ ապացոյց են, որ մեր Տէր Աստուածը նոյն Աստուածն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան, այլ խօսքով Հին եւ Նոր Ուխտերու Աստուածը նոյն սիրող, ողորմող, գթացող, ներող, եւ միաժամանակ պատժող, սարսափեցնող եւ յանդիմանող Աստուածն է, եւ Աստուծոյ մարդուն հետ վերաբերմունքը առաջին հերթին մարդ արարածէն կախում ունի, այսինքն՝ եթէ մարդ Աստուածահաճոյ կեանքով ընթանայ, ապա հակառակ այս աշխարհին վրայ իր կրած բազմաթիւ նեղութիւններուն, զրկանքներուն, փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, միշտ կանգուն կը մնայ, որովհետեւ գիտէ եւ վստահ է, թէ Աստուած իր կողքին է՝ զինք պահելու ու պաշտպանելու համար: Իսկ երբ մարդ հակառակի Աստուծոյ եւ մեղքի կեանքով ապրի, բնականաբար իր գործերուն համաձայն վերաբերմունք ու վարձատրութիւն պիտի ստանայ:

Հետեւաբար, սխալ է նման համեմատութիւն մը ընել՝ զանազանութիւն եւ խտրութիւն դնելով Հին Ուխտի եւ Նոր Ուխտի Աստուծոյ միջեւ, որովհետեւ նման մօտեցում մը հեթանոսական է եւ ո՛չ քրիստոնէական:

Հ. Յաճախ կը լսեմ ու կը կարդամ, թէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին մասին Հին Ուխտին մէջ անդրադարձ կատարուած է: Առակաց գիրքին մէջ նման անդրադարձ կա՞յ արդեօք:

Պ. Այո՛. Առակաց գիրքի 8-րդ գլուխին 22-31 համարները յստակօրէն կը խօսին Տէր Յիսուսի մասին: Կարդա՛նք միասին.

«Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, երկիրը ստեղծելէ առաջ, Իր գործին սկիզբը, դարեր առաջ շինուեցայ։ Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։ Անդունդները չեղած, առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած Ես ծնած էի։ Լեռները չտեղաւորուած, բլուրներէն առաջ Ես ծնած էի: Տակաւին երկիրն ու դաշտերը եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած, երբ երկինքները կը պատրաստէր ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, Ես հոն էի։ Երբ վերի ամպերը կ՚ուժովցնէր եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր, երբ ծովուն կանոն կը դնէր, որպէսզի ջուրերը Իր հրամանէն դուրս չելլեն ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր, այն ատեն Ես Անոր քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր Անոր զուարճութիւնն էի ու միշտ Անոր առջեւ կ՚ուրախանայի։ Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ՚ուրախանայի ու Իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 17

30 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022