ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ

Կը պա­տա­հի խա­չա­ձե­ւում, երբ սոյն օ­րուան մէջ, նոյն ժա­մուն, հան­դի­սու­թիւն մը կամ հա­ւաք մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, ու ա­հա երկմ­տան­քը. հոս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նու նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը. ո՞ր մէ­կը ընտ­րել. ան­շուշտ ե­թէ սլա­քը թե­քի մէկ կամ միւս կողմ, քա­նի որ եր­բեմն ա­նակն­կալ պա­րա­գա­նե­րու մէջ կը գտնուիս եւ այ­լեւս քեզ­մէ կա­խեալ չէ ընտ­րու­թիւ­նը, ուս­տի ո՛չ մէ­կը եւ ո՛չ ալ միւ­սը ի գործ կը դրուի­… եւ եր­րորդ կող­մը, այս պա­րա­գա­յին, որ միշտ պատ­րաստ է, կ՚ըլ­լայ սե­նեա­կիդ մահ­ճա­կա­լը, որ ե­րե­կո­յեան «բա­րի ե­կար»ի եւ ա­ռա­ւօ­տեան «եր­թաս բա­րով»ի վարժ է:

Նա­խընտ­րու­թիւ­նը ան­ձէն կա­խեալ է, ան­շուշտ, երբ չկան ար­տա­քին այլ ստի­պո­ղա­կան պատ­ճառ­ներ:

Մեր պա­րա­գա­յին, այ­ցե­լու­թիւնն է Յի­սու­սի՝ Ղա­զա­րո­սի տան, ուր հիւ­րա­սի­րու­թեան տեն­դով տա­րուած՝ Մար­թա, կը գան­գա­տի ը­սե­լով. «Տէր քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մի­նակ թո­ղուց սպա­սա­ւո­րու­թեան մէջ. ուս­տի ա­նոր զրու­ցէ, որ ին­ծի օգ­նէ: Պա­տաս­խան տուաւ Յի­սուս եւ ը­սաւ. «Մար­թա, Մար­թա, դուն շատ բա­նե­րու հոգ ը­նե­լով կը տագ­նա­պիս. բայց մէկ բան պէտք է, եւ Մա­րիամ այն ա­ղէկ բա­ժի­նը ընտ­րեց»: Ան­շուշտ գրուած չէ, թէ ի՛նչ նիւ­թի մա­սին կը խօ­սէր Յի­սուս, սա­կայն, ա­մէն ոք ի­րեն յա­տուկ մաս­նա­ւոր նիւ­թե­րը ու­նի իր ընտ­րած ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մա­ձայն, ուս­տի հա­ւա­նա­կան էր, որ կեան­քի զա­նա­զան ե­րես­նե­րէն մէ­կուն մա­սին խօ­սե­լու, բա­ցատ­րե­լու ըն­թաց­քին մէջ ըլ­լար քա­ջա­լե­րուած նաեւ՝ ունկն­դի­րին հե­տաքրք­րու­թե­նէն, որ իր օգ­նե­լու գոր­ծէն հե­ռա­ցած էր ու քոյ­րը թո­ղած ա­ռան­ձին. Իսկ Մար­թա, իր պար­տա­կա­նու­թեան վրայ: Ա­մէն ոք իր ճամ­բով, իր պար­տա­կա­նու­թեամբ, սա­կայն միշտ ալ ՀԱ­ՄԱ­ՁԱՅՆ ՀԱ­ՄԱԴ­ՐՈՒՄՆ է, որ պի­տի պտղա­բե­րէ:

Հոս շեշ­տը կը դրուի «Ա­ղէկ բաժ­նի» մէջ- ժա­մա­նա­կա­ւո­րէն՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նը, ան­ցա­ւո­րէն՝ հաս­տա­տու­նը:

Սա­կայն, ա­մէն ոք ա­ռան­ձին ան­հա­տա­կա­նու­թիւն է, ու­նե­նա­լով իր նա­խա­սի­րու­թիւ­նը եւ հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու ա­նոր:

Ա­ռեւտ­րա­կա­նի նա­խա­սի­րու­թեան մա­սին խօսք չ՚ըլ­լար: Պըզ­նէս, որ­մէ՝ ե­կա­մուտ, դրամ, մա­նի­դոքս…­Շու­կա­յի քե­րա­կա­նու­թիւն: Տօ­նա­կան օ­րե­րու, խառ­նաշ­փոթ օ­րե­րու, «տաք» ու «պաղ» օ­րե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լո­զունգ­նե­րը եւ գի­նե­րը կը տար­բե­րին ան­հա­մե­մա­տա­բար, յի­շա­տա­կե­լի օ­րերն ալ մոռ­նա­լու չէ հար­կաւ: Եւ ա­մէն ոք քիչ թէ շատ նո՛յն ո­գիով կ՚ե­րե­ւի…

Այս տա­րուան մէջ մեր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան 25-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, թեր­թե­րը քիչ մը ծա­ւալ, գոյն ար­ձա­նագ­րե­ցին, ինչ­պէս նաեւ լա­ւա­գոյն պա­հը նկա­տուե­ցաւ հրա­պա­րակ գալ, ինչ որ բնա­կան եւ սպա­սե­լի էր:

Հան­դի­սու­թիւն­ներ, խրախ­ճանք­ներ, հա­ւաք­ներ, եր­գա­հան­դէս եւ… իր քսա­նա­մեա­կի եւ Հայաստանի Հանրապե­տու­թեան 25-ա­մեա­կի ցու­ցա­հան­դէս եւ դեռ ին­չե՜ր, դժբախ­տա­բար, ա­մե­նէն տե­ղեակ չեմ, սա­կայն շու­կա­յա­կան ա­պի­կա­րու­թիւ­նը հոս ալ յայտ­նի ե­ղաւ: Փախ­ցու­ցի, յի­շե­լով Թէ­քէեա­նը. «Ա­ռիթ­ներ, թռչու­ներս սի­րե­լի»:

Ա­կան­ջիս ձայն մը կ՚ը­սէ սա­կայն.- «չէր ըլ­լար»։

Ին­չո՞ւ:

Լաւ, այդ մէ­կը չե­ղաւ, գէթ այս երկ­տողս նուի­րեմ տա­րին իր լրու­մին չհա­սած…

Յ.Գ. Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, ջու­րի տագ­նապ ու­նե­ցանք եւ ստի­պուած ջուր գնե­ցինք, ջու­րի տա­րեվ­ճա­րը (պե­տու­թեան) նուա­զե­լու փո­խա­րէն ա­ւել­ցաւ շուրջ հարիւր առ 15…

­Լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րէն մին՝ շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016