ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԸ

2017-ի Դեկտեմբեր 6-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին որոշում կայացուց, որ յառաջացուց արաբական շարք մը երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Հռոմի Պապի դժգոհութիւնը: Դեկտեմբեր 7-ին պաղեստինեան «Համաս» շարժման առաջնորդ Իսմայիլ Հանիան նոր ապստամբութեան սկսելու կոչ ըրաւ: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ, որ «Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցով՝ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան կողմերու համար ընդունելի կարգաւորման ծիրէն ներս»:

1. Ի՞նչպէս յառաջացած է Երուսաղէմի Հայկական թաղամասը:

Սուրբ Երկրի հայերու բնակեցման պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ Ա. դարուն: Մինչ այդ Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի տարածքին մենաստան էր, ուր միայն վանականներ կ՚ապրէին: Սուրբ Երկրին մէջ բիւզանդական ճգնաւորութեան հիմնադիրներէն մէկը կը համարուի հայկական ծագում ունեցող Սուրբ Եւփիմիոսը:

Այսօր Հին քաղաքը բաժանուած է չորս՝ հայկական, իսլամական, քրիստոնէական եւ հրէական թաղամասերու: Թէեւ համայնքը մեծ չէ, բայց հայերը կը զբաղեցնեն Հին քաղաքի բաւական զգալի հատուածը՝ տարբեր գնահատականներով՝ մէկ քառորդէն մինչեւ մէկ վեցերորդ մասը: Դարերու ընթացքին հայկական թաղամասը կառուցուած է Սրբոց Յակոբեանց տաճարին շուրջ:

2. Ինչպիսի՞ն է Հայկական թաղամասը այսօր:

Հայկական հատուածի ամբողջ սեփականութիւնը կը պատկանի Երուսաղէմի Պատրիարքարանին: Հայոց Պատրիարքարանին կը պատկանին ոչ միայն եկեղեցական հողերու, ուր կը բնակին քանի մը տասնեակ վանականներ եւ եկեղեցականներ, այլեւ ցանկապատուած համալիրին մէջ ապրող մօտ 200 հայերու բնակավայրերը:

Տարբեր տուեալներով, քաղաքի այլ հատուածներուն մէջ կը բնակին եւս մօտ երկու հազար հայեր:

Երբ 2000 թուականին կայացաւ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այցը Իսրայէլ եւ Պաղեստին, Երեւանի մէջ չէին թաքցներ, որ հիմնական նպատակներէն մէկը հայ համայնքը քաջալերելն էր: Մասնաւորապէս նախագահի մամուլի քարտուղար Վահէ Գաբրիէլեան կ՚ըսէր, որ Երուսաղէմի կարգավիճակի խնդիրը կը վերաբերի բոլոր հայերուն, քանի որ այնտեղ կուտակուած հոգեւոր եւ նիւթական արժէքները կը պատկանին ամբողջ հայութեան:

Հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հայկական թաղամասի մասին կրնաք կարդալ այս յղումով:

Կրնաք կարդալ Երուսաղէմի հայկական թանգարանի վերաբացման ծրագրի մասին:

ա. Ինչպիսի՞ն է Հայաստանի դիրքորոշումը Երուսաղէմի կարգավիճակի վերաբերեալ:

2000-ի Քեմփ Տէյվիտի մէջ կայացած բանակցութիւններու ժամանակ կը նախատեսուէր Հին քաղաքի բաժանումը երկու մասի: Այդ բանաձեւին համաձայն՝ հը-րէական եւ հայկական հատուածները կ՚անցնէին Իսրայէլի, իսկ քրիստոնէական եւ մահմետական հատուածները՝ Պաղեստինեան ինքնավարութեան հսկողութեան տակ:

Սուրբ Հողի քրիստոնէական՝ Հայոց, Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու առաջնորդները տեղեկացուած չէին այս բանաձեւին մասին եւ դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Պարաքին եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Եասէր Արաֆաթին եկեղեցական առաջնորդները բանակցութիւններու հերթական փուլին հրաւիրելու առաջարկով, որպէսզի «մեր հաւաքական ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ յստակ պահպանուի եւ ամբողջութեամբ երաշխաւորուած ըլլայ»: «Մենք Հին քաղաքի քրիստոնէական եւ հայկական թաղամասերը կը դիտարկենք որպէս յարակից եւ անբաժանելի՝ ընդհանուր ճակատագիրով ամուր միացուած հատուածներ», կը գրէին եկեղեցիներու առաջնորդները:

2000-ի վերջը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարած էր, որ Հայաստանը դէմ է Երուսաղէմի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերու բաժանումին: «Կը կարծենք, որ Երուսաղէմի կարգավիճակի խնդրի որեւէ լուծման պարագային հայկական թաղամասը պէտք չէ ան-ջատուի քրիստոնէականէն: Հայոց Պատրիարքարանը յունական եւ լատինական պատրիարքութիւններուն հետ միասին դարերու ընթացքին եղած է Երուսաղէմի քրիստոնէական դէմքը», ըսած էր նախարարը:

Վարդան Օսկանեան իր յուշերուն մէջ Քեմփ Տէյվիտի բանակցութիւններու մասին կը գրէր.

«Հանդիպումը մեծ յոյսեր յառաջացուցած էր: Կ՚ակնկալուէր, որ կրնայ լուրջ բեկում ըլլալ: Կողմերը իսկապէս շատ մօտ էին խնդրի հագուցալուծման, բայց վերջաւորութեան բանակցութիւնները տապալեցան: Պատճառը, հիմնականօրէն, Երուսաղէմի հարցով համաձայնութեան հասնելու անկարողութիւնն էր: Ի հարկէ, կային նաեւ այլ խնդիրներ՝ փախստականներու վերադարձ, վերաբնակեցման հարցեր եւ այլն, սակայն հիմնական խոչընդոտը Երուսաղէմի տարբեր հատուածներու հանդէպ կողմերու իրաւական վերահսկողութեան հարցն էր»:

2014 թուականի ամրան Երեւանի մէջ ընդունելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած էր, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ըստ անհրաժեշտութեան աջակցութիւն ցուցաբերել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ իր այդ կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման ճանապարհին»:

4. Ինչպիսի՞ն է պաղեստինցիներու դիրքորոշումը:

2000-ի Օգոստոսին Քեմփ Տէյվիտի մէջ կայացած բանակցութիւններու ձախողումէն ետք Պաղեստինի ինքնավարութեան առաջնորդ Եասէր Արաֆաթ հերքած էր հաղորդագրութիւնները այն մասին, թէ ինքը համաձայնած էր Իսրայէլի հսկողութեան տակ ձգել Երուսաղէմի Հայկական թաղամասը:

Արաֆաթ պաղեստինեան «Al-Ayyam» թերթին ըսած էր. «Հայկական թաղամասը մեզի կը պատկանի. մենք ու հայերը՝ մէկ ժողովուրդ ենք»:

2002-ի Հոկտեմբերին Արաֆաթ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող արաբական «Al- Hayat» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Իսրայէլ կ՚ուզէր վերահսկել Երուսաղէմի Հայկական թաղամասը, իսկ ես ըսի անոնց, որ երբեք չեմ դաւաճաներ հայերուն»:

2011 թուականի Հոկտեմբերին Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս Սթրազպուրկի մէջ յայտարարած էր, որ «բոլոր միաստուածեան կրօնները իրաւունք ունին ազատօրէն իրականացնելու իրենց ծէսերը Երուսաղէմի մէջ, որ Պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքն է»:

Այդ մասին ան ըսած էր ԵԽԽՎ-ի նիստի ժամանակ պատասխանելով հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զօհրապեանի՝ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի հանդէպ պաղեստինեան իշխանութիւններու դիրքորոշման մասին հարցումին: Ըստ Նայիրա Զօհրապեանի, պաղեստինեան ինքնավարութեան ղեկավարի պատասխանը «անորոշ» էր:

ԱՐԱ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017