ՆՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ
Իսրայէլ-Լիբանան հրադադարն ու Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի անկումը գրեթէ նոյնաժամանակ եղան։ Նոր համայնապատկերին վրայ տարածաշրջանի քարտէսը կը բնորոշուի՝ յառաջատար դերակատարներու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորումով։
Հակառակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անմնացորդ նեցուկին՝ կան ներքին տինամիքներ, որոնք կրնան մեծ պայթումի մը վերածուիլ, եթէ Լիբանանի հետ հրադադարէն ետք վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու շարունակէ պատերազմը Կազզէի դէմ՝ կերպով մըն ալ անտեսելով «Համաս»ի ձեռքը գտնուող գերիներու հիմնահարցը։ Թէեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններով «Հիզպուլլահ»ի դիրքը ցնցուած է, սակայն, «Համաս» կը շարունակէ մնալ գործօն։
Նեթանիյահուի կառավարութեան առջեւ կայ երկու հիմնական առանցք։ Առաջինն է՝ Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններու անվտանգութեան ապահովումը, որմէ ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ հազարաւոր վերաբնակիչներու տունդարձը։ Երկրորդ՝ ցարդ Կազզէ մնացած Իսրայէլի գերիներու փրկութիւնը կրնայ յաջողիլ միայն համաձայնութեան մը ճանապարհով։
Նեթանիյահու շատ լաւ կը հասկնայ, որ ԱՄՆ-ի եւ յատկապէս՝ նախագահ Պայտընի կողմէ իրեն շնորհուած անմնացորդ նեցուկը յաւիտենական չէ ու այդ հաշիւը ճիշդ ընելով՝ կը ծրագրէ այդ առանցքներէն առնուազն մէկը մարել։
Անշուշտ, կարելի է ըմբռնել, թէ ամերիկացիք ի՞նչ կրնան նուիրել Իսրայէլին կամ արդեօք նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբը պիտի ընդունի՞ Նեթանիյահուն՝ որպէս հիմնական գործակից։ Եւս առաւել, ԱՄՆ-ի կողմէ Իսրայէլին տրուած բազմակողմանի նեցուկը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի՞, թէ ոչ ան պիտի թելադրէ խաղի նոր կանոններ։
Հարկ է անդրադառնալ նաեւ Միջազգային քրէական ատեանի դատավճռին, ըստ որու՝ Նեթանիյահուն, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Կալանթ եւ «Համաս»ի գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Մուհամմէտ Տէյֆի բերման պէտք է ենթարկուին։ Սա ո՛չ միայն աննախադէպ վիճակ մը ստեղծեց Իսրայէլի քաղաքական վերնախաւին համար, այլ կերպով մըն ալ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ դուռ բացաւ նոր մտահոգութիւններու։ Թէեւ ԱՄՆ մերժեց այդ վճիռը ու զայն համարեց անարդար, բայց, սա բարոյական բեռի մը կրնայ վերածուիլ։ Մնաց, որ Տանըլտ Թրամփ կ՚ուզէ մաքուր ձեռքով մուտք գործել Սպիտակ տուն։ Կարկտանի քաղաքականութիւնը օգտակար պիտի չըլլայ այս փուլին։
Այստեղ կը ծագին խորքային հարցումներ, որոնք կապուած են ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան։ Այդ քաղաքականութեան բանալի բառը Պաղեստինն է։ Այդ պետութեան գոյացումը նաեւ հիմնական պատուհանն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայուն եւ մշտատեւ խաղաղութեան մը հաստատման։ Ցաւալի փաստ է, անշուշտ, որ նախագահ Պայտընի իշխանութեան օրօք Պաղեստինի թղթածրարը ընդհանրապէս անտեսուեցաւ։ ԱՄՆ մէկ աչքով դիտեց Երուսաղէմի իրադարձութիւնները, անտեսեց Իսրայէլի վերաբնակեցման քաղաքականութեան վտանգները եւ հաշուի չառաւ, որ «Համաս» կրնայ լուրջ փորձանք մը դառնալ։
2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ին սկսած քարաթափէն ետք հիմա արդէն ժամանակն է, որ թափուած քարերը հաւաքուին։ Թրամփ կը խօսի Ուքրայնայի տագնապին հանգուցալուծման մասին։ Սա շատ աւելի մեծ է իր տարողութեամբ՝ քան Պաղեստինի հարցը։ Տանըլտ Թրամփ կը խօսի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոր քաղաքականութեան մը մասին, Իրանի հետ մերձեցման մը մասին ու այդ բոլորին բաղդատմամբ Լիբանանի ընդհանուր դրութիւնը մանրամասնութիւն կը համարուի։ Ու այդքան մեծ ու բարդ վիճակներու մէջ Լիբանանի հետ հրադադար մը հաստատելու յաջողութիւնը պիտի համարուի Նեթանիյահուի կողմէ Թրամփի վարչակազմին ուղղեալ նուէր մը՝ պայմանաւ, որ Իսրայէլ ստանայ այն երաշխիքները, որոնցմով այլեւս անհրաժեշտ պիտի չըլլայ տեղահանութեան ենթարկել Իսրայէլի հիւսիսի հազարաւոր բնակիչները։
Թէեւ «Հիզպուլլահ»ը յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ եւ կը յայտարարէ, որ անզիջող է իր գաղափարական ընկալումներուն մէջ, սակայն, խորքային խաղի դրուացքը տարբեր է։ Թէ՛ Իրան եւ թէ ԱՄՆ չեն ուզեր, որ «Հիզպուլլահ» ամբողջապէս «խաղ»էն դուրս մնայ։ Սա արդէն լուրջ հարց մըն է Լիբանանի համար, որու քաղաքական շրջանակները, հասարակութիւնը եւ նոյնիսկ շիի տարրերը յոգնած են այս մօտեցումներէն ու հարց կու տան, թէ եթէ «Հիզպուլլահ» շարունակէ իր նոյն ընթացքը, ապա քանի մը տարի ետք զօրանալով նոր պատերազմի մը մէջ կը մխրճէ՞ Լիբանանը։ Ցաւագինօրէն վիրաւորուած Լիբանանի ապագան խնդրոյ առարկայ է արդէն։
Այս բոլորը կարեւոր հարցումներ են։ Հիմա, ըստ երեւոյթին, վերաշարադրութեան վերջին արարն է ու այս է պատճառը, որ Լիբանանի հետ հրադադար մը կնքելու գնդակը նետուած է Իսրայէլի դաշտը։
Իսրայէլի տեսակէտէ ճիշդ հաշուարկներ ընելու փուլը վաղուց աւարտած է ու մտահոգիչ է, անշուշտ, որ այս պղտոր ջուրերուն մէջ ԱՄՆ ինչ ձեւաչափով պիտի խօսի Նեթանիյահուի հետ, որ կքած է արեան ծանր բեռան տակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան