ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ՇԱՀԻ

Վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը ցոյց կու տան երկու կարեւոր հանգամանք։ Առաջին՝ օրերս կը խմորուի Փաշինեանի հեռացումը «ապահով» կերպով կազմակերպելու համար ծրագիր մը։ Երկրորդ՝ Փաշինեան, հակառակ իր պնդաճակատ մօտեցումներուն, սկսած է կամացուկ մը հասկնալ, թէ այլեւս անկարող է այս ընթացքով երկիրը ղեկավարել։ Ի դէպ, այս բոլորէն անդին մենք շատ յստակօրէն նկատեցինք, որ Փաշինեանի հեռացման հետամուտ քաղաքական ուժերը բուռն կերպով շարունակեցին իրենց բողոքի ելոյթները, սակայն երեւելի դարձաւ նաեւ, որ վարչապետը երբեք ալ պատրաստ չէ այդ մակարդակի ճնշումներուն տակ լքել իր պաշտօնը։ Եւ վերջին օրերուն ընդդիմադիր ուժերը՝ գլխաւորութեամբ իրենց վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի, մեծ հանրահաւաք մը ըրին Ազգային ժողովի գլխաւոր դարպասին դիմաց։ Անդին Փաշինեան ընթացիկ ձեւով անտեսելով իր հրաժարականի պահանջը՝ կը խուսանաւէր եւ հարցը կը դնէր ժողովուրդ-ժողովրդավարութիւն հին-նոր ընթացակարգին մէջ։

Շատ հաւանաբար Փաշինեան կը մտածէ, թէ «կը վայելէ» Մոսկուայի նեցուկը (թէեւ կրնայ նաեւ չվայելել, որովհետեւ Մոսկուա երբեք պիտի չուզէ՝ մասնաւորապէս Արցախի համար բանաձեւուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ աշխարհին ցոյց տալ եւ ըսել, որ ինք կը պահէ Փաշինեանը)։ Նոյնպէս հաւանաբար Փաշինեան կը մտածէ, թէ իրադարձութիւններու «կիզակէտային պահ»ը արդէն իսկ անցած է եւ «ֆորս մաժէօր»ի իրավիճակը յաղթահարուած է, ուստի այժմ իրեն համար ամենապատեհ առիթը ստեղծուած է իրավիճակէն խոյս տալու համար «ժողովուրդի անուն»ով խօսելով արտահերթ ընտրութիւններու երթալու առումով։ Բնականաբար, ընդդիմութիւնն ալ կը պահանջէ արտահերթ ընտրութիւն, սակայն, կայ տարբերութիւն մը. անսակարկելի պէտք է ըլլայ վարչապետի պաշտօնէն անյապաղ հեռացումը։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ Փաշինեան իր դաշտի գնդակը դիմացի կողմ նետելու փորձով մը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է, որ իրենք՝ որպէս իշխանութիւն, երկխօսութեան որեւէ առաջարկ ցարդ չեն ստացած։ Բացի այս բանը ըսելէ, միշտ խուսանաւելով, ան հանրութեան կը ներկայանայ՝ ժողովուրդի շահերը, կարծիքն ու տեսակէտները պահպանողի դերով։ Սա սպառած օրակարգ է՝ հաշուի առնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի պետական, քաղաքական, գիտական կամ ազգային-կրօնական կառոյցներու հրաժարականի յորդորներն ու կոչերը։ Զարմանալի է, որ Փաշինեան պատերազմի այսքան ծանր հետեւանքները, ազգային մեծ վիշտը, մարդկային եւ հողային մեծ կորուստները անտեսելով՝ կը շարունակէ աթոռի վրայ մնալ փորձելու իր նոր մարտավարութիւնը։ Անշուշտ, ան ջուրը նետած է ընդամէնը ամիսներ առաջ իր իսկ բերնէն քանիցս հնչած այն խօսքերը, թէ ինք պատրաստ է հեռանալ եւ լքել իշխանութիւնը, եթէ նկատէ եւ զգայ, որ այլեւս չի վայելեր ժողովուրդի աջակցութիւնը։ Ամէն պարագայի մեծ ու կարեւոր նիւթ մըն է ժողովուրդի պարագան, ինչ որ շարունակ չարաշահման ենթարկուած է նոյնինքն Փաշինեանի իշխանութեան կողմէ։ Այդ նոյն ժողովուրդին համար Փաշինեանի իշխանութիւնը դարձաւ մեծ պատուհաս եւ աղիտալի վիճակի տարաւ ամբողջ հայութիւնը։

Այո՛, օղակը կը սեղմուի, երբ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջածներու խումբին միացան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին երկու դէմքերը՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։ Հայ ժողովուրդի քաղաքական բեմահարթակի բաղկացուցիչները, կուսակցութիւններէն սկսեալ, մինչեւ քաղաքացիական-հասարակական միութիւնները՝ կը պահանջեն Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը։ Անոնց մեկնակէտն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը իրմով արժեզրկուած է եւ իր ընելիքը սպառած։

Պահու մը համար միջանկեալ նշենք։ Նոյնիսկ շշմելու բան է (Երեւանցիք այսպէս կ՚ըսեն, իսկ մենք՝ արեւմտահայերս կ՚ըսենք շշմեցուցիչ), որ Նիկոլ Փաշինեան, երբ առաւօտուն կ՚արթննայ, ի՞նչ հոգեվիճակով կը կապէ իր փողկապը եւ կը պատրաստուի աշխատանքի երթալ։ Զգացական տեսանկիւնէ կամ պետական գործիչի պատասխանատուութեան մասին չէ խօսքը, այլեւ՝ Նիկոլ Փաշինեան անհատ-մարդուն մասին է։ Անցեալ տարուան իշխանութիւնը «չարապահելէ» ետք, այսօր ան արդէն կը ներկայանայ՝ որպէս կերպար-անհատ մը, որ ձախաւերութիւն կը մարմնաւորէ։ Առանց երկար-բարակ գրելու եւ վերադառնալու այդ նախկին փուլերուն, որոնց ընթացքին Փաշինեան ո՛չ միայն իր «ուռճացուած» խոստումները չկատարեց, այլեւ՝ թոյլ տուաւ այնպիսի քաղաքական սխալներ, որոնք Հայաստանը հասցուցին այժմու ոչ-նախանձելի վիճակին։ Բեմադրեց հին-նոր խաղը, որ կերպարանք կը ստանար բոլոր օլիկարխները (սակաւապետները) «ասֆալթին բռելու» կեղծ խոստումներով, նաեւ տարբեր պահերով ալ դատաիրաւական համակարգը դարձուց կասկածայարոյց։ Այդպէս էր իր քաղաքական հանգանակը, կ՚երեւի. ներսէն քանդել, մասնատել պետական բոլոր կառոյցները եւ հաճոյանալ մեծ անկումին առջեւ։ Այլապէս ինչպէս կարելի է բացատրել ուժային կառոյցներու վերաբերեալ անոր յաճախակի եւ նոյնիսկ զարմանալի դարձաց բարեփոխումներու «փորձեր»ը, որոնք ոչ այլ ինչ էին՝ քան իրեն, այո՛, յատկապէս իրեն հաճոյակատար եւ հաճոյամոլ անձերու նշանակումը։ Սա զանազան առումներով պատճառ դարձաւ մեծ ձախողումներու։ Արդարեւ, պետական համակարգին նկատմամբ նուիրումով եւ յանձնառութեամբ ոեւէ գործիչ պիտի չուզէր մաս կազմել Փաշինեանի «փլուզման» դրութեան կամ քաղաքականութեան։

Այս փակագծէն դուրս գալով եւ մասնաւորապէս հաշուի առնելով Փաշինեանի հրաժարման պահանջը «օրինականացնող» պայքարի երթը՝ պէտք է անպայման ամրագրել այն փաստը, թէ իր իշխանութեան այս փուլին հայ ժողովուրդը կրեց անասելի եւ անմարսելի կորուստներ։ Արցախի ժողովրդագրական, հողային, կառուցային մարզերուն մէջ յառաջացած մեծ վնասներէն անդին՝ Հայաստանն ու համայն հայութիւնը ենթարկուեցան Փաշինեանի վարչամեքենայի մե՛ծ սուտերու մե՛ծ հետեւանքներուն, որոնք մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուին՝ որպէս համայնակուլ եւ կազմաքանդող վշտահարութեան վիճակներ։

Մեծ բեռան մը տակ մտաւ հայ ժողովուրդը։ Անհիմն են այն վարկածները, ըստ որոնց Փաշինեան խուսափեցաւ պատերազմի առաջին օրերուն ընդունիլ Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուած եւ «Լաւրովի ծրագիր» կոչուած առաջարկէն, որպէսզի պարզապէս չդառնայ ժողովուրդի դաւաճան կամ թշնամի։ Արդարեւ, Փաշինեան այդ մեղսակցութեան գնաց, այսինքն պատերազմի ընթացքը պահեց եւ սուտերով «զարդարեց» միայն ու միայն իր աթոռը պահելու-պահպանելու համար։ Տխուր է, անշուշտ, թէ ան այսօր ալ կը շարունակէ իր հին-նոր խաղը, որ նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է «հիներ»ը հարուածելով, անոնց մասին «չարախնդութիւններ» ընելով կամ պարզապէս իր ընտրազանգուածը այդ ուղղութեամբ «լարելով»։ Հանրութեան կարեւոր մէկ մասը այսօր առաջուան նման չի խորհիր։ Սա պարզ ու յստակ է, սակայն, կայ նաեւ ժողովրդային խաւ մը, որու համար շատ էական է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ վարչապետը։ Ի դէպ, ընդդիմութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը։ Երբ միացեալ ընդդիմութեան կողմէ Վազգէն Մանուկեան վարչապետի թեկնածու հռչակուեցաւ, ապա բացուեցան «փակուած դռներ» ու կարգ մը պարագաներով ալ հնչեցին որոշ քննադատութիւններ։ Քննադատողները արդար չէին։ Արդար չէին, որովհետեւ այս փուլին ոեւէ պետական գործիչի համար ո՛չ միայն տաժան աշխատանք է խոցուած ու վիրաւոր վարչապետի պաշտօնը, այլեւ՝ կ՚ենթադրէ մեծ ռիսքեր։ Արդարեւ, այդ վարչապետը կրնայ չտոկալ քաղաքական լարուածութեան դիմաց եւ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւն հասնելու ճանապարհը ինքնին կը պահանջէ մեծ ճիգեր։

Այն հատուածը, որ շատ անտարբեր է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին հանդէպ ու ցարդ ալ պահ-ւըտած է «հին-նոր» կամ «սեւ-սպիտակ» խաղի ետին, յաճախ կը մոռնայ եւ նոյնիսկ կ՚անտեսէ, թէ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար, վարչապետ կամ նախագահ, Փաշինեանի նման աւերիչ մեղքեր չգործեց ու չդարձաւ՝ մանաւանդ հայ ժողովուրդի «պարտութեան խորհրդանշան»ը։

Այս դրուածքը, անշուշտ, հաշուի առնելով կը գրեմ այս տողերը, պատմութեան համար, նոյնիսկ դուրս գալով լրագրական կանոններու ընդհանուր եզրագիծէն։ Հաւատալով կը հաւատամ, թէ Փաշինեան այսօր կը գողնայ, կը թալանէ հայ ժողովուրդի ժամանակը։

Ան կը խոչընդոտէ Հայաստանի վերականգումի մեծ ժամացոյցը եւ կը շարունակէ խուսանաւել՝ մոռնալով, որ իրեն համար ալ պիտի գայ ժամանակ մը, երբ իր ուսերուն վրայ պիտի զգայ գործած սխալներուն մեծ բեռը։ Ան այսօր մատնուած է անգործութեան ու եթէ այս մասին փաստացի օրինակներ պէտք են, ապա անպայման պէտք է մատնանշել, որ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կը տիրէ անփառունակ եւ անմխիթար վիճակ մը։ Կան նաեւ գերիներու եւ կորսուածներու խնդիրը, կան գաղթականացած արցախցիներու կարիքները, նաեւ արտաքին ճակատին վրայ կայ՝ պարտուած ղեկավար մը ըլլալու հանգամանքը, ինչ որ պիտի շարունակէ հալածել Փաշինեանը մինչեւ վերջ։

Հայաստան այսօր կանգնած է շատ դժուար կէտի մը վրայ, զոր կարելի է կոչել «զերօ կէտ», որմէ վերջ, վստահաբար, երկիրը կը կարողանայ դուրս գալ առկայ անելէն եւ նոր յոյսերով քալել դէպի ապագայ։

Սա պարզ շարադրանք մը չէ, այլեւ կշիռքի վրայ դրուած խօսք մը, եթէ, անշուշտ, երեւելի դառնայ սահուն եւ հեզասահ իշխանափոխութիւն մը եւ անկէ ետք վաղահաս ընտրութիւններով կազմուի նոր խորհրդարան մը։ Թէեւ Հայաստանի նման փոքր երկիրներու համար մեծ «ճոխութիւն» մըն է ժողովրդավարական կանոններով ապրիլը, սակայն, այս փուլը նոյնպէս պիտի նշանաւորուի արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու քննութենէն անցնելու կամքով։ Ամէն պարագայի սա պիտի ապահովէ, պէտք է ապահովէ Փաշինեանի նման ձախաւեր կերպարներէ զերծ արդի եւ կայուն ուժերով ամուր խորհրդարան մը։

Հուսկ, հարկ է արձանագրել, որ Փաշինեանի վիզին շուրջ օղակը օր ըստ օրէ աւելիով կը սեղմուի եւ անոր հրաժարականը «սարերու ետեւը չէ»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020